
Գեղարդ:-Սոյն յօդուածը շարունակութիւնն է Ծանօթացնենք Հայկական Հարցը Սպանախօսներուն գրութեան
Շնորհաւորելի եւ մեծապէս օգտաշատ գործ մը կատարած է տոքթ. Փասքուալ Օհանեանը իր «Հայկական Հարցը եւ միջազգային յարաբերութիւնները» ծաւալուն աշխատասիրութեամբ, որուն վեցերորդ հատորը լոյս տեսաւ վերջերս, Պուէնոս Այրէսի «Ագեան» տպարանէն, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային:



Գեղարդ:-Սոյն յօդուածը շարունակութիւնն է Ծանօթացնենք Հայկական Հարցը Սպանախօսներուն գրութեան
Շնորհաւորելի եւ մեծապէս օգտաշատ գործ մը կատարած է տոքթ. Փասքուալ Օհանեանը իր «Հայկական Հարցը եւ միջազգային յարաբերութիւնները» ծաւալուն աշխատասիրութեամբ, որուն վեցերորդ հատորը լոյս տեսաւ վերջերս, Պուէնոս Այրէսի «Ագեան» տպարանէն, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային:
Իր գործին մէջ, Օհանեան կանգ կ՝առնէ յիշեալ ութսուն տարիներու ճակատագրական, բախտորոշ, աղետալի կամ հերոսական բոլոր պատմական հանգրուաններուն վրայ, որոնց բովէն ու փոթորիկէն անցաւ Հայկական Հարց կոչուող եւ ցարդ անլոյծ մնացած համազգային մեր խնդիրը.- Ազգ. Սահմանադրութեան հռչակում, հայ կուսակցութիւներու հիմնադրութիւն, 1896-97-ի կոտորածներ, ֆետայական շարժում, 1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակում, 1909-ի ջարդեր, Համաշխարհային Ա. պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն, Ձարական կայսրութեան տապալում (1917), վերջապէս Հայաստանի անկախութեան ստեղծում (1918) եւ հայ պետականութեան կազմաւորում, դաշնագիրներ, դիւանագիտական եւ ռազմական գործողութիւններ, թուղթեր, փաստաթուղթեր, վկայութիւններ, խոստումներ ու դրժումներ, վերջապէս միջազգային արխիւներէն քաղուած բազմաբնոյթ վաւերագիրներ, Անդրկովկասեան շարժումներ, եւ այնուհետեւ՝ խորհրդայնացում:
Հայկական Հարց:
5600 էջերը կը խօսին սպաներէն՝ թէ՛ սպանախօս ոչ-հայ միլիոնաւոր մարդոց, թէ՛ հայ բայց ոչ-հայախօս տասնեակ հազարաւոր ազգակիցներու, բացատրելու համար այն կարճատեւ ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը նաւաբեկութեան ենթարկուեցաւ արեան ծովու մէջ, բայց վերապրեցաւ ո՛չ թէ հրաշքով, այլ հերոսական մարտնչումով: Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին, հայութեան գալարումներուն, դիւանագիտական ճիգերուն, ազատասիրական մարտնչումներուն, թրքական սադրանքներուն թէ ոճիրին, միջազգային խաբուսիկ խոստումներուն թէ խարդախութեանց թնճուկին մէջ՝ սաղմնաւորուեցաւ Հայկական Հարցը, որ այսօր մեզի կը ներկայանայ իբրեւ ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւն, իր ենթադրած ճանաչումովը եւ հատուցման պահանջովը:
Տոքթ. Փ. Օհանեան, կատարեալ համբերատարութեամբ եւ ամենայն նուիրումով կը հետազօտէ ազգային այս Հարցի ծնունդն ու զարգացումը՝ միջազգային յարաբերութիւններու բազմակնճիռ ցանցերուն մէջ, այդ նպատակով դիմելով կարգ մը երկիրներու պետական արխիւներուն, թերթելով ու պրպտելով Հայկական Հարցին աղերսուող հայերէն թէ օտար լեզուով գրուած բազմաթիւ հայերէն թէ օտարալեզու աղբիւրներ:
Օհանեան ծնած է 1932-ին, Պուէնոս Այրէս, ասպարէզով փաստաբան, բայց միաժամանակ լրագրող եւ այցելու դասախօս արժանթինեան շարք մը համալսարաններուն մէջ: Հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու, նիւթ ունենալով ցեղասպանութիւնը, մարդկային իրաւունքները, ահաբեկչութիւնն ու չարագործութիւնները մարդկութան դէմ: Մանկութենէն անծանօթ ըլլալով մայրենի լեզուին, չափահասութեան տարիքին ինքնաշխատութեամբ (ինքնին գնահատելի արժանիք մը) կատարելապէս տիրացած է հայերէնին եւ այդ ձեւով կրցած է աչքէ անցընել ու կարդալ Հայկական Հարցին, ցեղասպանութեան եւ հասարակական գիտելիքներու նուիրուած հայաստանեան եւ սփիւռքեան բոլոր կարեւոր աշխատութիւնները, յուշագրութիւնները, ուսումնասիրութիւնները: Եօթը անգամ եղած է Հայաստան, եւ բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարելով՝ պրպտումներ ըրած է Հայաստանի, Արցախի, Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց արխիւներուն մէջ: Հաշուի առնելով Օհանեանի կոթողական գործը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան իրեն շնորհած է Տոքթոր Հոնորիս Քաուսա տիտղոսը:
Պարզ եւ ամփոփ պատկերացում մը տալու համար հեղինակի այս գործին մասին, որ ակադեմական մակարդակի պատկառելի աշխատութիւն մըն է, այստեղ կ՝ընդգծենք հետեւեալ քանի մը կէտերը.-
ա) «Հայկական Հարցը եւ միջազգային յարաբերութիւնները» գործը կ՝ընդգրկէ երկու հանգրուաններ: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հատորները կը սկսին 1839-ի Խաթթը Շերիֆով (Թանզիմաթ) հռչակուած սուլթանական հրամանագիրէն, որ կը կատարէր Օսմանեան կայսրութեան ներքին բարեկարգումներ (կրօնական ազատութիւն, անձի եւ գոյքի անձեռնմխելիութիւն, հարկերու կանոնաւորում, դատական համակարգի բարելաւում, եւն. որոնք ի վերջոյ մնացին…թուղթի վրայ) եւ կը հասնի մինչեւ Ձարական կայսրութեան տապալումը, 1917: Այս բաժնին մէջ, ի միջի այլոց, լայնօրէն կը խօսուի Սելանիկի ժողովին մէջ ծրագրուած եւ թուրք պետութեան կողմէ կազմակերպուած 1915 թուականի ցեղասպանութեան մասին:
բ) Երկրորդ հանգրուանի չորրորդ , հինգերորդ եւ վեցերորդ հատորները կ՝ընդգրկեն 1918, 1919 եւ 1920 տարիներու իրադարձութիւնները, անդրկովկասեան իրավիճակը, Սէյմ, Սարտարապատի, Բաշ Ապարանի ճակատամարտներ, Փարիզի Ազգային ժողով, 1919-ի վերաշինուող Հայաստանը՝ տարածքային ընդարձակման մեծ յոյսեր, մեծ տէրութիւններու խոստումներ, անկախ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւն, Մուսթաֆա Քեմալի շարժում, որ կը ձգտի շարունակել ցեղասպանութիւնը, այնուհետեւ 1920-ին իրարու յաջորդող դէպքերը՝ Սեւրի Դաշնագիր, Ուիլսընի իրաւարարական վճիռը, Գարապէքիրի արշաւը Հայաստանի դէմ, Ալեքսատրապոլի անկումը, վրացական լարախաղացութիւններ, Կարմիր Բանակի էջքը Կովկաս, կամաւորներու մուտք Կիլիկիա, Մարաշի, Այնթապի, Հաճնոյ ինքնապաշտպանութիւնը, եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի հանդէպ արեւմտեան տէրութիւններու կողմէ ցուցաբերուած խոստմնադրուժ կեցուածքը, եւ ի վերջոյ անկախ Հայաստանի կառավարութեան իշխանութեան յանձնումը պոլշեւիկներուն:
գ) Ըստ հեղինակին կողմէ որդեգրուած իւրայատուկ սկզբունքին, այս վերջին երեք տարիներու պատմութիւնը կը կառուցուի ամիս առ ամիս արձանագրելով Հայաստանի եւ շրջակայ երկիրներու, Ղարաբաղի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանրապէս ազգային եւ միջազգային, քաղաքական, միջ-պետական, դիւանագիտական բոլոր կարեւոր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած արեւմտահայութեան վերապրումի ճիգերը, Կիլիկիոյ հայկական շարժումները, քեմալական Միլլի շարժումի սկզբնական քայլերը, ցեղասպաններու Պոլսոյ դատավարութիւնը, Գարեգին Նժդեհի զանգեզուրեան նախաձեռնութիւնը, հայկական զոյգ պատուիրակութիւններու գործունէութիւնը, ինչպէս եւ արեւմտեան դաշնակից պետութիւններու քաղաքական շրջափոխութիւնները, հայութեան պահանջներուն հանդէպ ուրացողական կեցուածքները, եւայլն,եւայլն:
դ) Պէտք է ըսել, որ հեղինակին հիմնական սկզբունքն է խօսիլ վաւերական վկայութիւններով, փաստաթուղթերով, պետական միջազգային դէմքերու, հայ թէ օտար դիւանագէտներու յայտարարութեանց մէջբերումներով, ինչ որ իր գործը կը դարձնէ առարկայական ժամանակագրութիւն մը, աւելի ճիշդ փաստագրական հաւաքածոյ մը:
ե) Մասնաւորապէս գնահատելի է Օհանեանի ճիգը՝ օգտուելու համար շարք մը երկիրներու պետական արխիւներէն, երկիրներ, որոնք գործօն կերպով դերակատար եղած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ինչպէս Ֆրանսա, Անգլիա, Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, որոնց արտաքին գործոց արխիւներէն հանած է Հայկական Հարցին վերաբերող փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ, գաղտնի ժողովներու վաւերագրեր, պետական մարդոց յայտարարութիւններ: Այդ թուղթերը կը խօսին միջազգային այն ծաւալուն լքումին եւ անտարբերութեան մասին, չըսելու համար դաւաճանութեան, որոնց զոհ գնաց հայոց արդար դատը, հակառակ հայ ժողովուրդի ծառայութիւններուն իբրեւ «փոքր դաշնակից» եւ հակառակ այս ուղղութեամբ կատարուած պաշտօնական խոստումներուն:
զ) Անշուշտ անկարելի է այստեղ մի առ մի յիշել բոլոր այն քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմական դէպքերն ու դրուագները, որոնք իրարու կը յաջորդեն 1918-20 տարիներու ընթացքին, այնքան համապարփակ են անոնք եւ չեն սահմանափակուիր միայն Հայաստանի եւ հայ կեանքի շրջագիծին մէջ, այլ Օհանեան իր տեղեկատուութիւնը կը ծաւալէ նաեւ թէ՛ շրջակայքի երկիրներուն, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելիքի եւ թէ միջազգային ընդհանուր իրավիճակի բացայայտումին վրայ, այս ձեւով աւելի յստակօրէն պարզաբանելու համար Հայաստանի վիճակուած կացութիւնները:
է) Հեղինակը հարկ տեսած է կարգ մը հատորներուն կցել նիւթին հետ աղերս ունեցող շահեկան «Յաւելուածներ»: Գոնէ մէկը յիշած ըլլալու համար, յայտնենք, որ վեցերորդ հատորին մէջ իբրեւ «Յաւելուած» տրուած է Նուարսակի Դաշնագիրը, որ կը նկատուի խղճմտանքի ազատութեան համար կնքուած աշխարհի առաջին դաշնագիրներէն մէկը (485 թ.) պարսիկներու եւ հայերու միջեւ:
ը) Ի վերջոյ արձանագրենք, որ թէեւ հեղինակը կը խօսի հիմնուելով փաստաթուղթերու վրայ, այսուհանդերձ իր եզրայանգումները կրնան առաջնորդել տարբեր խորհրդածութեանց, տարբեր տեսակէտներու պարզումին, անկասկած նաեւ բանավէճի կամ տարակարծութեանց, ինչ որ բնական է եւ անխուսափելի:
Հիմնականը այն է, որ հեղինակը անայլայլ ջատագովն է արդարութեան պաշտպանութեան, մարդկային իրաւունքներու յարգումին, հայկական պահանջատիրութեան եւ ցեղասպան պետութեան պատասխանատուութեան միջազգային ճանաչումին: Հեղինակային այս սկզբունքը տող առ տող կը հաստատուի եւ կը վերահաստատուի վեց հատորներու գործին մէջ, եւ եթէ Օհանեան մասնաւոր հակում ունի խօսելու եւ գրելու վաւերաթուղթերու ընդմէջէն, եթէ կը նախընտրէ առարկայական դատումներն ու փաստերը, ապա իր գլխաւոր առաջադրանքն է վերեւի սկզբունքը՝ Թուրքիա ծրագրած է հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգայնօրէն պէտք է արժանանայ համապատասխան վերաբերումի: Այս համոզումը Օհանեանի համար գաղափարական ելակէտ է, եւ այդ ուղղութեամբ ան նստած ու շարադրած է 5600 էջերու հսկայական վաւերագրութիւն մը:
Մտաւորական եւ հասարակագիտական այս համոզումին արդիւնք է նաեւ Օհանեանի ուրիշ մէկ աշխատութիւնը, որ կը կոչուի «Թուրքիա՝ ցեղասպան պետութիւն, 1915-1923» եւ որ լոյս տեսաւ 1986-ին: Այս գործին մէջ եւս հեղինակը բազմաթիւ վաւերաթուղթերով կը պնդէ, որ Թուրքիա ծրագրեց եւ գործադրեց հայերու ցեղասպանութիւնը, որով եւ ապահայացուց Արեւմտահայաստանի գրեթէ ամբողջ տարածքը: Յիշենք, որ շարքի առաջին երեք հատորները լոյս տեսած են 1975-ին, 1986-ին եւ 1990-ին, չորրորդ հատորը՝ 1994-ին հինգերորդը՝ 2005-ին, իսկ վեցերորդը եւ վերջինը՝ այս տարի:
Այսօր, Սփիւռքի մէջ, Հայկական Հարցի գիտական մեկնաբանումին, ծանօթացման եւ արդարադատութեան հետապնդումին նուիրուած աւելի քան 30 դէմքերէն մէկն է տոքթ. Փասքուալ Օհանեան ու գրեթէ միակը, որ սպաներէն լեզուով կը ծառայէ ազգային մեր դատին:
Համազգային արժեւորումի եւ գնահատանքի արժանի վաստակ մը: