Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 30 Նոյեմբեր 2010

Չի բաւեր հալածած ու ճնշած են զայն, զաւթած ու բռնագրաւած անոր հողերը, վտարանդի ու գաղթական դարձուցած, այլեւ՝ կոտորած ու ցեղասպանած, առաւել՝ փորձած են այդ բոլորին “մեղք”ն ու պատասխանատուութիւնը նետել մերթ ուրիշներու, մերթ նոյնինքն… հայ ժողովուրդին վրայ:
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 30 Նոյեմբեր 2010



Չի բաւեր հալածած ու ճնշած են զայն, զաւթած ու բռնագրաւած անոր հողերը, վտարանդի ու գաղթական դարձուցած, այլեւ՝ կոտորած ու ցեղասպանած, առաւել՝ փորձած են այդ բոլորին “մեղք”ն ու պատասխանատուութիւնը նետել մերթ ուրիշներու, մերթ նոյնինքն… հայ ժողովուրդին վրայ:
Իսկ հայ ժողովուրդը հաւատացած է այդ յերիւրանքներուն, ստայօդութիւններուն եւ ունայնախօսութիւններուն, փոխարէնը սակայն ոչինչ ստանալով, ընդհակառակը՝ աւելի ստրկական կեանք մը վարելով, աւելի հալածողական կեանքի մը մատնուելով, աւելի հարստահարական կեանքի մը մէջ գտնուելով:
Թերեւս այս առումով ամենէն աւելի բարբարոսութիւն կիրարկողը եղած է Օսմանեան Կայսրութիւնը, հայ ժողովուրդին նկատմամբ որդեգրելով վանողական ու ջնջողական քաղաքականութիւն մը, յաճախ ինքզինք “անպարտ” հռչակելով ատկէ, մատնացոյց ընելով անպատասխանատու քիւրտերը կամ չերքէզները:
Քրիստոնեայ մեծ պետութիւնները, որոնց մեծ մասը լաւ յարաբերութիւններ ունէր սուլթանական կառավարութիւններուն հետ, ի մասնաւորի Անգլիան, յաճախ իրենք զիրենք յանձնառու (՞) կը նկատէին (իբր թէ) պաշտպանելու հայ քրիստոնեաները, ընդհուպ պահանջելով սուլթաններէն, նախ՝ զանոնք պաշտպանել, իրաւունքները վերականգնել, բարեկարգումներ կատարել կամ սահմանադրութիւն փոխել:
Սուլթանական կառավարութիւնները, որոնք “վարժ” էին խոստանալու, համաձայնելու ու խաբելու արհեստին, մանաւանդ երբ անկարելիութեան առջեւ կը գտնուէին մերժելու օտարներու հետապնդումները, նոյնհետայն հաւանութիւն կու տային ատոնց:
Սակայն, պատմութեան այդ ո՞ր հանգրուանին անոնք հայութեան իրաւունքները յարգած են, ե՞րբ իրենց խօսքին տէրը դարձած են, միշտ շահագործելով շրջանային ու միջազգային սուր տագնապները ու մեծ պետութիւններու իրարու նկատմամբ անհանդուրժողութիւնը, յետոյ ալ՝ բարեկարգումներու այդ թղթածրարները նետելով… զամբիւղ, կուշտուկուռ քմծիծաղով եւ իրենց վայրագութիւնները աւելի կատաղօրէն տարածելով հայութեան վրայ:
Հոս պիտի չուզէինք թուել սուլթանական կառավարութիւններու “բարեկարգում”ներու այլանդակութիւնները, որոնք թէ՛ ներօսմանեան թէ՛ համաձայնական մակարդակներու վրայ մնացին լոկ թղթային ու պղպջակային կարգախօսներ, բայց, պատմութիւնը լի է նման անհեթեթութիւններով, իսկ օրինակները՝ պերճախօս:
Այս արագ ակնարկը կը կատարուի, ի լուր ամերիկացի նախագահներուն (կամ վարչակարգերուն) փուճ խոստումներուն, որոնք քանի մը տասնամեակէ ի վեր, ճիշդ սուլթանական կապկութեամբ, հայ ժողովուրդին կը խոստանան Հայ Դատի կամ Հայկական Պահանջատիրութեան գործնապէս զօրավիգ կանգնելու իրենց պատրաստակամութիւնը, սակայն, յետ ընտրութիւն կը դառնան կատարեալ… պիղատոսներ:
Օսմանցի սուլթաններէն ի՞նչով կը տարբերին նորօրեայ ամերիկացի սուլթանները, երբ օր-ցերեկով խոստում կը բաշխեն ու կը շռայլեն, իսկ գիշերը՝ կը մրափեն, ապա ջայլամի քաղաքականութիւն կը խաղան:
Օսմանեան շրջաններուն, արեւմտահայութիւնը միայն դրական դերակատարութիւններով հանդէս եկած է, ծառայած է, կառուցած, արհեստ ու մշակոյթ զարգացուցած, արուեստ ու դպրութիւն մշակած, այլեւ պետական օժանդակութիւն տրամադրած, փոխարէնը, արդար ակնկալութեամբ, սպասելով հանդուրժողութիւն եւ անկեղծութիւն, սակայն, ի՞նչ ստացած է, բացի կեղեքումէ, կողոպուտէ ու թալանէ, երբեմն-երբեմն ալ՝ պարագայական “բարեկարգչական” խոստումներէ, որոնք միշտ մնացած են “ձայն բարբառոյ յանապատի”ի սահմաններուն մէջ:
Ամերիկեան նախագահական շրջաններուն, նոյն յանկերգներն ու (խռպոտ) մեղեդիները չկրկնուեցա՞ն, չե՞ն կրկնուիր, երբ դեմոկրատական կամ հանրապետական թեկնածու մը, “ողորմութեան” կարգով, հայկական քուէներ կը դարպասէ, հայ ժողովուրդի բարեմասնութիւններուն գովքը ընելով, հին ու նոր պատմութիւնը վկայակոչելով, բայց ամենէն աւելի, Հայկական Հարցին անժամանցելիութիւնն ու իրաւացիութիւնը շեշտելով, շուտով դաւաճանելով այդ խոստումին, նաեւ իր անձնական… արժանապատուութեան:
Մինչդեռ ամերիկահայութիւնը, իր գործօն, արդիւնաւէտ ու կառուցողական ներկայութեամբ եւ իր բազմաշերտ մասնակցութեամբը ամերիկեան բարգաւաճման կեանքին մէջ, օրինակելիութեան ու տիպարութեան հսկայական համայնք մըն է, որուն դիմաց իր ազգային-քաղաքացիական բարոյական իրաւունքն է յարգուած տեսնելու իր պահանջատիրական հրամայականները, գէթ խոստացուած ծիրերէն ներս, մարդ-պատասխանատուի պարկեշտութեամբ:
Եթէ պիտի չըլլան ասոնք կամ խոստում-դրժումները շափլոնաբար պիտի շարունակուին, իրաւունք չունի՞նք ամերիկացի նախագահները եւ օսմանցի սուլթանները իրար նմանցնելու:
Իրաւունք ունինք ու “նըս” (կիսով մըն ալ աւելի), ինչպէս կ՝ ըսեն արաբները: