Երեկոյ մը Ճեմալ Փաշայի Թոռան՝ Թուրք Լրագրող Հասան Ճեմալի Հետ
Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս,4 Ապրիլ 2011
Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ Համալսարանի (UCLA) մէջ 31 Մարտ 2011ի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի ունեզաւ հետաքրքական հանդիպում մը՝ կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Ասպետներուն: Բոլոր ելոյթները անգլերէն լեզուով էին: Զանոնք այստեղ տառացիօրէն գրանցած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք: Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղած է անոնց իմաստի եւ բովանդակութեան էապէս ճշմարտացի ձեւակերպումը:
Երեկոյ մը Ճեմալ Փաշայի Թոռան՝ Թուրք Լրագրող Հասան Ճեմալի Հետ
Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս,4 Ապրիլ 2011
Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ Համալսարանի (UCLA) մէջ 31 Մարտ 2011ի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի ունեզաւ հետաքրքական հանդիպում մը՝ կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Ասպետներուն: Բոլոր ելոյթները անգլերէն լեզուով էին: Զանոնք այստեղ տառացիօրէն գրանցած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք: Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղած է անոնց իմաստի եւ բովանդակութեան էապէս ճշմարտացի ձեւակերպումը:
Երեկոն վարեց կազմակերպութեան ատենապետ Գուրգէն Պէրքսանլար:Ան ջատագովեց բաց միտքով իմաստալի երկխօսութիւնը: Անդրադառնալով հայոց ցեղասպանութիւնն ուրացողներուն, ան նոյն ատեն հարց տուաւ թէ ինչպէ՞ս կը մօտենանք մերօրեայ այն թուրքերուն որոնք կ’ընդունին եղածներուն պատմական իրողութիւնը: Յարաբերաբար քիչ են այս վերջինները, բայց անոնց թիւը աճելու վրայ է: Անոնք պատրաստ են 1915ի իրողութիւնները բացէ ի բաց քննարկելու, եւ արժանի են մեր գնահատանքին:
Հանդիսավարը ապա ներկայացուց օրուայ բազմաձայն զրոյցին մասնակիցները –
Պրն Հասան Ճեմալ — Հիւրաբար Ստամպուլէն եկած, նախապէս՝ Ճիւմհիւրիէթ (1973–1992), ապա՝ Սապահ (1992–1998), եւ 1998էն մինչեւ այսօր՝ Միլլիէթ օրաթերթերու փոխնիփոխ թղթակից եւ գլխաւոր խմբագիր: Նաեւ՝ հեղինակ ութը գիրքերու:
Փրոֆ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան — Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայկական ու Մերձարեւելեան Պատմութեան փրոֆեսոր, Հայ Կրթական Հաստատութեան Ամպիոնի Վարիչ՝ Արդի Հայոց Պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հեղինակը աւելի քան քսան հատորներու, առանց հաշուելու իր խմբագրած կամ մասնակցած տասի շուրջ հատորները հայկական պատմական քաղաքներու եւ շրջաններու մասին:
Դոկտ Փամելա Սթայնըր – Հարվըրտ Համալսարանէն, ծոռը՝ 1915ին Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի:
