«Աւանդական»ի Եւ «Աւանդաշէն»ի Արանքէն
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Հոկտեմբեր 2018
Հայաստանցիք եւ մասնաւորաբար Հայաստանի քաղաքական շրջանակներ, երբ կը խօսին Ազգային կուսակցութիւններու մասին, զանոնք կ’անուանեն «աւանդական»:
Այս մասին երկիցս արտայայտուած եմ մամուլով՝ «Աւանդական»ութիւնը ուրկէ ՞ կը սկսի ու… կը վերջանայ» եւ «Հայկական կուսակցութիւնները ընելիք ունի ՞ ն…» (Տեսնել՝ «Դիտարկումներ եւ դատումներ» հատորս, Պէյրութ – 2016), ուր անդրադարձած եմ «աւանդական» յորջորջումի անընդունելիութեան, ապա, ընդունելով հանդերձ կուսակցութեանց բերած դերին ու վաստակին օգտակարութիւնները, հարցադրած եմ որ անոնք կրնա՞ն շարունակել իրենց երթը նոյն պատասխանատուութեամբ ու նոյն արդիւնաւէտութեամբ:
«Աւանդական»ի Եւ «Աւանդաշէն»ի Արանքէն
Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Հոկտեմբեր 2018
Հայաստանցիք եւ մասնաւորաբար Հայաստանի քաղաքական շրջանակներ, երբ կը խօսին Ազգային կուսակցութիւններու մասին, զանոնք կ’անուանեն «աւանդական»:
Այս մասին երկիցս արտայայտուած եմ մամուլով՝ «Աւանդական»ութիւնը ուրկէ ՞ կը սկսի ու… կը վերջանայ» եւ «Հայկական կուսակցութիւնները ընելիք ունի ՞ ն…» (Տեսնել՝ «Դիտարկումներ եւ դատումներ» հատորս, Պէյրութ – 2016), ուր անդրադարձած եմ «աւանդական» յորջորջումի անընդունելիութեան, ապա, ընդունելով հանդերձ կուսակցութեանց բերած դերին ու վաստակին օգտակարութիւնները, հարցադրած եմ որ անոնք կրնա՞ն շարունակել իրենց երթը նոյն պատասխանատուութեամբ ու նոյն արդիւնաւէտութեամբ:
Այսօր, այս հրատապ հարցը դարձեալ օրակարգի վրայ է (եթէ չէ՛, պէտք է դրուի), որովհետեւ այլընտրանք չկայ, եթէ կուսակցութիւնները պիտի մնան պատնէշի վրայ, վերանորոգուած ու թարմացած սլացքներով:
Եթէ ազգային կուսակցութիւնները կը նկատուին… «աւանդական», բառացի իմաստով կը նշանակէ թէ անոնք, իրօք, աւանդական են, իրենց գործելաձեւերով, մտածողութեամբ, դերակատարութեամբ եւ յարաբերութիւններով.
Այլ խօսքով, անոնց մօտ կը պակսի.
– Այժմէականութիւնը
– Նորարարութիւնը
– Զգաստութիւնը
– Իրատեսութիւնը
– Արդիականութիւնը
Սակայն, ինչո՞ ւ զարմանալ, երբ աշխարհը փոխուած է, մտայնութիւնները՝ առաւել, մօտեցումները՝ նոյնպէս, իսկ ընկալումները՝ հարցերը դիտելու ու լուծելու, քննելու ու դատելու, նոր առանցքներու ու հայեցակէտերու վրայ կը գտնուին:
Ասոնց դիմաց, հայ ազգային կուսակցութիւնները կը ծածանին հոս ու հոն, կը խարխափին հակոտնեայ բեւեռներու վրայ, կը դեգերին տարբեր լարերու վրայ, կը դիմագրաւեն «ըլլալու եւ չըլլալու» վտանգներ:
Դժբախտաբար, այս մակընթացութիւնները կը շարունակուին բազմաթիւ ոլորտներէ ներս, բայց, կացութենէն ոչինչ կը փոխուի, ընդհակառակը, վիհերը աւելի կը խորանան, աղէտները աւելի կը սաստկանան, ամլացումները աւելի կը շեշտուին:
Հայաստանի անկախութիւնը այս «բաց»երը աւելի զգալի դարձուց, որովհետեւ ազգային կուսակցութիւնները, ամէն մէկը, իրեն յատուկ ոճով եւ «յաղթանակ»ով ուզեց զայն բացատրել, անշուշտ, հաւատալով իր ուզած անկախութեան տարբերակին, որ (իբր թէ) կը ձեւաւորուի Հայաստանի մէջ:
Մինչդեռ, իրականութեան մէջ, Հայաստանի մէջ կազմաւորուող կուսակցութիւնները, փոքր, միջին ու մեծ տարողութիւններով, բոլորովին այլ սկզբունքներով ու տեսլականներով կը գործէին, ուր չկար «աւանդական» հասկացողութիւնը կամ մտածողութիւնը կուսակցութեանց հորիզոնին մէջ:
Աւելի ճիշդ, հայրենի քաղաքական կազմակերպութիւնները, կամովին թէ ոչ, գիտակցաբար թէ ոչ, երբեք չեն հաւատացած որ սփիւռքահայ «աւանդական»ները կրնան գործնապէս նպաստել Հայաստանի անկախութեան կամ սատարել անոր ամրացումին:
Բացատրութիւնը այս իրողական վարկածին այն է, որ հայրենի քաղաքականացած միտքը, հիմնովին հեռու է սփիւռքահայ քաղաքական միտքէն, հոգ չէ թէ երկու կողմերն ալ կը ձգտին անկախութեան պահպանումին եւ անոր անվտանգութեան ապահովման:
Խօսքը երբեք չի վերաբերիր հայրենասիրութեան ու հայաստանասիրութեան, որոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, այլեւս չի կրնար ընթանալ լոկ զգացական զեղումներով, բացականչութիւններով եւ արտայայտութիւններով, այլ՝ հայրենատիրութեան ու հայրենապահպանութեան շօշափելի դրսեւորուներով:
Իսկ հասնելու համար այդ բաղձալիութեան բարձրագոյն աստիճանին, սփիւռքահայ ազգային կուսակցութիւնները չեն կրնար իրենց գոյութիւնը արդարացնել հայրենի քաղաքական դաշտին մէջ, թերեւս, հետեւեալ պատճառներով.
ա. Սփիւռքի փորձառութիւնը, որքան ալ օգտակար ու շինիչ, չի կրնար, ուղղակի համեմատութեամբ, յամենալ Հայաստանի քաղաքական պարունակին մէջ (ալ ո՜ւր մնաց պետական վարչամեքենայէն ներս):
բ. «Դրսեկ»ի ու «բնիկ»ի մտայնութիւնը «աղբար»ական տրամաբանութեամբ), ինչ որ տեղ տակաւին առկայ է հասարակութեան խելքին եւ ուղեղին մէջ, մեխի ուժգնութեամբ ազդեցութիւն ձգելով «կարծրամէտ»ներուն վրայ:
գ. Սփիւռքէն եկած իշխանատենջութեան ախորժակները զսպելու յաւակնութիւններ, որոնց տխուր օրինակները, անցնող աւելի քան քսան տարիներուն դարձան բացայայտ:
Որոշապէ՛ս, ասոնցմով պէտք է բացատրել Հայաստան կայք հաստատող սփիւռքահայ կուսակցութիւններու, մեղմ ըսած, անշքացումը կամ թուլացումը, հոգ չէ թէ եղան պարագաներ, երբ ոմանք հասան որոշակի (՞) դիրքերու, բայց, հաշուենկատ տնօրինումներով: (Այս մասին ալ կ’արժէ խորհրդածել):
Ինչո՞ւ այս մատնանշումները.
Պարզապէս ցոյց տալու համար, որ «աւանդական» հասկացողութիւնը, իր կուսակցական-քաղաքական իմաստներով, ոչ միայն սկսած է հող շահիլ, այլեւ՝ հաստատուիլ ու տեղաւորուիլ մարդոց միտքին մէջ, թէ Սփիւռքի ազգային կուսակցութիւնները գունաթափուած կամ տերեւաթափուած են:
Լիբանանի մէջ, ամենէն ցայտուն օրինակը, խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն են, ուր դասականացած (իմա՝ աւանդականացա՞ծ) կուսակցութիւններէն երկուքը ծանր պարտութիւն կրեցին, մինչ երրորդը՝ հազիւ յաջողութիւն արձանագրեց:
Ուրե՞մն, լիբանանեան բազմամեայ խորհրդարանի մէջ, կուսակցական թեկնածուները, այսօր, իրենց տեղերը սկսած են… «զիջիլ» ոչ կուսակցականներու, չէզոքներու կամ անկախներու:
Լա՛ւ, եթէ հայաստանցիք ազգային կուսակցութիւնները կը դասեն «աւանդական»ութեան շարքին, որուն համաձայն չենք գտնուած եւ դէմ արտայայտուած ենք այդ «անճիշդ» որակումին, հիմա, մտահոգուելու պատճառներ չունի՞ն այսօրուան պատկան ղեկավարները (գէթ վաղուան հաշուոյն):
Որեւէ կուսակցութեան մը ուժականութիւնը, հզօրութիւնն ու գրաւչութիւնը կը կայանայ իր երիտասարդութեան մէջ, առանց որուն չկայ, չի կրնար ըլլալ ապագայութիւն ու հերթափոխութիւն:
Կա՞ն այս լաւատեսութիւնները եւ յուսադրելիութիւնները, քիչ մը ամէն տեղ ու կողմ:
Ամէն ոք կամ շրջանակ, իր չորսդին պէտք է նայի եւ, ըստ այնմ, խորաչափէ անոր արժեւորութիւնը եւ արժանելիութիւնը:
Չխուսափիլ իրականութիւնը տեսնելէ՝ իր սեւով ու սպիտակով:
Չձեւացնել հաւկուրութիւն՝ արձանագրուած խախտումներու նկատմամբ:
Չյոխորտալ այս կամ այն պատահական (նոյնիսկ յիշատակելի) յաջողութիւններով:
Գիտենք, շատեր կրնան առարկել, որ «ամէն ինչ լաւ է», «եղածները անցողակի են», «մենք միւսներէն աւելի լաւ ենք», «մենք մեր ուխտին հաւատարիմ ենք», եւայլն, բայց, ատոնք որո՞ւն կը գոհացնեն, զո՞վ կը համոզեն, երբ «աւանդական»ութիւնը կը խարազանէ բոլորը, զգացնել տալով, որ այս ընթացքով կարելի չէ գնացք վարել, ոչ ալ ճամբորդ փոխադրել…:
*****
Լիբանանեան քաղաքական բառարանին մէջ եւս, գոյութիւն ունի «աւանդական» հասկացողութիւնը, երբ կը յիշենք անոր քաղաքական կեանքին մէջ, բարձրունքներ ու նուաճումներ արձանագրած կուսակցութիւնները. խորհրդարանական ընտրութիւններու, կառավարական նշանակումներու ու քաղաքապետական մրցակցութիւններու առիթով:
Այժմ, կը տեսնենք թէ անոնցմէ շատեր, որոնք փառքի ու համբաւի, ժողովրդականութեան ու համիշխանութեան օրեր ապրած էին, ոչ միայն նոյն դիրքերուն վրայ չեն, այլեւ՝ նօսրացած, փոքրացած ու դալկացած վիճակի մէջ են:
Մէջտեղ եկած են նոր ուժեր, նոր կազմակերպութիւններ, ձեւաւորուած են նոր արժէքներ, նոր ցանցեր, որոնք հեռու են «աւանդական»ութենէն, «աւանդական մտածողութենէն «աւանդական» եղանակաւորումէն:
Ո՞վ պիտի փափաքէր մնալ «աւանդական»ութեան շղարշին տակ:
Ո՞վ պիտի փափաքէր գործել «աւանդական»ութեան սովորամոլութեամբ:
Ո՞վ պիտի փափաքէր հաշտուիլ «աւանդական»ութեան գործելաձեւին հետ:
Ո՞վ պիտի փափաքէր իր քաղաքականութիւնը պահել «աւանդական»ութեան շուքին տակ:
Ո՞վ պիտի փափաքէր «աւանդական»ութեամբ հասնիլ իր նպատակներուն:
*****
«Աւանդական»ութիւնը, քաղաքական իմաստով, ԹՈՅՆ է, որմէ խուսափելու ամենէն ապահով միջոցը, անկէ ձերբազատուիլն է, իսկ ինչպէ՞ս, պարզապէս դուրս գալով սարդոստային հանգոյցներէն, այսինքն՝
– Լճացումէ
– Պատեհապաշտութենէ
– Միջակութենէ
– Բռնազբօսիկութենէ
– Փտածութենէ
Վերջին հաշուով, եթէ, հայաստանցիներու «աւանդական»ութիւնը խրտչեցնող ու վրդովեցնող է (իրաւամբ), ապա, ինչո՞ւ մնալ «աւանդական»ութեան կածաններուն մէջ, մաշելով ու մաշեցնելով, հալելով ու հալեցնելով:
Չէ՞ որ կան ատոնցմէ դուրս գալու միջոցներն ու կարելիութիւնները, պայմանաւ որ, սակայն, ցեցահանումը, ցեցապոկումը եւ ցեցամաքրումը ըլլան… ՄԻԱՆԳԱՄԱ՛ՅՆ, որպէսզի տխուր «աւանդական»ը փոխարինուի «աւանդաշէն» լուսապայծառութեամբ: