Փօլ Կիրակոսեան Գեղանկարիչը

Համօ Մոսկովեան, Պէյրութ, 16 Յունուար 2011

Ոսկեզարդ էջ մըն էր 1956թ-ը սփիւռքահայ հռչակաւոր գեղանկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի բեղուն կեանքին մէջ: Գրեթէ «անծանօթ», բազմիցս վտարանդի բայց բնածին արուեստագէտ երիտասարդը՝ կ՝արժանանայ ոչ միայն Լիբանանի գեղարուեստի ակադեմիայի առաջին մրցանակին՝ այլեւ Իտալիոյ «Արուեստներու մայրաքաղաք» Ֆլորանսի՝ «Biennal of Florence» պատուաւոր մրցանակին եւ թոսքանային խմբային ցուցահանդէսի ոսկի մետալին: Իր կեանքի գլխաւոր հանգրուան՝ Լիբանանի կառավարութիւնն եւ արուեստի բարձրագոյն շրջանակները կը փութան տէր կանգնիլ խաւարէն դիպի լոյս ճաճանչող հայազգի տաղանդին եւ նախագահ Քեմիլ Շամունի յատուկ հրամանագրով՝ Փօլ Կիրակոսեանի կը շնորհուի Լիբանանի քաղաքացիութիւն:

Համօ Մոսկովեան, Պէյրութ, 16 Յունուար 2011

Ոսկեզարդ էջ մըն էր 1956թ-ը սփիւռքահայ հռչակաւոր գեղանկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի բեղուն կեանքին մէջ: Գրեթէ «անծանօթ», բազմիցս վտարանդի բայց բնածին արուեստագէտ երիտասարդը՝ կ՝արժանանայ ոչ միայն Լիբանանի գեղարուեստի ակադեմիայի առաջին մրցանակին՝ այլեւ Իտալիոյ «Արուեստներու մայրաքաղաք» Ֆլորանսի՝ «Biennal of Florence» պատուաւոր մրցանակին եւ թոսքանային խմբային ցուցահանդէսի ոսկի մետալին: Իր կեանքի գլխաւոր հանգրուան՝ Լիբանանի կառավարութիւնն եւ արուեստի բարձրագոյն շրջանակները կը փութան տէր կանգնիլ խաւարէն դիպի լոյս ճաճանչող հայազգի տաղանդին եւ նախագահ Քեմիլ Շամունի յատուկ հրամանագրով՝ Փօլ Կիրակոսեանի կը շնորհուի Լիբանանի քաղաքացիութիւն:

Մրցանակներն ու ոսկէ մետալները «հեղեղային» կերպով մը թափին ծայրահեղ չքաւորութենէ, Ալեքսանտրէթի «Սանճագ»-ի մէջ 1926-ի ծնած, որբ բայց քաչարի, հսկայական տաղանդով օժտուած Փօլ Կիրակոսեանին վրայ: Հայկական Երուսաղէմի մէջ կը կազմաւորուի ապագայ հանրաճանաչ արուեստագէտին աշխարհը՝ ուր հակառակ բազմաչարչար մօր եւ շրջապատին յորդորներուն՝ թէ «արուեստը հաց չի կերցներ», կը շարունակէ գծել ու նկարել, յաճախելով Երուսաղէմի Studio Yarkon-ը:

Պաղեստինի քաղաքացիական արիւնալի պատերազմէն հեռանալով՝ կը հաստատուի Պէյրութ՝ ուր կը հանդիպի իր կեանքի գլխաւոր նեցուկին եւ ընկերուհիին՝ ի՛ր իսկ աշակերտուհի, նոյնպէս տաղանդաշատ գեղանկարչուհի Ժուլիեթ Հինտեանին: 1953թ-ին կը կազմէ համերաշխ ընտանիք մը, որ կը պարգեւէ զաւակներ (Սիլվա, Էմմանուէլ, Արաքսի, Ժան-Փօլ, Արամ, Մանուէլլա): Բոլորն ալ գեղանկարչութեան նուիրեալներ ու նաեւ արուեստագէտներ, որոնց պաստառները նոյնպէս ցուցադրուած են բազմաթիւ անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներու մէջ, աշխարհի չորս ծագերը: Փօլ Կիրակոսեանի ներշնչման գլխաւոր աղբիւրները կ՝ըլլան մասնաւորապէս իր տիկինը՝ Ժուլիեթը եւ ամենէն փոքր աղջիկը՝ Մանուէլլան՝ որոնց նուիրած է շարք մը ստեղծագործութիւններ:

Վերադառնալով «ոսկեայ օրեր»ու յաղթարշաւին՝ ապա եւ Իտալիոյ միջազգային ցուցահանդէսներուն դարձեալ ոսկիէ մետալին արժանացած (Gallery Permanente)՝ Փօլ Կիրակոսեանի արուեստը յոտընկայս կը ծափահարեն ու զինք դափնիներով կը զարդարեն 1959թ-ին Ֆրանսայի Biennal-ի մէջ՝ ուր կ՝արժանանայ 1961-62թ.թ.-ու ֆրանսական կառավարութեան կրթաթոշակին: Ֆրանսայի մէջ աւելի զարգացնելէ ետք իր կերպարուեստը՝ կը վերադառնայ Լիբանան, շարունակելով շնորհակալ առաքելութիւնը որպէս միջազգային համբաւի արժանացած գեղանկարիչ ու դասախօս՝ ունենալով հարիւրաւոր աշակերտներ՝ որոնցմէ շատեր այսօր պատուով ու յարգանքով կը յիշեն իրենց անմոռանալի արուեստի դաստիարակը, մնալով գեղարուեստի աշխարհին մէջ:

Մրցանակներն ու տիտղոսները կը յաջորդեն իրարու: 1964-ին կ՝արժանայ Գերմանիոյ արուեստներու եւ մշակոյթի համադաշնակցութեան մրցանակակիր եւ 1974-ին Ասպետի արժանեաց շքանշանին՝ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ: Նոյնպէս կը հանդիսանայ առաջին դափնեկիր Սուրսոքներու թանգարանի ցուցահանդէսին եւ Ֆիլիփսի մրցանակակիր (Լիբանան, 1968), իսկ1970 թուին «Ազգային Կրթութեան» առաջին մրցանակակիր: 1984 թուականին Ֆրանսայի կառավարութիւնը հայ մեծանուն գեղանկարիչին կը շնորհէ «Արուեստի եւ գրականութեան Ասպետ»ի բարձրագոյն տիտղոսը: Յաջորդ տարի, արժանանալով Հայաստանի՝ Մարտիրոս Սարեանի անուան արուեստի մրցանակը, կը պարգեւատրուի «Սուրբ Սիլվեսթր»ի անուան Ասպետի կարգավիճակով ու շքանշանով՝ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Հռոմի Պապին կողմէ:

Նոյնպէս իր տարիներու վաստակը կը գնահատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ., շնորհելով լիբանանահայ գեղանկարիչին «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշան եւ Ասպետի տիտղոս:

Հակառակ հոգեկան եւ ‎ֆիզիքական ահաւոր հարուածին՝ կորսնցնելով իր սրունքը եւ հաշմանդամ դառնալով արկածի պատճառով, Փօլ Կիրակոսեան ամուր կերպով կը պաշտպանէ իր քաջարի արուեստագէտի կորովը՝ ինչպէս Փարիզի մէջ 1989-1991 թուականներուն, որ կը յատկանշուի 1992 թուականին իր անհատական ցուցահանդէսով Institute du Monde Arab-ին մէջ, ուր կը ներկայացուին իր ստեղծագործութեանց գլուխ-գործոցները: Իր գործերը մնայուն կերպով տեղ կը գրաւեն Վատիկանի, Վիեննայի, Փարիզի, Երեւանի, Սաու Փաուլոյի, Ուաշինկթընի, Ամմաննի, Քուէյթի, Մոսկուայի, Մինսքի, Դամասկոսի ու մասնաւորապէս Պէյրութի լաւագոյն պատկերասրահներուն մէջ:

Մինչ այդ, միջազգային մեծ ճանաչում եւ յարգանք ձեռք բերած մեծ վարպետը ունեցած էր 100է աւելի անհատական եւ շարք մը խմբային ցուցահանդէսներ: 1993 թուականի Նոյեմբեր 20ին, իր մահկանացուն կնքելէ առաջ, ամբողջացուց իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը, որ իր իսկ խոստովանութեամբ՝ «հինը նորին հետ միացնելն էր՝ մէկ գեղանկարի մէջ…»:

Մահուընէ աւելի քան 17 տարի ետք, Փօլ Կիրակոսեանի արուեստը անընդհատ վերարժեւորման գործընթաց կ’ապրի: Իր պաստառները հայ գեղանկարչութեան՝ կերպարուեստի դպրոցին ամենէն շատ գնահատուած, միջազգային աճուրդներուն մէջ ամենէն բարձր վարձատրուած ստեղծագործութիւններն են:

Իր իսկ հարազատներուն վկայութեամբ, այսօր հրապարակի վրայ են նաեւ… «Կեղծ Կիրակոսեան» գործերը, որոնք յաճախ շփոթի կը մատնեն մեծ արուեստագէտին երկրպագուները: Այսօր կը ցուցակագրուի Փօլ Կիրակոսեանի գեղարուեստի աշխարհին պարգեւած ստեղծագործութիւնները, բոլոր անձնական հաւաքածուներու, ցուցասրահներու եւ թանգարաններու մէջ:

Մանուելլա Կիրակոսեան,մեծ արուեստագէտին գեղանկարիչ դուստրը կ՝ըսէ, «Կը խնդրենք բոլոր արուեստասէրներէն, որոնք իրենց հետ մեր հօր գեղանկարներէն ունին, կապուին մեզի հետ եւ յայտնեն անոնց գոյութեան վիճակի մասին, հետեւեալ հեռաձայնի թիւերով, +961 3 044473, +961 3 211691»: Ապա ան կ՝աւելցնէ, «Փօլ Կիրակոսեան դրամ չէր սիրեր, չէր կրեր: Տարին մի քանի անգամ ալ բարեգործական ցուցահանդէսներ կու տար, որովհետեւ ի՛նքն ալ որբ ու չքաւոր, տարագրեալ եւ հաշմանդամ եղած էր»:

Արուեստաբան Ժալալ Խուրի «Փօլին եւ Ժուլիեթին միջեւ» գրութեան մէջ կ՝արձանագրէ, «…Փօլ Կիրակոսեան նուազագոյնը որ կրնանք ըսել՝ մեծ գեղանկարիչ է: Սակայն իր պարագային՝ կինը կանգնած է ամէն մեծի թիկունքին: Ան բաւարարուած չէր իր դերով ըլլալու սիրող կին, հոգատար մայր, ուշադիր օգնական, ներշնչող բնորդուհի, ճարտար քարտուղարուհի… եւ Փօլին ողբերգրական արկածէն ետք ծառայեց որպէս հիւանդապահուհի, իմփրեսարիօ»:

«Փօլ Կիրակոսեան արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան շտեմարան մըն էր» կ՝ընդգծէ արուեստաբան Մովսէս Ծիրանի. ան կը շարունակէ, «եւ պատահական չէ որ շուրջ տասնեակ մը լեզուներու կը տիրապետէր եւ կամ իտալացիներուն իրենց լեզուով կը դասախօսէր Լէոնարտօ Տա Վինչիի մասին»:

You May Also Like
Read More

Թուրքը Եւ Խիղճը

Թուրք պետութիւնն ու  ժողովուրդը, պատասխանատու են գաղթականներու դիմագրաւած դժուարութեանց համար, ուր շատեր իրենց կեանքն ու ընտանիքները կորսնցուցին: (Փրոֆեսոր…
Read More