Քրիստոնեայ Տղաք Պահողներ Թաղապետին Յանձնեցէք

   «Այգըրը Տողրուլար»

Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան,  Պէյրութ, Յուլիս 2012

Շիրին ծնաւ եւ մեծցաւ Գերմանիոյ մէջ եւ կը կարծէր, որ ինք աղջիկն է ատըեամանցի քիւրտ հաճը Իպրահիմին: 12 տարեկանին պատահմամբ իմացաւ, որ հայրն ու մայրը իսկութեամբ հայ էին, եւ թէ` իրենք կը ճանչցուէին իբրեւ «մերինները»: Շատ նեղուեցաւ, մազերը ճերմկեցան: Շիրինին մոռացումի տրուած ինքնութիւնն ու փշրուած անհատականութիւնը, իր անձնական եւ մշակութային ինքնութեան փնտռտուքի պատմութիւնը մեզ կը փոխադրեն Քէօլնէն Ատըեաման եւ իննսուն տարուան հեռաւորութենէ մը մեզ կը քշեն դէպի մեր օրերը` ծանօթացնելու համար «մերիններուն» հետ:

«Մերինները» 1915-ի աղէտէն փրկուելէ ետք բռնի կերպով իսլամացած, երեւութապէս իսլամ, բայց իսկութեան մէջ իբրեւ քրիստոնեայ ապրող հայեր են Անատոլուի մէջ: Բռնութեան տակ պահուած եւ ինքնութիւնը ուրացուած այս հաւաքականութենէն շատեր գերբնական ջանքերով կրցեր են իրենք զիրենք զարգացնել` աշխատասիրութեամբ, ստեղծագործ ոգիով, արհեստներու եւ արուեստի մէջ ունեցած իրենց հմտութեամբ յաջողեր են վերապրելու իրաւունք ստեղծել ընկերութեան մէջ: Անոնք կը նմանին մեծ հրդեհի մը մոխիրներուն մէջ բուսնող վարդաթուփերու եւ կամ այն հսկայ ծառերուն, որոնք իրենց համար ապրելու տեղ կը ստեղծեն ժայռերու կողին:

   «Այգըրը Տողրուլար»

Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան,  Պէյրութ, Յուլիս 2012

Շիրին ծնաւ եւ մեծցաւ Գերմանիոյ մէջ եւ կը կարծէր, որ ինք աղջիկն է ատըեամանցի քիւրտ հաճը Իպրահիմին: 12 տարեկանին պատահմամբ իմացաւ, որ հայրն ու մայրը իսկութեամբ հայ էին, եւ թէ` իրենք կը ճանչցուէին իբրեւ «մերինները»: Շատ նեղուեցաւ, մազերը ճերմկեցան: Շիրինին մոռացումի տրուած ինքնութիւնն ու փշրուած անհատականութիւնը, իր անձնական եւ մշակութային ինքնութեան փնտռտուքի պատմութիւնը մեզ կը փոխադրեն Քէօլնէն Ատըեաման եւ իննսուն տարուան հեռաւորութենէ մը մեզ կը քշեն դէպի մեր օրերը` ծանօթացնելու համար «մերիններուն» հետ:

«Մերինները» 1915-ի աղէտէն փրկուելէ ետք բռնի կերպով իսլամացած, երեւութապէս իսլամ, բայց իսկութեան մէջ իբրեւ քրիստոնեայ ապրող հայեր են Անատոլուի մէջ: Բռնութեան տակ պահուած եւ ինքնութիւնը ուրացուած այս հաւաքականութենէն շատեր գերբնական ջանքերով կրցեր են իրենք զիրենք զարգացնել` աշխատասիրութեամբ, ստեղծագործ ոգիով, արհեստներու եւ արուեստի մէջ ունեցած իրենց հմտութեամբ յաջողեր են վերապրելու իրաւունք ստեղծել ընկերութեան մէջ: Անոնք կը նմանին մեծ հրդեհի մը մոխիրներուն մէջ բուսնող վարդաթուփերու եւ կամ այն հսկայ ծառերուն, որոնք իրենց համար ապրելու տեղ կը ստեղծեն ժայռերու կողին:

Գիրքը, որուն անունը փոխ առնուած է թրքերէն «Սարը կելին», իսկ հայերէն «Սարի աղջիկ» երգէն, կը պատմէ ատըեամանցի «մերիններուն» իսկական կեանքէն տեսարաններ եւ մարդկային վիճակներ: «Պահ դրուած օժիտ» եւ «Սիրտս քեզմով կը խայտայ» գիրքերու հեղինակ Քեմալ Եալչընի այս գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 2004-ին, Գերմանիա:

Ստորեւ գիրքէն կարգ մը հատուածներ` պատմուած Շիրինին մօր բերնով…

«Եթէ հայ ենք ըսենք, հայ չենք. իսլամ ենք ըսենք, իսլամ չենք: Մենք, ահա, այս ճակատագրին մարդիկն ենք: Մոռացութեան տուեր են մեր լեզուն. քիւրտերուն մէջ ապրելով` քրտացեր ենք: Քրտերէնը դարձեր է մեր մայր լեզուն. խօսածնիս քրտերէն, իսկութիւննիս` տարբեր: Թրքերէն կը խօսինք, թուրք չենք: Թուրքերը մեզ քիւրտ կը կոչեն, մենք զմեզ քիւրտ չենք ճանչնար: Բայց մենք զիրար լաւ կը ճանչնանք… Մենք մեզ կը կոչենք «Մերինները»: Մենք ծագումով, իսկական արմատներով հայ ենք. մեր լեզուն քրտերէն, մեր կրօնքը իսլամն է… Առանց ուզելու` որքա՞ն կարելի է իսլամ ըլլալ, ահա ա՛յդքան իսլամ ենք:

Ես եօթը տարեկանիս իմացայ, որ հայ եմ:

Նախակրթարանը ամէն առտու երդում կ՛ընէինք` ըսելով, որ «Թուրք եմ, ուղղամիտ եմ, աշխատասէր եմ»: Մեր տան մէջ քրտերէն կը խօսուէր, ինքզինքս քիւրտ ճանչցած էի: Դպրոց սկսելուս` յայտնուեցաւ, որ թուրք եմ. տան մէջ քիւրտ, դպրոցը թուրք, եւ յանկարծ օր մըն ալ սորվեցայ, որ արմատներով հայ եմ:

Դրացիին աղջկան` Ֆաթմային հետ կը խաղայինք միասնաբար: Օր մը մեր տան առջեւի մրջիւնները սկսանք մեռցնել: «Եկո՛ւր` սա կարմիր մրջիւնները մեռցնենք, անոնք կեաւուր են. սեւերուն չդպնանք, անոնք իսլամ են», ըսաւ Ֆաթման:

Առաջին անգամ կ՛իմանայի, որ մրջիւնները բաժնուած կ՛ըլլան կեաւուրներու եւ իսլամներու. շատ զարմացած էի:

«Ի՞նչ ըսել է կեաւուր», հարցուցի:

«Է՜, չէ՞ որ դուք ալ կեաւուր էք. կարմիրները ձեր, իսկ սեւերը մե՛ր մրջիւններն են. իսլամ մրջիւնները պիտի մեռցնեն կեաւուրները»:

Չէի հասկցած, բայց սիրտս նեղուած էր: Չուզեցի մեռցնել մրջիւնները. խաղը ձգելով` հեռացայ Ֆաթմային քովէն` առանց բառ մը ըսելու:

Շիրինին Պատրաստած Գերեզմանը

Արձակուրդի համար Ատըեաման գացած էին. Շիրին տակաւին նախակրթարան չէր սկսած: Գիշերուան ընթրիքին համար սագ մը մորթեցին, իրմէ գաղտնի. հազիւ ճաշէն ետք լուր ունեցաւ: Եթէ գիտնար, չէր արտօներ, որ մորթուի, մորթուելու պարագային ալ միսը չէր ուտեր:

Յաջորդ արտու, երբ կը խաղար բակին մէջ, սագին կտրուած գլուխը տեսաւ. մօրը քով երթալով`

– Մայրի՛կ, գերեզման մը շինենք սագին գլխուն համար. ըսաւ: Մայրը` Սուլթան հանըմ, թէ`

– Գնա՛, աղջիկս, հիմա գործ ունիմ. դուն ուզած տեղդ փորէ, ուզածիդ պէս թաղէ, ուզած ձեւովդ գերեզման շինէ, ըսելով` կը հեռացնէ Շիրինը:

Բաւական ետք Շիրին կը վերադառնայ:

– Մայրի՛կ, եկուր եւ նայէ, ես սագը թաղեցի եւ գերեզման մը շինեցի:

Տան մէջ գտնուողները կը խնդան.

– Երթանք` տեսնենք Շիրինին շինած գերեզմանը,- կ՛ըսեն: Շիրին գերեզման մը շինած, գլուխն ալ տախտակէ խաչ մը տնկած էր. դիտողները կը խնդային բաւարարուած:

– Ձագուկը իր արմատները գիտէ եղեր, արմատները:

– Փա՜ռք, հազա՛ր փառք, որ Շիրին իր ինքնութիւնը գիտէ:

– Մարդուն արիւնը կը քաշէ դէպի իր արմատները. նայեցէք` Շիրինին արիւնն ալ քաշեր է դէպի իր արմատները:

– Մաշալլա՛հ, հազա՛ր անգամ մաշալլահ, արիւնը քաշեր է դէպի իր արմատները:

Մինչդեռ Շիրին շատ ալ չէր հասկցած բոլորին ուրախութեան պատճառը` խաչ տնկելուն համար:

Իրականութեան մէջ Շիրին Գերմանիոյ մէջ իսլամներու գերեզման մը երբեւիցէ չէր տեսած: Իր տեսածը պարզապէս դպրոցի ճամբուն վրայ գտնուող գերեզմանոցին մէջ գտնուող խաչերն էին: Բաւական ժամանակ անցընելէ ետք հազիւ պիտի հասկնար, որ ինչո՛ւ խաչ տնկելու դէպքը այսքան ուրախացուցած էր «մերինները»: Առանց անդրադառնալու` Շիրին իրականացուցած էր Ատըեամանցի «մերիններուն» ներքին տենչանքը:

Շիրինին Մօրեղբօր Յուղարկաւորութիւնը                               

Երբ Շիրինին մօրեղբայրը մեռաւ, հօրեղբայրներն ու ազգականները խոր մտածումի մատնուեցան. յուղարկաւորութիւնը ինչպէ՞ս կատարէին: Եթէ իսլամական օրէնքներուն հետեւէին, իմամը դիակը լուալու ընթացքին պիտի նկատէր, որ թլփատուած չէր եւ, ուրեմն, տարիներով պահուած գաղտնիքը պիտի բացայայտուէր: Հինէն ի վեր «Էլհամտիւլիլլահ միւսլիւման ենք» ըսող «մերիններուն» իսկութեան մէջ քրիստոնեայ ըլլալը  պիտի տարածէր բոլորին:

Դիակը սենեակին միջտեղը պառկած էր:

Ո՛չ, դրացիները պէտք չէր գիտնային իրենց իսկութիւնը, իրենց իսկական հաւատքը: Իրականութիւնները դառն էին, սակայն մեռնողին հետ կարելի չէր մեռնիլ: Մնացողները պիտի շարունակէին ապրիլ Ատըեամանի իսլամներուն մէջ. դժուար եղաւ լուծումը բանաձեւել…

Դիակը, գիշերուան մութին, գաղտնօրէն պիտի տարուէր եւ գերեզմանոցին մէկ անկիւնը պիտի թաղուէր…

Այս պարտականութիւնը իրականացուցին մօտիկ ազգականներէն հինգ  տղամարդ:

Պարեգօտի Տակ Վիզերուն Խաչ Կրողներ

«Մերիններէն» կարգ մը ազգականներ սկսեր էին օրական հինգ անգամ նամազ կատարել: Ատըեամանի մէջ այս նամազին պատճառը անոնց վախն ու անապահովութիւնն էր:

– Ի՞նչ ընէինք, սիրելի՛ս: Քրիստոնէութենէն ո՞ր մէկ  քրիստոնէութիւնը մնաց: Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր յարգանքն ու հաւատքը անսահման է: Սակայն մեր պաշտամունքը կատարելու եւ կամ ծնած մանուկը մկրտելու եկեղեցի մը չձգեցին: Նոյնիսկ հիմերը քանդելով` բնաջնջեցին: Անցեալը յիշեցնող հետք մը նոյնիսկ չեն ձգած: Ատըեամանի մէջ մէկ հատ ասորիներու եկեղեցի մը մնաց. փորձէ երթալ, եթէ կրնաս. յաջորդ օրը գլխուդ չեկածը չի մնար:  Նամազ կը կատարենք, ծոմ կը պահենք. Աստուած կը տեսնէ եւ գիտէ մեր մէջն ու դուրսը. ի՞նչ ընենք:

«Մերիններ»-էն կարգ մը կիներ սկսած էին սեւ պարեգօտով ծածկուիլ: Երբ հարցուցած էր պատճառը, պատասխանած էին. «Ի՞նչ կրնանք ընել, Շիրի՛ն, տաճիկներուն աչքը մեր վրան է»:

Իսկ կարգ մը կիներ պարեգօտերուն տակէն խաչ կը կախէին իրենց վիզերուն. կ՛աշխատէին քրիստոնէական իրենց աւանդոյթները կենդանի պահել առանց ոեւէ մէկուն ցոյց տալու. ամէն զատկուան, օրինակ, հաւկիթները կը ներկուէին:

Ատըեամանցի Հռիփսիմէն Կը Պատմէ Մօրը Պատմութիւնը

Մայրս երեք տարեկան է եղեր տարագրութեան ժամանակ, քիւրտ մը մօտենալով` կարաւանին մէջէն կ՛առնէ մայրս, եւ կը տանի Պեպեք կոչուող քրտական գիւղ մը, ուր եօթը տարի կը պահէ իր ընտանիքին մէջ: Մօրս մայրը մնացեալ հայերուն հետ կը տարագրուի: Որոշ ժամանակ ետք, երբ խաղաղութիւն կը տիրէ, ողջ մնացողները կը վերադառնան Ատըեաման:

Մէկ կողմէ կ՛աշխատէին պատսպարան մը եւ օրապահիկ ճարելու, միւս կողմէ` կ՛աշխատէին գտնելու տարագրութեան ճանապարհին ասոր-անոր ձեռքը ինկած իրենց հարազատները` աղջիկը, եղբայրը, կինը, զաւակը կամ հարսը: Մօրս հօրաքոյրը անվերջ հարցումներով եւ փնտռտուքներով կ՛իմանայ, որ եօթը տարի առաջ քիւրտի մը կողմէ առնուած մայրս կը գտնուի Պեպեք կոչուած քրտական գիւղը: Անմիջապէս այդ գիւղը կ՛երթայ եւ հարցնելով` կը գտնէ մօրս ապրած տունը:

Մեծ հօրաքոյրս կը պահանջէ, որ վերադարձնեն մայրս, սակայն եօթը տարիէ ի վեր մայրս պահած գիւղացին չի տար զայն. «Եօթը տարի կերցուցի, խմցուցի, մեծցուցի, չեմ տար, ես անիկա տղուս պիտի առնեմ», կ՛ըսէ:

Հօրաքոյրս, թէ` «եօթը տարուան ընթացքին ծախսած գումարդ վճարեմ, բայց դուն վերադարձուր եղբօրս աղջիկը»: Գիւղացին կտրականապէս կը մերժէ վերադարձնել մայրս եւ տունէն կը վռնտէ հօրաքոյրս:

Կ՛անցնի ժամանակ, եւ օր մըն ալ գիւղերուն մէջ պտտող մունետիկ մը պոռալով կը դառնայ. «Լսեցինք, չլսեցինք մի՛ ըսէք. ով որ տունը հայ տղաք, քրիստոնեայ տղաք ունի, թող յանձնէ թաղապետին»:

 

 

You May Also Like