Տիկին “Look”ը Եւ…Մարդասիրութիւնը

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 27 Յուլիս 2012

Անոնք որոնք կը հետեւին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի, աւելի ճիշդ՝ Լիբանան-Սուրիա առանցքին, անմիջապէս անդրադառնալու են անոր ոլորապտոյտ կամ դարձդարձիկ ըլլալու տխրահռչակութեան:

Լիբանանի համայնքային տարանջատումները խորացնելէ եւ քաղաքական սուր բեւեռացումներու առաջնորդելէ ետք, ան կը փորձէ Սուրիան բզքտել, կտրատել եւ յօշոտել, առաջինի պարագային (ցա՞րդ) օգտագործելով տեղայնական ռազմավարութեան խաղաթուղթերը, երկրորդի պարագային՝ զինուորական ներքին եւ արտաքին լծակները:

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 27 Յուլիս 2012

Անոնք որոնք կը հետեւին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի, աւելի ճիշդ՝ Լիբանան-Սուրիա առանցքին, անմիջապէս անդրադառնալու են անոր ոլորապտոյտ կամ դարձդարձիկ ըլլալու տխրահռչակութեան:

Լիբանանի համայնքային տարանջատումները խորացնելէ եւ քաղաքական սուր բեւեռացումներու առաջնորդելէ ետք, ան կը փորձէ Սուրիան բզքտել, կտրատել եւ յօշոտել, առաջինի պարագային (ցա՞րդ) օգտագործելով տեղայնական ռազմավարութեան խաղաթուղթերը, երկրորդի պարագային՝ զինուորական ներքին եւ արտաքին լծակները:

Ո՞վ  չի յիշեր, թէ սուրիական ուժերը ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ պնդումով մտան Լիբանան:

Ամերիկան չէ՞ր ատոր հեղինակը, երբ յատենի նախագահ Հաֆէզ Ասատէն պահանջեց մուտք գործել ու փրկել քրիստոնեաները, մինչ այս վերջինը, շուրջ հինգ ամիս յամեցաւ նախքան մուտք գործելը, մինչեւ միջազգային կողմերէ ունենայ անվերապահ համաձայնութիւն:

Նոյն Ամերիկան չէ՞ր, որ փորձեց Սուրիան իր կառքին լծել, սակայն, երբ չյաջողեցաւ, սպասեց “յարմար” պահուն, Սուրիան զոռով հանելու Լիբանանէն, մանաւանդ որ պէտք էր “հատուցում” մը տալ Իսրայէլին, ի դէմս անոր պարտութեան Լիբանանի մէջ, 2000ի ազատագրութեան օրերուն:

14 Փետրուար 2005. Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութիւնը եղաւ ազդանշանը Ուաշինկթըն իր “վրէժ”ը լուծելու՝ նախ, ապա՝ զայն ծունկի բերելու միջոցները փնտռելու, մանաւանդ որ՝ այսպէս ըսած, “գարնանային յեղափոխութեան” հովերը սկսած էին փչել՝ Թունուզէն սկսեալ:

Ամերիկեան վարչակարգը հակառակ իր հարուստ (՞) փորձառութեան, անսահման նիւթական միջոցներուն ու ռազմական կարելիութիւններուն, չկրցաւ տարրական հաշիւը ընելու, թէ Սուրիան արաբական այլ երկիրներու չի նմանիր:

Սակայն, նիւթը այս չէ, այլ՝ ամերիկեան վարչակարգին անընդունելի ու դատապարտելի վարքագիծն է, երբ, առանց խպնելու, հազարումէկ միջոցներով կը հրահրէ միջ-սուրիական  հակամարտութիւններ, կը գրգռէ յարանուանական տրամադրութիւններ, իբր թէ յանո՜ ւն Սուրիոյ ու սուրիացիներուն, մինչդեռ ըրածը բացարձակ վանտալիզմ ու ֆաշիզմ է:

Ուշագրաւ է, որ ան այս բոլորը կը կատարէ խիստ թափանցիկութեամբ ու բացխօսիկութեամբ, մինչ հանրային կարծիքը, միջ-պետական ու միջ-մարդկայնական մակարդակներով, կը զօրակցի անոր, իսկ ուրիշներ՝ կը մնան լուռ:

Եթէ ամերիկեան կողմը, իրօք, նախանձախնդիր է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածով, ի տես մարդկային զոհերուն, ապա, ինչո՞ւ նոյն տրամադրուածութիւնը չցուցաբերեց (ու չի ցուցաբերեր) այն սպանդներուն, զորս ի°նք գործադրեց Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ, ինչո՞ւ նոյն կեցուածքը չորդեգրեց (ու չորդեգրեր) պաղեստինցիներուն եւ քիւրտերուն նկատմամբ, ինչո՞ւ չպոռթկաց (ու չի պոռթկար) Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն եւ ոտնձգութիւններուն դէմ:

Ամօթի մեծ մասը, այնուամենայնիւ, կ’երթայ նաեւ եւրոպական եւ արաբական այն պետութիւններուն, որոնք ստորաբար ու ստրկաբար կը համակերպին ամերիկեան “տիքթէ”ներուն, մէկը իր աններելի խնկարկութիեամբ, միւսը՝ իր անարտօնելի դաւաճանութեամբ, պղծելով այն սկզբունքները, որոնց կը յաւակնին կառչիլ կամ կը փորձեն արդարանալ անոնցմով:

Զարմանալի է, որ այդպիսիներ չեն ճանչնար (կամ չեն ուզեր հասկնալ), թէ ամերիկեան քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս կը գործէ, կը շահարկէ°, առիթներն ու պայմանները, յետոյ “ծախել”ով իր բարեկամներն ու դաշնակիցները:

Կը պատմուի, թէ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Քամիլ Շամուն, որ ծանօթ էր իր արեւմտամէտութեամբ, եւրոպամէտութեամբ եւ ամերիկամէտութեամբ, 1958ին, ամերիկեան ռազմանաւային “մարինզ”ները Լիբանան հրաւիրեց, իր նախագահական պաշտօնաշրջանը երկարելու, պատճառ դառնալով ներքաղաքացիական կռիւներու, ամերիկացիներուն մասին հետեւեալ դիպուկ, այլապէս պատկերաւոր վկայութիւնը տուած է.

Ամերիկայիցներուն հետ նոյն վերելակը կ’ելլես, նոյն յարկը իջնելու համար, սակայն, մետասաներորդ պահուն, ուրիշ կոճակ մը կոխելով, քեզ կը լքեն քու բախտիդ:

Արդարեւ, պերճախօս պատկեր մը:

Ամերիկեան վարչակարգերը այդպէս եղած են, այդպէս ալ կը մնան:

Լաւագոյն վերջին ու թարմ օրինակը՝ Եգիպտոսի ամերիկապաշտ-բռնապաշտ նախագահը՝ Հիւսնի Մուպարաք, իր մահուան սնարին մօտ, արդեօք կը զգա՞յ, կ’ըմբռնէ՞, թէ յանուն իր մեծղի “ծառայութիւններուն” ամերիկացիք ի՞նչ տուին իրեն, բացի… աքացիէ մը:

Այսօրուան իրավիճակը, հոս կամ հոն, ասոր կամ անոր հանդէպ, տարբեր կրնա՞յ ըլլալ, երբ Ամերիկա՝ իր գերագոյն շահերէն անդին ոչի՜ նչ կը տեսնէ, ոչի՜ նչ կ’ուզէ տեսնել, մինչ շատեր, ոմանք կոյրզկուրայն, ուրիշներ՝ դաւադրաբար, տակաւին կը փարին անոր, կը փռուին անոր առջեւ…:

Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլարի Քլինթըն, որ բացարձակ անգէտ եւ անտեղեակ մըն է համաշխարհային բարդ ու խճճուած քաղաքականութենէն, բայց հլու-հնազանդն է ամերիկեան վարչակազմին, կը կարծէ թէ իր անհաճելի “look”երով (իմա՝ վարսայարդարումներով) կրնայ տպաւորել աշխարհը, երբ ըրածը պարզապէս, թութակային յանկերգներով, ոճրագործութիւն է:

Հետաքրքրական է, եթէ Տիկ. “look”ը այսքան ազդեցիկ եւ իրազեկ մըն է, նաեւ մարդասէր (՞), անգամի մը համար, թող դատապարտէ հրեան, որ մնայուն բռնաբարող ու բռնատէր է, ազերին՝ որ մնայուն նախայարձակ ու գողական է, թուրքը՝ որ մնայուն նուաճող ու զաւթող է:
 
Կրնա՞յ:

Ինչպէ՞ս պիտի կարենայ, երբ՝ իրեն համար “look”ութիւնը աւելի կարեւոր է, քան մարդկութիւնը՝ իր զանազան պատկանելիութիւններով:

Երանի (՞) չէր Քոնտոյին (Քոնտոլիսա Ռայսին, թէեւ ան ալ ուրիշ տեսակի “թոյն” մըն էր), որ գիտէր ինչ կ’ընէր (դաշնամուր նուա գելու կողքին), մինչ ասիկա՞՝  “Look-look”  կը խաղայ:

 

 

2 comments
  1. “Look-Look”

    I frequently read the "Daily Star" of Lebanon on-line. I try not to miss columnists Rami Khoury, Michael Young and David Ignatius. The latter is the son of Paul Ignatius, a former US secretary of the navy who is of Armenian descent.

    I find their columns balanced, unlike conversations I come across in Armenian circles alluding the turmoil in the Middle East to the callous policies the "immoral" West, particularly that of the United States. These powers, the notion goes, hold the strings, much like the animator who has the Muppets act and dance at the pull of the strings.

    Baruyr's piece reminded me of those conversations. Those from the different sides of the conflict in Syria or elsewhere in the Arab world, who have risked and are risking their lives and livelihood. are not doing it because Hillary Clinton plays "look-look" (whatever that means). The fact of the matter is that the Arabs are stating the way they want to see their countries legitimately governed. Whether it is called Arab Spring or Arab Islamic Winter, it is the Arabs who are shaping their destinies. Naturally, they are not doing it in unison with a common vision, and yes, they are not striving in a vacuum.

    1. A Rubbish Comment by Vahe Apelian

      "Whether it is called Arab Spring or Arab Islamic Winter, it is the Arabs who are shaping their destinies."… :-). Wake up!

Comments are closed.

You May Also Like