Ուիլիըմ Էտուարտ Տիւ Պուա (1868-1963) կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ ցեղային խտրականութեան եւ արդարութեան համար պայքարող գործիչ: Ան եղած է հիմնադիրը մարդկային իրաւանց շատ մը յանձնախումբերու, իսկ իր մեծ մասնակցութիւնը եղած է իր մղած պայքարը սեւամորթներու արդարութեան համար: Ան ընկերաբան մըն էր եւ առաջին սեւամորթ ամերիկացին, որ իր տոքթորական վկայականը ստացաւ Հարվըրտ համալսարանէն: Ան բուռն կերպով հաւատացած էր, թէ ձուլումը մարդկային քաղաքակրթութեան համար օգտակար չէ եւ թէ՝ ցեղային այլազանութիւնը անհրաժեշտ է մշակոյթներու զարգացման համար:
Տիւ Պուա կը մտնէ նաեւ յաւելեալ զարգացումներու մէջ:
Իւրաքանչիւր ցեղի մէջ կը սկսի յիշատակել տարբեր ազգութիւններ եւ հարց կու տայ. “Ի՞նչ է գլխաւոր տարբերութիւնները այս բոլոր ազգութիւններուն”: Ան կը հաւատայ, որ կան ֆիզիքական տարբերութիւններ այս բոլոր ազգութիւններուն միջեւ, բայց նաեւ՝ տարբերութիւններ, որոնք աւելի խորք ունին: Եւ եթէ խորքային այդ տարբերութիւններուն մէջ կան հոգեւոր արժեչափեր, կան նաեւ ինքնութիւն, պատմութիւն, կրօն, սովորութիւն, մշակոյթ եւ տակաւին գաղափարախօսութիւն, որոնց համար իւրաքանչիւրը կը մղէ իր կեանքին “պայքարը”: Այս պայքարին մէջ, իւրաքանչիւրը ինքն իր մէջ, Տիւ Պուա կը տեսնէ մարդկային կեանքի առաւել զարգացում եւ ընդլայնում, ուր այլազանութիւնը եւ ինքնութեան կերտումը մեծապէս կը նպաստեն համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման:
Այս բոլոր վերլուծումներէն ետք, Տիւ Պուա կու տայ իր ցեղախումբին՝ սեւամորթներուն ինքնութեան եւ ազգապահպանման մէկ մեծ հրամայականը. “Մենք պէտք ունինք ցեղային-ազգային կազմակերպութիւններու: Սեւամորթներու համար համալսարան, թերթ, կառոյց, գրական եւ արուեստի հիմնարկ, որոնք պիտի արտադրեն Միտքը, ես պիտի ուզէի կոչել սեւամորթներու ակադեմիան”, կ’եզրակացնէ ան:
"Այս բոլորը պէտք են՝ պատմութեան դրական յառաջխաղացքին համար, բայց անպայմանօրէն նաեւ՝ ժխտական ու յետադարձ իրավիճակներու մէջ ամուր պաշտպանութեան համար”:
Այս բոլորին մէջէն, Տիւ Պուայի յառաջ քաշած “Ակադեմական միտքի” անհրաժեշտութենէն մեկնելով, պիտի ուզէինք տեսնել “Հայուն միտքը”…: Եթէ Տիւ Պուա հաւատաց մարդկային կեանքի յառաջխաղացքին մէջ այլազանութեան եւ ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութեան, որքա՜ն պէտք է հաւատալ հայուն մտքին պահպանման անհրաժեշտութեան…: Համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ իր բաժինը բերած հայ ժողովուրդի իրականութիւնը չի կրնար ենթարկուիլ այլասերումի եւ ձուլումի ամէն տեսակի բախտորոշ ճնշումներուն: Հայուն միտքը նաեւ անհրաժեշտութիւն է համաշխարհային քաղաքակրթութեան կազմաւորումին համար ու անոր մշակոյթը, կենցաղը եւ քրիստոնէական ինքնութեան պահպանումը նոյնքան կարեւոր գրաւականներ են: Ահա թէ ինչու հայ եկեղեցին, համալսարանը, դպրոցը, ակումբը, մամուլը, մշակոյթը արժանի են ամէն տեսակի զոհողութեամբ պահպանուելու, որպէսզի պահպանուի նաեւ հայուն մտքին արտադրող “Ակադեմիա”-ն:
