Ցեղասպանութեան Զոհերու Սրբացման Հարցը

Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 30 Յունուար 2014        

Արժ. Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան,

Կարդացի Ձեր «Հայ Եկեղեցին Եւ Մեծ Եղեռնի Զոհերու Սրբադասման Հարցը» գրքոյկը, զոր բարեհաճած էիք նուաստիս ընծայել գեղեցիկ մակագրութեամբ մը` ի բացակայութեան անձիս: Զայն կարդացի, ինչպէս կ’ըսեն, գրեթէ մէկ շունչով, յընթացս կատարելով որոշակի ծանօթագրումներ: Վերջիններուս հիման վրայ ալ կը շարադրեմ տպաւորութիւններս եւ դատումներս պարունակող այս գրութիւնը:


Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 30 Յունուար 2014        

Արժ. Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան,

Կարդացի Ձեր «Հայ Եկեղեցին Եւ Մեծ Եղեռնի Զոհերու Սրբադասման Հարցը» գրքոյկը, զոր բարեհաճած էիք նուաստիս ընծայել գեղեցիկ մակագրութեամբ մը` ի բացակայութեան անձիս: Զայն կարդացի, ինչպէս կ’ըսեն, գրեթէ մէկ շունչով, յընթացս կատարելով որոշակի ծանօթագրումներ: Վերջիններուս հիման վրայ ալ կը շարադրեմ տպաւորութիւններս եւ դատումներս պարունակող այս գրութիւնը:

Չմոռցած, յայտնեմ, որ զիս յուզեց Ձեր բարձր գնահատականը Հոգելոյս Զարեհ Ս. Արք. Ազնաւորեանին, իսկապէս սրբակենցաղ ու բազմավաստակ, իր անձը անմնացորդ նուիրումով ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ Ազգին ընծայաբերած իսկական հոգեւորականին: Եթէ մեր Եկեղեցին վերականգնէր սրբադասման կարգը ու եթէ մեր Եկեղեցւոյ իշխանները կրողն ըլլային (կամ` տայ Աստուած, գոնէ յետագային ըլլան) հոգեւոր ու բարոյական արժէչափերով առաջնորդուողներ, կասկած չունիմ, որ օր մը կը սրբադասէին նաեւ Զարեհ Սրբազանը: Սա գրեցի նկատի ունենալով նաեւ Ձեր տեղի՛ն մտահոգութիւնը, որ «Եկեղեցւոյ իշխանաւորներ տուրք չեն տար իրենց անձնական հակումներուն, եւ իրենց վստահուած հեղինակութիւնը չարաշահելով ընթացք չեն տար կամայական սրբադասումներու»: Անձնապէս, կը վախնամ, որ Ձեր մտահոգութիւնը կը վերածուի իրականութեան` Աստուած մի՛ արասցէ: Մեր կեանքին մէջ այնքան բան գլխիվար է շրջուած, որ կը վախնամ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումով Հայ Եկեղեցւոյ սրբադասման աւանդոյթին վերականգնումը կրնայ Փանտորայի Տուփի բացման նմանիլ…

Հիմա գրեմ ըստ էութեան:

Կ’ուզէի, որ նախ ճշդէինք, թէ պէտք է սրբադասել միայն Մեծ եղեռնի՞, թէ՞ առհասարակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը: Առաջինին ժամանակային ընդգրկումը այսօր ընդունուած է համարել 1915-էն 1918 ձգուող տարիները, մինչդեռ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ’ընդգրկէ 1894-էն 1923 երկարող ժամանակահատուածը, եւ Մեծ Եղեռնը անոր միայն մէկ մասն է, թէեւ` ամէնէն ողբերգականն ու աղիտալին` իր տարողութեամբ ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, խոցելի է 21-րդ էջի վերնագիրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակութեան թուականը միայն 1915-ով սահմանափակումը: Անշուշտ, կը հասկնամ, որ հոս, 1915-ը Դուք նկատի ունեցած էք ոչ թէ ժամանակային հասկացութիւն, այլ` պարզապէս խորհրդանիշ տարեթիւ: Սակայն, լաւ կ’ըլլար, որ մենք, սրբադասումէն առաջ, ունենայինք համազգային ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ, ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ սահմանումներ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի, զոհերու թիւի, նոյնինքն «զոհ» հասկացութեան, ընդգրկած տարածքի, պատասխանատուներու եւ անոնց մեղսակցութեան չափի եւ այլնի մասին, բան մը, որ բազմիցս բարձրաձայնած եմ հայագիտական շրջանակներու մէջ թէ մամուլով, առանց լսող ականջներու…

Այս բոլորը կ’առնչուին նաեւ սրբադասման հարցին, մանաւանդ, որ, ինչքան հասկցայ, սրբադասման Ձեր հիմնական արժէչափը վասն հաւատի նահատակութիւնն է:  Մեծ Եղեռնէն առաջ ու անկէ յետոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան  յիշեալ ժամանակահատուածին մէջ եղած են նաեւ հազարաւոր նահատակութիւններ վասն հաւատոյ: Օրինակ, իմ հօրական մեծ մեծ հայրը` Գրիգոր Եազըճեանը Ատանայի մէջ 1909-ի ապրիլեան եղեռնին նահատակուած է վասն իր քրիստոնէական հաւատքին: Մեծ հայրս` Գէորգ Եազըճեան երէցը կը պատմէր, թէ իր մօր ու երկու եղբայրներուն ներկայութեան, ջարդարարները մտած են Ատանայի մէջ իր հօր պղնձագործի արհեստանոցը եւ, կացինը վիզին դրած, պահանջած են տեղւոյն վրայ իսլամն ընդունիլ, այլապէս սպառնալով սպաննել: Գրիգորը հարցական նայուածք մը նետած է իր կնոջ կողմը: Վերջինս թրքերէնով (ատանացի հայերը թրքախօս էին) ամուսնոյն յորդորած է չուրանալ քրիստոնէութիւնը: Մեծ հայրս կը պատմէր, որ Գրիգորի մերժումէն ակնթարթ մը ետք, իրենց աչքերուն առջեւ կացինի հարուածը իջաւ իր հօր ծոծրակին… Մեծ հայրս սխալ կը նկատէր իր ծնողներուն պահուածքը, ըսելով, թէ ի՞նչ կ’ըլլար եթէ առերես ուրանար քրիստոնէութիւնը ու յետագային ետդարձ կատարէր, եւ կը դատապարտէր իր հայրն ու մայրը` որբութեան դառնութիւնները իրեն` 9 տարեկան տղեկին ցմրուր ճաշակեցուցած ըլլալնուն համար: Հիմա` հարցումը. այս եւ նման դէպքերու զոհերը եւս սրբադասուելու չե՞ն արդեօք: Սա չեմ ըսեր, քանի որ այս պարագային նահատակը իմ ապուպապս է: Ոչ: Քաւ լիցի: Նման հազարաւոր դէպքեր եղած են: Անոնց յիշատակին հետ ինչպէ”ս պէտք է վարուի մեր Եկեղեցին:

Միւս հարցերէն մէկն ալ, որ մանաւանդ վերջին տարիներս` այսպէս կոչուած «իսլամացուած հայեր»ու երեւոյթի հանրային քննարկումներուն կ’աղերսուի, հետեւեալն է. բռնութեան տակ իսլամացուածներն ալ պէ՞տք է նկատենք ցեղասպանութեան զոհեր, թէ ոչ: Եթէ այո, հապա մի՞թէ արդար է վասն հաւատոյ կեանքը զոհաբերածն ու կեանքը պահպանելու համար հաւատքը ուրացածը նոյն նժարին դնել: Եթէ ոչ, հապա որքանո՞վ արդար է այդ կենդանի մնացած ու իրենց մեծագոյն մասով` ողջ կեանքը տառապանքի – այդ շարքին` ուրացողի ներքին հոգեկան պայքարի – մէջ անցուցած հայերը (կամ` եթէ կ’ուզէք` նախկին հայերը) (Գէորգ Աբէլեանի բնորոշումով` «ցկեանս նահատակեալներ»ը)  նահատակ չհամարել: Այս իրողութիւնները նաեւ իրաւական երեսակներ ունին` բարոյականի կողքին:

Գրքոյկի 20-րդ էջին մէջ, կարգ մը երկիրներու կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան  ճանաչման մասին պարբերութեան մէջ կը գրէք, թէ ան տեղի ունեցած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ: Շատ կը փափաքէի, որ յիշատակուէր գոնէ նաեւ «Արեւմտեան Հայաստան»ը, թէեւ շատ լաւ գիտենք, թէ ան ամբողջութեամբ թրքական գրաւման տակ կը գտնուէր եւ, դժբախտաբար, կը գտնուի առ այսօր:  Շատ ճիշդ ըրած էք, որ 75-րդ եւ 77-րդ էջերուն մէջ Արեւմտան Հայաստանը (կը նախընտրեմ գործածել «Հայաստանի արեւմտեան հատուած» բառակապակցութիւնը` Հայաստանի ՄԷԿութեան գաղափարը շեշտելու համար) եւ Կիլիկիան առանձինն յիշատակելով իբրեւ հայոց բնաջնջման տարածքներ (ողբերգութիւն է այն, որ շատեր Կիլիկիան ալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը կարծեն: Մենք մեր հայրենիքին յստակ սահմաններն իսկ չենք գիտեր, ինչը ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ է):

Ուրիշ վերապահում մըն ալ այն է, որ նշուած տարիներուն (1915-1923) երիտթուրքերը, աւելի ստոյգ` անոնց իշխանութեան օրերու օսմանեան բանակի ասքեարները հազարաւոր հայեր կոտորած են նաեւ Պարսկահայքի այն տարածքներուն մէջ, ուր ոտք դրած է այդ պիղծ ասքեարին կրունկը: Այս պարագային, Պարսկահայքի այդ կոտորուած հայերը չե՞ն մտներ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու շարքին մէջ: Կը կարծեմ, թէ համաձայն կ’ըլլաք, որ անոնք եւս նահատակներու շարքին պէտք է դասուին:

Հետաքրքրական էր իմանալ Հոգելոյս Տիրան Արք. Ներսոյեանի յայտնած վերապահումները, որոնք, կամ` անոնց մէկ մասը, այսօր եւս կը պահպանեն իրենց այժմէականութիւնը: Սակայն, ինչպէս նկատեցի նաեւ գրքոյկէն ստացած տպաւորութենէս, եթէ ամէն ինչ ծանր ու թեթեւ պիտի ընենք, ապա ոչ թէ սուրբ, այլեւ` հերոս իսկ պիտի չկրնանք ունենալ: Կ’արժէր, որ գրքոյկին մէջ յայտնուէր այն գաղափարը, որ բոլորս, ներառեալ` նահատակուածները, մարդկային արարածներ ըլլալով` սխալական են, ոչ-կատարեալ արարեալները Ամենակատարեալ Արարիչին: Նոյնիսկ սուրբերը ունեցած են իրենց մեղքերն ու սխալները (անոնց սրբութեան յատկանիշներէն մէկն ալ ճիշդ այդ` իրենց անկատարութեան եւ մեղաւորութեան  գիտակցումն է եւ ատոր համար անոնց անկեղծ ապաշխարանքը Տիրոջ առջեւ): Համաձայն եմ այն բոլոր անձերուն յայտնած տեսակէտներուն, որ մեր ժողովուրդին համար պէտք է ըլլան նոր սուրբեր եւ նոր ազգային հերոսներ (նկատի չունիմ Հ.Հ.ի նախագահի հրամանագիրներով շնորհուած 16 թէ 17 «ազգային հերոս»ները, որոնց ինքնութիւնը հայ ժողովուրդի երեւի 99 տոկոսին համար անյայտ է…): Սա ունի եւս մէկ կարեւոր երեսակ. արդարեւ, ի բացակայութեան հայ նոր սուրբերու, Միջին Արեւելքի հայերէն ոմանք կ’այցելեն ոչ-հայազգի սուրբերու ուխտատեղիներ` այդպիսով որոշակիօրէն օտարուելով Մայր Եկեղեցիէն. Կ’արժէ, որ այս միտքն ալ տեղ գտնէ Ձեր արդարացի պայքարին մէջ` յանուն հայ նոր սուրբերու հռչակման): Մեր ժողովուրդը հերոսացուցած է Գէորգ Չաւուշը, Արաբօն, Զօրավար Անդրանիկը եւ շատ ուրիշներ: Անոնք սխալներ ու մեղքեր չե՞ն գործած: Անպայման որ գործած են, երբեմն` նոյնիսկ ծանր տեսակէն: Սակայն, ժողովուրդը ինք է հերոսացուցեր զանոնք, քանի որ նոր սխրանքներու համար ան պէտք ունի օրինակելի տիպարներու: Նոյնն ալ պէտք է ըլլայ սրբադասման պարագային:

Գրքոյկէն այն տպաւորութիւնն ստացայ, որ Դուք պաշտամունքի մօտեցող սէր ու խոր յարգանք ունիք Կոմիտաս Վարդապետին նկատմամբ: Ո՞ր հայը կրնայ այդպիսին չունենալ: Սակայն, նկատեցի, թէ այն համոզումն ունիք, որ Հայոց Երգի Մաշտոցին խելագարութիւնը կը նկատէք «հետեւանքը այն ցնցումներուն, որոնց ենթարկուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետ` տեսնելով ողջակիզումը իր պաշտելի Եկեղեցիին եւ սիրելի ժողովուրդին»:

Կը փափաքիմ այս տողերուն միտք բանին հասկնալ իրենց փոխաբերական իմաստով, քանի որ Կոմիտասը, միւս մտաւորականներուն հետ աքսորուած ըլլալով շոգեկառքով, եւ անոնցմէ քանի մը հոգիին նման վերադառնալով Կ. Պոլիս նոյն փոխադրամիջոցով, չէր կրնար ականատեսն ըլլալ իր ժողովուրդի Գողգոթային` խելագարելու համար: Ուրիշ բան, որ ան լսելով հայ ժողովորւդին բնաջնջումը, վստահաբար հոգեկան խոր ապրումներ պիտի ունենար, որոնք կրնային առանց այդ ալ խախտուած իր հոգեկան առողջութիւնը անդարմանելի հիւանդութեան վերածել: Կոմիտասի հոգեկան առողջութեան թղթապանակը ուսումանսիրած հայ հոգեբոյժներ այն համոզումը կը յայտնեն, որ Մեծ Եղեռնի լուրերը միայն ԱՒԵԼՑՈՒՑԱԾ ԵՆ Կոմիտասի հոգեկան տուայտանքները, որոնք մինչ այդ  ալ կային: Արդարեւ, գաղտնիք չէ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մատթէոս Բ. եւ Գէորգ Ե. Թիֆլիսեցի, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի ուրիշ միաբաններ կը հալածէին Կոմիտասը, ինչը հոգեկան տառապանք կը պատճառէր Անմահն Վարդապետին: Իմ բարեկամներէս հոգեբոյժ Յարութիւն Մինասեանը համոզուած է, որ Կոմիտասը մինչեւ Մեծ Եղեռնը տառապած է շիզոֆրենիայով, որ ուժեղցած է 1910-ական թուականներու երկրորդ կէսին: Կայ նաեւ վարկած, թէ Կոմիտաս հասած է խելագարութեան աստիճանին, երբ յայտնաբերած է, որ սեւ ձեռքեր անյայտացուցած կամ վերացուցած են տասնամեակներու իր տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն եղող բազմաթիւ նիւթեր, որոնց շարքին` հայոց խազագրութեան յայտնագործութեան իր ուսումնասիրութիւնները:

Որքան հասկցայ, Դուք Կոմիտասը նկատի ունիք իբրեւ հաւաքականութեան խտացում-խորհրդանիշ: Այդ այդպէս է, հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ ալ Կոմիտասի անունը ուղղակիօրէն կ’առնչուի Մեծ Եղեռնի նիւթին: Սակայն ըսել, թէ Կոմիտասի հոգեկան հաւասարակշռութեան խախտումը եղած է Մեծ Եղեռնին պատճառով, ճիշդ չէ:

64-րդ էջին մէջ կը գրէք, թէ «Եկեղեցիին համար գերազանց եւ հիմնական ելակէտ պէտք է հանդիսանայ վասն Յիսուսի ռւ հաւատոյ կատարուած հաւաքական մարտիրոսութեան փաստը»: 67-րդ էջին մէջ փոքր յաւելում մը կատարած էք, նշելով, թէ թուրքին համար «ոճիրը գործելու մղիչ ուժ դարձաւ զոհին ազգային եւ կրօնական-քրիստոնէական պատկանելիութիւնը» (ընդգծումը իմն է – Գ. Ե.): Իմ աներեր համոզմամբ – որ հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ծովածաւալ գրականութեան ընթերցման վրայ, նաեւ` նոյն նիւթին շուրջ խմբագրածս աւելի քան մէկուկէս տասնեակ մեծածաւալ հատորներուն վրայ – հայոց նահատակութեան համար հիմնական մղիչ ուժը հանդիսացած է ոչ թէ կրօնը, այլ` ազգութիւնը: Իսկ թէ ինչո՞ւ, ոճրագործ կազմակերպիչներն ու անոնց գործիք ծառայած խաժամուժը կը բաշխէին իսլամացողներուն կեանքը, շատ պարզ է` այն պատճառով, որ համոզուած էին, որ իսլամացումով` հայը շատ բան կը կորսնցնէ իր ազգային ինքնութենէն եւ ի վերջոյ կը ձուլուի թուրքա-քիւրտա-իսլամական կաթսային մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները գոնէ իրենք գիտէին Օսմանեան Կայսրութեան գոյառման ու ծաւալման պատմութիւնը, թէ ինչպէս ենիչերիները – քրիստոնեայ ընտանիքներէ բռնախլուած արու երեխաները – ինչպիսի՜ մոլեռանդութեամբ կռուած էին յանուն օսմանեան կիսալուսինի փառքին: Հայութիւնը բնաջնջեցին ոչ թէ քրիստոեայ հայը վերացնելու համար, այլ` ՀԱՅԸ վերացնելու համար: Ասիկա շատ կարեւոր հիմնադրոյթ մըն է, որ կը բացատրէ իմ լուրջ վերապահութիւնս Հայոց Ցեղասպանութեան ԲՈԼՈՐ նահատակները սրբադասելուն հանդէպ: Այս հարցին շուրջ միտքերու երկարատեւ փոխանակումներ ունեցած եմ Պէյրութի մէջ` ընկերներու հետ, երբ հոն գտնուած օրերուն կը խմբագրէի ընկերներէս Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» շարքին հերթական հատորը (մատենաշարի առ այսօր լոյս տեսած 5 հատորներուն եւ գրեթէ պատրաստ Զ. հատորին խմբագիրը նուաստս է): Երկար բանավէճերէ ետք հասանք այն եզրակացութեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու երբեւէ սրբադասման պարագային, սրբադասման արժանի են ոչ թէ կրաւորապէս նահատակուածները, այլ` վասն ազգի եւ վասն հաւատոյ դիմադրութեան ատեն զոհուածները: Այլապէս, այնպէս դուրս կու գայ, որ կը ֆէթիշացնենք «Ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը» արտայայտութեան միտք բանին, մինչդեռ նոյն Վարդանանք, նոյն «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նշանախօսքով ԶԷՆՔ ՎԵՐՑՈՒՑԻՆ` գիտնալով հանդերձ, որ ոյժերն անհաւասար էին եւ իրենց պայքարը շատ հաւանաբար կը յանգէր նահատակութեան, ինչպէս որ ալ եղաւ: Սակայն, անոնք մահացան` դիմադրելով; Գիտենք նաեւ, որ Վարդանանց շարժումը համաժողովրդական էր, որուն մասնակիցները հարիւր հազարներ էին, եթէ ոչ միլիոններ: Սակայն, մեր Եկեղեցին սրբացուց ՄԻԱՅՆ Աւարայրի դաշտին վրայ ինկած 1036 վկաներն ու Ղեւոնդեանք եւ ոչ թէ այդ հարիւր հազարները: Իմ համոզմամբ, նոյն ձեւով եւ նոյն մօտեցումով պէտք է կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն սրբադասումը: Սուրբ պէտք է հռչակուին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց ՊԱՅՔԱՐԻ գուպարներուն մէջ նահատակուածները ՄԻԱՅՆ: Հետեւաբար, Ձեր գրքոյկի աւարտական պարբերութիւնը, որ ձեւակերպումն է սրբադասումէն ետք յիշատակութեան կարիքն ունի այս գաղափարն արտայայտող բառերով լրացման:

Լիովին համաձայն եմ Ձեզի հետ, երբ կը գրէք, թէ մեր եկեղեցին եւ ազգը պէտք ունին նոր սուրբերու: Ինչպէս վերը նշեցի` նաեւ` նոր, սակայն ԻՍԿԱԿԱՆ հերոսներու: Նոր սերունդները, դաստիարակուելու համար, կարիքն ունին այդպիսի նոր, օրինակելի տիպարներու, որպէսզի անոնցմէ ներշնչուին ու անոնց օրինակին հետեւին` ի փառս Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին եւ հանուր մարդկութեան, եւ, ի վերջոյ` Արարիչին:

Կը յուսամ, որ Ձեր եւ շատ շատերու այս բաղձանքը կը կատարուի այս տարի իսկ, առանց աւելորդ յետաձգման, եւ Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական յաջորդ Ժողովը կ’ըլլայ ոչ թէ զբօսաշրջութեան կամ փոխադարձ ծանօթացման հաւաք մը, այլ` այնպիսի հաւաք, ուր լրջօրէն կը քննարկուին մեր ազգն ու մարդկութիւնը յուզող շատ եւ շատ հարցեր, յատկապէս` հայեցակարգային բնոյթ ունեցող խնդիրներ, որոնց պատասխանները մեր ժողովուրդը կը սպասէ Հայ Եկեղեցւոյ կրօնական այդ բարձրագոյն իշանական մարմինէն:

Վերջին խօսք մըն ալ Ձեր լեզուին մասին: Պարզապէս հիացած եմ Ձեր լեզուի մաքրութեամբ ու հարստութեամբ, եւ միաժամանակ` պարզութեամբ: Հայոց Մեծագոյն Սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցին նկատմամբ իսկական յարգանքը կ’ըլլայ անոր այբուբենով գործառնութեան մէջ գտնուող լեզուին պատկառանքով յագեցած սիրով վերաբերելով, ինչը առատօրէն առկայ է Ձեր գրքոյկին մէջ եւ որու համար ալ առանձնապէս շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Ձերդ Արժանապատուութեան:

 

 

You May Also Like