Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 2 Յունուար 2013
Ներածութիւն
Դեկտեմբերին Լոս Անճելըս կը գտնուէին երիտասարդ ակտիւիստներ հայրենիքէն: Անոնցմէ մին էր շատ շատերու կողմէ գնահատուած ու փնտռուած փաստավաւերագրող Տիգրան Խզմալեան, որ հեղինակած է 25 վաւերագրական շարժանկարներ՝ արժանանալով բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու, որոնցմէ քանի մը հատը ցուցադրուեցան Լոս Անճելըսի մէջ:
Միւս երիտասարդն էր Հայաստանի չքնաղ բնութեան երկնակամարին վրայ փայլող, հայրենի լեռ ու ձորին, անտառներուն ու ջրային հարստութիւններուն ջերմ պաշտպան Եղիա Ներսէսեան: Բնութենապաշտ այս երիտասարդին մենք առաջին անգամ “հանդիպեցանք” Երեւանի Մաշտոցի պուրակի, Հայաստանի հիւսիսը Լոռիի շրջանի Թեղուտի անտառներու եւ ջրվէժներու պահպանութեան համար խումբ մը երիտասարդներու մղած բուռն պայքարի եւ ցոյցի օրերուն:
“Բնութենապահպանութիւնը համազօր է հայրենապաշտպանութեան”
Ընդդիմացող բնապահպանները ի պաշտպանութիւն Թեղուտի անտառներուն
Ա. Մաս
ա) Ի՞նչ է “Սարդարապատ” Շարժումը:
Շարժումը հիմնուած է 2009-ին Երեւանի մէջ: Հիմնադիրներն են Ժիրայր Սեֆիլեան (Արցախի ազատագրութեան մասնակից հերոս, Լիբանանէն), Տիգրան Խզմալեան (փաստավաւերագրող, ֆիլմաշխարհ), Ալեքսանտր Եէնիքոմշեան (ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկ), Գարեգին Չուգասզեան (multi media):
բ) Ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ “Սարդարապատ” Շարժումը:
1.- Միաւորել ամբողջ աշխարհի հայերը Հայաստան պետութեան կայացման գաղափարի շուրջ, անկախ կուսակցական եւ գաղափարախօսական տարաձայնութիւններէ:
2.- Օգտագործելով գոյութիւն ունեցող, քաղաքական, կրթական եւ քարոզչական այլ ոլորտներու հնարաւորութիւնները, տարածել եւ հետապնդել շարժումին գաղափարները, որպէս հիմք երկրի, պետութեան եւ ազգի զարգացման:
3.- Հայաստանի մէջ հաստատել սահմանադրական կարգ:
գ) Ճգնաժամի՞ մը արդիւնք է Շարժումը:
Շարժումն ու բնապահպանութեան խումբը դանակը ոսկորին հասած նկատելով՝ խաղաղ, բայց անզիջող պայքարի լծուած են ընդդէմ այն քաղաքականութեան եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն, որոնք “վարկաբեկել են ե՛ւ քաղաքականութիւնը ե՛ւ հայկական պետականութիւնը հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ”:
Շարժումին եւ բնապահպանութեան խումբին միացած անդամները իրենց գնահատականին մէջ բացորոշ կերպով կը յայտարարեն. “Արդի իրավիճակի մեր գնահատականն է՝ խորքային պետական, հասարակական եւ բարոյական ճգնաժամ, որը համարում ենք ոչ պատահական տրամաբանական աւարտ յանցագործ սակաւապետական (օլիգարխիկ) տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան”: Անոնք ամբողջ ուժգնութեամբ պարզապէս կը պահանջեն որ ժամանակն է հայոց երկիրը վերադարձնել հայ ժողովուրդին:
Ձախին՝ Եղիա Ներսէսեան իսկ աջին՝ Տիգրան Խզմալեան
Հետեւաբար, Տիգրան Խզմալեանին կը հարցնեմ.
