Բարեկամներ, իրենց ցուցմունքներուն հետ միատեղ կը ներկայացնեն խնդրանքներ. «Երբ Մարաշ հասնիք, լաւ դիտեցէ’ք չորս դին, որպէսզի վերադարձին պատմէք:». « Երբ Այնթապէն անցնիք, նայեցէ’ք թէ մեր տան պատշգամը մերիններէն մէկը կա՞յ:». «Ծնողներս Ուրֆացի են, ինչպէս նաեւ ես. Ուրֆայի եկեղեցիին մէջ մոմ մը վառեցէ’ք իմ կողմէս:»
Տարբեր եւ հակասական կարծիքներ կան մեր «արկածախնդրութեան» մասին: Ոմանք կը գնահատեն եւ կը բնորոշեն զայն որպէս «ուխտագնացութիւն» , իսկ ուրիշներ սխալ կ՛որակեն մեր առած քայլը. պէտք չէ երթալ թշնամիին երկիրը:
Մօտ տասներեք ժամ կ՛անցընենք օթոպիւսին մէջ, մերթ ընդ մերթ դադար առնելով եւ կը հասնինք Ամիտա կամ Տիարպէքիր, հայկական Տիգրանակերտ քաղաքը: Այս երեք անուններու շփոթը փարատելու համար պէտք է ըսուի թէ, պատմական հին արձանագրութիւններուն մէջ քաղաքը կոչուած է Ամիդ կամ Ամիտա: Հետագային՝ արաբական տիրապետութեան շրջանին, կոչուած է Տիարպէքիր, իսկ հայերս, ազգային զգացումներէ մղուած, Տիգրիս գետի ափին գտնուող այս քաղաքը կոչած ենք Տիգրանակերտ, Մեծն Տիգրանի վերագրելով անոր շինութիւնը:
Տիարպէքիրի մուտքին ցուցատախտատը կու տայ բնակչութեան թիւը. ութ հարիւր քառասուն հազար: Առաջին ակնարկով կը նկատենք թէ քաղաքի կեդրոնը տանող պողոտաները լայն եւ մաքուր են: Ինքնաշարժներ կը հետեւին երթեւեկի կանոններուն, իսկ ոստիկան գրեթէ չենք տեսներ:
Յուլիսի վերջին շաբթուան ընթացքին ջերմաստիճանը ցոյց կու տայ 44 աստիճան: Երկինքէն կրակ է որ կը տեղայ ամբողջ քաղաքին վրայ: Այսպէ՞ս էր արդեօք նաեւ անցեալին, երբ քաղաքին քառասուն հազար հաշուող բնակչութեան մօտ կէսը մեր հայրենակիցներն էին: Վստահաբար, նոյն հեղձուցիչ տաքը կը ստիպէր տիգրանակերտցիներուն, հովոց մը գտնելու նպատակաւ երթալու Տիգրիս գետի ափի պարտէզները, տասը աչքանի նշանաւոր կամուրջին տակ:
Հին քաղաք տանող մայր պողոտայի երկու կողմերուն, զովացուցիչ եւ «այրան»՝ թան ծախողները, փրփրոտ գաւաթը կ՛երկարեն յաճախորդներուն: Պողոտան տեղ մը կը լայննայ, փոքր հրապարակ մը ստեղծելով «Ուլու Ճամի»-ի՝ մեծ մզկիթին հրապարակը: Կամարաձեւ մուտքերով մզկիթը ենթադրել կու տայ թէ քրիստոնէական աղօթատեղի մը եղած ըլլալու է անցեալին: Այո, ճիշդ կը կռահենք. պարտադիր կրօնափոխութեան ենթարկուած հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին է, որ 1517 –ին վերածուած է մզկիթի:Պանդոկ մը ընտրելու համար կարելի եղածին չափ կը մօտենանք պարսպապատ հին քաղաքին ուր կը գտնուին հայկական սրբավայրերը եւ նախկին հայկական թաղամասերը:
Ս. Կիրակոս եկեղեցին պէտք չէ այս վայրէն հեռու ըլլայ, կ՛եզրակացնենք: Շուկայի խանութպաններուն կը հարցնենք նորոգութեան մէջ եղող հայկական եկեղեցիին, Կիրակոս, «էրմէնի քիլիսա»ին մասին: Այո, լսած են եւ ցուցամատները կ՛ուղղուին շուկայի ներքին նեղ եւ աղքատ թաղամասերը: Անցեալին, քաղաքին այս թաղամասը կոչուած է «կէվուր մահալլէսի», այսինքն անհաւատներու թաղ: Սուլթան Մէճիտի եւ Սուլթան Ազիզի օրերուն, 19-րդ դարու կէսերուն, բարեկարգչական հրամանագրերով «կէվուր» նախատական արտայայտութեան գործածութիւնը կ՛արգիլուէր, յանձնարարելով « խրիստիան» կամ «էրմէնի» բառերը. սակայն հետագային՝ 1895-ին, երբ հայեր ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն յարձակող խուժանին դեմ, թաղամասը դարձեալ կը կոչուի «կէվուր մահալլէսի»:
