Փոթորկայոյզ Իրաքի «Նոյեան Տապան»ը

Վերադարձ Դէպի Քիւրտիստան՝ Պատմական Ասորեստան

Համօ Մոսկոֆեան, Անքաուա- Էրպիլ- Պէյրութ, Յուլիս 14-18

Keghart.com-ի ամառնային արձակուրդին պատճառով այս հաղորդագրութիւնը եւ այլ յօդուածները ուշացումով կը հրատարակուին: Հեղինակային թուականները պահպանուած են:-Խմբ.

Մարդկային քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրան, քրիստոնէութեան 2000-ամեայ սրբատեղիներու օրհնուած հող Իրաքի եւ մանաւանդ Իրաքեան Քիւրտիստանի հանդէպ Պէյրութ հրատարակուող «Դիտակ»ի նուիրած բազմաթիւ յօդուածները եւ դասախօսութիւնները Լիբանանէն ու Ռումանիայէն մինչեւ Ուրուկուէյ եւ Արժանթին՝ իրենց արժանի անդրադարձը ունեցան աշխարհատարած Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ:

Այս անգամ, նաեւ խիստ մտահոգ՝ Կիլկամէշի եւ Համուրապիի, Բաբելոնի եւ Աշուրպանիպալի երկրին մէջ տեղի ունեցող փոթորկայոյզ դէպքերէն եւ մանաւանդ արիւնախում «Տահէշ»-ի կատարած անպատմելի եղեռնագործութիւնները քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ՝ երբեմնի ասորեստանեան Նինուէ-Մուսուլի մէջ՝ պատճառ դարձաւ որ «Դիտակ»ի հետազօտող լրագրողին ընկերանայ Գանատայի հեղինակաւոր keghart.comի հիմնադիր խմբագիր Տօքթ. Տիգրան Աբրահամեան եւ Տիկինը՝ Շըրլին…:

Վերադարձ Դէպի Քիւրտիստան՝ Պատմական Ասորեստան

Համօ Մոսկոֆեան, Անքաուա- Էրպիլ- Պէյրութ, Յուլիս 14-18

Keghart.com-ի ամառնային արձակուրդին պատճառով այս հաղորդագրութիւնը եւ այլ յօդուածները ուշացումով կը հրատարակուին: Հեղինակային թուականները պահպանուած են:-Խմբ.

Մարդկային քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրան, քրիստոնէութեան 2000-ամեայ սրբատեղիներու օրհնուած հող Իրաքի եւ մանաւանդ Իրաքեան Քիւրտիստանի հանդէպ Պէյրութ հրատարակուող «Դիտակ»ի նուիրած բազմաթիւ յօդուածները եւ դասախօսութիւնները Լիբանանէն ու Ռումանիայէն մինչեւ Ուրուկուէյ եւ Արժանթին՝ իրենց արժանի անդրադարձը ունեցան աշխարհատարած Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ:

Այս անգամ, նաեւ խիստ մտահոգ՝ Կիլկամէշի եւ Համուրապիի, Բաբելոնի եւ Աշուրպանիպալի երկրին մէջ տեղի ունեցող փոթորկայոյզ դէպքերէն եւ մանաւանդ արիւնախում «Տահէշ»-ի կատարած անպատմելի եղեռնագործութիւնները քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ՝ երբեմնի ասորեստանեան Նինուէ-Մուսուլի մէջ՝ պատճառ դարձաւ որ «Դիտակ»ի հետազօտող լրագրողին ընկերանայ Գանատայի հեղինակաւոր keghart.comի հիմնադիր խմբագիր Տօքթ. Տիգրան Աբրահամեան եւ Տիկինը՝ Շըրլին…:

Լիբանանեան «Միտըլ Իսթ»-ի փայլփլուն արծիւը օդ կը բարձրանայ եւ թռչելով պահ մը Միջերկրական ծովու լազուրին վրայէն, կ'անցնի քաղաքացիական պատերազմի մէջ տապլտկող Սուրիոյ, ապա իրաքեան դեղնաւուն անապատին վրայէն, ուր՝ 10.000 մեթր բարձրութենէն կը դիտենք Եփրատի ու Տիգրիսի յաւիտենական հոսքը: Այնուհետեւ էջք կը կատարենք Էրպիլի միջազգային օդակայանը:

Մեր հիւրերը զարմանքով կը դիտեն այս դաշտավայրին մէջ նորակառոյց օդակայանը, կողքին գտնուող ռազմական «հին» խարիսխին մօտ, ուր տեսանելի են «ՆԱԹՕ»ի ուղղաթիռները: Քիւրտ անցագրային պաշտօնեաները սիրալիր կ'ընդունին մեզի եւ միքանի վայրկեանէն դուրս գալով մեր ճամպրուկները շալկած, կը դիմաւորուինք Ասորի-Քաղդիացի խորհրդարանական, իրաքեան Քիւրտիստանի մեծագոյն քրիստոնեայ քաղաքական դէմք՝ Սելիմ Թօմա Գագոյի կողմէ:

Մեր կարճատեւ ճանապարհը դէպի քրիստոնէական աւան Անքաուա՝ մայրաքաղաք Էրպիլէն հիւսիս, կ'անցնի ծանօթացման եւ ապա երկրին կացութեան մասին զրոյցներով: Հազարաւոր քրիստոնեաներ եւ Մուսուլէն 65 հայ ընտանիքներ գիշերուան մը մէջ լքելով ամէն ինչ կ'անցնին Էրպիլ, Տհոք, Զախօ՝ ժամանակաւորապէս տեղաւորուելով հարազատներու բնակարաններուն մէջ: Մինչ միքանի հազար ասորիներ, քաղդիացիներ, լքելով բազամահազարամեայ բնակավայրերը՝ դարձեալ ապաստան կը գտնեն Իրաքի «Նոյեան Տապան» Քիւրտիստանի մէջ:

Ճիշդ է որ պատերազմական գործողութիւնները իրենց անցանկալի հետքերը ձգած են շինարարական եւ տնտեսական կացութեան վրայ՝ սակայն քիւրտ 300.000-ի հասնող «Փէշմերկա»-ները կը յաջողին ի վերջոյ տիրանալ նաւթով հարուստ Քէրքուքին, կը կասեցնեն «Տահէշ»ի աւազակախումբերու յառաջխաղացքը, դիւանագիտօրէն «լեզու կը գտնեն» էրտողանեան Թուրքիոյ հետ, արտահանելու իրենց նաւթի անհատնում պաշարները Մերսինի նաւահանգիստէն, ստանալու երկիրը ոտքի պահելու խիստ կարեւոր ֆինանսական միջոցները այս շատ վտանգաւոր ժամականերուն:

Անքաուայի «Քարլօվի Վարի» հիւրանոցին մէջ, ինչպէս միշտ,  գրկաբաց կ'ընդունին քաղդիացի գործարար եւ շինարար «Ապու Մարիամ»ը ու եղբայրը՝ Ռաատ Կապպարան: Տօքթ. Տիգրան Աբրահամեան եւ տիկինը իրենք զիրենք կը գտնեն արդիական, պալատանման պանդոկ-դղեակի մը մէջ, ուր հակառակ ռազմական իրավիճակին՝ կը տիրէ բացարձակ մաքրութիւն ու օդափոխիչներով 18 աստիճան զովութիւն՝ երբ դուրսը 45 աստիճան շոգ  է …:

Կը կապուիմ Մուսուլի քաջարի հոգեւոր հովիւ Տէր Առաքել Գասպարեանին հետ. խիզախ հոգեւորականը խաչն ու սուրը բարձր բռնած, յաջողած է հայ ընտանիքներ՝ վերապրողները 1915 թ.-ի Հայոց Ցեղասպանութեան, տեղափոխել ապահով վայրեր։ Մուսուլի «Ղեւոնդ Երէց»ը խոստացած էր տարի մը առաջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին մեզի ընկերակցիլ Մուսուլի Հայոց Եկեղեցին ու գերեզմանատունը, ուր Տէօրթ Եօլցի (Չորք Մարզպան) մեծ մօրս քոյրը, տարագրութեան տառապանքներուն չդիմանալով, թաղուած էր այնտեղ…:

Պատկառազդու դէմքով, ալեխառն մօրուքով, մեր օրերու «Քալող Սուրբ»ը Տէր Առաքել կը պատմէ 65 հայ ընտանիքներու եւ հազարաւոր Ասորի, Քաղդիացի քրիստոնեաներու 2014 թ.-ի գողգոթան՝ 70 քմ. Հեռուն գտնուող Մուսուլէն՝ Էրպիլ ու Անքաուա, Տհոք եւ Զախօ: «Տահէշ»ի գազանները վերջնագիր տուած են կամ կրօնափոխ ըլլալ եւ կամ ալ ամէն ինչ մէկդի նետել ու վտարուիլ բազմահազարամեայ  իրենց բնակարաններէն։ Կրկին աքսոր ու տարագրութիւն բազմաչարչար հայ ընտանիքներուն համար՝ որոնք անգամ մը եւս, ինչպէս իրենց նախնիները 100 տարի առաջ, կը բռնեն գաղթականի ցուպը…:

«Ես ոչ մէկուն վրայ վստահութիւն չունիմ, կարծես թէ բոլորը մեզի մոռցած են:  Մենք ոչ մէկ տեղէ օգնութիւն չենք ստացած, բացի Իրաքի հայութեան հոգեւոր Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանի մարդասիրական փոքր նպաստներէն: Իսկ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Մուսուլի հայութեան ապագան՝ այդ ալ անորոշ կը մնայ մինչեւ այսօր», կը յայտնէ հայ ազգի նուիրեալ հոգեւորականը:

Այսպիսի տխուր արարներէ ետք, կ'այցելենք Էրպիլի արուարձանին մէջ կառուցուող հայ եկեղեցւոյ համալիրը, որուն հողն ու փառաւոր շինութեանց ծախսերը տրամադրուած են անձամբ՝ նախագահ Մեսուտ Պարազանիի կողմէ: Շանթ Մուրատեան կը բացատրէ թէ համալիրը կը ծաղկեցնէ Էրպիլի նորակազմ հայ գաղթօճախը: «Քիւրտիստանի թէ Իրաքի բազմաթիւ քաղաքներէն՝  բարեկեցիկ հայեր արդէն իսկ առանձնատուներ պիտի կառուցեն հայ եկեղեցիին շրջապատին մէջ, որ կը յուսանք թէ շուրջ 300 ընտանիքներ պիտի հիւրընկալէ»: Սարգիս Աղաճանը՝ ծագումով Մուսուլի հայերէն, կառուցուող եկեղեցւոյ վերահսկիչն է: Աշխատանքները կը նախատեսուին աւարտիլ 2015 թ.-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակի ոգեկոչման օրերուն:

Անգամ մը եւս կ'անցնինք Անքաուայի մէջ գտնուող «Իշթար» հեռատեսիլի արբանեակային կայանէն՝ հիւրը ըլլալով Տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեանին: Նուիրեալ մասնագէտ մը, որ ըլլալով նախկին վարչակարգին լաւագոյն հեռատեսիլային լրագրողներէն մէկը՝ աշխատած է նաեւ Լիբանանի մէջ, ապա հրաւէրովը հիմնադիր, Իրաքի Քիւրտիստանի փոխ-վարչապետ, տնտեսութեան նախարար հայազգի Սարգիս Աղաճանի, ստանցնած է «Իշթար»ի տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը՝ ասորերէնով, քրտերէնով, արաբերէնով եւ հայերէնով հաղորդումներու: Սարգիս Աղաճան  իր ապարանքը նուիրած է որպէս ասորական չաստուածի Իշթարի անունը կրող, եռալեզու այս շատ կարեւոր ալիքին, զոր կը դիտեն շուրջ 10 միլիոն հայեր, ասորիներ, քիւրտեր, դաւանափոխ հայեր՝ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ…:

Հարցազրոյց մը կ'ունենանք գլխաւոր լրագրող եւ հեռատեսիլային մեկնաբան Շամուն Սաքոյին հետ, ուր կ'ողջունենք Իրաքի  Քիւրտիստանի ղեկավարութեան որ այս ազատատենչներու երկրամասը դարձուցած է տարածաշրջանի հնագոյն ժողովուրդներու եւ բազմաչարչար քրիստոնեաներու ապահով ապաստան: Կը յիշեցնենք թէ, ինչպէս Պարազանի ընտանիքը, 1947-48 թ.թ.-ն, Անքապատի քրտական պետութեան անկումէն ետք, ապաստանեցաւ Հայաստան, ուր մինչեւ հիմա կը պահպանուի անոնց բնակարանը:

Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ հայ քրտական եւ հայ ասորական, քաղդիական եւ հայ եզիտական յարաբերութիւններու մասին՝ որոնց ամրապնդումը եւ միաբան ուժերով գալիք արհաւիրքներուն դէմ պայքարը միայն կրնայ փրկել այս երկրամասի բազմահազարամեայ ժողովուրդները բնաջնջումէ:

Մեր յաջորդ հանդիպումը գանատահայ հիւրերուն հետ տեղի ունեցաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի կրօնի եւ նուիրաբերութեանց նախարարութեան՝ եզիտական հարցերու ղեկավար, Խեյրի Պօզանիի հետ: Ան՝ ջերմ հայասէր մը, կը պատկանի եզիտական իշխանական վերնախաւին: Պրն. Պօզանի՝ օժտուած բարձրագոյն կրթութեամբ, հայ-եզիտական դարաւոր բարեկամութեան պատմական իմացութեամբ անձնաւորութիւն մըն է: Ան այցելած է Հայաստան, Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից հերոս՝ եզիտիներու «Զօրավար Անդրանիկ» Ճահանկիր Աղայի որդւոյն, Միր Թահսին Պէկին հետ ( Քիւրտիստանի խորհրդարանի երեսփոխան):

Խեյրի Պօզանիի ժպիտին ետին խոր մտահոգութիւն կ'արտացոլայ, մանաւանդ որ Մուսուլի եւ այլ շրջաններուն մէջ, 750.000-ի հասնող իր ազգակիցները դարձեալ կոտորածներու եւ «հերթական» ցեղասպանութեան ենթակայ են, իրենց կրօնական հաւատալիքներու եւ ցեղային պատկանելիութեան համար: Պօզանի խորհուրդ կու տայ, ինչպէս համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, ռազմա-քաղաքական դաշինքի մտնել իրենց հայ եղբայրներու եւ պետութեան հետ, որպէս միակ փրկութիւն գալիք տասնամեակներու:

Ունեցանք նաեւ ուրախ առիթներ, Էրպիլի կեդրոնը գտնուող 7000-ամեայ միջնաբերդը այցելելու, լուսանկարուելու, պտտելու արեւելեան նորակառոյց թէ հին «փակ շուկայ»ներու մէջ, Ռամատանի ծոմապահութեան օրերուն, ուր ժպիտով եւ յարգանքով քիւրտ թէ ասորի վաճառականները կը դիմաւորէին ու կը ճամբէին հիւրերս, տարօրինակ «զբօսաշրջիկ»ներ այս փոթորկոտ ժամանակներուն:

Մեկնելէն առաջ, հիւրանոց կ'այցելէ Քիւրտիստանի Տեմոքրատական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասախանատու Խէյրի Ապտալլան, որուն հետ նախապէս քննարկած էինք համա-հայկական պատուիրակութեան մը այցելութիւնը նախագահ Մեսուտ Պարազանիին եւ հայ-քրտական միջազգային համագումարի մը, 2015 թ.-ի շեմին: Քրտական մեծ պետութեան մը կազմաւորումը արդէն իսկ կրնայ շօշափելի դառնալ, շուրջ 30 միլիոն բնակչութեամբ եւ բազմահազար «փեշմերկա»-ներով եւ Օճալանի ձախակողմեան ազատամարտիկներու բանակով: Իսկ թէ ու՞ր են հայերը այս բոլորին մէջ եւ կամ Արեւմտեան Հայաստանի հարցը՝ ապա եւ ժամանակը հասած է որ այս բոլորը քննարկուին  դէմ առ դէմ ամենայն անկեղծութեամբ եւ վճռակամութեամբ:

Մեր կարճատեւ այցելութըիւնը կը հասնի աւարտին եւ վերադարձի ու «կիսատ» թողուած ծրագիրները իրագործելու ակնկալիքով, «ամենակարող» խորհրդարանական Սելիմ Թօմա Գագոյի ինքնաշարժով կ'ուղղուինք Էրպիլի միջազգային օդակայան՝ ապա «Միտըլ Իսթ»-ի փայլփլուն արծիւը կը բարձրանայ ջինջ երկրակամար, ուղղութիւն վերցնելով դէպի Պէյրութ:

 

1 comment
  1. Congratulations for this
    Congratulations for this wonderful unity between those historical
    native groups and nations.

Comments are closed.

You May Also Like

Քաղաքական Սիմբիոզ

Հարություն Առաքելյան, ՀՀ-ի քաղաքացի`18 Փետրուար 2011 Քաղաքական Սիմբիոզը Իր Հուշագրով Խախտեց ՀՀ Կուսակցությունների Մասին Օրենքը Հետեւելով ներիշխանական զարգացումներին…
Read More