Քրտացած Հայեր, Զազաներ եւ Մասամբ Նորին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սեմին
«Արարատ» Պաշտօնաթերթի Նախաձեռնութեամբ
Ուշագրաւ Դասախօսութիւն՝
«Քիւտեր, Զազաներ, Քրտացած Հայեր»
Միջազգային Լրգրող Համօ Մոսկոֆեանի Կողմէ

«Արարատ», Պէյրութ, 21 Փետրուար 2014

Քաջարի նախաձեռնութեամբը «Արարատ» օրաթերթի ու բարձր ներկայութեամբ պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի ու երկարամեայ խորհրդարանական Ընկ. Տոքթ. Եղիա Ճէրէճեանի, Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ատենապետ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկերեանի եւ անդամներուն, «Սէն Մարք» բժշկական կեդրոնի հիմնադիր սեփականատէր, «Դիտակ» ամսագրի խմբագրապետ Տոքթ. Սէմ Ռագուպեանի, պետական նախկին երեսփոխան Տոքթ. Նուրիճան Տէմիրճեանի` Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2014 թուի երեկոյեան, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի դասախօսութիւն մը:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սեմին
«Արարատ» Պաշտօնաթերթի Նախաձեռնութեամբ
Ուշագրաւ Դասախօսութիւն՝
«Քիւտեր, Զազաներ, Քրտացած Հայեր»
Միջազգային Լրգրող Համօ Մոսկոֆեանի Կողմէ

«Արարատ», Պէյրութ, 21 Փետրուար 2014

Քաջարի նախաձեռնութեամբը «Արարատ» օրաթերթի ու բարձր ներկայութեամբ պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի ու երկարամեայ խորհրդարանական Ընկ. Տոքթ. Եղիա Ճէրէճեանի, Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ատենապետ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկերեանի եւ անդամներուն, «Սէն Մարք» բժշկական կեդրոնի հիմնադիր սեփականատէր, «Դիտակ» ամսագրի խմբագրապետ Տոքթ. Սէմ Ռագուպեանի, պետական նախկին երեսփոխան Տոքթ. Նուրիճան Տէմիրճեանի` Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2014 թուի երեկոյեան, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի դասախօսութիւն մը:

 

Լիբանանահայ մտաւորականութեան ընտրանին, պատուարժան հիւրեր, մշակոյթի եւ գործարար աշխարհի անձնաւորութիւններ` փութացած էին ունկնդրելու, «Քիւրտեր, Զազաներ, Քրտացած հայեր» վերտառութեամբ, սահիկներու եւ Տերսիմի, Արեւմտեան Հայաստանի 1000-ամեայ երգերու, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ (պատրաստուած հայ ժողովուրդի նոր օրերու Կոմիտաս` Զազա Միքայէլ Ասլանի կողմէ) շուրջ երկժամեայ դասախօսութիւն մը, ներկայացուած միջազգային լրագրող, քրտական եւ քրտացած հայերու մասնագէտ` Համօ Մոսկոֆեանին կողմէ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի, Անի Եփրեմեան պաշտօնապէս բացումը կատարեց դասախօսական երեկոյին: Իր սրտի խօսքը յայտնեց «Դիտակ»-ի խմբագրապետ Սէմ Ռագուպեան, գլխաւոր բարոյական ու ֆինանսական աջակիցը լրագրող Համօ Մոսկոֆեանի դէպի Քիւրտիստան, Ռուսիա, Գերմանիա, Արցախ ճանապարհորդութիւններուն: Ան նշեց թէ իր հայրն ու քրտացած հօրաքոյրը եւս ցեղասպանութենէն փրկուած են քիւրտերու եւ արաբներու կողմէ` կոչ ընելով բարեկամական կամուրջներ հաստատելու հայ ժողովուրդի հանդէպ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուող հակաթրքական պայքարի դրօշակիր դարձած Իրաքի եւ իրաքեան Քիւրտիստանի, Թուրքիոյ, Եւրոպայի քիւրտ ղեկավարներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Համօ Մոսկոֆեան, որ մանրամասնօրէն նկարագրեց իր 6 ճանապարհորդութիւնները դէպի  Իրաքեան Քիւրտիստան, ուր գրկաբաց ընդունուած է բացարձակ ապահովութեան եւ բարգաւաճման մէջ ապրող, հայ, ասորի, քրիստոնեայ, եզիտի փոքրամասնութիւններու ղեկավարներ` խորհրդարանականներ Սելիմ Թօմա Գագոյի (Էրպիլ), Արամ Շահին Բակոյեանի (Զախօ), Երուանդ Ամենեանի (Տհոք), քիւրտ նախարարներ Խէյրի Պօզանիի (Լալիչ Էրպիլ), Մահմուտ Քավայի (Սուլէյմանիյէ), Վահապ Մաուլաուէի (Էրպիլ), «Իշթար» արբանեակային հեռատեսիլի տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեանի, Տհոքի Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մասիս Շահինեանի, համալսարանի քրտագիտութեան ամպիոնի վարիչ Վարդգէս Սարգիսեանի կողմէ:

Դասախօսութեան երկրորդ մասը կ'ընդգրկէր Տէրսիմի զազաներն ու 1937-38 թուականներուն մեծ առաջնորդ ու նահատակ Սէյիտ Ռըզայի կողմէ փրկուած հայերու եւ զազա-քզլպաշներու ցեղասպանութիւնը Աթաթիւրքի եւ հայուհի ռազմական օդաչու որդեգիր աղջկան` Սապիհա Կէօքճանի (Խաթուն Սեպիլճեան) կողմէ՝ աւելի քան 140.000 զոհեր, Տերսիմի շուրջ 60 հայկական վանքերն ու եկեղեցիները քարուքանդ ըրած այդ բարբարոսութիւնը, աւելի եւս սերտացուց հայ-քիւրտ, զազա-քզլպաշ ժողովուրդներու պայքարը թրքական վայրագութեան եւ անպատմելի ոճիրներուն դէմ:

Դասախօսութեան երրորդ մասը ընդգրկեց լրագրող Համօ Մոսկոֆեանի շուրջ 20 տարուան հանդիպումները քրտացած հայերու հետ` Գերմանիոյ Վիսպատէն ու Ֆրանքֆորթ, Ռուսըլհայն եւ Տայնց քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի Հավրէզ եւ Ավզրուկ աւաններուն մէջ: Օրուան բանախօսը նշեց Գերմանիոյ հայոց հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին Պեքճեանի քրտացած հայու զաւակ ըլլալը եւ այն կարեւոր դերը, որ կը խաղայ քրտացած հայերը մկրտելով, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի գիրկը վերադարձնելու սրբազան առաքելութեամբ…: Ինչպէս նաեւ ասորի ղեկավար Շապօ Աքկիւլը, Մուշ-Վարթոյի քրտացած հայ Սիմոն (Սետեթ) Կիւնտէնը եւ իր խիզախ ընտանիքը, Էրզրումցի քրտացած հայորդի Տիգրան Չաթենքայան եւ այլոց տարած պայքարը, ազատագրուելու ցեղասպանութեան սարսափի մթնոլորտէն եւ փրկելու իրենց «կորուսեալ» եղբայրները:

Ներկաներու բուռն ծափողջոյններէն ետք, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցեր ուղղելու Համօ Մոսկոֆեանին: Այդ առիթով, ուշագրաւ էին վերջերս Իրաքի Քիւրտիստան այցելած եւ խոր տպաւորութիւններով վերադարձած, զբօսաշրջիկային աշխարհի հանրածանօթ դէմքերէն Յովսէփ Աշճեանի շնորհակալական խօսքերը ուղղուած այս յիշատակելի դասախօսութեան կազմակերպիչներուն ու ներկայ ընտրանիին: Ան առաջարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին առաւել եւս թափ տալ այսպիսի դասախօսութիւններու կազմակերպման, Իրաքի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:

Դրական խօսքերով եւ հարցերով ելոյթ ունեցան նաեւ վաստակաւոր դաստիարակ Դոկտ. Մայք Պօղոսեան, յայտնի գեղանկարիչ Հրաչ Այնթապլեան ու նշանաւոր դերասան ու թատրոնի դէմք Ղազարոս Ալթունեան եւ ուրիշներ:

Դասախօսութեան աւարտին, սահիկներու բացատրութեան ընթացքին, բանախօսը նշեց հայ-քրտական կարեւոր դիւանագիտական իրադարձութեան մը մասին, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ: Իրաքի ծագումով քիւրտ դեսպանը, Օմար Պերզէնճի, իր նստավայրին մէջ կազմակերպեց դիւանագիտական ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ, որուն ներկայ եղան ռումանահայ գաղութի ականաւոր դէմքեր, խորհրդարանականներ, Հոգեւոր Առաջնորդը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեանի մասնակցութեամբ… : Մի քանի օր առաջ միայն, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեան, այցելեց Պաղտատ, ջերմօրէն դիմաւորուելով Իրաքի իր պաշտօնակից, ծագումով քիւրտ, Հուշիար Զիպարիի կողմէ… :

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները գոհացած այս յոյժ կարեւոր դասախօսութենէն՝ գնահատեցին «Արարատ» օրաթերթի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումները ինչպէս նաեւ շնորհաւորեցին օրուան բանախօսը՝ միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեանը:

Վ.Թ.

 

You May Also Like