Այս նեղ ու համեստ փողոցներուն մէջ տիգրանակերտցիներ «պէշիկ քէսմէ» -ով՝ օրօրոցին մէջէն իսկ նշանելով նորածինները, կրցած են պահել իրենց ուրոյն հաւաքական կեանքը: Հոս է, որ երկա՜ր, շատ երկար ժամանակ խօսած ու զարգացուցած են իրենց իւրայատուկ բարբառը: Այս թաղերու մասին է, որ հանրածանօթ արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանը գրած է իր «Կէվուր մահալէսի», հայրենի կեանքէն առնուած պատմուածքներու հաւաքածոն: Այստեղ է որ հայեր եւ տեղացի քիւրտ, թուրք, ասորի համաքաղաքացիներ համերաշխօրէն ապրած են մինչեւ ջարդի եւ տեղահանութեան տխուր թուականը, երբ քաղաքի եւ Տիարպէքիր նահանգի մօտ 150 հազար հայ բնակչութենէն շատ քիչեր փրկուած են:
Անցեալին, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, Տիարպէքիր կ՛աքսորուէին այլախոհներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ, մասնաւորաբար պուլկար եւ հայ ծագումով: Մեծ եղեռնի օրերուն Օսմանեան խորհրդարանի երկու ականաւոր անդամներ՝ Վարդգէս եւ Գրիգոր Զօհրապ, Պոլսէն կալանաւոր ճամբայ հանուած էին դէպի Տիարպէքիր դատուելու, սակայն Ուրֆայէն դուրս՝ Սեւերէկի մէջ, Շէյթան Տէրէսի կոչուած ամայի վայրի մը մէջ դաւադրաբար սպաննուած էին:
Այդ օրերուն մօտ քառասուն հազար հաշուող քաղաքին բնակչութեան կէսը թուրքեր եւ քիւրտեր էին, իսկ մնացեալը՝ երեք յարանուանութեանց պատկանող հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ, ուղղափառ յոյներ, հրէաներ: Ներկայիս,բոլոր բնակիչները քիւրտ են: Մէկ խօսքով Տիարպէքիրը կը սեպուի Քիւրտիստանի «մայրաքաղաքը»:
Նեղ փողոցները ուր քիւրտ տղաք հոլ կը նետեն, աղտոտ են: Թէեւ ծեփուած եւ ներկուած տուներ կան, սակայն անոնց կողքին կան նաեւ անտաշ սեւ քարերով շինուած հին տուներ, ոմանք կիսափուլ եւ անմարդաբնակ, ուրիշներ՝ բնակուած: Հին տուներու բոլոր մուտքերը ցած են, մարդու կէս հասակով. փողոցէն տուն մարդիկ կորացած պէտք է մտնեն: Հին ժամանակ, ենիչէրիներու օրերուն, տիգրանակերտցիներ հնարամտութիւնը ունեցած էին իրենց տան մուտքը հասակէ ցած շինելու որպէսզի ազատէին կողոպուտէ: Ենիչէրիներ սանձարաձակ կը մտնէին քրիստոնեաներու տուները՝ կողոպտելու նպատակով: Եւ որովհետեւ ենիչէրի զինեալը տեւապէս նստած կ՛ըլլար իր ձիուն վրայ եւ չէր ուզեր իր ձին փողոց ձգել, անկարող կ՛ըլլար մտնելու տիգրանակերտցիներուն տուները: Ահաւասիկ անշուք երկաթէ դուռ մը, որու վրայ մելանէ հաստ գրիչով մը գրուած է «Apo»:
Ցուցատախտակը կը նշէ. « Ս. Կիրակոս եկեղեցի»: Ներսը՝ եկեղեցիին գաւիթը, քարկոփներ, հակած իրենց աշխատանքին, կը ձեւաւորեն եւ կը տաշեն զանազան չափի քարեր, Տիարպէքիրի նշանաւոր սեւ քարերը: Սեւ պազալտ քարը տիրական է Տիարպէքիրի հին քաղաքի բոլոր կրօնատեղիներուն, հին տուներուն եւ ճամբաներուն մէջ : Վերակացուէն յատուկ արտօնութեամբ մը կը մտնենք եկեղեցիէն ներս. երիտասարդներ, տենդագին աշխատանքի մէջ են շինարարութիւնն ու նորոգութիւնները ամբողջացնելու օծման պաշտօնական արարողութենէն առաջ: Փորագրիչ մը, խորաններուն վրայ զետեղուելիք գաճէ հրեշտակներ կը պատրաստէ: Շաղախ պատրաստողներ եւ ծեփողներ կ՛աշխատին այլ տեղ մը :Ս. Կիրակոսի եօթը խորանները՝ մկրտութիւն, դրոշմ, ապաշխարհութիւն, սուրբ հաղորդութիւն, ձեռնադրութիւն, պսակ եւ ամուսնութիւն եւ կարգ հիւանդաց, կը ստանան նորոգութեան վերջին դրոշմը: Եկեղեցիին թէ արտաքին եւ թէ ներքին կառուցուածքին մէջ կամարները շատ ցայտուն ներկայութիւն են: Ներքին սլացիկ սիւները կամարներ շալկած եւ իւրայատուկ ձեւով մը շարուած, կը կրեն բեռը այս հսկայական կառոյցին, որ կրնայ ընդունիլ մինչեւ երեք հազար հաւատացեալներ: Եկեղեցին ունի չորս դռներ, չորս աւետարանիչներու՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի անուններով: Ս. Կիրակոսը գմբէթ չէ ունեցած անցեալին, հետեւաբար նոյն ձեւով ալ պիտի նորոգուի: Շինարարութեան ընթացքը ոգեւորիչ է: Հայեր ալ կա՞ն արդեօք աշխատաւորներուն մէջ. պատասխանը ո’չ է:
Նորոգութեան պատասխանատու վերակացուն բացատրութիւն կու տայ աշխատանքներուն մասին եւ կ՛ըսէ թէ հին նկարներ կը գործածեն որպէս յատակագիծ: Շինարարական եւ նորոգութեան աշխատանքներու տեսարանը անխուասփելիօրէն կը զարգացնէ հետեւեալ միտքը. «իրենք քանդեցին, իրենք ալ թող նորոգեն:» Իսկ խաչը, այո խաչը պիտի զետեղու՞ի զանգակատան վրայ: Չըլլա՞յ թէ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին օրինակը կրկնուի: Չէ’, խաչը անպայմա’ն զետեղուած պիտի ըլլայ օծման օրը:
Տիգրանակերտի կլոր եւ պարսպապատ հին քաղաքին մէջ մզկիթի վերածուած են հայկական եկեղեցիներէն շատերը՝ Ս. Թէոդորոսը, Ս. Գէորգը, Ս. Երրորդութիւնը, Ս. Յովհաննէսը: Ս. Թէոդորոսին համար կը պատմուի հետեւեալը. տասնվեցերորդ դարու սկիզբնաւորութեան, սուլթանական ընտանիքէն արքայազուն մը կ’ացելէ Տիարպէքիր: Ան կը հրապուրուի քաղաքով եւ կ՛որոշէ անպայման մզկիթ մը կառուցել՝ առանց սակայն իւրացնելու ժողովուրդին կամ եկեղեցիին պատկանող կալուած մը: Որպէսզի իր որոշման մէջ արդար ըլլար, ան նետի մը ծայրը կարմիր կտոր մը կապած եւ աչքերը գոց՝ կ՛արձակէ զայն՝ յայտարարելով, թէ ուր որ իյնար, այդ վայրին մէջ է որ պիտի կառուցէր մզկիթը, իսկ նետը գտնողին կը խոստանար պարկ մը ոսկի:
Օրեր կ՛անցնին, եւ ոչ ոք կը ներկայանայ իշխանին, իր հետ բերելով կարմիր ժապաւէնով սլաքը: Ժամանակ մը ետք Ս. Թէոդորոս վանքի վարդապետներէն մէկը կ՛ելլէ աւանդատան տանիքը եւ հոն կը գտնէ իշխանին արձակած նետը: Պարկ մը ոսկին ստանալու եւ անմիջապէս հարստանալու կարելիութենէն մղուած՝ սլաքը կը պահէ վերարկուին տակ եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու կը ներկայանայ իշխանին: Վերջինս երբ կ՛իմանայ եղելութիւնը, մտատանջութեան կը մատնուի, որովհետեւ պիտի չուզէր անարդար որոշումով մը իւրացնել եւ գրաւել այլ համայնքի մը պատկանող աղօթավայր մը: Սակայն որոշումը տուած էր եւ չէր կրնար բեկանել զայն: Արդ՝ կը հրամայէ ծառաներուն որպէսզի ոսկիները բերեն եւ լեցնեն պարկի մը մէջ: Այդ միջոցին, որպէսզի խոստացուած վարձատրութենէն աւելիին տիրանար, ընչաքաղց վարդապետը կը սկսի ըսել, թէ ինք երկար ատենէ ի վեր կ՛ուզէր կրօնափոխ ըլլալ եւ ընդունիլ իշխանին կրօնքը, որովհետեւ այ’դ էր ճիշդ ուղին: Իշխանը անմիջապէս կ՛անդրադառնայ կղերականին կեղծ խօսքերուն եւ կ՛ըսէ: «Դուն դաւաճանեցիր քու կրօնքիդ ու եկեղեցիիդ, ուրեմն արժանի ես այլ բանի:» Ան կը հրամայէ իր պահակներուն կրօնքը ուրացող վարդապետը տանիլ հրապարակ եւ գլխատել, իսկ ոսկիներն ալ բաժնել աղքատներուն: Այդ օրէն սկսեալ եկեղեցին կը վերածուի մզկիթի եւ կը կոչուի «Քուրշունլը ճամի» կամ Ֆաթիհ փաշա մզկիթ:
Կոկիկ եւ մաքուր վիճակի մը մէջ է բողոքականաց եկեղեցին: Արդեօք կը գործածուի՞ որպէս աղօթատեղի: Ո’չ, ներկայիս ան վերածուած է գորգի եւ կարպետի աշխատանոցի, ուր քիւրտ մանկամարդուհիներ պատասխանատուի մը հսկողութեամբ արհեստ կը սորվին:
Երկար թափառելէ ետք կը գտնենք հետքը Ս. Սարգիս եկեղեցիին, որ հին պալատ մը յիշեցնող կառոյց մըն է. լքուած եւ ամայի վիճակի մէջ: Շրջանի բնակիչները գաղափար իսկ չունին թէ ի՞նչ տեսակի կառոյց մըն է այդ, մանաւանդ որ ամբողջութեամբ տարբեր է մօտակայ բնակարաններէն: Կ՛ուզենք հասկցնել իրենց թէ աղօթատեղի մը եղած է անցեալին՝ «էրմէնի քիլիսա», հայկական եկեղեցի. բայց, ըստ երեւոյթին այդքան ալ հետաքրքրուած չեն տրուած տեղեկութիւններով:
Ուրեմն, Տիարպէքիր քաղաքին եւ նահանգին 11 հայկական եկեղեցիներէն մնացած են միայն այս մի քանին:
Հինէն ի վեր նշանաւոր եղած է Տիգրիսի ափերուն ցանուած Տիարպէքիրի ձմերուկը: Իսկ թէ ու՞րկէ եկած է ձմերուկի մշակումը. կը պատմուի հետեւեալը. ժամանակին, Ամիտայի իշխաններէն մէկը, իր ապարանքի պատուհանէն դուրս դիտած ատեն, կը նկատէ մեծ օձ մը, որ կը սողայ դիմացի բաղնիքին գմբէթին վրայ գտնուող արագիլներուն բոյնին շուրջ, որպէսզի ուտէ ձագերը: Վրայ կը հասնի մայր արագիլը եւ իր «կապ-կապ» աղաղակներով կռուի կը բռնուի օձին հետ: Իշխանը երբ կը տեսնէ թէ օձը իր նպատակին հասնելու վրայ է, կը հրահանգէ իր հետեւորդներուն որպէսզի միջամտեն եւ ազատեն արագիլները: Օձը կը սպաննուի եւ արագիլները կը փրկուին: Աշնան, երբ օդը կը պաղի, արագիլները կը չուեն հարաւ, դէպի տաք երկիրներ: Գարնան եւ սովորաբար Տեառնընդառաջ տօնին, փետրուար 14 –ին, արագիլները կը վերադառնան: Իսկ օձէն փրկուած արագիլները, որպէս երախտագիտութեան նշան, իրենց կտուցներուն մէջ պինդ բռնած կը բերեն սեւ հունտեր եւ զանոնք կը ձգեն իշխանին ապարանքին բակը: Գարնան կը ցանուին այդ հունտերը, եւ ամրան տաք եղանակին անոնք կու տան կլոր, հաւկթաձեւ, դուրսը կանաչ, մէջը կարմիր, համեղ պտուղներ: Այս գմբէթանման տեսքով հին բաղնիքը, ներկայիս վերածուած է վաճառատուներու՝ պահելով հանդերձ արտաքին տեսքը, իսկ բարի արագիլները, ելեքտրական սիւներու վրայ կամ բարձր շէնքերու կտուրը հաստատած, իրենց բոյներէն աչալուրջ «կը հսկեն» քաղաքի անցուդարձերուն:
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ «թաքնուած» հայերու՝ քրտացած կամ իսլամացած, բացայայտումը: Արդեօք իրենց մեկուսացումէն դուրս պիտի գա՞ն յայտարարելու իրենց ինքնութիւնը: Վստահաբար այս պիտի ըլլայ օրուան մեծ անակնկալը: