Օտարամոլութիւնը չենք թօթափած 

Ալեքս Մարտիրոսեան, Թորոնթօ-Երեւան, 22 Հոկտեմբեր 2020

Եթէ ընդունինք, որ մեր Հայրենիքի սահմանները ամրակուռ եւ անթափանցելի պահելու սրբազան պարտականութիւնը յանձնուած է Հայաստանի աննկուն եւ քաջ բանակին, յաճախ կը մտածեմ, ո՞վ  է մեր մշակոյթի հիմնաքարը կազմող՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ պահապանն ու տիրութիւն կատարող հրամանատարութիւնը:

Կա՞յ միթէ …:

70 տարիներու ռուսախօսութիւնն ու աբեղեանական սխալագրութիւնը կարծես չէին բաւեր, «անկախութեան» 29 տարիները փաստեցին, որ օտարամոլութեան ստրկամտութիւնը չենք թօթափած տակաւին, արդարեւ՝  հինգ բառով նախադասութեան մը երեքը «օտար» եւ խորթ բառ է:

«Մեր քաջերը սենսացիոն ինֆորմացիա տվեցին, Հադրութի օպերատիվ մարտերից»:

Որպէս հայրենադարձ հայ, ամէն օր ու ժամ կ՛ապրիմ մղձաւանջն ու տառապանքը մեր ոսկեղնիկ լեզուի լլկումին ու բռնաբարումին:

Մամուլն ու լրատուական ընկերութիւնները անխտիր ամէնէն մեծ բաժինը ունին այս ոճիրին մէջ, որովհետեւ ամէն վայրկեան ու ժամ կը ռմբակոծեն նոր սերունդի տեսա-լսողական աշխարհը …:

Մարդուս առօրեան յաճախ  կը ստեղծէ առիթներ մտնել սնունդի խանութ, շինանիւթի վաճառատուն, գործ ունենալ քաղաքապետարանի պաշտօնեայի հետ,  խօսիլ ոստիկանութեան քննչական բաժնի պետին … բոլորն ալ քիչ թէ շատ, նոյն անփոյթ ու անտարբեր վերաբերմունքն ունին, իրենց հայերէն բանաւոր խօսակցութեան մէջ: Յուշել, սրբագրել կամ փափկօրէն իրենց նկատողութեան յանձնելը աւելորդ է, որովհետեւ անմիջապէս կը յուշեն քեզ.

-Ախպեր ճան, մենք ապրել ենք, երկրաշարժ, թէժ պատերազմ, Լեւոնի նուէր՝ մութ ու ցուրտ տարիներ, Քոչարեանի նուէր Հոկտեմբեր 27, ապա Սերժի նուէր Մարտի 1, յետոյ՝ Ապրիլեան պատերազմ, ին՞չ ես սպասում մեզանից, ժողովուրդը սոված է: Ձեր սպասումները պերճանք են մեզ համար, եւ մենք չունենք այդ շռայլութիւնը…:

Լսելէ ետք այս բոլորը, ու նաեւ տեսնելով ժողովուրդի ապրած վիճակը, գլուխդ կախ կը հեռանաս, երբ կրկին օրհասական պատերազմի առաջ ենք կանգնած…:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like