ՕՊԱՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԷՐ

By Haig Naccashian, Rag Mamoul, Montreal, 27 May 2009

Մեծ ակնկալութեամբ սպասեցինք 2009-ի Ապրիլ 24-ը: Անտեղի չէր այդ ակնկալութիւնը, որ հիմնուած էր շարք մը նախադրեալներու վրայ, որոնց գլխաւորն էր նախագահ Օպամայի դրական տրամադրութիւնը՝ հայկական ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու: Ընդհանուր էր այդ սպասումը թէ հայոց եւ թէ՛ հայանպաստ կեցուածք ունեցող մարդկութեան կողմէ, եւ թէ՛ մտահոգութեան մատնուած Թուրքիոյ կողմէ, Ապրիլ 24-ը նախորդող օրերուն հայ մամուլն ու միջազգային մամուլի օրկանները կը յորդէին այդ նիւթով: Օպաման նոյնիսկ Թուրքիա գնաց թուրք ղեկավարներուն թելադրելու որ հաշուետուութեան պատրաստ ըլլան իրենց նախորդող Օսմանեան կառավարութեան ծրագրումով ու հրահանգուած մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդին առնչութեամբ:

By Haig Naccashian, Rag Mamoul, Montreal, 27 May 2009

Մեծ ակնկալութեամբ սպասեցինք 2009-ի Ապրիլ 24-ը: Անտեղի չէր այդ ակնկալութիւնը, որ հիմնուած էր շարք մը նախադրեալներու վրայ, որոնց գլխաւորն էր նախագահ Օպամայի դրական տրամադրութիւնը՝ հայկական ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու: Ընդհանուր էր այդ սպասումը թէ հայոց եւ թէ՛ հայանպաստ կեցուածք ունեցող մարդկութեան կողմէ, եւ թէ՛ մտահոգութեան մատնուած Թուրքիոյ կողմէ, Ապրիլ 24-ը նախորդող օրերուն հայ մամուլն ու միջազգային մամուլի օրկանները կը յորդէին այդ նիւթով: Օպաման նոյնիսկ Թուրքիա գնաց թուրք ղեկավարներուն թելադրելու որ հաշուետուութեան պատրաստ ըլլան իրենց նախորդող Օսմանեան կառավարութեան ծրագրումով ու հրահանգուած մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդին առնչութեամբ:
«Իննսունչորս տարի առաջ 20-րդ դարու մեծագոյն վայրագութիւններէն մէկը սկիզբ առաւ: Ամէն տարի կանգ կ’առնենք յիշելու համար մէկ ու կէս միլիոն հայերը, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին ջարդուեցան, կամ դէպի իրենց մահը քալեցին»:

« … Ոչինչ կրնայ ետ բերել Մեծ Եղեռնի ընթացքին հայ ժողովուրդին տուած մարդկային կորուստները»:

Այսպէս, Ապրիլ 24-ի յատկացուցած իր ուղերձին մէջ Օպամա ըսաւ ամէն բան, բացի ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ:

Ինչո՞ւ:

Ատոր պատասխանը կը գտնենք նախագահ Օպամայի յայտարարութեան շարունակութեան մէջ: «Ես նաեւ զօրավիգ կը կանգնիմ իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ջանքերուն: Երկու կառավարութիւնները Զուիցերիոյ հովանաւորութեամբ՝ բնականոնացման ծիրի մը եւ «ճամբու քարտէս»ի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են»:

Հրամմեցէ՛ք …:

Երբ Հայաստանի կառավարութիւնը նախարարական եւ նախագահական մակարդակներով Թուրքիոյ հետ ժողովներ կը գումարէ եւ իրարհասկացողութեան մասին յայտարարութիւններ կը կատարէ՝ Օպամայի ի՛նչ հոգն է որ թուրք
կառավարութեան իրագործած համատարած ջարդերը իրենց բուն անունով՝ ցեղասպանութիւն որակէ եւ հայ-եւ-թուրք հաշտութեան գործընթացը խանգարողի անուն մըն ալ վաստկի:

Հայաստանի ներկայ ղեկավարները, գլխաւորութեամբ Սերժ Սարգսեանի, գիտե՞ն թէ ինչ կ’ընեն:

Եթէ գիտեն, ազգային դաւաճաններ են:

Եթէ չեն գիտեր, ազգ ու հայրենիք կառավարելու ատակ մարդիկը չեն:

Երկու պարագաներուն ալ պէտք է վար իջնեն իրենց աթոռներէն:

Քաղաքական ի՛նչ-ինչ խաղերով, ժողովուրդ մը ամբողջ ահ ու սարսափի մատնելով իշխանութեան տիրացած մարդիկ, եթէ ազատ կը զգան Հայաստան կոչուած հողակտորին ճակատագրով խաղալու, ազատ չեն եւ ոչ ալ իրաւունք ունին Սփիւռքի ալ ճակատագրով խաղալու, եւ մանաւանդ, երբեք իրաւունք չունին անոր անունով խօսելու: Մենք ենք Սփիւռքը՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովուրդին մնացորդացը, որուն տառապանքին ու ցաւին ահաւորութիւնը չէք զգար դուք: Ձեր բազմած հանգստաւէտ աթոռներուն վրայ զգայազուրկ դարձած էք դուք: Այլապէս, Ապրիլ 24-ի նախօրեակին պէտք չէր կարենայիք Թուրքիոյ հետ սիրաբանելու նախաձեռնութիւն ստանձնել, ինչ որ ազգային-բարոյական տեսակէտով դատապարտելի ու անընդունելի ըլլալուն առընթեր Ձեր խակութեան ալ ապացոյցն է, քանի որ ատիկա պատճառ եղաւ Պարաք Օպամային իրմէ սպասուած ցեղասպանութիւն բառը չգործածելու:

Գնահատելի է Սփիւռքի նախարարութիւն կազմելու Ձեր յապաղած նախաձեռնութիւնը անկախ Հայաստանի օրերուն: Յապաղած կ’ըսեմ, քանի որ, ոչ անկախ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն հիմնուած Սփիւռքի հետ մշակութային յարաբերութեանց յատուկ կոմիտէն բազմատասնեակ տարիներ լայնատարած գործունէութիւն ունեցաւ կրթական, մշակութային եւ ընկերային բոլոր մարզերու մէջ, Սփիւռքի ամբողջ տարածքին:

Այսուհանդերձ, լաւ ուշ քան երբեք: Բայց եթէ կը խորհիք անոր միջոցաւ մեր ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալ՝ հեռո՛ւ կեցէք մեզմէ: Սփիւռքը ունի զինք կառավարող իր կազմակերպութիւնները, ի մասնաւորի հայ երեք կուսակցութիւնները՝ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որոնք արթուն պահակներն են Սփիւռքահայութեան: Այդ գիտակցութեամբ է որ Հայաստանի կառավարութեան մաս կազմող Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան թրքամէտ ներկայ քաղաքականութեան հանդէպ իր անհամաձայնութիւնը արտայայտելով՝ հրաժարեցաւ կառավարութենէն: Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարութեամբ հրապարակաւ դատապարտեց հայ-թրքական այս ապաժամ եւ ազգավնաս մերձեցման փորձերը, որոնց պայմաններուն մէջ կայ նաեւ ցեղասպանութիւն գործուած ըլլալուն, կամ չըլլալուն քննարկումը՝ պատմաբաններու յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ՝ հաւանութեամբ Պր. Ս. Սարգսեանին …:

Նոյնը ըրաւ նաեւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝ խիստ բառամթերքով պաշտօնական յայտարարութեամբ մը:

Մեծապէս գնահատելի էր Հայաստանի Ռ.Ա.Կ.ին կեցուածքը, բուռն կերպով քննադատելով ու դատապարտելով Հայաստանի իշխանութեանց թրքահաճոյ քաղաքականութիւնը՝ յանուն կասկածելի շահերու:

Ցեղասպանութիւնը օտարներու կողմէ զանազան առիթներով ու պատճառներով չարաշահուած է իրենց նպատակներուն համար, որոնց մէկ ուշագրաւ նմոյշն է անգլիական «The Economist» թերթին մէջ երեւցած հետեւեալ գրութիւնը.- «Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը, ի զօրակցութիւն Պաղեստինի ժողովուրդին, կը պատրաստուէր թրքական դպրոցներուն մէջ կայացնել նկարներու եւ շարադրութեան մրցոյթ մը՝ նուիրուած Կազայի թեմային, ինչպէս նաեւ թուրք աշակերտները մէկ վայրկեան լռութեամբ պէտք էր յարգէին պաղեստինցի զոհուած երեխաներու յիշատակը: Սակայն, Անքարայի մօտ Իսրայէլի դեսպանին Թուրքիոյ արտաքին նախարարութեան հետ ունեցած հանդիպումէն յետոյ, մրցոյթի ծրագիրը չեղեալ համարուած է: Ըստ թերթին, Թուրքիոյ կրթ. նախարարութիւնը համաձայնած է չեղեալ նկատել մրցոյթը, երբ Իսրայէլի իշխանութիւնները սպառնացած են Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներառնել Իսրայէլի դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:

Նորութիւն չեն ոչ ալ զարմանալի են օտարներու կողմէ եղած նման չարաշահութիւնները: Ողբալին, թէեւ ոչ-զարմանալի, Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին չարաշահութիւնն է մերը կարծուած ղեկավարութեան կողմէ: Եւ ի՞նչ ընելու համար … եթէ ոչ մութ աղբիւրներէ խոստացուած նիւթական ու բարոյական վարձատրութիւններ ստանալու եւ իրենց իշխանական աթոռները աւելի ապահով պահելու համար: Բարեացակամ մարդիկ կ’ըսեն, թէ իրենց կամքովը չէ, այլ պարտադրուած են տեղի տալ դուրսէն եկած զօրաւոր ճնշումներու: Եթէ իրաւ է այս ենթադրութիւնը, իրենց ուժերէն վեր է այդ ճնշումներուն դէմ կենալը, ենթարկուելէն աւելի պատուաւոր ձեւը, ուրեմն, հրաժարիլն է իրենց պաշտօններէն: Կրաւորական այսպիսի ընդդիմութիւն մը բարոյական մեծ վարկանիշ մը պիտի ըլլար իրենց համար, բան մը՝ որուն շատ պէտք ունին ազգօգուտ ղեկավարներ նկատուելու համար:
Բայց այս ղեկավարութեան պարագլուխը ան չէ՞ որ Հայոց Խորհրդարանի սպանդին ժամանակ ներքին գործոց եւ ապահովութեան նախարարն էր, հետեւաբար, իր ստորադասներն էին խորհրդարանի ապահովութեան հսկողները … որոնք թոյլատրեցին զինեալ ոճրագործներու վոհմակին մուտքը խորհրդարան եւ ոճրային առաքելութեան գործադրութիւնը …:

Կարծեմ պէտք չմնաց շարունակելու:

You May Also Like