Արեւելքի քրիստոնեաները կը գաղթեն մեծ թիւերով, իսկ անդին Թուրքիա կը ներխուժէ արաբական աշխարհ այս անգամ խաղաղութեան զէնքով գրաւելու արաբներու նախ սրտերը՝ ետքը տնտեսութիւնը։ Թուրքիա կը շահագործէ պաղեստինեան հարցը եւ Իսրայէլին կը հակադարձէ իր քրտական հարցին եւ հիւսիսային Քիւրտիստանի անկախութեան ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելու համար։ Եւ ինչպէս 100 տարի առաջ, երբ քրիստոնեայ ազգ մը բնաջնջուէր աշխարհի աչքերուն առջեւ եւ ոչ մէկ արեւմտեան երկիր կը փորձէր օգնել անոնց, այսօր ալ նոյնպէս, երբ անոնք կը գաղթեն իրենց դարաւոր ապրած հայրենական հողերէն, Արեւմուտքը սրտաբաց կ’ընդունի զանոնք Աւստրալիոյ, Շուէտի, Գերմանիոյ, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Արեւելքի քրիստոնեաները կը գաղթեն մեծ թիւերով, իսկ անդին Թուրքիա
Թրքական խաղաղութեան նաւատորմը կը ներխուժէ արաբական աշխարհ ուր երկար տարիներէ ի վեր տեղացի հայեր կ’ապրին արաբներու հետ խաղաղութեան մէջ, վայելելով քաղաքացիութեան ամէն իրաւունքներ։ Թուրքիոյ ներխուժումը աղաւնիով եւ ձիթենիի ճիւղով, աժան ապրանքներ Թուրքիայէն արտածելու գրգռիչ պայմաններով, արաբ ունկնդիրը ներգրաւող ֆիլմերով եւ յայտագիրներով, առանց տուրքերու եւ մուտքի արտօնագրի առիթներ ստեղծելով արաբ վաճառականին՝ խաղաղութեան զէնքերով թուրքերը ներս կը մտնեն իբրեւ բաղձալի “եւրոպացի” դրացի մը։
Անշուշտ թէ, առաջին հերթին խուճապի կը մատնէ հայ համայնքը եւ դժուարին կացութիւն կը ստեղծէ անոր վերաբերելու զինք խանգարող վիճակ մը դիմագրաւելու մէջ։ Սակայն երբ բոլոր համայնքները զայն կ’ընդունին ուրախութեամբ՝ հայկական համայնքը իրաւունք պիտի ունենա՞յ տեւական իր դժգոհութիւնը յայտնելու թուրքին ներկայութենէն, երբ Հարաւի մէջ հիւանդանոցներ եւ դպրոցներ կը նուիրուին ժողովուրդին։
Այս կնճռոտ կացութեան հետ հայը ապրիլ պիտի սորվի։ Պիտի ապրիլ սորվինք կացութեան հետ՝ անդադար բողոքելու փոխարէն, աննկատ առնելով անոնց ներկայութիւնը։ Յոգնեցուցիչ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու փոխարէն՝ աւելի կառչելու մեր կառոյցներուն եւ մեր մշակոյթին, աւելի մասնակցութիւն բերելով լիբանանեան պետական հաստատութիւններէ ներս, ըլլան անոնք ապահովական ուժեր, բանակ կամ այլուր։ Աւելի սերտ եւ համերաշխ յարաբերութիւններ ստեղծել հայահոծ վայրերուն մէջ ապրող մեր դրացի լիբանանցիներուն հետ՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ կամ ընտրութիւններու ժամանակ։
Մեր վրայ եկող այս հուժկու նոր ալիքը դիմադրելը մեր կարողութիւնէն վեր է։ Արաբական աշխարհը, մէջն ըլլալով քրիստոնեաները մոռցած են թուրքերու 400 ամեայ դառն անցեալը շրջանին մէջ։ Պուրճ հրապարակի Նահատակաց յուշարձանը այլեւս որեւէ նշանակութիւն չի ներկայացներ՝ կարծես ոեւէ լիբանանցիի։
Արեւելքի քրիստոնեաները կը գաղթեն, իսկ թուրքերուն շրջան գալով՝ հայերուն պատճառ կ’աւելնայ նոր ոստաններ փնտռելու Միջին Արեւելքէն դուրս։ Թրքական ներխուժումը դէպի արաբական աշխարհ ջղագրգռութեամբ դիմագրաւելը բաւականին սպառիչ, անօգուտ եւ նոյնիսկ վնասակար կրնայ ըլլալ հայ համայնքին։ Չափազանց զգոյշ, ճկուն եւ խելացի՝ “Տաւուտօղլուական” դիւանագիտական եւ “խաղաղասէր” կեղծ ժպիտով դիմաւորել պէտք է սորվինք, մեզի անհանդուրժելի այս նոր երեւոյթը եւ փորձութիւնը։