ՏԽՈ՛ՒՐ, ՇԱՏ ՏԽՈՒՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՄԸ

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆՌԱԿ Մամուլ  Յուլիս 3, 2009
 
Չորս տարի առաջ, 2005-ի Յունիսին առնուեցաւ չարագուշակ որոշում մը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը փակելու:

Արդարացո՞ւմը …:


ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆՌԱԿ Մամուլ  Յուլիս 3, 2009
 
Չորս տարի առաջ, 2005-ի Յունիսին առնուեցաւ չարագուշակ որոշում մը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը փակելու:

Արդարացո՞ւմը …:

 
Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնը այն էր, որ Մելգոնեանը չէր կատարեր իր առաքելութիւնը, հետեւաբար, չէր արդարացներ իր գոյութիւնը: Այս արարքով երկու հիմնական նպատակներ կը հետապնդուէին.  առաջին՝ Մ.Կ.Հ. փոխարինել առաքելութիւնը ատակ ուրիշ կրթական հաստատութիւններով, եւ երկրորդ՝ Մելգոնեան կալուածը ծախել, Կեդրոնական  Վարչութեան տրամադրութեան տակ գտնուած հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու գումարը աւելի ճոխացնելու համար:
 
Արդ, փորձենք գիտնալ թէ վերոյիշեալ երկու նպատակներուն մէջ որքա՛ն յաջողեցաւ այս որոշումը առնող Հ.Բ.Ը.Մ. ներկայ ղեկավարութիւնը:

Որքան որ գիտենք առաջին նպատակին համար կատարուեցան երկու նախաձեռնութիւններ՝ մին Լոս Անճելըսի մէջ, միւսը՝ նման հաստատութիւն մըն ալ Հայաստանի մէջ հիմնելու, բայց չփորձեցին անհրաժեշտ սրբագրութիւնները կատարելով ետ իր առաքելութեան վրայ դնել Հաստատութիւնը, եթէ ընդունինք որ ճիշդ էր իրենց ախտաճանաչումը:
 
Ոչ միայն Մելգոնեանցիները, այլ համայն հայութիւնը կ’ուզէ գիտնալ որքանո՞վ իրականացան այդ նպատակները եւ ի՞նչ արդիւնք տուին: Իսկ երկրորդ նպատակին ձախողութիւնը հանրայայտ է, նկատելով որ Մելգոնեանը ծախելու արգելք հանդիսացաւ կիպրական կառավարութիւնը, այն արդարացումով որ Մ.Կ.Հ. համակիպրական ազգային հաստատութիւն է: Եւ այժմ Հաստատութեան շէնքերը, անշուշտ բարեսիրաբար (չըսելու համար իբր կաշառք), Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ տրամադրուած են Կիպրոսի կրթական նախարարութեան, որ զայն կ’օգտագործէ իբրեւ յունական դպրոց, մինչ մեր երջանկայիշատակ բարերարները զայն հիմներ էին ցեղասպանութենէն ազատած հայ որբերու իբրեւ կրթարան-ապաստանարան:
 
Այս զոյգ ձախողութիւններէն յետոյ կայ նաեւ կտակին խախտումը, որ թէ օրինական եւ թէ համազգային շահերու տեսակէտով անընդունելի ու դատապարտելի է:

Տակաւին կան նաեւ անչափելի խորունկ վնասներ, որոնք վարկաբեկեցին ու դեռ պիտի շարունակեն վարկաբեկել մեր սիրելի Միութիւնը՝ իր ներկայ ղեկավարութեան առած ապիկար եւ ազգավնաս որոշումին պատճառով: Եւ եթէ տակաւին Հ.Բ.Ը.Միութեան հաւատարիմ անդամներ ու համակիրներ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ ներկայ ղեկավարները խաբկանքը թող չունենան, թէ անոնց նուիրումը որեւէ ձեւով առնչուած է իրենց հանդէպ անձնական յարգանքի ու հաւատարմութեան:

Միութեան հանդէպ սէրն ու հաւատքն է որ զանոնք տակաւին կապուած կը պահէ:
 
Անցնող չորս տարուան ժամանակաշրջանին Մելգոնեանի տալիք հունձքին փոխարէն ի՞նչ ունի հրամցնելիք Հ.Բ.Ը.Մ.ի այժմու ղեկավարութիւնը: Ըսինք ու հաստատ համոզումով կը կրկնենք, թէ Սփիւռքի տարածքին գործող մասնաճիւղերու նուիրեալները այս ձախաւեր ղեկավարութեան համար չէ որ կ’աշխատին: Բայց անոնց նուիրումը, յարգանքն ու աշխատանքը սահման մը ունին: Ժամանակ մը յետոյ այդ ալ կը վերջանայ եւ կը մնայ միս-մինակ ղեկավարութիւն մը՝ առանց հետեւորդի:

Միութեան անդամակցութեան գլխաւոր զանգուածը եւ մտաւորական խաւը կազմող Մելգոնեացիներ արդէն անջատուած՝ Հաստատութիւնը վերաբանալու պահանջքով ստորագրութիւն հաւաքելու սկսած են, ինչ որ համասփիւռքեան բողոքի եւ ըմբոստացումի համազօր շարժում է:
 
Խելացի ղեկավարութիւն մը պարտի հաշուի առնել իր արարքին հետեւանքները, անոնց ներկայի եւ մանաւանդ ապագային առնելիք համեմատութիւններով, եւ հարկ եղած սրբագրութիւնները կատարէ, նախքան որ այդ վիճակը անսրբագրելի եւ անհակակշռելի ըլլայ:
 
Անցնող չորս տարիները Մելգոնեանի տալիք հունձքին տեղը պարապ թողուցին, մինչ այդ ժամանակաշրջանին հարիւրեակ մը հայութեամբ զինուած երիտասարդներ կրնային հասնիլ ու լծուիլ ուսուցչական, լրագրական եւ առհասարակ մեր մշակութային գուպարին: Ազգապահպանումի կենսական այդ գուպարին օժանդակելու համար օգնութեան կանչերը լսելի են բոլոր կողմերէն: Լսել պէտք է զանոնք, առաջին հերթին վերաբանալով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
 
Մոնթրէալ, Գանատա
1 comment
  1. Great article…  AGBU’s
    Great article…  AGBU’s current leaders must be held responsible for their destructive attitude toward Melkonian Educational Institute…

Comments are closed.

You May Also Like