Քեսապցիները Ինչպէս Երէկ, Նոյնպէս Այսօր

Թորոս Թորանեան, «Նոր Յառաջ», 8 Ապրիլ 2014

Օրերէ ի վեր, յելուզակային յարձակումի ենթարկուած է ողջ Քեսապահայութիւնը։ Վանտալական այս յարձակումին զոհ չերթալու համար, մեր հայրենակիցները, անոնց մեծ մասը շնչահատ հասած են Լաթաքիա, ուր Հայն ու տեղացին, պետութիւն ու ժողովուրդը տարագրեալները ընդունած ու ամէն միջոցի դիմած են որպէսզի տանելի պայմաններ ստեղծեն անոնց։

Ինչպէս երէկ, այսօր եւս թշնամին նոյնն էր՝ թուրք պետութիւնը։ Քեսապի Հայերը առաջին անգամը չէ, որ կ՚ենթարկուին նման զինեալ յարձակումի։

Թորոս Թորանեան, «Նոր Յառաջ», 8 Ապրիլ 2014

Օրերէ ի վեր, յելուզակային յարձակումի ենթարկուած է ողջ Քեսապահայութիւնը։ Վանտալական այս յարձակումին զոհ չերթալու համար, մեր հայրենակիցները, անոնց մեծ մասը շնչահատ հասած են Լաթաքիա, ուր Հայն ու տեղացին, պետութիւն ու ժողովուրդը տարագրեալները ընդունած ու ամէն միջոցի դիմած են որպէսզի տանելի պայմաններ ստեղծեն անոնց։

Ինչպէս երէկ, այսօր եւս թշնամին նոյնն էր՝ թուրք պետութիւնը։ Քեսապի Հայերը առաջին անգամը չէ, որ կ՚ենթարկուին նման զինեալ յարձակումի։

Քեսապի Հայերը իրենց պապիկներէն լսած են ցաւալի պատմութիւնները 1909 թուականի Ատանայի եւ շրջակայքի ջարդերուն։

Ատանայի ջարդի ալիքը հասած էր Քեսապ, շրջան ուր դարերով ապրած են Հայերը։ Յամառ ժողովուրդ է Քեսապի Հայը, փոթորիկի ժամանակ վիզը կը ծռէ, բայց փոթորիկէն ետք կը շտկէ իր իրանը որպէս պտղատու խնձորենի։

Աւելի վատ չեղա՞ւ Քեսապի հայութեան վիճակը Ցեղասպանութեան տարիներուն 1915 թուականին, երբ հազարաւոր Քեսապցիներ նահատակուեցան եաթաղանի տակ երբ մեր հայ գիւղացիք տարբեր ուղղութիւններով պարտադիր լքելով իրենց տունն ու այգին, իրենց պապերուն, սիրելիներուն գերեզմանները տարուեցան դէպի մահաստան՝ Տէր Զօրը կամ այլուր։

Փոթորիկը անցաւ դարձեալ ծանրածանր յուշեր թողելով ետին։ Բայց հայ Քեսապցին, մնացորդացը, վերադարձաւ իր տունը, իր այգին, փլատակները վերականգնեց, վերակառուցեց իր դպրոցն ու եկեղեցին, ծագող արեւին դիմաց երգեց իր Առաւօտ Լուսոն, ըսելու համար աշխարհին, մենք կը մնանք ու տակաւին պիտի շատնանք։

Եթէ երէկ, կրկնակի գաղթականութեան շրջանին, քեսապցի Հայը ամէն քայլափոխի կը հանդիպէր թշնամի եաթաղանին, տարբեր է այսօր երբ հայ Քեսապցին հասաւ Լաթաքիա, ուր զինք շրջապատեցին լաւ մարդիկ՝ հայ թէ արաբ, քրիստոնեայ թէ մահմետական։

Երէկի գաղթականութեան շրջանին մենք չունէինք ոեւէ պաշտպան։

Այսօր ունինք Ազատ ու Անկախ Հայաստան, որ իր պետականութեան ձայնը բարձրացուց յանուն Քեսապի հայութեան, նոյն ձայնը բարձրացաւ Սուրիոյ պետութենէն, նոյն ձայնը Ս. Էջմիածինէն ու Անթիլիասի կաթողիկոսութենէն ու աշխարհով մէկ ցրուած հայութենէն։

Քեսապցի Հայը զգաց թէ ինք մինակ չէ, զինք ընդունող ունի, թէ այս փոթորիկը եւս կ՚անցնի ու վերստին կը բացուի տունդարձի ճամբան, իր դարաւոր սրբութիւններուն ճամբան։

Եղերերգողներ չեն մեր հայրենակիցները՝ Քեսապի Հայերը, որոնք վստահ եմ, որ այս օրերուն երգի պիտի վերածեն Յովհաննէս Շիրազի մէկ բանաստեղծութիւնը եւ իրենց բոլոր ազատագրուած գիւղերուն մէջ պիտի երգեն.-

Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ։

Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ։

Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ։

Այս դաժան օրերուն այս է ոչ միայն Հայուն նախազգացումը, այլ հաւատքը՝ որ Վարուժանէն կուգայ.- որ գալիք գարուններու ոտնաձայները կը լսէ։

Քեսապցին արդէն կը զգայ ծաղկող նշենիներուն բուրմունքը։

Այո՛, Քեսապի հայութիւնը մինակ չէ՛։

1 comment
  1. Այո՛, Քեսապի հայութիւնը մինակ չէ՛։

    Արդեօք մինչեւ այս օր ի՞նչ օգնութիւն եղած է Քէսապահայերուն։

    Կարելի՞ է հաշուեյարդար կատարել հայ հասարակութեան ներկայացնելու հաւաքուած նիւթական օգնութեան գումարը։

    Մարդկային բարոյական գործնական ձեռնառութիւններու չափանիշը, մակարդակը։

    Համացանցի շնորհիւ, հետեւեցանք գործուած գազանութիւններուն։ Ինչպէս հարիւր տարի առաջ, բարեկիրթ կարծուած Արեւմուտքի անտարբերութեան եւ անհեռատես քաղաքականութեան զոհը դարձան բնաջնջուող փոքրամասնութիւններ, նոյն ահաւորութեան կը բախին այսօր յատկապէս քրիտոնեայ զանգուածը, տառապողներուն թողելով նախընտրութիւնը անձնասպանութեան կամ դաւանափոխութեան միչեւ, իրենց կեանքը փրկելու համար։

    Ցայսօր, հոգեցունց ոչ մէկ ձեռնարկ կատարուածի ստիպողականութեան համապատասխանող՝ կատարուած չէ։

    Ստորահաւաք աղերսելու համար,  որեւէ նպատակի չի ծառայեր։

    Որքան ՔԷՍԱՊԸ  երկրորդական նկատենք, այնքան անվերականգնելի պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը։ Ազգային հաւաքական խղճմտանքի հարց է։ Ու՞ր են եկեղեցաշէն բարերարները։ Կը սպասեն որ հաւատացեալները ոջնջացուի՞ն, որ իրենց աղօթավայր կառոյցները սգատօներու ծառայեն։

    1915ը պէտք չէ մոռնալ արթուն պահելու հաւաքական խղճմտանքը։
     

Comments are closed.

You May Also Like