Տիկին Ռիթա Պոյաճեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 14 Մայիս 2010
 
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի՝
Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի Տնօրէնուհի


 
“Ամէն հայ ծնողք՝ որ կ՝ուզէ իր զաւակը հայ պահել՝
միակ միջոցը հայկական վարժարան ուղարկելն է”
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկին Պոյաճեան, կարելի՞ է որոշ ինքնակենսագրական եւ աշխատանքային ձեր գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 14 Մայիս 2010
 
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի՝
Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի Տնօրէնուհի


 
“Ամէն հայ ծնողք՝ որ կ՝ուզէ իր զաւակը հայ պահել՝
միակ միջոցը հայկական վարժարան ուղարկելն է”
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկին Պոյաճեան, կարելի՞ է որոշ ինքնակենսագրական եւ աշխատանքային ձեր գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

 
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Որպէս հայ կաթողիկէ համայնքի դուստր, մանկութենէս ի վեր ծառայած եմ եւ ուսանած Լիբանանի մէջ ամենէն հին այս համայնքի դպրոցներուն եւ միութիւններուն մէջ: Աշակերտելով Անարատ Յղութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարաններու մէջ՝ աւարտած եմ Յիսուսեաններու USJ համալսարանի վարչագիտութեան բաժինը: 1986 թ.ին եւ 1996 թ.ին՝ քանի մը ընկերներով հիմնած ենք Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Պատանեկան Միութիւնը եւ ապա Հայ Կաթողիկէ Համալսարանական Միութիւնը՝ Հայ-Կաթողիկէ Պատրիարքարանի հովանիին տակ:

3 տարի առաջ՝ Հոգեւոր Տէրը խնդրեց որ ստանձնեմ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի տնօրինութիւնը՝ որ ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի որպէս Սուրբ Խաչ՝ գտնուելով նոյնանուն եկեղեցիին կողքին: Այս պաշտօնին ստանձնումը ինծի համար մարտահրաւէր մըն էր, որպէս ազգային, վարժարանի մը բազմաթիւ մտահոգութիւններով…: Մանաւանդ որ կը ցանկանայի հիմնական փոփոխութիւններ մտցնել կրթական կառոյցին մէջ՝ քանի որ հին եւ աւանդական ուսուցման միջոցները այլեւս չեն համապատասխաներ մեր օրերու կարիքներուն, որուն պատճառով հայկական վարժարաններուն մէջ աշակերտներուն թիւը պիտի նուազի: Իսկապէս ալ որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան վարժարանէն ներս, մասնագիտական փորձին աւելցնելով իմ երկու աղջնակներու մայր ըլլալու հանգամանքս՝ որ կը հասկնայ թէ որո՞նք են պահանջքները հայ աշակերտին ու ծնողքին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ կրթութեան այս օճախին ձեր ստանձնումէն ետք՝ ծաղկումն ու բարգաւաճումը, աշակերտներու թիւին ալ յաւելումը զգալի ու տեսանելի էր բոլորին համար: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս յաջողութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.– Այսօր՝ 3րդ տարեշրջանը ըլլալով դպրոցին տնօրինութեան ստանձնումէս ետք՝ աշակերտներուն թիւը հասած է 360ի (նախկին 305ի փոխարէն), մէկ առ մէկ հանդիպելով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն հետ՝ լսելու անոնց պահանջներն ու կարծիքները, մտահոգութիւնները, օգտաշատ գործնական եզրակացութիւններու եւ փոփոխութիւններու յանգելով: Մեր նպատակը ըլլալով գոհացնել ծնողները, որպէսզի անոնց գովասանքը քաջալերէ ուրիշ հայ ծնողներ՝ իրենց զաւակները բերելու մեր վարժարանը: Ունինք մանկապարտէզի 3 դասարաններ եւ ուսման ծրագիրներու մինչեւ Պաքալորիայի 12րդ տնտեսագիտական բաժինը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ ինչպիսի՞ կապերու մէջ կը գտնուիք Սփիւռքի թէ Մայր Հայրենիքի վարժարաններուն հետ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լիբանանի մէջ հայ կաթողիկէ 6 վարժարանները իրար հետ յարատեւ կապերու մէջ են արդէն: Անոնցմէ 3ը կը պատկանին Անարատ Յղութեան Քոյրերու եւ Մխիթարեան Միաբանութեան: Տարին քանի մը անգամ իրար հետ կարծիքներու եւ ծրագիրներու փոխանակումներ կ՝ունենանք: Նաեւ անձնական բարեկամութեամբ՝ կապեր ունինք Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Ազգային Վարժարաններու տնօրէնութեանց, Հայ Աւետարանական դպրոցներու քարտուղարութեան հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ
.- Որպէս նոր սերունդներու դաստիարակչուհի՝ ինչպէ՞ս կը տեսնէք կրթական համակարգին ու լիբանանահայ գաղթօճախին ապագան:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հետաքրքրական հարցում մը, որ ունի իր դրական եւ բացասական երեսները: Մենք Սփիւռքի ամենէն հզօր գաղութն ենք ո՛չ թէ թիւով՝ այլ իր ներկայացուցած աշխատանքով եւ որակով՝ ի մասնաւորի՝ եթէ հայկական դաստիարակութեան մասին պիտի խօսինք: Մեր վարժարաններուն մէջ ազգային լաւագոյն ուսման ծրագիրներն են որ կը դասաւանդենք: Սակայն Հայոց Լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդումը կը կրէ որոշ անկում մը, երբ 15,000 հայ աշակերտ կը գտնուի Լիբանանի մէջ, որոնցմէ միայն 7 հազարն է որ հայ վարժարաններ կը յաճախեն՝ հետզհետէ աճող օտարամոլութեան պատճառով:

Հակառակ փորձերուն, տակաւին լուծման մը հասած չենք, սակայն շատ աւելի լաւ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք ուրիշ գաղութներուն հետ բաղդատած: Եթէ մենք հայ աշակերտը պահենք հայկական վարժարանին մէջ, այդ ինքնին յաղթանակ մըն է: Մենք նաեւ բազմաթիւ տօնակատարութիւններով մեր աշակերտները կը պահենք հայ գիրքի, թատրոնի, երգի, պարի ու մշակոյթի մթնոլորտի մէջ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շուտով կը թեւակոխենք 2010 թուականի ուսումնական տարեվերջը: Այս առիթով ի՞նչ խօսք ու պատգամ ունիք փոխանցելու մեր ընթերցողներուն:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամէն հայ ծնողք, որ կ՝ուզէ իր զաւակը հա՛յ պահել, միակ միջոց մը ունի՝ զաւակը ուղարկելով հայկական վարժարան: Կարելի չէ տան մէջ քանի մը բառ հայերէն սորվեցնելով, ազգային քանի մը զգացումներ փոխանցելով, հայ պահել: Այս բոլորին մէջ իրենց կարեւոր դերն ունին բարեկեցիկ ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները օտար վարժարաններ կ՝ուղարկեն, իրենց լուման հո՛ն կը տրամադրեն, մինչ հայ վարժարանները կը յաճախեն մեծ մասամբ համեստ հայ ընտանիքներու որդիները:

Եթէ մենք կարենանք ներգրաւել օտար վարժարան յաճախողները՝ մեծ յաղթանակ տարած կ՝ըլլանք: Ուրախալի է, որ մեր վարժարանը յաճախող աշակերտներուն թիւի աճը ոչ միայն հայ վարժարաններէ մեր մօտ եկածներն են, այլ նաեւ օտար վարժարաններէ "վերադարձած"ները, որոնց համար յատուկ ձեւ մը որդեգրած ենք հայերէնի դասաւանդութեան համար: Այնպէս որ կարելի է փրկել հայ դպրոցն ու գաղութը՝ եթէ անձնուէր աշխատանք տանինք միասնաբար:

 

You May Also Like