Ներկայ օրերու հայկական բեմահարթակը, հայրենի իրականութեան թէ սփիւռքի, ունի որոշ մտահոգութիւններ, որոնք կու գան տկարացնելու հայկական “Ակադեմիա”-ին ուժեղ կռուանը: Եթէ հայրենի պետականութեան հզօրացումը եւ հայրենի հողէն հայուն հայաթափումը կասեցնելու աշխատանքները կարեւոր են, ապա նոյնքան կարեւոր են սփիւռքեան մեր կառոյցներու պահպանումը: “Հայկական Ակադեմիա”-ի հիմերն են՝ որոնք պէտք ունին պահպանումի եւ հզօրացման:
Բայց կայ նաեւ այլ կարեւոր երեւոյթ, որ կու գայ աւելիով ամրապնդելու հայը այլասերումի վտանգին դիմաց: Եւ այս՝ “ցեղասպանութիւն”ն է եւ անոր հետ առնչուած պահանջատիրութիւնը:
Ազգ մը որ ենթարկուած է Ցեղասպանութեան, ազգ մը, որուն պատմութիւնը թաթխուած է իր զաւակներուն արիւնով, չի կրնար սակարկութեան դնել իր ինքնութիւնը եւ ինքնութեան ստեղծած “Միտքը”: Ցեղասպանութեան դաժան ու դժուար փորձը աւելիով գրաւական է զօրացնելու հայուն Միտքը, եւ որուն միջոցով ան “պարտի բաժնեկցիլ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը, նոյնինքն այս փորձառութեան ահաւորութիւնը”, եւ այս՝ եթէ մէկ կողմէ պահանջատիրութեան իմաստով, բայց նաեւ համամարդկային պատմութիւն կերտելու անհրաժեշտութենէ մղուած, նոյնինքն այս փորձի տուեալներով՝ որովհետեւ կ’արժէ քաղաքակրթութիւն մը հիմնել ոչ թէ սպանդի, այլ համակեցութեան եւ գոյակցութեան հրամայականով:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, արաբական աշխարհի տիրող ընդհանուր կացութեան մասին արտայայտուելով՝ ըսած է. “Ապագան կարելի չէ կերտել անմեղներու արիւնով, ապա թէ ոչ՝ պատմութիւնը պիտի յիշատակէ այն բոլոր առաջնորդները, որոնք արիւնով սնած են”:
Բայց արդեօք անդրադարձա՞ւ պրն. վարչապետը, թէ ի՛նք կը պատկանի շարքին այն առաջնորդներուն, որոնք արիւնով սնած են…:
Որովհետեւ հայը թափած է իր արիւնը 1915-ին եւ նոյն այդ արեան մէջէն կերտած է վերապրումի իր պատմութիւնը:
Այս արիւնը սակայն ունի իր պահանջատիրութիւնը: Հոն, ուր հայուն պատմութիւնը կը միացնէ զինք, որպէսզի պահէ, բայց նաեւ կերտէ իր “Միտքը”, եւ այս միտքն է որ մէկ կողմէ պիտի նպաստէ մարդկային պատմութեան, իսկ միւս կողմէ պիտի յիշեցնէ, թէ անմեղներու արիւնով շինուած պատմութիւն մը կայ, որ պէտք է հատուցուի…: Այս հատուցումը չի կրնար ենթարկուիլ այլասերումի, այլ պէտք է պահէ իր ինքնութիւնը:
Հայկական Ակադեմիա…: Այլազանութեան մէջէն ինքնութեան պահպանում… եւ ինքնութեան պահպանումով է որ կը կերտենք պատմութիւն…
Պատմութիւն մը համամարդկային, բայց նաեւ՝ Ազգային: