Ցեղասպանութիւնը՝ Հասկցանք, Բայց…

Ու՞ր Մնաց Տարագրութիւնը

Դարադարձի Խոհեր

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 20 Նոյեմբեր 2011

Արեւմտահայաստանի իրաւաքաղաքական՝ ՀՈՂԱՅԻՆ, պահանջատիրութիւնն է միայն, որ իր մագնիսական դաշտին մէջ կրնայ համախմբել համահայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ
եւ Տարագիր Արեւմտահայութիւն:
 
Նայիլ նաեւ անգլերէնով Thank you Nalbandian, Thank you Davutoğlu ակնարկին որ առնչուած է Մեթր Գ. Տէրտէրեանի յօդուածին հետ:

9 տասնամեակներէ ի վեր՝ յետ-Եղեռնի մեր պահանջատիրութիւնը սահմանափակուած կը մնայ, մեր զգացական-ապաքաղաքական մօտեցումին հետեւանքով, Մեծ Եղեռնի երկեակ ոճիրներէն միայն մէկուն՝ Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումին հետապնդումով, բարձի թողի ընելով երկեակ ոճիրներէն միւսին՝ Տարագրութեան, այսինքն՝ Արեւմտահայութեան հայրենազրկման եւ Արեւմտահայաստանի հայաթափումին ու զաւթումին, մեզի համար աւելի ճակատագրական ոճիրը…: Մեր այս զգացական ու ապաքաղաքական մօտեցումը չփոխուեցավ նոյնիսկ՝ երբ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով 1965 թ., Երեւանի մէջ կազմակերպուած վիթխարի ցոյցին ընթացքին, պաստառներն ու վանկարկումները կը պահանջէին “ Մեր Հողերը, Մեր Հողերը”… շեշտը դնելով Տարագրութեան եւ անոր հետեւանքներուն վրայ, աւելի քան՝ մեր նահատակներուն ու կորուսեալ “գոյքերուն” վրայ: Կէս դարով յապաղած ենք արդէն՝ այդ օրէն:

Ու՞ր Մնաց Տարագրութիւնը

Դարադարձի Խոհեր

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 20 Նոյեմբեր 2011

Արեւմտահայաստանի իրաւաքաղաքական՝ ՀՈՂԱՅԻՆ, պահանջատիրութիւնն է միայն, որ իր մագնիսական դաշտին մէջ կրնայ համախմբել համահայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ
եւ Տարագիր Արեւմտահայութիւն:
 
Նայիլ նաեւ անգլերէնով Thank you Nalbandian, Thank you Davutoğlu ակնարկին որ առնչուած է Մեթր Գ. Տէրտէրեանի յօդուածին հետ:

9 տասնամեակներէ ի վեր՝ յետ-Եղեռնի մեր պահանջատիրութիւնը սահմանափակուած կը մնայ, մեր զգացական-ապաքաղաքական մօտեցումին հետեւանքով, Մեծ Եղեռնի երկեակ ոճիրներէն միայն մէկուն՝ Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումին հետապնդումով, բարձի թողի ընելով երկեակ ոճիրներէն միւսին՝ Տարագրութեան, այսինքն՝ Արեւմտահայութեան հայրենազրկման եւ Արեւմտահայաստանի հայաթափումին ու զաւթումին, մեզի համար աւելի ճակատագրական ոճիրը…: Մեր այս զգացական ու ապաքաղաքական մօտեցումը չփոխուեցավ նոյնիսկ՝ երբ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով 1965 թ., Երեւանի մէջ կազմակերպուած վիթխարի ցոյցին ընթացքին, պաստառներն ու վանկարկումները կը պահանջէին “ Մեր Հողերը, Մեր Հողերը”… շեշտը դնելով Տարագրութեան եւ անոր հետեւանքներուն վրայ, աւելի քան՝ մեր նահատակներուն ու կորուսեալ “գոյքերուն” վրայ: Կէս դարով յապաղած ենք արդէն՝ այդ օրէն:

Մեր այս իրաւաքաղաքական մեծ սխալը սրբագրելու ժամանակը գրեթէ սպառելու վրայ է…գէթ՝ 2015 թ. դարադարձին, հարկ է որ սրբագրենք մեր մեծ սխալը:

Սակայն, ինչպէս կ’երեւի՝ ՀՀ նախագահին կազմած “Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողով”ին ցարդ կատարած հրապարակումներուն մէջ եւս, բացակայ է հողային պահանջը Արեւմտահայաստանի… այլ կայ “գոյքային” իրաւունքի պահանջը միայն:

Մենք համաձայն ենք՝ թէ 2015 թուականը սպառման “սահմանագիծ” չէ Արեւմտահայաստանի հողային դատին համար, բայց չենք տեսներ այն հեռանկարը՝ թէ 2015 թուականը նկատի առնուած է որ ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան գէթ “սկիզբն ու մեկնակէտ”ը…: Քանի որ այդ “պետական յանձնաժողովի” գլխաւոր քարտուղարը եւս՝ Հայկ Դեմոյեան (Հայոց Ցեղասպանութեան թանգ արան-հիմնարկի Տնօրէնը) կը խօսի՝ հի՜ն, ապաքաղաքման ու մե՜ղկ լեզուով… “գոյքային իրաւունք”ի հատուցում կամ վերականգնումին մասին, եւ ոչ թէ՝ ՀՈՂԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ…:

“ Ազդակ”ի 27 Օգոստոս 2011 թուակիր համարին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայկ Դեմոյեան կ’ըսէ՝ թէ “2015 թուականը սահմանագիծ չէ, այն կարող է նոյիսկ որոշ առումներով ՄԵԿՆԱԿԵՏ ու սկիզբ լինել”, այո, բայց կ’աւելցնէ՝ թէ մարդկային կորուստները վերականգնելի չեն: Բայց կան հետեւանքներ, որոնք վերականգնելի են…: Դա գոյքային իրաւունքն է՝ եկեղեցիների պատկանած կալուածքներն ու շինութիւնները…”:

“ Պետական յանձնաժողով”ի գլխաւոր քարտուղարին կողմէ յիշատակուած լոկ “գոյքային” իրաւունքը, մոռացութեան տալով “հողային”ը, Արեւմտահայաստանը… մեծապէս մտահոգիչ է եւ հիասթափենցող:

Միւս կողմէ՝ ան իրաւացիօրէն կը պահանջէ՝ “ Յառաջիկայ տարիներին համադրենք մեր բոլոր ջանքերն ու հնարաւորութիւնները՝ եւ ամբողջ աշխարհին, եւ առաջին հերթին՝ մեզ ապացուցնենք ՄԵՐ ՄԻԱՒՈՐԻՉ ՈՒԺԸ”… բայց կը մոռնայ մեր միաւորումին բուն զսպանակը՝ Արեւմտահայաստանի ապագան, որուն համար պէտք է որ գ ործէ “ մեր մտաւորիչ ուժ”ը…:

Արդարեւ, Արեւմտահայաստանի իրաւաքաղաքական՝ ՀՈՂԱՅԻՆ, պահանջատիրութիւնն է միայն, որ իր մագնիսական դաշտին մէջ կրնայ համախմբել համահայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Տարագիր Արեւմտահայութիւն: Ինչ որ կը պահանջէ՝ նախ եւ առաջ, Տարագիր Արեւմտահայութեան կազմակերպումն ու միաւորումը կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ: Այսպիսի միաւորիչ ու միագլխանի կառոյցը ոչ միայն կրնայ՝ իրաւական հանգամանքով, հետապնդել Արեւմտահայաստանի հողային դատը միջազգային ատեաններու առջեւ, համաձայն Միջազգ ային Հանրային Իրաւունքի նորմերուն, այլեւ՝ կրնայ առաւել արդիւնաւէտ ու հեզասահ դարձնել Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը եւ անխափանելի դարձնել Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի որոշումներուն գործադրութիւնը…:

Այս միակ լիազօր կառոյցին ստեղծումը՝ ուրեմն, հրամայական մըն է նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել արդիւնաւէտ, որակաւոր եւ հեզասահ ընծայումին համար: Ասոր անհրաժեշտութիւնը շեշտած է՝ իր կարգին, Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը, մատնանշելով Հայաստան-Սփիւրք Համաժողովի բեմէն, թէ՝ “ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ԿԱՌՈՒՑԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ներկայ համակարգերը ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ՉԵՆ հայութեան առջեւ ծառացած ներկայ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԻՆ”: Հայաստանի թէ Սփիւռքի “կառուցակարգային” ներկայ որակը անգոհացուցիչ գտնելով, կը պահանջէ ատոր տալ “նոր որակ”՝ ԻՆՔՆԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՎ, “ Որովհետեւ՝
 

1-Հայաստանում ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԱՑՄԱՆ գործընթացն ու քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորումը ԴԱՆԴԱՂՈՒՄ ԵՆ եւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ու պետական կառոյցների գործունակութիւնը ՊԱԿԱՍՈՒՄ ԵՆ…:
2-Սփիւռքում ՀԱՏՈՒԱԾԱԿԱՆ անհամաձայնութիւնները շարունակւում են ու խորացւում՝ վերջին երկու տասնամեակների ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ հետեւանքով”…:
Ան կ’առաջարկէ կազմել “ Համազգային Խորհուրդ”, Հայաստան-Արցախ-Սփիւրք երկխօսութեան նոր որակ հաղորդելու համար, որովհետեւ՝ “…կամ պէտք է ԲՌՆՑՔՈՒԵԼ՝ մեր ինքնութեան ապագան երաշխաւորուած տեսնելու համար, կամ այն կը տրուի բախտի քմահաճոյքին…”: Բայց ինք եւս կը մոռնայ՝ որ նոյնինքն Հայաստան եւս կարիքը ունի “բռնցքուելու”…՝ իր իսկ ապագան երաշխաւորելու համար, կասեցնելով՝ ԱՐՏԱԳԱՂԹ-ի ահազանգային համեմատութիւններու հասած հայրենաթողութիւնն ու Հայաստանի ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄ-ը, որ կը սպառնայ հեքիաթի վերածել “Հայաստան”ը… եւ օլիկարխները վերածել “աներկիր իշխանաւորներու” աւազակախումբի մը, որ իսկական պատասխանատուն է ԱՐՏԱԳԱՂԹ-ին, զոր իբր թէ նուազեցնելու համար… յօրինած են “ Արի՛ տուն” զբօսաշրջիկներու օրօրը միայն…:

Գագիկ Յարութիւնեան համոզուած է՝ “որ հայութեան համահաւաք ներուժը… Լիովին ԲԱՒԱՐԱՐ Է հայ ինքնութիւնը ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ուղեծրից ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ուղեծիր դուրս բերելու համար: ՍԱԿԱՅՆ, այդ ներուժի համադրումն ու գործադրումը ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ նոր որակ է պահանջում”…:

Ան դիտել կու տայ թէ՝ “Հայ ժողովրդի ապագան չի կարող ՄԵԿՈՒՍԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵԼ՝ այն կտրելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ԵՌԱՄԻԱՍՆԱԿԱՆ շղթայի ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ գործակցութեան ներկայ վիճակից ու հեռանկարներից”:

Այս եռամիասնական շղթային մէկ օղակն է Սփիւռքը, որուն ինքնակազմակերպումը մէկ լրացուցիչն է համազգային ինքնակազմակերպումին:

Եւ՝ Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է Տարագիր Արեւմտահայութեան, որ Սփիւռքի քաղաքական գլխաւոր կորիզն է… որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր “միագլուխ” կառոյցի մը մէջ, զոր մենք պայմանականօրէն կը կոչենք Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէս “ ՏԱՀՔ”, ապա նաեւ՝ այս կառոյցը օժտել միջազգային կարգավիճակով, իբրեւ՝ ինքնուրոյն քաղաքական հաւաքականութիւն, որ իրաւայաջորդն է Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան, եւ որ ունի զինք կառավարող ու ներկայացնող միակ լիազօր կառոյց, համաձայն Միջազգային Հանրային Իրաւունքի նորմերուն:

Հայաստանի թէ Սփիւռքի կառուցակարգային ներկայ որակին անգոհացուցիչ ըլլալու փաստին անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպայի Հայերու Համագումարի “ Յայտարարութիւն”ը, 19 Սեպտեմբեր 2011 թուականակիր՝ ՀՀ 20¬ամեակին առիթով՝ “20 տարի մաքառման, ձեռք բերումների եւ բաց թողումների” վերնագրով:

Հայաստանի կառուցակարգային ներկայ անգոհացուցիչ վիճակին մասին, այս “Յայտարարութիւնը” կ’ըսէ՝ “ …գիտակցաբար, կամ անգիտակցաբար քանդուեցին անցեալի (Սովետական Հայաստանի) քիչ թէ շատ գոյութիւն ունեցող հասարակական-պետական կառոյցներն ու քաղաքական համակարգը (սոցիալիստական) եւ փոխարինուեցին նոր բայց թերի օրէնսդրութեամբ ու համակարգով (վայրի դրամատիրական): Արմատական փոփոխութիւնների շարքում ոչ կշռադատուած ՍԵՓԱԿԱՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԸ հասարակութիւնից խլեց իր հարստութիւնն ու բարւոք ապրելու գրաւականը: Կարճ ժամանակում հասարակութիւնը ԲԱԺԱՆՈՒԵՑ (որ երէկ միաւորուած էր…) ՈՒՆԵՒՈՐՆԵՐԻ փոքրաթիւ եւ ԸՆՉԱԶՈՒՐԿՆԵՐԻ միլիոնանոց բանակի: Հայութիւնը նորից բռնեց ԳԱՂԹԱԿԱՆԻ ճամբան, եւ՝ Ցեղասպանութիւնից յետոյ կատարուեց ու շարունակւում է, ազգի համար ամենամեծ ողբերգութիւնը հանդիսացող ազգակործան ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ: …ԱԶԱՏ ու մարդավայել ապրելու համար, հարկաւոր է պայքարել եւ ստեղծել այնպիսի մի հասարակութիւն, ուր կ’իշխի ժողովրդավարութիւնն ու ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, քանի որ առանց ժողովրդավարութեան եւ սոցիալական արդարութեան ոչ մի երկիր ու ժողովուրդ չի կարող հասնել երջանկութեան, լինել առողջ եւ ԱԶԱՏ հասարակութիւն, եւ ունենալ զարգացման իրական հեռանկար…” եւ հետեւաբար՝ կ’արտագաղթէ ժողովուրդին դժգոհ բազմութիւնը:

Կարօ Յակոբեանի նախագահութեամբ գործող Եւրոպայի Հայերու Համագումարը (ԵՀՀ) մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ, քանի որ, ընկերային արդարութիւնը նախապայման մըն է ազատութեան ու անկախութեան համար, որովհետեւ՝ այս երեքը դիալետիկօրէն իրարու փոխկապակցուած, իրարմով պայմանաւորուած եւ իրարու վրայ փոխազդեցութիւն ունեցող հասարակական արժէքներ են: Ազատութեան, անկախութեան եւ ընկերային արդարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող դիալեկտիկ կապին մասին, ուշագրաւ հաստատում մը կ’ընէ “ ԴՐՕՇԱԿ”ի Մայիս 2011 թուակիրի համարի խմբագրականը (որ արտատպուած է “ Ազդակ”ի 11 Յունիս 2011 թուակիր համարին մէջ), ուր գրուած է՝ “Հայաստանը շարունակում է մնալ ԱՆԱԶԱՏ…: Այս անազատութեան հիմնական պատճառներից մէկը ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՆԱՐԴԱՐ իրավիճակն է, որը յատկանշւում է սակաւապետական կառավարման, մենաշնորհային դրութեան եւ այլ երեւոյթներով: …ԱՆԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ այսպիսի պայմաններում ԷԱՊԷՍ ՏՈՒԺՈՒՄ է Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ…”:

Իսկ Սփիւռքի մասին, ԵՀՀ-ի “ Յայտարարութիւնը” կը քննադատէ հոս տիրող հատուածականութիւնը՝ աւանդական կուսակցութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հի՜ ն տարակածութիւններուն պատճառով եւ կը շեշտէ Սփիւռքի վերակազմակերպումին անհրաժեշտութիւնը՝ համահայկականութեան ոգիով: Եւ, լաւատեսօրէն՝ ինչպէս Գագիկ Յարութիւնեանը, կ’ըսէ՝ “ Սփիւռքը ունի հզօր պոտենցեալ… որը կարելի է լաւագոյնս ծառայեցնել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ նպատակներին, եթէ կարողանայ ստեղծել համահայկական կառոյց, հեռու՝ հատուածականութիւնից, տրուած ըլլալուվ, որ բազմամիլիոնանոց Սփիւռքի մեծամասնութիւնը ի բնէ միասնական է”:

Սփիւռքի, աւելի ճիշդը անոր քաղաքական կարծր կորիզը հանդիսացող Տարագիր Արեւմտահայութեան համահայկականութեան ոգիով առաջնորդուող կառոյցը մենք նկատեցինք՝ քառորդ դար առաջ, ՏԱՀՔ¬ը՝ որպէս առաջնահերթ խնդիր, բաղդատած՝ ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, ապաքաղաքական ճանաչումի պահանջատիրութեան, քանի որ հողային պահանջատիրութիւնը ինքնին լռելեայն կը հիմնուի՝ Ցեղասպանութեան եւ Տարագրութեան երկեակ ոճիրներուն կատարուած փաստին ճանաչումին վրայ:

Արեւմտահայաստանի կորուստին վերականգնումը պահանջելու իրաւական հանգամանքը ունենալու համար, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը այսօր պարտադրուած է ստեղծելու ՏԱՀՔ¬ը, քանի որ մենք՝ ապիկարութեամբ, քաղաքական կամք եւ կազմակերպուելու ատակութիւն ցուցաբերելու անկարողութեամբ, ձեռքէ հանած ենք երէկի “Նանսենեան անցնագիր”ը, որ միջազգային փաստաթուղթ մըն էր, որ կը հաստատէր՝ Տարագրութեան, Աքսորի կամ Ցրօնքի հայ զարգուածներուն հայրենազրկումը Թուրքիոյ կողմէ, եւ ուրեմն՝ կը ճանչնար մեր ինքնուրոյն քաղաքական հաւաքականութիւնը ու ժողովուրդ ըլլալը եւ հետեւաբար՝ հայրենիք, Արեւմտահայաստան վերադարձի իրաւունքը…:

Նորվեկիացի մեծասիրտ հայասէր-մարդասէր Ֆրիտդժոֆ Նանսէն, ականատես խիզախ վկան եղած ըլլալով երկեակ ոճիրներուն, “Խաբուած Ժողովուրդ” վերնագրով իր մեղադրական գիրքին Ա. կողքին վրայ, կարմիր տառերով, յաւելած էր հետեւեալ ենթախորագիրը՝ “Մեղադրանք Անթանթի եւ Ազգերու Լիկայի դէմ”, եւ՝ հակառակ Արեւմուտքի իմփերիալիստ Դաշնակիցներու (Անթանթի) ընդդիմութեան, յաջողացուցած էր շուրջ 320 հազար արեւմտահայ տարագրեալներու բեկորներուն ձեռքին մէջ դնել միջազգային անցագիր, որ կը կոչուէր՝ “Նանսէնեան Laissez-Passer”, որուն շնորհիւ անոնք կարողացան հեշտօրէն երկրէ-երկիր անցնիլ, եւ՝ 52 երկիրներու մէջ կայք հաստատել, եւ հոն օրինական ճանաչում ստանալ իբրեւ հայրենահանեալ արեւմտահայերու խումբեր: Իր այս քաղաքական կեցուածքը՝ մեր դատի կողքին եւ Արեւմուտքի Անթանթի դէմ, ու անցագիրին իրականացումը ան յաջողցուց շնորհիւ իր շահած մեծ հեղինակութեան՝ արժեցուցած ըլլալով Ազգերու Լիկայի գաղթականաց կոմիսարութեան գերագոյն պատասխանատուի պաշտօնը:

Ֆրանսացի ականաւոր համարձակախօս մտաւորական Ռոմէն Ռոլլանտ Ֆրիտդժոֆ Նանսէնը բնութագրած է որպէս՝ “Մեր ժամանակներու ՄԻԱԿ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՀԵՐՈՍԸ”…, իսկ տողերուս հեղինակը անոր մէջ կը տեսնէ ՅԵՆԱՍԻՒՆԸ՝ Արեւմտահայաստանի դատին, իր յաջողցուցած միջացգային անցնագրով, որ կը շարունակէ մնալ՝ միջազգային փաստաթուղթ մը, Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արեւմտահայոց Տարագրութեան երկեակ ոճիրները հաստատող: Ինչպէս է պարագան Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի Յօդ. 16¬րդին, որ Պերլինի մէջ 61-րդի վերածուելով դարձած է անգործադրելի, սակայն կը մնայ միջազգային փաստաթուղթ մը՝ Արեւելեան Անաթոլիայի հայկականութիւնը Սուլթանին կողմէ ճանչցուիլը հաստատող (որոշ առումով նաեւ՝ Սեւրի դաշնագիրը):

Սակայն այսօր, երբ մենք ձեռքէ հանած ենք “Նանսէնեան”ը, պարտինք ստեղծել զայն փոխարինող ՏԱՀՔ¬ը, որ պիտի համապատասխանէ պաղեստինցի տարագրեալներու եւ գաղթականներու ՊԱԿ-ին (Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութիւն), որպէսզի Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները միաւորուին՝ հայրենազրկեալներու ինքնուրոյն ազգային հաւաքականութիւն մը ներկայացնող կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր կառոյցին մէջ:

Այսօր, Դարադարձի սեմին, ՏԱՀՔ-ի ստեղծումն է մեր անյետաձգելի առաջնահերթութիւնը, որ անշրջանցելի նախապայմանն է Միջազգային Հանրային Իրաւունքին, եթէ կ’ուզենք՝ իրօք եւ անկեղծօրէն, հետապնդել Արեւմտահայաստանի դատը: Այս է մեր դատի հետապնդումին իրաւաբանական ուղին, լսելի եւ ընդունելի (receivable) ըլլալու համար միջազգային ատեաններուն կողմէ: Այս իրաւաբանական ուղին մեր միակ կարելին է, քանի որ մենք անկարող ենք այսօր կամ տեսանելի ապագ ային, զէնքի միջոցով ազատագրել Արեւմտահայաստանը, բացի այն պարագայէն, երբ Թուրքիոյ Նոր-Օսմանական իշխանաւորները, Միջին Արեւելքի ներկայ գերլարուած մթնոլորտին մէջ, փորձութիւնը կ’ունենան գործի դնելու Սուրիա ներխուժելու իրենց քմշանկարը… եւ՝ կը բռնկի շրջանային կամ՝ համաշխարհային պատերազմը, որուն մէջ ճակատող երկու առանցքներէն արեւմտեանին մէջ պիտի ըլլայ Թուրքիան, իսկ Հայաստան՝ դարձեալ արեւելեանին… որուն յաղթանակով միայն բացուած կ’ըլլայ դուռը՝ Հայաստանի առջեւ, ազատագրելու ոչ միայն Կարսն ու Արտահանը, այլեւ՝ Անին, Արարատը ու Վանը եւ աւելին:

Ահա այս պատճառներով, “15 թուի” Դարադարձի (2015թ.) ժամադրութեան նախորդող սա մնացած 4 տարիներու պահանջատիրական մեր աշխատանքներուն դաշտը վճռակամօրէն պէտք է փոխադրել՝ լոկ բարոյական, ապաքաղաքական ճանաչումի ոլորտէն դէպի հողային, քաղաքական հատուցումի ոլորտ, եւ ոչ թէ սոսկ “գոյքային իրաւունք”ի վերականգնումի ոլորտ, ինչպէս կը պատկերացնէ Հայկ Դեմոյեան…: Եւ հետեւաբար՝ “Հայաստան-Սփիւռք Համաժողով”-ներու եւ “ 100-ամեակի պետական յանձնաժողով”ի թափելիք ջանքերու աշխատանքի ծրագրին Ա1 կէտը պէտք է ըլլայ՝ Հայաստանի հայաթափումին կասեցումը… իսկ Ա2 կէտը՝ “ՏԱՀՔ”ի ստեղծումին իրաւաբանական, քաղաքական ու կազմակերպական միջոցներուն քննարկումն ու որդեգրումը, որպէսզի Դարադարձի միջոցառումներու եզրափակիչ նիստը դառնայ “մեկնակէտ”ը՝ “ՏԱՀՔ”ի ստեղծման գործնական քայլերուն… եթէ իրօք եւ անկեղծօրէն կ’ուզենք փաստել՝ մեր “ միաւորուելու ուժ”ն ու համահայկականութիւնը… ոչ թէ ամբողջ աշխարհին, այլ՝ առաջին հերթին, ՄԵԶԻ…:

 

Thank you Nalbandian, Thank you Davutoğlu

 
Dikran Abrahamian, October 10, 2009
 
“We will stay in refugee camps so that
we don’t end up like the Armenians!”
 
In early and mid-sixties, American officers stationed in Iran would attend courses at the American University in Beirut to improve their knowledge in various areas. There were a few following politics. During a classroom session related to international relations and jurisprudence, one of the officers asked the professor,

“Why don’t the Palestinians, who get the best scholarships and international help, all sort of encouragement to get settled in the various countries accept citizenship which is offered to them?” Of course, forty years later, I cannot remember the exact words, but the gist is there.
 
To this date, I hear the professor’s curt answer, “We will stay in refugee camps so that we don’t end up like the Armenians!”

Fayez Sayegh was the professor. He was a Christian Palestinian. In 1965, he founded and became the director-general of the Palestine Research Center. Later, he served in various capacities for a variety of Arab states at the UN, and ultimately as chief of the Arab States’ delegation to the UN.

For years, this vibrant teacher’s picture I could not separate in my mind from that of Fridtjof Nansen, the great Norwegian humanitarian who helped thousands of Armenian refugees and provided a document of identity to them sanctioned by the League of Nations.

That generation is gone. With it, the identity documents are lost. The descendants of the Genocide generation have become citizens of various countries around the globe. Lost is the status of being a subject applicable in international law.

A subject can define its rights, and claim its demands. People is considered a subject, but individuals of a variety of citizenship without the proof of belonging to that entity are not subjects, and such individuals do not form a people with a demand.

Hence, Armenians in the Diaspora, under traditional international concepts have no legal status. Fortunately, international law is dynamic. It entails a process that draws similarities, precedents, etc. from a variety of sources. Claims are deliberated and conclusions are drawn on a case-by-case basis.

The Universal Declaration of the Rights of Peoples (1976), UNO’s Sub-Commission on prevention of Discrimination and Protection of Minorities (1985), the conclusion of International Center for Transitional Justice (2003), the comprehensive resolution of the National Assembly of Venezuela (2005) dealing specifically with the Armenians and the Genocide, and similar statements, constitute a preliminary set of documents that provide a basis for further discussion.

The Diaspora Armenians should embark on the Herculean job to define how to become and who are the individuals that should be considered to form the people under international law. The specialists in the various fields of legal studies will pave the way to accomplish this task.

Without the formation of people as subject under international law, even the loftiest declarations about the Genocide of the Armenians will not lead us to the cherished goals. Resolutions limited to acknowledging the Genocide in various jurisdictions, proclamations of historians and scholars about its veracity, a President declaring his sympathy, etc. do not form in themselves legal grounds for any action. Granted, they lend moral support.

This matter has taken an urgent pace thanks to Edouard Nalbandian and Ahmet Davutoğlu, respective foreign ministers of Armenia and Turkey. With the blessing of the Great powers, they have completely shut off the Diaspora from the process of negotiations and subsequent decisions. There is a silver lining though. May be we owe them a big thank you for making us, Diasporans, realize that we are left to our own devices.

We, the Diasporan Armenians, are indirectly told to forge a truly effective unified strategy to define first ourselves as people, and concurrently formulate our demands. For as long as we are multicentric and a diverse amalgamation of individuals and speaking in cacophony, and no matter how high we shout, or how just demands we make, the International Law (as opposed to the international community) will not listen to us. It has neither the right nor the obligation.

These are not novel ideas. Many a community leaders and intellectuals over the past decades have espoused such thoughts. There was a short lull following the unorthodox undertakings of young people in the eighties. Subsequently, the focus shifted to the liberation and preservation of Artsakh, and then of course, the expectation of some that the Armenian authorities would take the lead.

The geopolitical situation in the Caucasus, Armenia’s institutional flaws, the signing of the Protocols between Armenia and Turkey, etc have all come to convince at least this writer that the Diaspora has to be more vigilant and creative. In this final decade of the centennial of the Genocide, we have to demonstrate that we not only believe in our just cause, but also are ready to meet the enormous challenges without despair.

There are many objective, external impediments related to primarily how we define ourselves as People. What form of entity should that entail, what sort of representation it should have? Should it be in the form of people-in-exile, people without territory or lost territory?

With respect to subjective hurdles, there are many, but they are not insurmountable. They are of our own making, and for as long as there is a collective will, they can be resolved.

Related material:

Fresh Page at Historic Sèvres

 

4 comments
  1. Armenians and Palestinians

    Keghart should be congratulated for publishing articles which keep asking the urgent question: "Quo vadis Armenian Diaspora?" What are we doing to maintain our cohesion, power and continued existence?

    Mr. Sayegh’s quote abut Palestinians not imitating Armenians was repeated, more than once, by the late Edward Said, a friend of the Armenians.

    There are a great many differences between the plight of the Armenian Diaspora and that of the Palestinians.

    1. Hundreds of thousands of Palestinians remained in Israel. A few Armenians were left, after the Genocide, in Turkey.

    2. One-million-and-a-half (75%) of Armenians were butchered by Turks. Palestinian human losses were negligible compared to that of Armenians. Their was no Israeli intent or act of genocide against Palestinians. Zionists wanted to clear the land off Palestinian Arabs. They were happy to see Palestinians flee in fear.

    3. Many deported or fleeing Palestinians found shelter in the eastern part of Palestine (the West Bank) or in Arab countries. Armenian survivors had no Armenian brothers or Armenian states to provide them with shelter.

    4. Re number 3, the Arab states supported Palestinians monetarily, militarily, politically, diplomatically, morally. Sometimes this assistance was less than adequate, but compared to the total absence of state support–from anywhere–for the Armenians it was of huge benefit to the Palestinians. One could say there would be no "Palestinian Question" if there were no Arab states.

    After 1967 the Palestinians, who had not fled Palestine in 1948, were strengthened by Israel’s conquest of the West Bank. The 1967 war increased the number of Palestinians under Israeli rule. It may still pay a huge role in the future of Israel/Palestine as demographic changes occur due to Palestinian population growth rate.

    5. Palestinian refugees received and still receive billions of dollars in assistance–collectively and individually from the world community, particularly from the United Nations. They also receive (perhaps receive) clothes, staple foods from foreign agencies, in addition to free education or scholarships. The assistance provided to the Armenian victims vanishes into insignificance when compared to the assistance Palestinians have received.

    6. Israel unofficially and sometimes officially recognizes that there was a Naqba. The history of Jewish immigration to Palestine and the creation of Israel is a well-documented and accepted historic fact. Turkey denies its diabolical crime against Armenians. It even denies Armenians ruled, not just lived, what’s now called Eastern Turkey.

    7. Very quickly after the genocide, Armenian survivors spread to the four corners of the world, thus weakening the Armenian nation. We left because there was no hope we would be allowed to return to our lands in Turkey. Overwhelmingly, Palestinians remained close to Palestine. They had good reason to believe in the restoration of an Arab Palestine.

    8. Armenians were citizens of Ottoman Turkey. Palestinian who fled or were driven out of Palestine were not citizens of the new country.

    I could go on with other differences. In most comparisons, the hit Palestinians received was far smaller than the harm done to Armenians by Turkey.

    One could write books about the contrasts between the Armenian and Palestinian experiences. Mr. Sayegh had the right idea, but Palestinians did or still do seem to have options. The Armenian Diaspora had no options after the early ’20s . Armenians had to survive–no matter what it took–in foreign lands or die.

    To preserve their identity, community, Armenians did what they had successfully done for centuries–quickly establish the Three Necessities: church, school, club… and sometimes political party. These entities helped keep the second- and third-generation remain Armenian. Nowadays, I hear the unfair and untrue comment that we built stultifying ghettoes in the Middle East. This is Monday morning quarterbacking. What choices did we have? Intermarry Moslems or Arabs in the Middle East or other people in other foreign countries? Had we done so, I doubt there would be an Armenian Diaspora now.

    People with little knowledge of Jewish history or the concept of the ghetto, associate the "ghetto" with some sort of prison, even an impoverished neighborhood such as Harlem or Watts in the US. In the Jewish ghetto (the first one was built in Venice; the word means "forge" in Italian, as in forging metalworks.) Jews created a ‘little Jewish nation.’ They could be Jews there, without fear. They could cultivate their culture, work together, pray "Next year in Jerusalem." The so-called Armenian ghettoes of Beirut, Aleppo, Damascus, Jerusalem, Cairo and Alexandria served the same necessary purpose.

     

  2. Հարգելի պարոն Տէրտէրեան

    Հարգելի պարոն Տէրտէրեան,

    Շատ եմ ցավում, որ գրիչ եք վերցրել այս հոդվածը գրելու համար, բնավ չունենալով լիակատար պատկերացում և տեղեկություն իմ խոսքերի ու հրապարակումների իրական բովանդակության մասին:

    Չնայած Դուք տարիքով ինձանից շատ մեծ էք, սակայն ինձ իրավունք կվերապահեմ հետևյալ խորհուրդը տալ. հետայսու իմ հասցեին մեղադրանքներ կարդալուց ու մտածելու ‘ճիշտ ճանապարհներ’ ցույց տալուց առաջ բարի եղեք ուշադիր կարդացեք կամ լսեք իմ կողմից արված արտահայտություններն ու եզրակացությունները:

    Բազմաթիվ անգամ իմ ելույթներում, այդ թվում նաև որպես պետական հանձնաժողովի քարտուղար, ես հայտարարել եմ. "Մեր գլխավոր նպատակը մեր հայրենիքի նկատմամբ մեր իրավունքների լիակատար վերականգնումն է": Սա, եթե տառադարձենք Ձեր ասած հողային իրավունքն է, որի մասին, ավաղ, հենց դուք եք խոսում հնամաշ ու հուզական երանգներով, ինչը մենք անում ենք արդեն 90 տարի:

    Առողջ եղեք: 

    Հարգանքով`

    Հայկ Դեմոյան

  3. Պն. Տերտերյան դուք մասնակցե՞լ եք Փարիզում կայացած ժողովին

    Պն. Տերտերյան,

    Ձեր հոդվածում դուք շատ ճիշտ նշել եք , որ այսօրվա միջազգային իրավունքի սուբյեկտ Հայաստանի պետությունը Արևմտյան Հայաստանի իրավահաջորդն է և պետք է բացի գույքային պահանջատիրությունը: Առաջին հերթին պարտավոր ենք միջազգային փաստաթղթերով մեզ պատկանող,  բայց այսօր բռնազավթված տարածքների պահանջատիրությունը ներկայացնել:

    Շատ ճիշտ տրամաբանություն է, բայց հարցս հետևյալն է, եթե դուք մասնակցել եք դեկտեմբերի տասին Սևրում կայացած արևմտահայերի համաժողովին, որի կազմակերպումը հեղինակում է Կարեն Միքաելյանը միայն իրեն, ինչպես եք գնահատել իր ելույթը այդ համաժողովին, որտեղ ինքը միանգամայն Ձեր կարծիքի հակառակ կարծիքն է արտահայտել, այն է որ այսօրվա Հայաստանը Խորհրդային Հայաստանի իրավահաջորդն է և հողային պահանջատիրության իրավունք չունի և չի էլ ունենալու տեսանելի ապագայում, այս տեսակետն է պաշտպանում նաև պատմաբան Վահան Մելիքյանը, որը նույնպես մասնակցել է Սևրում կայացած համաժողովին

    Հարգանքով՝

    Մարինե Վահրատյան

  4. I agree with Derderian’s approach

    I agree with Maitre Kasbar Derderian’s approach. In my opinion he is offering the correct strategy for the attainment of our rights. We cannot continue without living on our ancestral lands as an independent state, or at least as a semi-autonomous republic.

    Anne Anahid Orlando
    USA

Comments are closed.

You May Also Like