Քաղաքացիութիւն՝ Շնորհողի ու Շնորհուողի Կարգով

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Նոյեմբեր 2013

Հայաստանի անկախութիւնը երազ մըն էր, որ իրականացաւ, առանց եղբայրասպանութեան, արիւնահեղութեան կամ յեղափոխութեան, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուած էին եւ այլընտրանք չկար, բացի Խորհրդային Միութեան քայքայումէն, որմէ «օգտուող»ներէն առաջինը եղաւ Հայաստանը։

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Նոյեմբեր 2013

Հայաստանի անկախութիւնը երազ մըն էր, որ իրականացաւ, առանց եղբայրասպանութեան, արիւնահեղութեան կամ յեղափոխութեան, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուած էին եւ այլընտրանք չկար, բացի Խորհրդային Միութեան քայքայումէն, որմէ «օգտուող»ներէն առաջինը եղաւ Հայաստանը։

Այսօր, շուրջ 22 տարի անցած է անկախութեան հռչակումէն ու գործընթացէն, իսկ Հայաստան արագ քայլերով յառաջդիմելով, յարմարած է նոր իրավիճակի պահանջքներուն, պայմաններուն եւ առաջադրանքներուն։

Այս ընթացքին, անշուշտ, Հայաստան անցաւ նաեւ բազմաթիւ փորձութիւններէ, ունեցաւ սայթաքումներ, դիմագրաւեց մարտահրաւէրներ, թէ՛ ներհայաստանեան, թէ՛ արտհայաստանեան մարզերէն ներս, փորձելով մեղմացնել կամ յաղթահարել զանոնք։

Մեր կարծիքով, ամենէն ահաւորն ու աղիտաբերը եղան նախագահական, խորհրդարանական ու մարզպետական ստուգատեսները, որոնք ժողովուրդին մօտ խոր յուսախաբութիւններ առաջացուցին, հիասթափութիւն պատճառեցին, մանաւանդ որ եկող-գացող ու գացող-եկող իշխանութիւնները՝ իրենց պետական այրերու մեծամասնութեամբ, աւելի խորացուցին հասարակութեան վէրքերը, աւելի բարձրացուցին հանրութեան զայրոյթի ալիքները։

Արտագաղթը, որ արդիւնք է գոյութիւն ունեցող անհարթութիւններուն, անիրաւութիւններուն եւ անարդարութիւններուն, այսօր եւս կը շարունակուի անարգել եւ անզուսպ թափով, մինչ իշխանութիւնները, մեղմ ըսած, դիտողի եւ անզօրութեան դերի մէջ են, իսկ սփիւռքահայութիւնը տակաւին չկրցաւ անդրադառնալ այս համազգային-հայրենական պատուհասին, աւելի հրապուրուելով մայրաքաղաքի վարդագոյն երեսներու պսպղուն զարգացումներէն, այդ վերաբերմունքը, չզարմանա՛լ, նկատելով հայրենասիրութիւն կամ հայաստանասիրութիւն։

Զոյգ վերաբերմունքներ՝ իշխանութիւն-սփիւռքահայութիւն, որոնք ոչինչով լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, ոչինչով կը յուսադրեն, ոչինչով կը խանդավառեն, այնքան ատեն որ «չարիք»ի աղբիւրները չեն չէզոքացած։

Սակայն, հոն թէ հոս, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս զազրելի հաւկուրութիւնը, մինչեւ ե՞րբ պատասխանատուներ կարճատես պիտի մնան, մինչեւ ե՞րբ այնտեղի «անտարբեր»ները պիտի յամենան, իսկ այստեղի «հայրենասէր»ները պիտի յամառին, իւրաքանչիւրը իր ախտաբեր խրամատին մէջ։

Սխալ, նոյնիսկ վնասակար են այս մօտեցումները, պարզապէս անոր համար, որ տեղ մը շահագործող կայ, ուրիշ տեղ մը՝ շահագործուող, որոնք բնաւ ալ չեն օգներ հայրենապահպանութեան ու հայրենապաշտպանութեան, ոչ ալ սփիւռքահայութեան հրամայականներուն։

Եթէ կը կարծուի, թէ համագումարներն են որ կը լիցքաւորեն ու կ'որակաւորեն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, իսկ շքանշանները կը գօտեպնդեն ու կը շլացնեն, հուսկ՝ ծանօթութիւնները կը հիմնաւորեն ու կը հունաւորեն, չարաչար կը սխալին այդպիսիներ։

Այս առիթով, ատենէ մը ի վեր մեր ուշադրութեան առարկան է նաեւ ուրիշ պարագայ մը, աւելի ճիշդ՝ թղթածրար մը.

Սփիւռքահայերուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհելու – ճիշդ կ'ըլլար որակել – անհամոզիչ արտորանքը

Ասկէ՝ հարցում.
– Ի՞նչ արդարացիութեամբ
– Ի՞նչ իրաւացիութեամբ
– Ի՞նչ հիմունքով
– Ի՞նչ չափանիշով

Ուրիշ հարցում.
– Որո՞ւն մտայղացումով
– Որո՞ւն համաձայնութեամբ
– Որո՞ւն գիտակցութեամբ
– Որո՞ւն խորհրդատուութեամբ

Անտարակոյս, երկքաղաքացիութիւնը, կարգ մը պետութիւններու համար, արտօնելի եւ ընդունելի տնօրինում մըն է, բայց, արդեօք ո՞րքան խոհեմ է, գէթ Լիբանանի պարագային, դիմել այս խորհրդաւոր նախաձեռնութեան, հոգ չէ թէ լիբանանցին «իմա՝ լիբանանահայը» այդ իրաւունքը ունենայ։

1975-ին, երբ քաղաքացիական պատերազմը սկիզբ առաւ Լիբանանի մէջ, լիբանանահայ կուսակցութիւնները որդեգրեցին դրական չէզոքութեան ողջունելի վարքագիծը, մերժելով կողմ դառնալ ու մերժելով եղբայրասպան կռիւներու ու քանդումներու մէջ մխրճուիլ։
Տեղական կողմերէն մէկուն պատասխանը չուշացաւ. «Բոպիկ եկած են, բոպիկ ալ իրենց երկիրը պիտի ղրկենք», ինչ որ սակայն, ոչ հայերը վախցուց, ոչ ալ հրաժարեցան իրենց անխախտ դիրքորոշումէն։

Ճիշդ է, թէ այդ կողմը յետագային ներողութիւն խնդրեց, բայց, մինչեւ օրս ոմանց մօտ չի պակսիր այդ տխուր, այլապէս դատապարտելի, մտածողութիւնը, հաւատալով «կամ պահանջելո՞վ» որ հայերը օր մը պիտի չուեն այս երկրէն, որովհետեւ, ըստ անոնց, անիկա «ժամանակաւոր» կամ «անցում»ի բնակավայր մըն է։

1992-ի Թաէֆի համաձայնագիրին, որ վերջ տուաւ ներլիբանանեան պատերազմին, լիբանանահայութիւնը նուաճում մը արձանագրեց, դասուելով որպէս եօթներորդ մեծագոյն համայնք, իսկ ատիկա քաղաքացիութեան ու հպատակութեան կառչած մնալու հաւատամք մըն էր, գրաւական մը։

Ինչո՞ւ այս արագ պատումը։

Հայաստան երբ քաղաքացիութիւն կը շնորհէ լիբանանահայուն կամ այս վերջինը դիմում կը ներկայացնէ, ատիկա կ'արձանագրուի Լիբանանի անցագրային իշխանութեան մօտ, որովհետեւ տուեալ անցագիրը պէտք է վաւերացուի անկէ։

Ասիկա մտածել չի՞ տար, պէտք չէ՞ր տար ու տայ, որ այս «շնորհում»ները օր մը կրնան նաեւ անբաղձալի վիճակներ ստեղծել կամ պարտադրել, նոյն այն հիւանդկախ արդարացումներով, թէ Լիբանանը «կամրջային» երկիր մըն է հայերուն համար։

Բաց աստի, Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպէ՞ս յականէ-անուանէ կը դիմեն այս քայլին ու քաղաքացիութիւն կը բաշխեն, որ առնուազն Լիբանանի իշխանութիւններուն համար կրնայ վարկաբեկող կամ վիրաւորական ըլլալ, իսկ ուրիշներու համար ալ՝ անհանդուրժելի։

Այսպիսի հապճեպ եւ անիրատես կարգադրութիւններու դիմելէ առաջ, ճիշդ չէ՞ր ըլլար որ կարծիքը առնուէր լիբանանահայ ազգային-քաղաքական-եկեղեցական վերին մարմիններուն, թէկուզ խորհրդակցական մասնակցութեամբ, քննելու անոնց անպատեհութիւններն ու առաւելութիւնները։

«Ամէն մարդ ազատ է», «ամէն մարդ ուզածը կրնայ ընել» ըսելով չի վերջանար նման լուրջ ու փշոտ հարց մը, ոչ ալ հայրենասիրութիւն ու զգացականութիւն խաղալով, մնաց որ՝ քաղաքացիութիւն ստացողներուն մեծ մասը Հայաստան իսկ չէ այցելած, նոյնիսկ Հայաստանը չի ճանչնար, բայց դիմած է այլուր ճամբորդելու «վիզա»ական կարելիութիւններէն օգտուելու։

Ուղղակի անհասկնալի է, որ հայրենի իշխանութիւնները ի՞նչ կ'օգտուին այս շնորհումներէն – հայրենասիրութիւն թէ՞ հայրենակցականութիւն, բայց «շնորհուող»ը ո՛չ Հայաստան հաստատուելու ծրագիր ունի, ո՛չ հոն աշխատանքի մը լծուելու, ո՛չ ալ երախտագիտութեամբ տոգորուելու։

Ի՞նչ է, ուրեմն, այս բոլորը տեղի կ'ունենան ցուցադրութեան կամ պերճանքի՞ համար։ Զուր վատնում մը արդարեւ։

Ի դէպ, կայ ընդունուած կարգ մը, որ կը կիրարկուի շատ մը երկիրներու մէջ. պատուոյ քաղաքացիութեան շնորհում՝ արժանաւորներու, վաստակաւորներու եւ երախտաւորներու, որոնք արժանի են համապատասխան գնահատումներու եւ մեծարումներու։

Միւս կողմէ, աւելի քան զարմանալի չէ՞ որ սփիւռքահայը այս ախորժակին մատնուած է, խճճուելու ու խուճապուելու աստիճան, փոխարէնը առանց լումա մը տալու հայրենիքին, հոն ներդրում մը կատարելու կամ օգտակարութեամբ մը հանդէս գալու, տակաւին ոմանք նոյնիսկ չգիտակցելով այդ անցագրին ազգային լիարժէքութեան նշանակութեան։

Անխուսափելի տեսանք այս հիմնահարցին անդրադառնալը, հեռու քննադատական ու ժխտողական դիտարկումներէ, որպէսզի լուսարձակի տակ պահուի անոր քաղաքական նրբութիւնը եւ ազգային հրատապութիւնը, եթէ լսող ու հասկցող կայ։

 
 

1 comment
  1. Ջերմագին ողջույններ Աղբաշյան ընկերոջս

    Պարույր ջան մեծ հաճույքով կը կարդամ հոդվածներդ, որոնց մեջ միշտ կա ուսանելի և լուրջ հայրենասիրական զգացմունքների ամբողջական մի հույլ որը իսկապես հոգեվիճակ է ոչ միայն Սփիւռքահայի այլ ավելի շատ Հայաստանում ապրող հայի համար: Ողջունում և ջերմագին բարեվներս. միշտ թող գրիչդ հատու լինի, ինչպես նշդարը հիվանդի համար;

Comments are closed.

You May Also Like

Մենք Ենք Տերը Մեր Երկրի…

Գարեգին Չուգասզյան, 168.am,  Երեւան, 8 Օգոստոս 2016   Տարբեր մերձքաղաքական շրջանակներ, տարիներ շարունակ, ինչ-ինչ մղումներից ելնելով, դավադրական տարբեր տեսությունների հիման…
Read More