Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 25 Օգոստոս 2013
1960-ի վերջաւորութեան եւ 1970-ի սկիզբի տարիներն էին: Պէյրութի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Էշրեֆիէ. 14 տարիներ ապրեցայ այս կրթական հաստատութեան մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հոն անցուցի մանկապարտէզի առաջին կարգէն մինչեւ երկրորդական դասարաններ, նաեւ շրջանաւարտ դարձայ հոնկէ:
Այս ժամանակամիջոցին ապրեցայ տարբեր դասընկերներու հետ, նաեւ` ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, որոնք դրոշմեցին ազգային-քրիստոնէական ու ընկերային նկարագիր` կրթական ծրագիրին ընդմէջէն: Ապրեցանք մեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ դէպի երիտասարդութեան տանող իւրաքանչիւր հանգրուանը, որմէ իւրաքանչիւրը իր բնոյթով եւ յարաբերութիւններով բան մը աւելցուց մեր կրթական կեանքին վրայ: Այս բոլորը, կարծէք, երէկ էր: Կարծէք` այնքան արագ եւ շուտ անցան տարիները` հասնելով այսօրուան. նաեւ ժամն է մէկ կողմէ հասունութեան, բայց նաեւ` «տերեւաթափի»: Այս վերջինը կեանքի «պարտադրանքներէն» մէկն է, որ պէտք է ընդունիլ…
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 25 Օգոստոս 2013
1960-ի վերջաւորութեան եւ 1970-ի սկիզբի տարիներն էին: Պէյրութի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Էշրեֆիէ. 14 տարիներ ապրեցայ այս կրթական
Այս ժամանակամիջոցին ապրեցայ տարբեր դասընկերներու հետ, նաեւ` ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, որոնք դրոշմեցին ազգային-քրիստոնէական ու ընկերային նկարագիր` կրթական ծրագիրին ընդմէջէն: Ապրեցանք մեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ դէպի երիտասարդութեան տանող իւրաքանչիւր հանգրուանը, որմէ իւրաքանչիւրը իր բնոյթով եւ յարաբերութիւններով բան մը աւելցուց մեր կրթական կեանքին վրայ: Այս բոլորը, կարծէք, երէկ էր: Կարծէք` այնքան արագ եւ շուտ անցան տարիները` հասնելով այսօրուան. նաեւ ժամն է մէկ կողմէ հասունութեան, բայց նաեւ` «տերեւաթափի»: Այս վերջինը կեանքի «պարտադրանքներէն» մէկն է, որ պէտք է ընդունիլ…
Բայց պէտք է նաեւ վերադառնալ «երէկուան»` 1960-1970 տարիներուն, երբ տարբեր ձայներ, ուսուցումներ, յանդիմանութիւններ ու, տակաւին, չարութիւններ եւ պատիժներ կ՛ամբողջացնէին մեր կեանքերը: Այսպէս, «քար առ քար» այս բոլորը կը կերտէին մեր նկարագիրը` հիմը դնելով հայեցի ու քրիստոնէական նկարագիրին, որպէս հայկական վարժարանի յարկին տակ համախմբուած աշակերտներ` պատրաստելու համար մեզ վաղուան, որ արդէն այսօրն է: Այդ տարիներուն չեմ գիտեր, թէ կրնայի՞նք «տեսնել» այսօրը: Բայց ուրախ եմ, որ ապրեցայ այդ բոլորը հայկական վարժարանին մէջ, որպէսզի տեսնեմ այսօրը` իր ամբողջութեան մէջ…: Այդ «ամբողջութիւնը» մէկ մէկ պէտք է քակել, որպէսզի կարելի ըլլայ տեսնել նոյնինքն այդ ամբողջութեան հիմը դնող(ներ)ը: Ովքե՞ր էին եւ ինչպէ՞ս ըրին այս բոլորը:
Այդ մէկ մէկ քակուած իրականութիւններուն մէջ էր նաեւ Վարդգէս Էսքիպաշեանը` մեր մարմնակրթանքի ուսուցիչը, որուն յաճախ կրկնուող նախադասութիւն-ցուցմունքը դարձած էր հիմքը մեր մարմնակրթութեան դասապահերուն. «Տղա՛ք, պիտի վազենք…»:
Շրջանաւարտ եղած էր Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, հետեւած էր մարմնակրթութեան դասընթացքներու մասնագիտութեան Լիզպոնի մէջ եւ վերադառնալով Պէյրութ` լծուած էր նուիրական առաքելութեան – ասպարէզին` ուսուցչական գործին: Այսպիսով սկսած էր իր կեանքի ասպարէզը` նոյնինքն իր ուսանած վարժարանին մէջ:
Հաւատացած ու նուիրուած էր իր ընտրած մասնագիտութեան, բայց նաեւ նոյն այդ մասնագիտութիւնը առիթ էր ուսուցչական եւ կրթական գործին նուիրուելու: Իրեն համար մարմնակրթանքը աշակերտին դաստիարակութեան մէկ ամբողջական ծրագիրին կարեւոր միաւորն էր: Կարելի չէր զայն նկատել երկրորդական կամ անցողակի, ճիշդ այդ պատճառով խիստ էր ու խստապահանջ: Մէկ կողմէ կու տար իր լաւագոյնը, բայց նաեւ կ՛ակնկալէր նոյնքանը: Այս իմաստով, մարզանքի դասապահերը մէկ կողմէ դարձան հետաքրքրական, բայց նաեւ յոգնեցուցիչ եւ ոչ ժամանցի առիթներ: Կային պրն. Վարդգէսը եւ իր ցուցմունք-հրահանգները` «Տղա՛ք, պիտի վազենք»:
Վազելը իրեն համար դպրոցի շրջափակին մէջ չէր կատարուեր, այլ` դպրոցէն դուրս: Գծած էր իր յստակ քարտէսը: Դուրս պէտք էր գայինք դպրոցին մեծ դռնէն եւ թեքուելով ձախ` նպարավաճառ Ազարի քովի նեղ զառիվայրէն իջնելով, ապա աջ` Մոնթէ Նապհանի աստիճաններուն քովէն դէպի վեր, դարձեալ աջ զօրաւոր զառիվերէն ելլելով` հասնելու համար Ս. Յակոբ եկեղեցի հանդիպած ճամբուն անկիւնը. ապա թեքուելով աջ` հասնելու համար դպրոց: Այս շրջագայութիւնը պէտք էր ընել երկու կամ երեք անգամ: Վազելուն հետ կար նաեւ «հանդիսատեսներու» հոծ բազմութիւնը…: Հայր-մայր, դուռ-դրացի, նպարավաճառ, կօշկակար` բոլորը ծանօթ. անոնք պիտի հետեւէին մեզի, բայց` արդեօք մեր խենթութեա՞ն, անպայմանօրէն հարց տալով, թէ` «այս չոճուխները ինչո՞ւ փողոցները կը վազեն…»:
Մեր այս վազելու գործընթացը չունէր եղանակի լաւ ու ամպոտ օրերու հասկացողութիւն: Պիտի վազէինք նաեւ անձրեւոտ օրերուն, կարելի չէր փախուստ տալ` պատճառաբանելով եղանակը… Տակաւին, ի՞նչ խօսք «սուտ» հիւանդ ձեւացնողներուն ճակատագիրին մասին: «Գլուխս կը ցաւի» եւ կամ «ջերմութիւն ունիմ»-ներով կարելի չէր համոզել պրն. Վարդգէսը: Կրնար ձեռքը դնել մեր ճակտին` ստուգելու համար, թէ ջերմութիւն ունի՞նք, թէ ոչ, եւ կամ մեր աչքերուն նայելով` ըսէր. «Բան մը չունիս…»:
Վարդգէսը նաեւ հիմնադիր անդամ էր ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն եւ անոր յանձնախումբերուն. այս իմաստով մեզ կը պատրաստէր այդ միջդպրոցական մրցումներուն եւ խաղերուն: Կ՛ապրէր այդ բոլորը իր ամբողջ էութեամբ: 100 մեթր վազք, դրօշարշաւ, մէկ քայլ ոստում, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, ֆութպոլ եւ տակաւին… Այս բոլորը իրեն համար նուիրական կեանք էր, որ պէտք էր ջամբէր հայ նոր սերունդին: «Քոչ» էր… Գիտէր` ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պէտք էր ցուցմունք տար, բայց նաեւ կը բարկանար ու կ՛ընդվզէր սխալներուն համար: Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին կողքին նաեւ կը պաշտօնավարէր Սոֆիա Յակոբեան վարժարանին մէջ. ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, եթէ պիտի ճակատէինք Սոֆիա Յակոբեան վարժարանին դէմ, պրն. Վարդգէս միայն հեռուէն կը հետեւէր իր «բոլոր» տղոց… Վերջապէս` բոլորս ալ իր «տղաներն» էինք` հայ աշակերտները, որոնց միջեւ խտրութիւն չկայ, բոլորս սիրելի էինք իրեն համար, կարեւոր էր, որ իւրաքանչիւրս լաւ մեծնայինք: Այդ համոզումէն մեկնած` խտրութիւն չէր դներ իր կեցուածքով եւ հեռուէն կը հետեւէր իւրաքանչիւրիս:
Պրն. Վարդգէս Էսքիպաշեան իր կրթական ծառայութիւնը շարունակեց Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ: Ժողովրդային ասացուածքը կ՛ըսէ` թէեւ լեռները իրարու չեն հանդիպիր, բայց մարդիկ անպայման կը հանդիպին: Տարիներ ետք պրն. Վարդգէսին հետ դարձեալ սկսայ հանդիպիլ, բայց այս անգամ զաւակներուս միջոցով` Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ: Տարիներու ընթացքին բոլորս ալ փոխուած էինք, նաեւ ինք, բայց իր ուժը, կորովը եւ նուիրումը նոյնն էին: Հաստատ իր կոչումին` կարծես միայն «երէկ» էր, որ սկսած էր իր ասպարէզին եւ կը շարունակէր սորվեցնել նոյն աշխուժութեամբ: Ատենը մէկ Հռիփսիմեանցի մէջ կը հետեւէի իր դասաւանդումներուն, բայց կ՛երթայի անցեալի Էշրեֆիէի փողոցները, ուր կար իր ձայնը, որ մեզ կը մղէր` «Տղա՛ք, պիտի վազենք…»: Ուժն էր, որ եթէ տարիքին հետ չտկարացաւ, բայց հիւանդութեամբ սկսաւ շիջիլ…
Կ՛իմանայի, թէ պրն. Վարդգէս անհանգիստ էր: Վերջին անգամ զինք տեսայ Հռիփսիմեանց վարժարանին 90-ամեակի ճաշկերոյթին, փետրուար 2013-ին: Ողջագուրուեցանք: Իմ «հին» ուսուցիչներէս էր, ես ալ` իր նոյնքան «հին» աշակերտներէն: Դժուար էր իրեն համար խօսիլը: Բայց ամէն ջանք ըրաւ, որպէսզի ըսէ եւ հասկցնէ. «Կը կարդամ յօդուածներդ եւ հպարտ եմ: Շարունակէ՛…»:
Պրն. Վարդգէսին ուժը մտաւ իր վերջնական հանգիստին մէջ, բայց մնաց պրն. Վարդգէսին ձայնը, որ մեր կեանքերուն տուաւ նոյնքան մղիչ ուժն ու պատգամը` «Տղա՛ք, պիտի վազենք»: Ան տուաւ ուժը վազելու, բայց նաեւ ապրելու, կեանքի մէջ «վազել»-ու իտէալի եւ արժէքի հասկացողութեամբ: Պրն. Վարդգէսը` քոչը, հաւատաց, որ աշակերտին կրթութիւնը իր ամբողջական դաստիարակութեան մէջ է: Այս առումով ան չխնայեց թէ՛ ուժ եւ թէ՛ նոյնքան ձայն, որպէսզի մեզ մղէ կեանքի մէջ միշտ վազելու…
Պրն. Վարդգէսը «հին» ուսուցիչ մըն էր, որ երբեք «չհինցաւ», որովհետեւ հաւատաց իր առաքելութեան եւ գործին կարեւորութեան, հաւատաց, որ հայ տղաքը պէտք է վազեն` հայօրէն, հայութեամբ եւ հայուն համար…
«Տղա՛ք, պիտի վազենք…»:
Անցեալէն յուշ, բայց` այսօրուան եւ վաղուան համար ապրելու մղիչ ուժ…
2 comments
«հին» ուսուցիչը որ «չհինցաւ»,
Հրայր, գրիչդ դալար։
So True
Indeed, a real teacher in the true sense. We miss him.
Comments are closed.