– Տուեալները մեզի կը թելադրեն հաստատօրէն ըսել թէ կը կազմաքանդուի մեր պետութիւնը կամ պետական համակարգը (եթէ արդէն իսկ չէ մխրճուած այդ վիհին մէջ), որուն հետեւանքներուն մասին շատեր կը կատարեն զանազան մռայլ գուշակութիւններ: Ուրեմն, կը գործակցի՞ք արդեօք ընդդիմադիր այլ խմբակցութիւններու հետ, որպէսզի կազմուի մէկ միացեալ ճակատ:
– Եթէ սփիւռքի մէջ նկատեցիք, այս տարի հայրենիքի քաղաքական կեանքին մէջ կատարուեցաւ գործընթաց մը՝ ոչնչացուեցաւ քաղաքական դաշտը: Չկան քաղաքական կուսակցութիւններ մեր հասկցած դասական իմաստով, չկան խումբեր որ ներկայացնեն հասարակութեան շահերը, ամէն մէկ խումբ կը ներկայացնէ սակաւապետ մը (օլիգարխ), դասական կուսակցութիւնները պառակտուած են ինչ որ ձեւով. այս կը նշանակէ որ կուսակցութիւնները այլեւս չեն կատարեր այն գործառնութիւնները կամ յանձնառութիւնները, որ պէտք է կատարեն:
Պրն. Տ. Խզմալեան այս հանգրուանին է որ անհրաժեշտ կը գտնէ հասարակութեան ինքնակազմակերպումը:
– Քաղաքացիական հասարակութիւնը փոքր դիմադրական խումբերով, ըլլայ քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն, ըլլայ բնապահպանութեան խումբեր կամ բանակի մէջ զոհուած զինուորներու ծնողներու խումբեր, որոնք ոչ թէ քաղաքական շահ կը պահանջեն, կամ իշխանութեան գլուխ կ’ուզեն անցնիլ, այլ կը հետապնդեն մարդկային արժէքներ եւ կը պաշտպանեն մարդկային արժանապատւութիւնը:
“Ինչ կը վերաբերի միացեալ ճակատի ստեղծման”, կ’ըսէ Տ. Խզմալեան, “այսօրուան վարչախումբը կը գտնուի խիստ հմուտ եւ փորձառու ղեկավարի մը ձեռքը, անձ մը, որ տակաւին նախկին համակարգի ժամանակ աշխատած է յատուկ մարմիններու մէջ եւ գիտէ միասնութիւն մը խանգարելու ձեւերը: Երբ փոքր փոքր խումբերով կը փորձեն համագործակցիլ, ինչպէս Հայ Ազգային Գոնկրեսը եւ Բարգաւաճ Հայաստանը եւ միասնաբար մասնակցիլ “չընտրութիւններուն”, ինքնաբերաբար կ’ամրապնդեն իշխանութիւնները՝ ի վնաս իրենց միասնականութեան: Մենք չենք ուզեր այս “քաղաքական քազինոյին” մասնակցիլ”:
Բ. ՄԱՍ
Բնութենապահպանութիւն
Այս խումբին համակիրները կը հաւատան թէ բնութենապահպանութիւնը ինքնըստինքեան համազօր է հայրենապաշտպանութեան: Շատեր կը բարձրաձայնեն թէ մի խումբ մարդիկ, որոնք տիրացած են աներեւակայելի նիւթական հարստութեան զանազան չարաշահութիւններով եւ ապօրինութիւններով, յատկացումներու իւրացումներով եւ պետական ունեցուածքի գրպանումներով, դրամի լուացումներով, արդէն վաղուց սկսած են նաեւ հայրենիքի ընդերքի, ջրային հարստութիւններու ու անտառներու չարաշահութեամբ աւելի ուռճացնել իրենց սեփական գրպանները՝ ի վնաս այդ երկրի վրայ արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ փափաքող ժողովուրդին:
Այսօր Հայաստանի հիւսիսը, Լոռիի շրջանին մէջ գտնուող Թեղուտի անտառներու տակ 25-30 միլիառ տոլարի հանքային հարստութիւն կայ, ինչպէս ոսկիի, պղինձի, մոլիպտենի եւ այլն: Սեփականաշնորհուելէ ետք, բազմաթիւ հանքերու թափօնները ուղղակի կ’այլանդակեն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ անկիւններէն մէկը: Անխնայ օգտագործումը եթէ այս ընթացքով շարունակուի, 15-20 տարիէն շրջանը կը վերածուի անհետաքրքիր անապատի: Խնդիրը այն է որ շահագործման վերջաւորութեան ժողովուրդին կամ հայրենի պիւտճէին գրեթէ ոչինչ կը հասնի: Այս պահին է որ Հայաստանի բնութենապահպանները կը փորձեն անցնիլ բուռն հակադարձութեան՝ խաղաղ, բայց արդիւնաւէտ քայլի դիմելով: Անոնք ստեղծեցին քաղաքացիական դատարան, բաղկացած մասնագէտներէ, որոնք ապացուցեցին թէ ներկայի վարչախումբը կը ստէ ու կը խաբէ հայ հասարակութիւնը:
Երիտասարդ ակտիւիստներ. աջէն երկրորդը՝ Եղիա Ներսէսեան
Ընդդիմացող բնապահպաններու ղեկավարներէն է իմ երկրորդ “հերոսս”՝ Եղիա Ներսէսեանը:
– Ես տասներկու տարի առաջ Հալէպէն Հայրենիք տեղափոխուեցայ: Ես սասունցիի թոռնիկ եմ եւ իմ նախնիքս սասունցիի արժանապատւութեամբ ապրած են: Ես ուղղակի սիրահարուած եմ հայրենի բնութեան, լեռներուն, անտառներուն, բարձրաբերձ լեռնագագաթներու մէջ գոյացած ականակիտ հրաբխային լիճերուն, անտառներուն…
Եղիան հայրենի բնութեան մէջ գտած է իր ինքնութիւնը եւ անոր պահպանութեան մէջ կը փնտռէ իր կեանքի իմաստը: Ոտքով, օրերով ու շաբաթներով ան շրջագայած է Հայաստանն ու Արցախը եւ յանգած է այն ճշմարտութեան որ հայրենի բնաշխարն է որ զինք կը սնուցանէ: Եւ այսպէս, երբ կ՝իմանայ թէ հայրենի բնութեան գողտրիկ հրաշալիք մը եւս զոհ պիտի երթայ անկուշտ ու բութ օլիգարխի մը ախորժակներուն, կը վճռէ կեցնել ոճրագործին ձեռքը:
– Երբ իմացայ որ Թռչկանի գեղատեսիլ ջրվէժը պիտի անհետանայ, իմ մէջս յեղափոխութիւն մը յառաջ եկաւ. ես տեսայ թէ այն ինչ որ կը սնուցանէ զիս, ինձմէ պիտի խլեն եւ որոշեցի պայքարիլ: Գտայ ինծի պէս մտածողներ, միացայ քաղաքացիական շարժման եւ մենք անցանք հայաստանապաշտպանութեան սուրբ գործին:
Եղիան եւ միւս նուիրեալներու թիւը բազմապատկուած է այսօր, ժողովուրդը կը հաւատայ, կը հետեւի եւ թիկունք կը կենայ անոնց, որովհետեւ հողին տէրը ինքը՝ ժողովուրդն է:
Վայրագ կողոպտիչները, այս պարագային Թեղուտի ընդերքը շահագործելու ելած մարդիկ, հեշտութեամբ մեղրի տակառին քովէն փախչողներ չեն, հետեւաբար անոնք կը դիմեն զանազան խորամանկութիւններու, որպէսզի շաքարապատ կծու դեղահատը իջեցնեն շրջանի բնակիչներուն կոկորդէն վար:
Այսպէս, աղքատութեան մէջ յայտնուած շրջանի բնակիչներուն կը խոստանան աշխատանք, կեցութեան լաւ պայմաններ եւ բարօրութիւն: Բնապահպաններուն ծանօթ է գայլային այս խաղը, հետեւաբար պէտք է ցոյց տալ բնակիչներուն թէ կան այլընտրանքներ աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ստեղծելու՝ առանց ոչնչացնելու բնութիւնն ու անտառները: Անոնք ցոյց տուած են թէ ինչպէս մեղուաբուծութեամբ կրնան արտադրել բարձրագոյն որակի մեղր եւ իրացնել Հայաստանի թէ արտասահմանի շուկաներուն մէջ:
Բնութիւնը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ ու հրաշալիքներով մէկ անգամ կը տրուի մարդկութեան, փճացնել ու եղծել զայն, հաւասարազօր է Աստուծոյ պարգեւը դրժելուն: Հայաստանի մէջ հետզհետէ հասակ առնող քաղաքացիական հասարակական շարժումը պէտք է արժանանայ իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու ուշադրութեան եւ թիկունքին, որովհետեւ այսօրուան հայերս պէտք է մտածենք մեզ յաջորդող թոռներուն մասին, որպէսզի անոնք չապրին օդի ու բնութեան ապականութեան մէջ, այլ կառչած մնան դարերու պայքարներէ ու մաքառումներէ ետք մեզի մնացած հայրենի հողակտորին: