ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
7 Օգոստոս 1982-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) երկու մահապարտ մարտիկներ՝ Զօհրապ Սարգիսեան Եւ Լեւոն Էքմէքճեան, զինեալ յարձակում գործեցին Անգարայի միջազգային «Էսեմպողա» օդանաւակայանին դէմ: Պատանդառումի զուգահեռ, ռազմավարական նշանակութեան կառոյցի անվտանգութիւնը ստանձնած թրքական բանակային զօրամիաւորի եւ ապահովական ուժերու հետ անոնց մարտըշարունակուեցաւ երեք ժամ,եւ աւարտեցաւ միայն, երբ սպառեցաւ մահապարտներու զինամթերքը եւ նահատակուեցաւ Զօհրապ Սարգիսեան, իսկ Լեւոն Էքմէքճեան ծանր վիրաւոր վիճակով գերեվարուեցաւ թրքական անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, եւ յետ ձեւական դատավարութեան կախաղան բարձրացաւ 29 Յունուար 1983-ին:
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
7 Օգոստոս 1982-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) երկու մահապարտ մարտիկներ՝ Զօհրապ Սարգիսեան Եւ Լեւոն
Թրքական պետական ծրագրաւորումով, կազմակերպումով եւ իրագործումով բնորոշուող՝ Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնէն, հայրենազրկումէն եւ սփիւռքացումէն 67 տարիներ ետք, հայկական նորագոյն պատմութեան մէջ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի յետնորդները, օտար ափերու վրայ հասակ առած անոր շառաւիղները, ոչ խնդրագիրով կամ բողոքագիրով, այլ ԶԷՆ Ի ՁԵՌԻՆ կը վերադառնային թրքական պետութեան սրտին վրայ եւ կը թիրախաւորէին անոր մայրաքաղաքի ամենառազմավարական նշանակութեան կառոյցներէն մէկը:
Այդ պատգամը հասցէագրուած էր նաեւ ներհայկական լսարանին, որ այլեւս անցած էին աղերսագիրներու եւ քարոզչական բնոյթի արարքներու ժամանակները եւ զինեալ պայքարը պէտք էր փոխադրել թրքական պետութեան սրտին վրայ, այնտեղ ուր թշնամին աառաւելագոյնս պիտի զգար հայկական հարուածող բազուկի ուժը եւ պիտի ապրէր սարսափի ահագնութիւնը:
Ա՛յս էր եւ կը շարունակէ ըլլալ Օգոստոս 7-ի պատմաքաղաքական նշանակութիւնը:
Ա՛յս ուղերձն է՝ որ ազատագրական պայքարի բոլոր նահատակներու Յիշատակի ամէնամեայ ոգեկոչումով, կը պահենք ու պիտի պահպանենք՝ այժմէական, կենդանի եւ նպատակային:
Փա՜ռք նահատակներուն եւ պայքարի բոլոր մարտիկներուն:
7 Օգոստոս 2018
Հայկական Ժողովրդային Շարժում
Լիբանանի Կառոյց