Անցեալ 7 Յուլիսին, Գորտոպայի Քաղաքապետական Պալատին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ն (I.N.A.D.I.) (Խտրականութեան, Օտարատեցութեան եւ Ցեղապաշտութեան դէմ Ազգային Ինստիտուտ) Գորտոպա քաղաքի Քաղաքապետարանի, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հրէական կազմակերպութեանց համախմբում՝ Տ.Ա.Ի.Ա.յի Գորտոպայի մասնաճիւղի միջեւ, Մարդկային Իրաւունքներու վերաբերեալ միասնական քաղաքականութիւն մը հաստատելու նպատակով:

Հայ համայնքի անունով խօսք առնելով, ճարտ. Թորոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գորտոպայի Քաղաքապետին, այս կարեւոր քայլին համար, եւ աւելցուց. ՙՀիմնական է որ համայն նահանգի ուսուցիչները եւ աշակերտները գիտակցին թէ 95 տարիներ առաջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցե-ղասպանութիւնը, եւ անոր գործադրողը՝ Թուրքիան, ոչ միայն կ՝անտեսէ իր ոճիրը, այլ ժխտողական պայքար կը մղէ այդ ուղղութեամբ՚: Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ մօտ ատենէն նոյն ուղղութեամբ համաձայնութիւն մը պիտի ստորագրուի Գորտոպայի Պետական Համալսարանին հետ, որու համաձայն 2011 թուականէն սկսեալ համալսարանին դիմող աւելի քան 20.000 թեկնածու ուսանողները պարտին ուսանիլ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէայ Ողջակիզման նիւթերը:
Հարկ է նշել թէ Գորտոպայի Պետական Համալսարանը, իր կարեւորութեամբ Արժանթինի երկրորդ համալսարանն է իր ուսանողութեան քանակով, ու երկրի մէջ հիմնուած առաջին բարձր ուսման հաստատութիւնն է: Գորտոպայի Պետական Համալսարանի հետ այս համաձայնութիւնը հիմնական քայլ մըն է Հայ Դատի եւ, մանաւա՛նդ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարածման, ճանաչման եւ ուսումնասիրութեան, համալսարանական մակարդակով: