«Քաղբանտարկեալ»ներու Փաթեթի Հետքերով

Պարոյր   Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ , 19 Մարտ 2018

Ցաւատանջ եւ ահագնացող արտագաղթէն ետք, խիստ կարեւոր հիմնահարց մըն է՝

«ՀԱՅ ՔԱՂԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ»ՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳը

Անշուշտ, բազմաթիւ այլ հրատապութիւններու կողքին, ինչպիսին են՝ երկրաշարժէն տուժածներու անօթեւանութիւնը, գործազրկութեան ու աղքատութեան անմխիթարութիւնը, ազատամարտիկներու անբարեկեցիկութիւնը, վերնախաւերու հարստահարումներու անզսպելիութիւնը, եւայլն, եւայլն, այս մէկը նոյնքան ահաւորութիւն մըն է, օրակարգային ըլլալու չափ հիմնաւորութեամբ:

Տարիներէ ի վեր, կ’իմանանք ու կը լսենք, կը կարդանք ու կը տեղեկանանք քաղաքական բանտարկեալներու մասին, որոնք մեղադրուած են հակապետական, հակաիշխանական ու հակակառավարական յանցանքներով կամ գործողութիւններով, որոնց համար պատժուած ու դատապարտուած են համապատասխան վճիռներով:

Պարոյր   Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ , 19 Մարտ 2018

Ցաւատանջ եւ ահագնացող արտագաղթէն ետք, խիստ կարեւոր հիմնահարց մըն է՝

«ՀԱՅ ՔԱՂԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ»ՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳը

Անշուշտ, բազմաթիւ այլ հրատապութիւններու կողքին, ինչպիսին են՝ երկրաշարժէն տուժածներու անօթեւանութիւնը, գործազրկութեան ու աղքատութեան անմխիթարութիւնը, ազատամարտիկներու անբարեկեցիկութիւնը, վերնախաւերու հարստահարումներու անզսպելիութիւնը, եւայլն, եւայլն, այս մէկը նոյնքան ահաւորութիւն մըն է, օրակարգային ըլլալու չափ հիմնաւորութեամբ:

Տարիներէ ի վեր, կ’իմանանք ու կը լսենք, կը կարդանք ու կը տեղեկանանք քաղաքական բանտարկեալներու մասին, որոնք մեղադրուած են հակապետական, հակաիշխանական ու հակակառավարական յանցանքներով կամ գործողութիւններով, որոնց համար պատժուած ու դատապարտուած են համապատասխան վճիռներով:

Բնական է, մեզ չեն հետաքրքրեր քրէական յանցագործներու ոճրային, աւազակային ու դաւաճանային արարքները, որոնք արժանի են խստագոյն պատժամիջոցներու, ատոնք ըլլալով ներպետական անխուսափելի ու հրամայական հրահանգներու արդիւնքներ:

Սակայն, մեզ կը մտահոգէ ու կը տագնապեցնէ, որպէս սփիւռքահայ դիտորդ ու հետեւորդ «քաղաքական բանտարկեալ» յորջորջումը, անուանումը կամ արտայայտութիւնը, երբ ոչ մէկ համոզիչ բացատրելիութիւն կամ տրամաբանելիութիւն կը մատուցուի ու կը ներկայացուի:

Քաղաքակա՞ն բանտարկեալներ, այո՛, կան բազմաթիւ երկիրներու մէջ, որոնք իրաւացի թէ ոչ, բանտախուցերու «բնակիչ»ներ են, որովհետեւ տիրող այս կամ վարչակարգը չի հանդուրժեր անոնց ընդդիմութիւնը եւ կամ՝ անոնք, իրենց սահմաններէն դուրս գալով, ապակայունութիւններու առիթ տուած են եւ անապահովութիւններ ստեղծած:

Մեր ակնարկութիւնը նման երեւոյթներու ուղղուած չէ, ոչ ալ՝ միջամտութեանց, այլ՝ Հայաստանի մէջ արգելափակուածներուն, որոնցմէ մաս մը, այսօր, շուրջ քսան տարիէ ի վեր (թերեւս աւելի՞), զնտաններու մէջ իր կեանքը կ’անցնէ (կը վայելէ՞…):

Բոլորիս ծանօթ է, որ անցնող երեք իշխանութիւններու ընթացքին, մանաւանդ նախագահական (կամ այլ) ստուգատեսներու առիթով, ահաբեկումներ եւ ոճիրներ գործուած են, օրինազանցութիւններ ու խառնակչութիւններ՝ արձանագրուած, յանցապարտութիւններ եւ անկարգապահութիւններ՝ գործադրուած, որոնք, բոլորն ալ, արժանի են դատական եւ իրաւական դատաքննութեան ու դատավճռութեան:

Սակայն, ո՞վ ըսաւ թէ՝ նման իրավիճակներու եւ ամբաստանութիւններու մէջ գտնուողներու մեծամասնութիւնը այդ «յանցագործ»ութեան մէջ կը գտնուի, երբ երկրին մէջ տիրող ու գործող իշխանական-քաղաքական գործընթացը միապետական է, ինքնիշխանական կամ ներկուսակցական, որուն դիմաց՝ կան ընդդիմութեան, հակամարտութեան եւ անընդունելիութեան կոչեր-փորձեր:

Չէ՞ որ նորժամանակեայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ջահակիրները կը ջատագովեն՝

– Ժողովրդավարութեան ընտրանքը
– Ժողովրդավարութեան կիրարկումը
– Ազատագործութեան կարեւորութիւնը
– Ազատախօսութեան անփոխարինելիութիւնը
– Ազատականութեան էականութիւնը

Չենք ըսեր, թէ վերոյիշեալները չկան կամ չեն գործադրուիր հայրենիքի մէջ, բայց, ո՜րքան գոհացուցիչ արդիւնաւէտութեամբ, բաւարար արտայայտչականութեամբ, ազատ անբռնազբօսիկութեամբ եւ անկաշկանդ գործունէութեամբ, երբ, բազմաթիւ մարզերէ ներս, ատոնք խոտոր կը համեմատին պայծառ իրականութեան հետ:

Լա՛ւ, եթէ ա՛յս է կողմնորոշումը նորանկախ Հայաստանի քաղաքականութեան կամ գործելաձեւին, ապա, ինչո՞ւ հակառակ ուղղութեամբ քայլեր կը նշմարուին, չըսելու համար, անարդարութիւններ կը դրսեւորուին այն բոլորին դէմ, որոնք, յանուն խօսքի, միտքի ու գրիչի ազատութեան, ձայն բարձրացուցին եւ արդիւնքը եղաւ՝ խոշտանգումներու, ձերբակալեալներու եւ ազատազրկումներու շարան մը:

Արդեօք նման դերակատարումներու (ամբաստանութիւններո՞ւ) մէջ գտնուողները, բոլո՞րն ալ ահաբեկիչներ, դաւադիրներ եւ յեղաշրջիկներ էին (եւ են), որոնք պէտք է ազատազրկուին եւ ցնոր տնօրինումներ «ապաստան» գտնեն արգելարաններու մէջ:

Եթէ «չակերտ»աւորներ պիտի չընդունին, որ այս մատնանշումները ճիշդ են կամ իրականութեան քիչ կը համապատասխանեն, հետաքրքրական է, ի՞նչ հիմունքի վրայ նման մօտեցումով կրնան տարուիլ, երբ՝ քաղաքական բանտարկեալները՝

– Կենդանի ներկայութիւն են
– Ցաւալի իրականութիւն
– Անընդունելի ազատազրկուածներ
– Անհամոզիչ ամբաստանեալներ
– Կամայական ձերբակալեալներ

Կը շեշտենք. մեր խօսքը չի վերաբերիր բոլորին, այլ բոլոր անոնց, որոնք տարիներէ ի վեր, «քաղաքական բանտարկեալ»ի անուան տակ, կը տուայտին ու կը գալարուին բանտախուցերու մէջ, քանի անոնց մեծ մասին «մեղք»ը եղած է քննադատել իշխող դասակարգի սանձարկութիւնները, դիմազերծել զանոնք, հաշուեպահանջել ու բարձրականչել, պարզապէս հաւատարիմ մնալու համար (չըլլալի՜ք ) ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, որոնց այնքան կառչած կը թուին ըլլալ այդ օրէնքներով գոռացող-պոռացող մունետիկները:

Չենք գիտեր, թէ հայրենի ժողովուրդը եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայութիւնը, այս առընչութեամբ ինչո՞ւ կրաւորական մակընթացութեան մէջ կը գտնուին եւ կամ՝ ինչո՞ւ յեղյեղուկ վիճակ մը կը ներկայացնեն:

Ասոնք ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ՝

– Պարտուողականութիւն
– Համակերպուածութիւն
– Անհոգութիւն – Անհետաքրքրութիւն
– Անտարբերութիւն

Սահմռկեցուցիչ են այս մօտեցումները, ԵՐԿՈՒ կողմերէն ալ, մանաւանդ՝ Սփիւռքէն, որուն բաղկացնող հատուածները, լռիկմնջիկ են, բայց, Հայաստան կ’երթան կը պատուըուին (շքանշաններու պարգեւատրումներով, համաժողովներու մասնակցութեամբ…), առանց անդրադառնալու այս (եւ նման) հարցերու անմիջականութեանց:

*****

Ո՛չ ոք առիթ կը փախցնէ քննադատելու ու դատապարտելու Թուրքիոյ մէջ գործուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները՝ «քաղաքական բանտարկեալ»ներու նկատմամբ, իսկ Հայաստանը ինչպէ՞ս կը բացատրէ այդ պարունակէն ներս իր դիրքորոշումը:

Ի հարկէ, մեր խօսքը չի վերաբերիր այն «քաղաքական բանտարկեալ»ներուն, որոնք ԻՍԿԱԿԱՆ այդպիսին են, այլ անոնց, որոնց ամբաստանագրութիւնը եւ ժամկէտութիւնը կը մնան «հաշուենկատային» եւ կամ՝ առնուա՛զն, «մշուշային»:

Գաղտնիք չէ, ներկայիս, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, բազմաթիւ են «քաղաքական բանտարկեալ»ները, բայց, արդեօ՞ք անոնց բոլորն ալ այդ պիտակի տակ պէտք է դիտել, թէ՞ ոչ՝ իշխանութեան պայքարի կամ իշխանութեան հասնելու (կամ տապալելո՞ւ) «զոհ»երու ցանկին մէջ զետեղել:

Մեր նպատակը երբեք չէ այս փաթեթին մէջ խորասուզուիլ կամ… խառնուիլ, բայց, կարելի չէ՞ հարցադրել կամ հետաքրքրուիլ, թէ՝ ինչո՞ւ այս մասին ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ չկայ, գոնէ՝ այնքանով որ Սփիւռքը եւ սփիւռքահայութիւնը իրազեկուին անոր իրաւացիական կամ իրապաշտական բնոյթին:

«Քաղբանտարկեալ»ներէն շատ օրինակներ կան, առաւել կամ նուազ Սփիւռքին ծանօթ, հետեւապէս, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ, երեք նախագահական շրջաններէն ի վեր, բանտախուցերուն մէջ «դեգերող»ներ կան, մինչ ուրիշներ սպառնալիքի տակ են հայրենիքէն արտաքսուելու կամ աքսորուելու:

Սփիւռքահայ հայրենասէրներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի ջե՜րմ կողմնակիցներ, դո՛ւք՝

– Ըսելիք (չ)ունի՞ք
– Կատարելիք (չ)ունի՞ք
– Միջամտելիք (չ)ունի՞ք
– Յիշեցնելիք (չ)ունի՞ք
– Զգաստացնելիք (չ)ունի՞ք

*****

Նոր նախագահական շրջան մը սկսած է, հետեւաբար, ինչպէս այլ հսկայական թղթածրարներու կողքին եւ, արդարօրէ՛ն, այս մէկը եւս կրնա՞յ գրաւել առաջնահերթ տեղ:

 

1 comment
  1. Սփույռքը (ոչ սփյուռքահայը)

    Սփույռքը (ոչ սփյուռքահայը) իր ակումբների, կուսակցությունների ու եկեղեցիների մեջ մեղմ ասած՝ խրախճանքի է ժանտախտի ժամանակ, իսկ Ձեր ասածը ցավոք՝ ձայն բառբառո հանապատի:

    Հ.Գ. Քաղբանտարկյալների թիվը արդեն 100-ին կմոտենա:

    Political Prisoners or Prisoners of Conscience: Some Clarifications

    Helsinki Citizens' Assembly Vanadzor Office

     

Comments are closed.

You May Also Like