Ցեղասպանութեան Ճանաչում Թէ՞ Ինքնաճանաչում

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, Ապրիլ 2013

Մարդ անհատը իր ներքին համոզումներուն եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն հիման վրայ կը կերտէ իր կեանքը ու կը մշակէ իր յարաբերութիւնները իր անմիջական շրջապատին ու արտաքին աշխարհին հետ: Որքան յստակ ու բարձրարժէք են այդ համոզմունք-սկզբունքները, այնքան կրնայ այդ հիմունքներուն համերաշխ արժանավայել կեանք մը ապրիլ ու վարել: Քաջ հաւատալով Սոկրատեան «Ծանի՛ր զքեզ» փիլիսոփայութեան, մարդ անհատը նախ եւ առաջ ինքնաճանաչման ճամբով կը ձգտի արժեւորել իր կեանքը, տէր դառնալով բարձրարժէք սկզբունքներու, ու ապա ըստ այնմ կը մշակէ իր յարաբերութիւնները դուրսի աշխարհին հետ: Ինքզինք ճանչցող ու իր կարողութեանց գիտակից մարդը տէրն է իր անձին:

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, Ապրիլ 2013

Մարդ անհատը իր ներքին համոզումներուն եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն հիման վրայ կը կերտէ իր կեանքը ու կը մշակէ իր յարաբերութիւնները իր անմիջական շրջապատին ու արտաքին աշխարհին հետ: Որքան յստակ ու բարձրարժէք են այդ համոզմունք-սկզբունքները, այնքան կրնայ այդ հիմունքներուն համերաշխ արժանավայել կեանք մը ապրիլ ու վարել: Քաջ հաւատալով Սոկրատեան «Ծանի՛ր զքեզ» փիլիսոփայութեան, մարդ անհատը նախ եւ առաջ ինքնաճանաչման ճամբով կը ձգտի արժեւորել իր կեանքը, տէր դառնալով բարձրարժէք սկզբունքներու, ու ապա ըստ այնմ կը մշակէ իր յարաբերութիւնները դուրսի աշխարհին հետ: Ինքզինք ճանչցող ու իր կարողութեանց գիտակից մարդը տէրն է իր անձին:

Իսկ ինքզինք չճանչցող մարդը կը նմանի ծովին բացերու վրայ ծփացող անղեկ ու անխարիսխ նաւին, որ կը տարուբերի ու կ՚ընթանայ արտաքին հովերու եւ ալիքներու քմահաճոյքին ենթակայ: Հետեւաբար, ինքզինք չճանչցող մարդը ենթակայ ու գործիք կը դառնայ դուրսի ուժերու ղեկավարութեան, որոնք դիւրաւ կրնան շահագործել զինք, իրենց սեպհական խնդիրները լուծելու համար:

Նոյնն է պարագան հաւաքականութիւններու: Երբ հաւաքականութեան մը կը պակսի իր հասարակաց շահերու պաշտպանութեան եւ հետապնդման գիտակցութիւնը. երբ անոր կը պակսի իր առաջնահերթութիւնները դասաւորելու եւ ծրագրաւորելու գիտակցութիւնը, ապա ան խոցելի թիրախ մը կը դառնայ ներքին թէ արտաքին պատեհապաշտ ուժերու:

Երբ յետադարձ արագ ակնարկ մը կը նետենք անցած քանի մը տասնամեակներու մեր ազգային գործունէութեանց վրայ, երեք գլխաւոր զարգացումներ կ՚առանձնանան՝
    ա) Հայաստանի անկախացում,
    բ) Արցախի ազատագրում եւ
    գ) Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչում:

Առաջին երկուքը արգասիքն են հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին, իսկ երրորդը՝ սփիւռքահայութեան: Եթէ այսօր հպանցիկ արժեւորումը պիտի կատարենք այս երեքին, կ՚ունենանք հետեւեալ պատկերը:
  ա) Հայաստան իրաւականօրէն անկախացաւ, բայց փաստացիօրէն արդէն իսկ կորսնցուցած է իր կարեւորագոյն հարստութեան եւ ապաւէնի՝ ժողովուրդին առնուազն մէկ երրորդը, որ մեզ մեծապէս խոցելի կը դարձնէ:
  բ) Արցախը փաստացիօրէն ազատագրուեցաւ, բայց այդ նուաճումը ո՛չ իրաւականօրէն ամրագրուեցաւ եւ ո՛չ ալ փաստացիօրէն՝ ազատագրուած հողերու վերաբնակեցումով:
   գ) Քսանեակէ մը աւելի պետութիւններ ճանչցան Հայերու Ցեղասպանութիւնը, բայց շօշափելի ի՞նչ շահ ունեցանք անկէ եւ ի՞նչ կրնանք շահիլ եթէ յաւելեալ քսանեակի մը կամ քառասնեակի մը ճանաչումն ալ ապահովենք:

Վերեւի օրինակները արդեօք չե՞ն բացայայտեր մեծ զոհողութեանց գնով նուաճուած մեր ձեռքբերումներու խոցելիութիւնը, եթէ պիտի շարունակենք ընթանալ նոյն ուղիով: Ի՞նչ կ՚ընենք իրապէս ամրագրելու այդ նուաճումները: Ժամանակը հասած չէ՞ յեղաշրջելու մեր մտածելակերպը, վերատեսութեան ենթարկելու մեր գործելաձեւը եւ վերադասաւորելու մեր առաջնահերթութիւնները: Ո՞րքան ատեն պիտի ինքզինքնիս խաբենք ձեւական բնոյթի ձեռնարկներով, անտեսելով գետնի իրականութիւնը եւ մեր գլխուն վրայ կուտակուող սեւ ամպերը: Ո՞րքան ատեն պիտի շարունակենք մեծ յոյսեր կապել ու ապաւինիլ արտաքին ուժերու, փոխան ինքնաճանաչման ճամբով մենք զմեզ զօրացնելու: Ո՞րքան ատեն պիտի Ցեղասպանութեան ճանաչում մուրանք օտարներէ, անգիտանալով որ արտաքին գնահատանքը, երբ չէ հիմնաւորուած ներքին գիտակցութեամբ, պարզապէս դուռ կը բանայ առուծախային հաշիւներու: Ո՞րքան ատեն պիտի շարունակենք հմայուիլ օդային երազներով, երբ հողը կը սահի մեր ոտքերուն տակէն, մեր եսասիրութեանց արդիւնք պառակտուածութեան ու մեր անիրատեսութեան պատճառաւ: Չե՞նք տեսներ աշխարհասփիւռ հայութեան օրէ օր ուծացումն ու «Ճերմակ ջարդը»: Չե՞նք տեսներ Հայաստանի դատարկումն ու տկարացումը: Չե՞նք տեսներ մեր գոյերթին սպառնացող վտանգը:

Երկու տարիէն պիտի ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան արհաւիրքի հարիւրամեակը: Այս կապակցութեամբ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին կազմուած են յանձնախումբեր, որոնք աշխատանք կը տանին պատշաճօրէն նշելու այս կարեւոր տարելիցը: Սակայն ցարդ հրատարակուած տեղեկութիւններէն դժբախտաբար կ՚ունենանք այն տպաւորութիւնը, որ անգամի մը համար եւս պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու պարտաւորութեան զգացումէն մղուած, սովորականէն քիչ մը աւելի աչքառու ծրագիրներ ի գործ պիտի դրուին, հոգեկան խաբուսիկ գոհունակութիւն առթելով ու … վերջ, մինչեւ յաջորդ կլոր թուական: Ի՞նչն է որ մեզ կը յանգեցնէ այս տպաւորութեան: Բերենք մեր Լոս Անճելըսահայ համայնքի օրինակը, աւելի պարզաբանելու համար մեր միտքը:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, մեր համայնքի հոգեւոր, քաղաքական, թէ բարեսիրական գլխաւոր կազմակերպութիւնները գոյացուցած են միացեալ մարմին մը, որ ծրագիրներ պիտի մշակէ այդ առնչութեամբ: Գնահատելի են բոլոր մասնակիցները իրենց ցուցաբերած նուիրման համար: Բայց մինչ միասնական ոգիով անոնք գործի լծուած են, իրենց քթին տակ, Փասատինա քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենան զարմանալի զարգացումներ, կապուած նոյն նպատակին հետ:

Երեք տարիներ առաջ, Փասատինայի հայկական կազմակերպութիւններու համախմբում մը սկիզբը դրած էր քաղաքապետարանի շէնքին մէջ, քաղաքային խորհուրդի անդամներու մասնակցութեամբ, Հայկական Ցեղասպանութեան նշման աւանդութեան մը, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենար: Նոյն համախմբումը նաեւ սկսած էր արշաւ մը, քաղաքին մէջ կառուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը: Երբ այս յուշարձանի կառուցման արտօնագրային ձեւակերպութիւնները բաւական ճանապարհ կտրած էին, յանկարծ անցեալ տարի մրցակից ծրագիր մը մէջտեղ նետուեցաւ հայկական տարբեր մարմնի մը կողմէ, որ նաեւ խլեց քաղաքապետարանի մէջ նշուող ոգեկոչման ձեռնարկի կազմակերպումը:

Ի՞նչու յառաջացաւ այս երկփեղկումը: Ի՞նչպէս կարելի է հաշտեցնել այս պատկերը, հարիւրամեակի, միասնական ոգեկոչման հետ: Հաւաքական աշխատանքի արդիւնաւէտութեան եւ միասնական ոգիի դրսեւորման ի՞նչպիսի արտայայտութիւն է այս բոլորովին հակադիր պատկերը: Այս նեղմիտ ու հատուածական մտածելակերպի արդիւնք չէ՞, որ տարիներէ ի վեր որեւէ նշանակելի, միասնական ծրագիր չենք կրցած յաջողցնել: Ի՞նչ եղաւ Կլէնտէյլ քաղաքի Ցեղասպանութեան Յուշարձանի հարցը: Ի՞նչ եղաւ Ուաշինկթընի Ցեղասպանութեան Թանգարանի հարցը: Դեռ չենք խօսիր Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանը իւրացնելու խայտառակութեանց մասին:

Երբ Ցեղասպանութեան նման սուրբ եւ նուիրական դատն ալ կը ձախողինք վեր պահել մեր ներքին քինախնդրութեանց այպանելի մակարդակէն, ուրեմն փաստը տուած կ՚ըլլանք մեր մտածելակերպի աղքատութեան: Փաստը տուած կ՚ըլլանք թէ ինչո՞ւ նորահաս սերունդները կը դժկամին ներգրաւուիլ հայ կեանքէն ներս: Փաստը տուած կ՚ըլլանք հայութեան հասարակաց շահերու պաշտպանութեան եւ հետապնդման մեր գիտակցութեան սնանկութեան: Հետեւաբար, այսպիսի իրավիճակէ մեկնած, մենք իրաւունք չունի՞նք մտահոգուելու, որ գալիք ձեռնարկները, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, պարզապէս ձեւական բնոյթի պիտի ըլլան, ինչպէս կ՚ըլլան «Արի Տուն», «Հայաստան-Սփիւռք» եւ զարմանազան տեսակի այլ ծրագիրներ եւ ժողովներ:

Ժամանակն է, որ փոխան ձեւականութեանց եւ ինքնախաբէութեան, փոխան օտարէն ճանաչում մուրալու եւ անոր հացին իւղ քսելու, լրջօրէն լծուինք ինքնաճանաչման ճամբով մեր իրավիճակի բարելաւման: Ազգովին անդրադառնանք, որ այս ընթացքով մենք պարզապէս կը մսխենք Մաշտոցներէն եւ Խորենացիներէն մեզի մնացած այն քչիկ մը հարստութիւնն ալ, մինչեւ … վերջնական սնանկացում:

 

 

1 comment
  1. Պր Դաւիթեան, ապրիք

    Պր. Դաւիթեան, ապրի՛ք, հարիւր տոկոս համաձայն եմ ձեր գրածներուն…..երանի հասկնան և շարժին ճիշտ ուղղութեամբ։

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Գործենք միասին՝ հանուն ընդհանուր նպատակի

«Ժառանգությունը» վստահ է՝ պետության հետ համատեղ, ներդաշնակ գործողություններով կապահովենք մեր ազգային անվտանգությունը Լուսանկարը՝ Lifesaving Society Հայտարարություն «Ժառանգություն» կուսակցությունը…
Read More