«Փեր Ուն Փունիօ Տի Տոլարի» Փոխարէն… Վարդան Օսկանեա՞ն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Հոկտեմբեր 2012

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի երեսփոխանական (պատգամաւորական) անձեռնմխելիութենէն զրկում-զրկուիլը, կը շարունակէ յուզել ներհայաստանեան եւ արտհայաստանեան ազգային-քաղաքական շրջանակները, ընդհուպ հասնելով միջազգային ժողովրդավարական ատեաններ ու բեմեր:

Օսկանեան կ’ամբաստանուի, իր գլխաւորած հաստատութեան “ Սիվիլիթաս”ի հաշւոյն ապօրէն գումարներ ստանալու կամ իւրացնելու գործին մէջ, որ, ըստ Հայաստանի օրէնքներուն արգիլուած է, մանաւանդ որ ան մաս կը կազմէ օրէնսդրական կառոյցին (Ազգային Ժողովին):

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Հոկտեմբեր 2012

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի երեսփոխանական (պատգամաւորական) անձեռնմխելիութենէն զրկում-զրկուիլը, կը շարունակէ յուզել ներհայաստանեան եւ արտհայաստանեան ազգային-քաղաքական շրջանակները, ընդհուպ հասնելով միջազգային ժողովրդավարական ատեաններ ու բեմեր:

Օսկանեան կ’ամբաստանուի, իր գլխաւորած հաստատութեան “ Սիվիլիթաս”ի հաշւոյն ապօրէն գումարներ ստանալու կամ իւրացնելու գործին մէջ, որ, ըստ Հայաստանի օրէնքներուն արգիլուած է, մանաւանդ որ ան մաս կը կազմէ օրէնսդրական կառոյցին (Ազգային Ժողովին):

Մինչեւ հիմա, յստակօրէն ու թափանցիկօրէն, տակաւին համոզիչ որեւէ քրէականութիւն չէ բացայայտուած, ուր Օսկանեան ապօրինութիւններ կատարած ըլլայ կամ օրինախախտումներու մէջ գտնուի:

Հայաստանի ընդհանուր դատախազը՝ Աղուան Յովսէփեան, որ պարզապէս “փարլախ” դրածոյ մըն է, ինչպէս նախորդ իշխանութիւններուն, նաեւ գործող ղեկավարութեան, իր սահմանադրական-իրաւական երդմնառութիւնը շարունակելով պղծել, առանց խպնելու ներկայացաւ Ազգային  Ժողով ու ամբաստանագիր-հրովարտակ մը կարդաց Օսկանեանի հասցէին:

Ասիկա միայն ծիծաղելի բեմադրութիւն մըն էր, որուն բեմադրիչները “քուլիս”ի ետեւն էին, իսկ գլխաւոր դերակատարը՝ անհաճոյ Աղուանն էր, մինչ՝ հլու-հնազանդները պատգամաւորներն էին (ընդ հովանեաւ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորական “ բանակ”ին եւ անոր հետեւորդ՝ “ անօրինաց”ներուն):

Յիշեցնելու կարգով ընդգծենք, թէ՝ քոչարեանական տարիներուն, աւելի բնորոշ՝ վատայուշ ժամանակներուն, Օսկանեան սերտ ու սեղմ գործակից մըն էր Ռոպերթ Քոչարեանին, միաժամանակ վարելով արտաքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնը:

Պիտի չուզենք կրկնել այդ ժամանակահատուածին մէջ տեղի ունեցած, մեղմ ըսած, անկումային դէպքերը, այլանդակութիւնները, գայթակղութիւններն ու բռնութիւնները, որոնք ծանր հարուած հասցուցին Հայաստանին ու հայաստանցիներուն (հետեւանքները մինչեւ հիմա զգալի չե՞ն…), որոնց մէջ, կամայ թէ ակամայ, Օսկանեան եւս “ մեղսակից” էր, ոչ թէ անոնց մասնակից ըլլալու կամ դառնալու յանցագործութեամբ, այլ՝ իր (անբացատրելի)  համակեցութեամբ եւ (անհասկնալի) համակերպութեամբ:

Օրին, մենք անհանդուրժելի գտանք քոչարեանական իւրաքանչիւր աքթ, որ կը յիշեցնէր սթալինիզմը եւ ամբողջ ոխ ու մաղձ էր բոլոր այն երեւոյթներուն ու անձնաւորութիւններուն դէմ, որոնք իր հետ չէին, այլ ո՜ւր մնաց իր դէմ ըլլային:

Ո՞վ կրնայ մոռնալ 27 Հոկտեմբեր 1999ը (թէեւ այնքա՜ն մոռցողներ կան):

Ո՞վ կրնայ մոռնալ 1 Մարտ 2008ը (թէեւ այնքա՜ն մոռցողներ կան):

Ռոպերթ Քոչարեանը այս մասին ըսելիք ունի՞, գէ՜թ որպէս օրուան նախագահը, երբ “բանակցութիւններու” մէջ կը մտնէր “յունան”ներու հետ, ապա՝ կրակահերթ կ’արձակէր ցուցարարներու վրայ:

Օսկանեան, այդ օրերուն, կը գտնուէր ուսանողական իր երէց դասընկերներէն “ռուպօ”ի կողքին, վստահաբար, երբեք չգիտակցելով, թէ ապագայի Արցախի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի, ապա նախագահի աչքերու ետին ի՜նչ “ ճիւաղ”ներ պահուըտած են:

Այո՛, այդ ժամանակը քննադատելի էր, եւ՝ քննադատուեցաւ, որուն “զոհ” գնաց նաեւ Վարդան Օսկանեանը, որ եկած էր բարեհամբաւ գերդաստանէ մը, ձեռներէց ընտանիքէ մը, համալսարանական ուսումը ստանալէ ետք Հայաստանի մէջ (խորհրդային շրջանին), արտասահմանեան-ամերիկեան փարթամ կեանքը փոխարինելով անկախ հայրենիքի ծառայութեան ու նուիրուածութեան ներդրումով:

Մենք նոյնիսկ արտառոց գտանք Վարդան Օսկանեանի Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան անդամակցութիւնը եւ, այս մասին, հրապարակաւ արտայայտուեցանք:

Հետեւաբար, ոչ ոք այն տպաւորութիւնը թող ունենայ, որ Օսկանեանը պաշտպանելու դերի մը մէջ կը գտնուինք, քանի՝ ինք պէտք չունի անոր, ոչ ալ ատիկա է այս գրութեան նպատակը:

Ներկայ իշխանութիւնները, խիստ անձնականացած, յոյժ հաշուենկատական, բայց մանաւանդ՝ ահաւոր քաղաքականացած տրամադրութեամբ ու միջամտութեամբ, այսօր, Օսկանեանի հետ հաշուեյարդարի նստած են:

Հանրապետականները, որոնք այսօր տէրն ու տիրականն են Հայաստանին (կարծես թէ Բագրատունեաց, Արշակունեաց… տոհմերուն ժառանգորդներն են), իրենց ուզած կարգով ու ձեւով, քմահաճոյքով ու ոճով, “լուպոյ” ժամանակ կրնան մարդիկ Սիպիր ղրկել, հոր նետել եւ կամ ալ՝ քաղաքականապէս ոչնչացնել:

Աւելի քան աչքառու չէ՞ որ Վարդան Օսկանեանը, մէկ կողմէն կը քաշէ “ճարման”ը Ռոպերթին, միւս կողմէն ալ՝ Գագիկին (Ծառուկեան), որոնցմէ իւրաքանչիւրը նախագահական թեկնածու է, իսկ ինք՝ Վարդանը, նոյնքան ալ, հաւանականութիւն մըն է:

Ռոպերթին ու Գագիկին դաս տալու լաւագոյն միջոցը, “քաւութեան նոխազ” դարձնելն էր “քաջն Վարդան”ը, որ սփիւռքահայ-հայաստանցի մըն էր (եւ յուսանք՝ ոչ “ ախպար”ական յորջորջումով) եւ, մի գուցէ, վտանգաւոր հաւանական թեկնածու մը նախագահութեան…

Սակայն, գաւաթ մը ջուրի մէջ այս փոթորիկը, որ յառաջացաւ Օսկանեանի հաշւոյն, մեր կարծիքով, զուր էր, պարզապէս անոր համար, որ Սերժ Սարգիսեան, ի յառաջագունէ ապահոված է իր նախագահական պալատին մէջ մնալու… վճռակամութիւնը:

Այս երկար-կարճ գործընթացին մէջ, “ճերմէն” պայթեցաւ Վարդանի գլխուն, մինչ իր նախկին-նոր, նոր-նախկին “վարպետ”ը՝ Ռոպերթ Քոչարեան, իր խորամանկային աչքերով… կը քմծիծաղի:

Ի վերջոյ, անմեղունակ-պարզամիտ հարցում մը.

Սերժականնե՛ր, դուք ըսելիք մը չունի՞ք Օսկանեան-թղթածրարին մասին, երբ, ատեն մը, խնկարկուներ էիք, իսկ Վարդանը, փոխան 180 հազար տոլարի (եւ կամ՝ “ունօ փուլօ տոլար”ին), ինքզինք չէր կրնար աճուրդի հանել…:

 

 

You May Also Like