Քըրք Քըրքորեանի Արցունքը

Kirk Kirkorian

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան , Թորոնթօ, 14 Մայիս 2016

Kirk KirkorianՀայրենի «ԿԵՆՏՐՈՆ» հեռատեսիլի կայանէն տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ամերիկահայ ծանօթ հասարակական գործիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան, որ կը վարէր միլիառատէր հայ բա­րերար Քըրք Քըրքորեանի հիմնած «ԼԻՆՍԻ» բարեսիրական հաստատութեան հայկական բաժնի տնօ­րէնի պաշտօնը, պատմեց թէ ինչպէ՛ս նշմարած էր արցունք Քըրքորեանի աչքերուն մէջ, երբ ան առա­ջին անգամ ոտք կը կոխէր հայրենի հողին վրայ։ Այդ ազգային համեստ բարերարը, որ առանց ֆան­ֆարի տուած էր հարիւր միլիոն ամերիկեան տոլար Հայաստանի ճամբաներու նորոգութեան եւ շինա­րարութեան համար եւ արդարօրէն արժանի դարձած էր ազգային հերոս կոչումին ու պատուին, ըստ Սասունեանի, որ ճանչցած էր Քըրքորեանը երկա՜ր տարիներ, իր ներկայութեան երբեք այդքան յուզ­ուած չէր եղած։

Քըրքորեան, որ պողպատեայ վճռակամութեամբ եւ զօրաւոր նկարագրով յաղթահա­րած էր ամէն տեսակի դժուարութիւն Ամերիկայի պէս կռփամարտ պահանջող բեմի եւ հարթակի վրայ, հայրենի հողին վրայ վար դրած իր զրահները` դարձած  էր կարծէք մանուկ իր մօր գրկին մէջ։ Եւ պատասխան տալով հարցումի մը, թէ Քըրքորեան իր կտակին մէջ բան մը թողա՞ծ էր Հայաստանին ու հայութեան, Սասունեան ըսաւ, որ դատական եւ օրինական (probate) հարցերու լուծումէն ետք, կտա­կակատարը, որ լաւ գիտէ Քըրքորեանի ազգային շունչն ու ոգին, անկասկած որ ժառանգը բաժնած ա­տեն նկատի պիտի առնէր անկէ մեծ բաժին հանելու յօգուտ հայութեան եւ Հայաստանի։

Քըրք Քըրքորեանի արցունքը հայրենի հողին վրայ ունի խորհրդանշական իմաստ։

«Որեւէ անձ իր երկրէն ու հայրենիքէն աւելի մեծ եւ կարեւոր չի կրնար ըլլալ», ըսած էր ժամա­նա­կին Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, հակառակ անոր որ ոմանք զինք կը նկա­տէին Լիբանանի տնտեսութեան ու դրամանիշի ապահովագրողը իր ունեցած հսկայ հարստութեան եւ ամուր միջազգային կապերուն շնորհիւ։ Նոյնպէս ալ, Քըրք Քըրքորեանը, Մեծն Ամերիկան «գրաւող» միլիառատէր այդ մեծ հայը, հայրենի հողին վրայ իր արցունքոտ աչքերով ցոյց կու տար, թէ հայը որ­քան ալ իրեն պէս մեծ ըլլայ ու կարեւոր, չի կրնար ըլլալ աւելի մեծ ու կարեւոր իր երկրէն կամ հայրե­նի­քէն։

Քըրքորեանի արցունքը եւ իրեն պէս միլիոնաւոր սփիւռքահայերու արցունքները որ կը հոսին հայ­րենի հողին վրայ ոտք կոխելով, պէտք է հասկնալ որպէս աղբիւր ու գետ զոհաբերութեան եւ մա­տուցումի, որ պատրաստ է յագեցնելու հայրենի ժողովուրդի յառաջ ընթանալու ծարաւը եւ ոռոգելու ու ծաղկեցնելու մեր հայրենի համեստ ու խեղճ գիւղերը։ Հայաստանի մեր ժողովուրդն ալ լեցուն է կեն­սու­ժով եւ յաջողելու կարելիութիւններով։ Պատճառ չկայ որ երկու կողմերու կարելիութիւնները չօգ­տա­գործուին եւ միասնաբար գործի չլծուին` որպէսզի ունենանք իսկապէս ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ այն հնարարար-շինարար պետութիւնը, որուն համար, որուն շուրջ եւ որուն առջեւ պիտի գան խոնարհե­լու մեր բարեկամներն ու թշնամիները։

Վստահաբար մեզմէ շատեր որոնք ապրած են Երրորդ Աշխարհ կոչուող թերաճ երկիրներու մէջ, ցաւով տեսած են ու ականատես դարձած հանքային ու ոչ-հանքային աղբիւրներու եւ ակերու վատ­նու­մը եւ դէպի անօգուտ սպառում հոսող անոնց ընթացքը։ Հայաստան թէեւ կը պատկանի Երրորդ Աշ­խարհի տնտեսական ընտանիքին, ունի տարբեր ընթացքի մը հետեւելու կարելիութիւնը, որովհետեւ ունի լեռ ճեղքելու փորձառութիւն (Արփա-Սեւան փապուղի) սովետական շրջանէն եւ ունի նաեւ ուրի­շին նախանձը շարժող սփիւռքեան ուժ ու կորով։ Քըրքորեանի նմանները շատ են Հայ Սփիւռքի մէջ եւ կարելիութիւններով լեցուն, որոնք խառնուելով հայրենի ժողովուրդի բնազդային կարողութեան ու նկա­րագրային տոկունութեան հետ, հրաշքներ կրնան գործել եւ Հայաստանը դարձնել թեթեւ ճար­տա­րարուեստի ու արդիական գիտութիւններու կեդրոն։

Կարելի չէ շարունակել նախկին վիճակով (status quo) Արցախի վերջին ճակատումէն ետք, որուն պատճառաւ բազմաթիւ զոհեր տրուեցան եւ մեր ինքնավստահութեան հիմերը խանգարուեցան։ Քըրք Քըրքորեանի արցունքը անցեալին` թող ըլլայ դաս եւ օրինակ մեր պատասխանատուներուն, որ իրեն նմաններուն հետ գործակցելու լաւագոյն ուղին ճիշդ ու ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն է, որ հայ մար­դուն կու տայ հայրենի հողին վրայ գործելու եւ ստեղծելու անկաշկանդ ու անսակարկ կարելիութիւն։ Այն ատեն, հայ բանակ ու զինուոր, օժտուած գիտական բարձր մակարդակով ձեռք բերուած զինուժով, պիտի արդարացնեն մեր «աջ զարկենք, ձախ զարկենք» ազգային երգին իմաստը եւ վերջ տան թշնա­միի ռազմական ախորժակին, փոխանակ մաշելու պաշտպանողական մարտերով ու պատերազմնե­րով։

You May Also Like