Քերրի՝ Քեռի՞ ես Թէ՞… Գերի

Քաղաքական Քրոնիկ

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 14 Սեպտեմբեր 2013

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, յատկապէս Աֆղանիստան եւ Իրաք ներխուժումներէն ետք, աւելի քան անփառունակ է, ի տես իր խաղքութիւններու ու գայթակղութիւններու իրերայաջորդութեան։

Իրաքեան Արհաւիրք

Նոյնիսկ Պաղ պատերազմի տարիներուն, Ամերիկան այսքա՜ն այլակործան եւ այլանդակ քաղաքականութեան մէջ չէր մխրճուած, այսքա՜ն թշնամի ու հակառակորդ չէր շահած, այսքա՜ն շեղում եւ անկում չէր արձանագրած։

Քաղաքական Քրոնիկ

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 14 Սեպտեմբեր 2013

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, յատկապէս Աֆղանիստան եւ Իրաք ներխուժումներէն ետք, աւելի քան անփառունակ է, ի տես իր խաղքութիւններու ու գայթակղութիւններու իրերայաջորդութեան։

Իրաքեան Արհաւիրք

Նոյնիսկ Պաղ պատերազմի տարիներուն, Ամերիկան այսքա՜ն այլակործան եւ այլանդակ քաղաքականութեան մէջ չէր մխրճուած, այսքա՜ն թշնամի ու հակառակորդ չէր շահած, այսքա՜ն շեղում եւ անկում չէր արձանագրած։

Վատայուշ նախագահ կրտսեր Պուշը, որ Ամերիկայի նախագահներու պատմութեան մէջ, իր «ուղեղային» մակարդակով ամենէն ցածը եղած է, ոչ միայն ամերիկացիներուն, այլեւ՝ աշխարհի համար դարձաւ պատուհաս մը։

Հայաստանցիները կ'ըսեն. «ո՛չ խելք ունի, ո՛չ էլ մեղք», երբ կ'ակնարկեն դատարկապորտի մը, պատեհապաշտի մը կամ արկածախնդիրի մը։

Պուշի պարագային, ճիշդ է, խելք չունէր, բայց մեղք… որքան որ կ'ուզուի, որովհետեւ ո՛չ խելքի, ո՛չ ալ մեղքի հասկացողութիւն ունէր, իսկ զինք շահագործողները, իր ունայնամտութիւնը լաւ ճանչնալով, մերթ այս, մերթ այն կողմ հրեցին զինք, իսկ ինք այդ բոլոր հարա-հրոցներուն համակերպեցաւ։

Ասոնց գլխաւոր փաստը Իրաք ներխուժումն էր, հակառակ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդդիմութեան, որուն ո՛չ լսեց, ո՛չ ալ կարեւորութիւն տուաւ, որովհետեւ խարդախ վարչակարգը ատիկա կ'ուզէր, իսկ ամէն ինչէն «պէխապար»ը, որոշեց  (իբր թէ)  Իրաքը ձերբազատել հիւլէական-կորիզային-քիմիական զանգուածային զէնքերէն, հետեւաբար, նախագահ Սատտամ Հիւսէյնէն եւ անոր վարչակարգէն։

Ամերիկացի դարանակալ դիւանագիտութիւնը լաւ ուսումնասիրած էր իրաքեան թղթածրարը.

– Սատտամը մարդասպան ու բռնատէր էր, իր ժողովուրդին մեծամասնութենէն ատուած։

– Իրաքը Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհի ամենէն հզօր բանակը ունէր։

– Քուէյթ, Իրան եւ այլ կարգ մը երկիրներ, թշնամական վերաբերմունք ունէին Իրաքի հանդէպ։

– Իրաք (իմա՝ Սատտամ Հիւսէյն) օր մը կրնար բացայայտել Ուաշինկթընի այն խաղաթուղթերը, որոնցմով իրմէ պահանջուած էր Իրանը պատերազմական հաշուեյարդարի ենթարկել, զինք զինելով ամենէն արդիական եւ ազդու զինամթերքով։

– Իսրայէլին լուրջ սպառնալիք մըն էր եւ հրէական լոպպին կը ճնշէր իր վրայ։

– Նաֆթի ամենէն հարուստ եւ անսպառ աղբիւրը կը հանդիսանար։

Ուստի, Պուշը՝ «փուշտը եւ փամփուշտը» տրամաբանութեամբ (Հայր Անդրանիկ Կռանեանի այլ հորիզոնականի մը վրայ գրուած մէկ խորագիրը), արշաւեց Իրաք (յետոյ պոչիկ դարձնելով առ այդ մերժող Ֆրանսան) եւ ի՜նչ… ոչ մէկ մահասփիւռ զէնք գտնուեցաւ, իսկ Սատտամը «ռամատան»ի օրը կախաղան հանուեցաւ, վարկաբեկելով իսլամականութիւնը, իսկ այդ արարողութիւնը ցնցիչ էր, հոգ չէ թէ ան, իրօք, բռնակալ մըն էր, մինչ Իրաքի նաֆթային-մշակութային բոլոր աղբիւրները սեփականացուեցան ու թալանուեցան, առաւել՝ ահաւո՛րը, երկիրը մխրճուեցաւ անվերջանալի անապահովութեան ու վայրագութեան փոթորիկի մը մէջ, անխուսափելի բաժանելիութեան ու բզքտուածութեան իրավիճակով։

Այս Պուշ-փուշիկը պէտք էր դատուէր, ոչ միայն Իրաքի մէջ իր գործած ապիկարութիւններուն համար, այլեւ՝ եւ մասնաւորաբար, ամերիկացի անմեղ եւ խեղճուկրակ զինուորներու յումպէտս սպանութեան, որուն դիմաց, որդեկորոյս հէք ծնողներ, ոչի՜նչ կրցան ընել, բացի ողբալէ իրենց զաւակներուն անիմաստ եւ ցաւալի կորուստը։

Պարաք Օպաման, որ առաջին եւ երկրորդ պաշտօնաշրջանի մը համար նախագահ եղաւ, ուրիշ յուսախաբութիւն մը դարձաւ, հակառակ իր նկատմամբ որոշ համակրանքի ու հանդուրժողութեան տրամադրութեանց, երբ յաջորդաբար նոր ձախաւերութիւններու «պարտէզ»ներ բացաւ իր երկրէն ներս թէ Միջին Արեւելքի մէջ։

Մարդը շուարած էր. ներտնտեսութի՞ւնը թէ՞ արտքաղաքականութիւնը։

Կորսուած է ու կը փորձէ իր կորուսեալութիւնը փնտռել… արաբական աշխարհին մէջ, «արաբական գարուն»ներ ստեղծելով, դժբախտաբար, կարգ մը արաբական երկիրներու դատապարտելի մեղսակցութեամբ։

Արդի՞ւնք. անգամի մը համար ակնարկ նետենք արաբական աշխարհին վրայ, մանաւանդ անոնց, որոնք ամերիկեան դրածոներ եղած էին եւ են եւ այդ «գարուն»ներու «պըլըֆ»ին տակ անդամալոյծ ու հաշմուած են այսօր, ընդերկար այդպէս մնալու դատապարտուած ըլլալով։

Գահընկէց եղող Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք, որ շուրջ քառատասնեակ մը ծառայեց Ուաշինկթընի, մէկ օրէն միւսը զգետնուեցաւ եւ խուցային մահճակալին մէջ, համարձակեցաւ գոռալու. «Ամերիկան ամենէն մեծ սատանան է»։

Շատ ուշացած էր Մուպարաքը, որովհետեւ, ինչպէս այլ արաբական երկիրներ, իր հայրենիքն ալ կը տապլտկի շարունակուող անագորոյն ճակատագիրի մէջ, իսկ Օպամա եւ ընկերք կը դիտեն ու կը դիտե՜ն, վաղը ուրիշ որձեւէգ քաղաքականութիւն մը որդեգրելով այլուր (ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ պարագային)։

Այո՛, Օպաման, յուսադրելի ու խոստմնալի հովերով եկաւ, սակայն, այսօր, կը գտնուի ճիշդ հակառակ ուղղութեան վրայ, իսկ իր նախկին արտաքին գործոց նախարարուհին՝ Հիլարի Քլինթընը, միջազգային քաղաքականութեան մէջ անգէտ, անտեղեակ եւ խակ  մը, կարծեց «հրաշքներ» գործել, մանաւանդ Լիբանանի մէջ, իր օգնականներէն՝ Ամերիկայի նախկին դեսպան՝ տխրահռչակ Ճեֆրի Ֆելթմանի… «Ֆելթենութեան» խորհրդատուութեամբ, լիբանանցիները զիրար հակադրելով ու թշնամացնելով։

Այժմ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարն է Ճոն Քերրին, որուն նկատմամբ կար համապատասխան յուսալիութիւն եւ վստահութիւն, թէ իր նախորդներէն «բան մը» կը փոխէ, աւելի անաչառ, առարկայական եւ ուղղամիտ ըլլալու, յատկապէս անոր համար, որ շրջանին եւ անոր պատասխանատուներուն ծանօթ էր։

Միամիտ ու բարեմիտ ակնկալութիւն պիտի մտածեն շատեր, որովհետեւ Ամերիկայի պետական քարտուղար մը, չի կրնար այդ ձեւով մտածել ու գործել, քանի «ռիմոթ-քոնթրոլ»ները իր ձեռքը չեն, այլ՝ Փենթակոնին, այլեւ՝ հրէական լոպպիին։

Ինչո՞ւ այս մատնանշումները, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ ամերիկեան արտաքին ռազմաքաղաքականութիւնը, եթէ ոչ սխալ, բայց անպայմանօրէն ձախողած ու ձախողելի ընթացքի մէջ է, վկայութեամբը՝ նոյնինքն ամերիկեան մետիայէն վերլուծումներու ու մեկնաբանութիւններու։

Արաբական աշխարհին համար, արդեօք ամօթանք չէ՞ր Օպամային այն յայտարարութիւնը, զոր կատարեց քանի մը ամիս առաջ Թել Աւիւի մէջ, Իսրայէլի լորձնաշուրթն գովքը հիւսելով, այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ ամբողջ արաբները «հէ՜չ» են, իսկ հրեաները՝ «սուրբ», ապա, Սուրիոյ վրայ ամերիկեա (հաւանական) յարձակումը նկատեց… մարդասիրութիւն։

Այս անհեթեթութիւնը մե՜նծ ամօթամանք մըն է մարդկութեան երեսին շպրտուած, երբ գերհզօր պետութեան մը ղեկավարը անմեղ բնակչութիւն ռմբակոծելու սպառնալիք կ'արձակէ, նախագահ մը եւ անոր վարչակարգը պատժելու սին պատրուակով։

Մինչ (դեմոկրա՞տ) Ֆրանսան, իր անհանդուրժելի նախագահով, կը յոխորտայ զէնք ղրկել ահաբեկչական վոհմակներու, որպէսզի արաբ ժողովուրդ ջարդեն ու մորթեն, ընդհուպ՝ քրիստոնեաներ, իսկ ինք, առանց խպնելու ու փրոթոքոլային աննախընթաց սայթաքումով, «Էլիզէ» պալատին մէջ կ'ընդունի, այսպէս ըսուած սուրիացի «ընդդիմադիր փխրուն» ղեկավարներ։

Այս ալ այն Ֆրանսան է, որ արեւելքի քրիստոնեաներուն… պաշտպանն է։ (Ականջը խօսի հայութեան, որ եւրոպական այս քաղաքակի՜րթ օրրաններէն ի՜նչ դառնութիւններ չէ ճաշակած)։

Աւելին՝ այս թոհուբոհին մէջ, յաւակնոտ Քերրին, աստ ու անդ կը շրջի, պատերազմական ղօղանջներ հնչեցնելով, արեւմուտքի ԱՆՄԻՏ ղեկավարներ գրպանելով եւ կարգ մը ՍՏՐԿԱՄԻՏ արաբ իշխանութիւններ դարպասելով, ի ծառայութիւն հրէական-իսրայէլեան անյագ  ախորժակներու։

Եթէ ամերիկեան (եւ այլ գերպետութիւններու) ռազմաքաքականութիւնը՝ շահագործելու ու նուաճելու, ստրկացնելու ու գերեվարելու բռնատիրական ոճն է, ապա ուղղակի զարմանալի է արաբական որոշ կողմերու համակերպութիւնն ու հնազանդութիւնը այդ ոտնձգութիւններուն, արաբականութիւնն ու արաբական աշխարհը ջլատելու, կարծելով թէ իրենք բացառուած պիտի ըլլան, յետագային, այդ «դաշնակից»ներու հարուածներէն…։

Իսկ Պրն. Քերրին, որ յաւակնութիւնը ունի տակաւին (օր մը) նախագահ դառնալու, ի՞նչ ձեւով կ'ուզէ իր հեղինակութիւնն ու ժողովրդականութիւնը պահել, երբ իր երէկուան շինիչ կեցուածքները կը փոխարինէ կոշտ վարքագիծերով, առաւել՝ իր անհաճոյ «պոյ»ը ցուցադրելով արաբական ոստաններուն մէջ։

***

Հայութեան եւ Հայ Դատին նպաստաւոր ու զօրավիգ վերաբերմունք ունեցող Քերրին, բարձրագոյն դիրքի մը հասնելով, կիրքի վերածեց զայն, նախ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ընդունման կամ ճանաչման գծով որդեգրելով, մեղմ ըսած, մշուշոտ մօտեցում մը, իսկ արաբական աշխարհը վերածելով իր «այգի»ին։

Ահա թէ ինչո՞ւ կը հարցնենք.

ՔԵՐՐԻ՛՝ ՔԵՌԻ՞ ԵՍ ԹԷ՞ ԳԵՐԻ։

Բայց, հետաքրքրական է, մարդ ինչպէ՞ս քեռի կրնայ ըլլալ, երբ կայ գերի դառնալու ապաշնորհ պարտաւորութիւնը…։

Նկարներ.- Որո՞նք անցած են հոստեղերէն…

 

 

 

2 comments
  1. Kerry is Not a Քեռի

    This article reminded me of the following: Decades ago the aspiring freedom fighter Roupen Minassian had his first exposure to reality under the command of Nicol Touman, the legendary freedom fighter who committed suicide at the age of 47 when he found out that he could no longer be given command because of his poor health. Should one see their group picture, he would note a young man at the far right of the group posed, as if tossing a hand grenade. It’s young Roupen living out to his fantasy but also on his way to learn the realities of the fight for freedom, which he would recount in his four-volume memoirs “The Memoires of a Freedom Fighter”.

    Once Roupen was riding his horse along with Touman and “lecturing” Nicol on social inequalities, of peoples' rights, etc. After hearing the young man for some time, the battle-hardened Touman offered him his simple philosophy with the following analogy that rhymes well in Armenian. He said the world is much like the blubber of a sheep’s behind –tmag–and men are the knives–tanag.Those who can cut the tmag with their tanag can have their share.

    Since he was elected president, we have been chastising Obama for not keeping his promise to recognize the Genocide of Armenians in plain English. Baruyr Aghbashian appears to have added Obama's Secretary of State, John Kerry, on the bashing list. In the article Baruyr has played on the sound of the secretary’s name, in Armenian, to ridicule the supposedly pro-Armenian Kerry from Massachusetts who turns out to be not that pro, after all, when he starts playing a different ball game in a much bigger league. 

    It’s futile for us to fill the pages of our Armenian mass media with such lamentation, whether it's  regarding Obama or Kerry. If anything, our grievances should be directed to them wherever they can be effective, but not in our mass media and to us. Our influence has taken us thus far with Kerry or Obama, but not far enough for the moment.

    Our mass media should be the forum for us to find ways and means to go on with our communal life, attend to our diverse and challenging needs, and explore ways and means to be lawfully more effective on the world stage. As sad as it is, if we are to depend on the sentimental good will of others, we will continue to be disappointed.

    Why would we have expected Kerry to be a Քեռի (uncle) to us?

  2. Քեռի թէ գիրիիիի

    Սքանչելի է սիրելի ընկեր Աղպաշեան,

    Շատ ցաւալի վիճակ ու քաղաքականութիւն: Տեսնենք ուր պիտի հասնի Այս Ամերիկան:

Comments are closed.

You May Also Like