Յարգելի բարեկամներ, ինձ համար հեշտ պիտի չըլլայ այսօր խօսիլ ձեզ հետ: Նոր լեզուի մը պէտք ունինք՝ հաղորդակցելու համար իրար հետ: Այս խնդրին մէջ թերեւս դուք կարենաք օգնել ինծի: Մենք իրարու շատոնց ծանօթ ենք արդէն, քանի նոյն հողերու ծնունդն ենք: Ես ձեզի ողջոյններ կը բերեմ ձեր նախահայրերու երկրէն: Եկած եմ խօսակցութիւն մը բանալու ձեզ հետ, յատկապէս հայ երիտասարդներուն հետ: Ես չեմ եկած կեղծելու, ձեւացնելու կամ դերասանութիւն ընելու, այլ իմ սիրտէս մտերմօրէն խօսելու ձեզ հետ – այնպէս՝ ինչպէս դեռ քանի մը տարի առաջ խօսած եմ իմ ողբացեալ բարեկամ Հրանդ Տինքին, որուն հետ պայքարի ընկերներ եղած ենք:
Ես կը ճանչնամ ձեր ցաւը, Մեծ Եղեռնի անամոքելի վիշտը: Ամենէն ամօթալի պայմաններու տակ, հայ ժողովուրդը, դարերով ապրած իր հողերէն արմատախիլ եղաւ, բռնի տեղահանուեցաւ եւ անապատները քշուեցաւ՝ այնտեղ հարիւր հազարներով անգթօրէն բնաջնջուելու համար:
Ինչպէս ամբողջ Թուրքիոյ մէջ, մեր տան մէջ եւս անգիր օրէնք էր ամբողջական լռութիւնը 1915ի ողբերգութիւններու մասին: Երբ որեւէ մէկը հարց տար թէ ինչո՞ւ չեն խօսիր հայերու դէմ կատարուած այդ ոճիրներու մասին, մեզի կ’ըսուէր թէ աւելի լաւ է լռել, քան թէ թշնամանքի առիթ տալ: Այսպէս, 1915էն ետք, Մեծ Եղեռնի շուրջ պարտադիր լռութիւնը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ձեռք-ձեռքի կ’ընթանար ոճիրի ուրացման հետ: Ցեղասպանութեան ուրացումը կը շարունակուի պաշտօնապէս մինչեւ այսօր: Սակայն 20րդ դարու վերջին քառորդին արդէն սկսան հասարակութեան հարցադրումները Թուրքիոյ պաշտօնականացած սուտերուն դէմ: Դեռ 1970ականներուն սկսան լոյս տեսնել իշխանութիւններու պատմական կեղծ մեկնաբանութիւնները խարանող խիզախ գիրքերը Ռէճիբ Զարաքոլուի հրատարակչատունէն: Անձնազոհ աշխատանքները իրենց պտուղը տուին, եւ դարձակէտը սկսաւ 1980ականներուն: Կրնանք 1990ականները նկատել սուտերու վերջը եւ ճշմարիտ խօսքի սկիզբը: Թուրք դեմոկրատական շարժման առընթեր, Հրանդ Տինքի Ակօս օրաթերթը 1996ին դարձաւ ջահակիրը՝ Ցեղասպանութեան շուրջ ճշմարտութեան խիզախ բացայայտման: Վերելքի բարձրակէտին էր որ, 2007ին, գործուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ոճիրը: Իր յուղարկաւորութեան, աւելի քան հարիւր հազար թուրքեր միացան հայերուն՝ «Մենք բոլորս հայեր ենք, ամէնքս Հրանդ Տինք ենք» կարգախօսին տակ: Հակառակ իշխանութեան գործադրած բոլոր ճնշումներուն, 2000ին սկսուած Եւրամիութիւն անդամակցելու թրքական դիմումը առիթ տուաւ որ նոր թափ ստանան Մեծ Եղեռնի մասին ճշմարտութիւնը բացայայտելու պահանջները: Ես յուսախաբ եմ Եւրամիութենէն, մանաւանդ անոնց կոյր հակամահմետական կեցուածքէն: Բայց նոյն ատեն կողմնակից եմ Թուրքիոյ Եւրամիութիւն անդամակցելուն, քանի այնտեղ մթնոլորտը աւելի դեմոկրատական է եւ օգտակար՝ Թուրքիոյ առողջ զարգացման համար:
Դանդաղ բայց հաստատ ճամբայ մը կտրած ենք 24 Ապրիլ 1915էն ասդին: Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ աւելի յաճախ կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին,եւ հասած ենք տէղ մը ուր անիմաստ դարձած է Ցեղասպանութեան մերժումը: Միլլիէթ օրաթերթի 5 Հոկտեմբեր 2008ի համարով հրատարակուած իմ գրութեամբ ես գիտակցած ու յայտարարած եմ թէ իմ զգացումներս կը տարբերին մեծ հօրս՝ Ճեմալ Փաշայի հայեացքներէն, եւ ես զինք քաղաքականօրէն պատասխանատու կը գտնեմ հայերուն դէմ 1915ին գործուած Մեծ Եղեռնին համար: Այս զգացումներուս պոռթկումովն էր որ Սեպտեմբեր 2008ին Երեւանի մէջ այցելեցի Ծիծեռնակաբերդի Յուշակոթողը եւ երեք մեխակներ զետեղեցի այնտեղ:
Թուրքիան՝ իր պետութիւնը չէ միայն: Ներկայիս արմատական փոփոխութիւններու ընթացքի մը մէջ է թուրք ժողովուրդը, քաղաքացիական հասարակութիւնը: Դեռ կանուխ է խօսիլ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Բայց ա’յլ բան է ներողութիւն խնդրելը: Մօտ երեսուն հազար թուրքեր վերջերս ստորագրեցին այն փաստաթուղթին տակ որով ներողութիւն կը խնդրեն հայերէն՝ անոնց դէմ գործուած ոճիրին համար: Եւ այս շարժումը սահմանուած է աւելի հզօր թափ առնելու: Անկարելի է մոռնալ կամ ուրանալ պատմութիւնը: Նոյնպէս՝ արմատները չեն կորսուիր: Զանոնք պահած հողը չի մոռցուիր:
Որպէս զրուցակից, Դոկտ Փամելա Սթայնըր ողջունեց գլխաւոր բանախօսը իբր մարդ ու մտաւորական: Ան հռետորական հարց տուաւ թէ արդեօ՞ք իրերհասկացողութիւնը կարելի է հայոց եւ թուրքերու միջեւ՝ 1915էն ետք: Դժուար է գործընթացը, ըսաւ ան, բայց այս հակադրութեան (conflict) լուծումը կը սկսի՝ մօտէն իմանալով թէ ի՞նչ պատահեցաւ: Պատասխանելով ունկնդրի մը հարցման թէ ինչո՞ւ խուսափեցաւ Ցեղասպանութիւն բառի գործածութենէն, ան ինքզինք չքմեղեց ըսելով թէ իր դերն է՝ կողմերը իրարու քով բերել եւ ոչ թէ կողմ բռնել:
Դարձեալ որպէս զրուցակից, Փրոֆ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, գնահատելով հանդերձ կարեկցանքի արտայայտութիւններն ու եղածին համար ներողութեան խնդրանքները, շեշտեց թէ գործնական գետնի վրայ գրեթէ ոչինչ փոխուած է Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութեան մէջ: Ան ըսաւ թէ Թուրքիոյ կողմէ անհրաժեշտ է ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ – մանաւանդ – արդար հատուցման պատրաստակամութիւնը: Յարգելի փրոֆեսորին ձայնը յոգնութիւն եւ տխրութիւն կ’ատայայտէր: Յուսախաբ եւ քաղաքականութեան մեքենայութիւններէն ուղղակի զզուած կ’երեւար երբ, հարցման մը պատասխանելով, դառնօրէն հաստատեց թէ այսօր Թուրքիայէն մեր սպասածը պարզապէս մեր պահանջներու նուազագոյն բաւարարում (conciliation) մըն է, քանի ներկայիս ամբողջական համաձայնութեան կամ դիրքորոշումներու հաշտեցման (reconciliation) խաբկանքներ չունինք այլեւս:
Անտարակոյս շինիչ եւ ոգտակար նախաձեռնութիւն մըն էր այս բազմաձայն զրոյցը, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք ՀԲԸՄը եւ իր Ասպետները: Նոյն ատեն, հոս կ’ուզենք արձանագրել կարգ մը բարեկամական նկատողութիւններ ու թելադրութիւններ՝ այն նախանձախնդրութեամբ որ նման ձեռնարկներ աւելի լաւ ծառայեն իրենց նպատակին:–
1. Հասան Ճեմալ անկաշկանդ եւ անկեղծօրէն արտայայտեց իր կեցուածքը օրուայ թեմային վերաբերեալ: Միւս կողմէ, Փրոֆ Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, այդ երեկոյ իրեն տրուած ժամկէտով ու հանգամանքով (որպէս discussant, այսինքն զրուցակից, եւ ոչ որպէս զրուցավար՝ ինչպէս օրուայ պրոշիւրին մէջ թարգմանուած է սխալմամբ), ուրուագծեց տիրող հայ մտածողութեան ընդհանուր ուղղութիւնը: Կը խորհինք թէ հայկական կողմին բաւարար առիթ չտրուեցաւ արտայայտուելու: Ասիկա որեւէ կերպով քննադատութիւն մը չէ վաստակաշատ յարգելի փրոֆեսորի հասցէին, այլ ամբողջութեամբ կ’առնչուի երեկոյի յայտագրի ձեւաչափին (format) հետ: Այսպիսի առիթով, ուր թրքական կողմի ներկայացուցիչը սպառիչ բովանդակութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ իր – թէկուզ ազատամիտ եւ յառաջադէմ բայց ճամբուն միայն կէսը կտրած – տեսակէտը, արդար ու խոհեմ պիտի ըլլար որ նոյնատեսակ ամբողջականութեամբ եւ հանդիսաւորութեամբ ներկայացուէր նաեւ հայկական կողմը: Ի վերջոյ, չմոռնանք թէ Պրն Ճեմալի ինքնին անկեղծ ելոյթը, առարկայական գետնի վրայ, ներողութեան խնդրանքի (apologies) սահմանէն դուրս չելաւ – եւ մենք դարձեալ սպասողի կրաւորական-պաշպանողական դիրքին մէջ մնացինք: Ներքին սպառման համար ինչ յայտարարութիւններ ալ ընէ, հաւանաբար Ռեճեբ Թայիբ Էրտողան գոհ մնաց այս երեկոյէն եւ զայն նկատեց յօգուտ իրեն արձանագրուած կէտ մը: Առանց սկզբունքային լուրջ զիջողութեան – եւ Ցեղասպանութեան մասին պարկեշտ բայց չափաւոր եւ զգոյշ ակնարկութիւններով հանդերձ – այլախոհ թուրք լրագրողը յաջողած էր երկխօսութեան մէջ մտնելու սփիւռքահայութեան հետ՝ սփիւռքահայ կազմակերպութեան մը միջնորդութեամբ եւ Մորկընթաուի ծոռան գործօն աջակցութեամբ: Ասիկա, կերպով մը, Էրտողանի հետապնդած մարտավարական նպատակներէն մէկուն յաջող մեկնարկը կը նշէր:
2. Ընթերցողներուն կողմէ բանախօսներուն ուղղուած գրաւոր շարք մը կարեւոր հարցումներ աննկատ մնացին – ներառեալ Մասիս Շաբաթաթերթի խմբագրութեան ամբողջական կազմին կողմէ երկու խորքային հարցումներ: Միւս կողմէ, յաջորդաբար ընթերցուեցան բազմաթիւ հապճեպ ու նոյնատիպ հարցումներ, որոնց կրկնուող պատասխանն էր թէ արդէն հարցուած ու պատասխանուած էին: Հարցումներու աւելի աչալուրջ ընտրութիւն մը պիտի աշխուժացնէր եւ արժեւորէր երեկոն:
3. Մենք ցաւալի եւ հակադաստիարակչական գտանք մեծաթիւ հայ աշակերտներու արդէն գրաւած աթոռներէն, ապա սրահէն հանուիլը եւ զրկուիլը օրուայ բանախօսութենէն, քննարկումներէն եւ ազգային հրատապ հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակումէն: Այս ձեռնարկը առաւելաբար մեր պատանիներուն, աշակերտութեան եւ ուսանողութեան հասցէագրուած էր – նոյնինքն գլխաւոր բանախօսին իսկ արտայայտութեամբ: Անո՛նք պէտք էր գրաւէին սրահին յառաջամասի աթոռները զոր վերապահած ալ էին կանուխէն: Մե՜ղք որ տարբեր նախապատւութիւններ ունէին երեկոյի կազմակերպիչները: