
Իւմիթ Գըվանչ (Ümit Kıvanç) , Թարաֆ, 23 Ապրիլ 2011
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ



Սուտերու հետ ապրիլ՝ գէշ բան է, յարգելի՛ ընթերցողներ, կը սեղմէ, կը խեղդէ եւ կը նեղէ մարդը: Ո՛չ մէկ տեղ խաղաղութիւն կը գտնէք: Անհանգիստ եւ խռովեալ վիճակ մը թափանցած է ձեր բջիջներուն մէջ, որուն իմաստ մը չէք կրնար տալ եւ չէք կրնար ձերբազատիլ անկէ:



Իւմիթ Գըվանչ (Ümit Kıvanç) , Թարաֆ, 23 Ապրիլ 2011
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ



Սուտերու հետ ապրիլ՝ գէշ բան է, յարգելի՛ ընթերցողներ, կը սեղմէ, կը խեղդէ եւ կը նեղէ մարդը: Ո՛չ մէկ տեղ խաղաղութիւն կը գտնէք: Անհանգիստ եւ խռովեալ վիճակ մը թափանցած է ձեր բջիջներուն մէջ, որուն իմաստ մը չէք կրնար տալ եւ չէք կրնար ձերբազատիլ անկէ:
Եթէ սուտը ըսուած է անցեալի մէջ գործուած յանցանք մը ծածկելու համար, պարագան ա՛լ աւելի ծանր է: Երեւակայեցէք, որ ձեր հագուստին անյարմար մէկ մասը շատ անյարմար վայրի մը մէջ քակուի. այլեւս ձեր առնելիք ո՛չ մէկ քայլ, ձեռքի-ոտքի շարժում. ծռիլն ու կանգնիլը հանգիստ եւ բնական կ՝ըլլայ: Ամբողջ մարմինը ծրագրուած ձեւով կ՝աշխատի, որպէսզի քակուած մասը չերեւի: Տարօրինակ եւ ծիծաղելի վիճակներու կը մատնուիք: Որովհետեւ բուն հարցը ծածկելու մէջ է, չէք կրնար հարցնողին իրականութիւնը ըսել եւ չէք կրնար օգնութիւն ընդունիլ:
Տակաւին, եթէ երբեք ծածկել աշխատած այդ յանցանքը այդպէս ալ պարզ յանցանք մը չէ, այլ՝ խոշոր մեղք մը, շատ հաւանաբար նոյնիսկ քունի մէջ խռովայոյզ վիճակը ձեզ հանգիստ պիտի չձգէ, որովհետեւ ձեր խիղճը թարախոտած է, եւ այդ թարախին ամբողջ մարմնի մէջ տարածուելու վախը մշտական արգելք մըն է, որ դուք հաստատ ձեւով չկարենաք կենալ աշխարհի վրայ:
Եւ, դժբախտաբար, ձեր սիրտը կծկող անիծեալ խնդիրը այսքան ալ չէ, որովհետեւ ձեր կեանքը փճացնելու ի գին ծածկելու աշխատած մեծ մեղքէն ամէն մարդ տեղեակ է: Ձեր թաղին շուրջը պատեր կանգնեցնելով եւ այս նիւթին վերաբերեալ բերանը բացողին բռնանալով՝ անկարելի է, որ արդիւնքի հասնիք, որովհետեւ ձեր կողմէ սարսափ ստեղծելով՝ լռութեան մատնած վայրերուն մէջ անցեալին պատահածներու մասին ամբողջ աշխարհ տեղեակ է:
1915-ին այս հողերուն վրայ ապրած ամէնէն հին ժողովուրդներէն համարուող հայեր, գիտակցաբար եւ ծրագրուած կերպով, զանգուածային ջարդերով բնաջնջուեցան: Մէկ մասը ուղղակի խումբերու բաժնուելով՝ գնդակահարուեցաւ, ուրիշներ սուրէ անցուեցան, մաս մը մահուան ճամբորդութեան հանուեցաւ ամենադաժան չարչարանքներու ենթարկուելով, իսկ անոնք, որոնք իբր թէ ողջ հասան իրենց ղրկուած տեղերը, կոտորուեցան անօթութենէն եւ հիւանդութենէն: «Գործողութիւնը» ղեկավարող իթթիհատական պարագլուխները, գլխաւորութեամբ Թալէաթ փաշայի, այդ ժամանակաշրջանի ներած չափով այս «գործողութեան» հետեւեցաւ օրը օրին, նոյնիսկ ժամ առ ժամ, թէ՝ ո՞ ւր որքա՛ն սպաննուեցաւ, քանի հոգի ուրկէ՞ ո՛ւր փոխադրուեցաւ, որմէ՞ որքա՛ն հարստութիւն – կալուած մնաց, ամէն բան արձանագրելու աշխատեցաւ: Իր ամբողջութեանը մէջ շատ լաւ ծրագրուած եւ պաղարիւնութեամբ գործադրուած «գործողութիւն» մըն էր:
«Հայեր ըմբոստացան եւ այս պատճառով պատժուեցան» խօսքը սուտ մըն է: Ըմբոստները զսպելու ընթացքին քիչ մը չափազանցութիւններու կիրարկումն ալ չէ եղածը, այլ՝ սկիզբէն ծրագրուած «գործողութիւն» մը, որ կը նպատակադրէր օսմանեան հողերէն կարելի եղած չափով «մաքրագործել» ոչ իսլամ բնակչութիւնը:
Եւ խնդրին էութիւնը այս է: Այս շրջագիծէն դուրս գտնուող ամէն բան, այս դէպքին կամ կողմնակի տարրերն են, կա՛մ ազդեցութիւնները եւ կա՛մ ալ հետեւանքները: Ով որ այս հարցին իրականութիւնը տարբեր տեղ կը փնտռէ, կա՛մ անգիտակից մէկն է եւ կա՛մ ալ ստախօս մը, իսկ լաւագոյն պարագային՝ թրքական կրթական նախարարութեան զոհը:
Խնդիրին էութիւնը ճիշդ այսպէս ըլլալուն համար է, որ 1915-ին իթթիհատականներուն կողմէ կառավարուած պետութեան ձեռքով իրականացած «գործողութիւնը» կ՝արժեւորուի իբրեւ «ցեղասպանութիւն», միջազգային իրաւական բեմերու վրայ: Եւ երբ «ի՞նչեր պատահեր են» ըսելով՝ ոեւէ մէկը նայի պարզուող տեսարանին, դժուար թէ տարբեր բան մտածէ:
Սակայն ասիկա իրաւական հարց մըն է եւ զիս այդքան չի հետաքրքրեր: Ես ճիշդ Հրանդին պէս կը մտածեմ. ես ապրուածը գիտեմ, ուրիշը այսպէս թէ այնպէս ըսեր է՝ ինծի ի՞ նչ: Եւ դարձեալ Հրանդին պէս՝ երբ այս հողերուն վրայ ապրուած ողբերգութեան ցաւը այսօր այդ հողերուն վրայ ապրողներուն սիրտն ու խիղճը թրթռացնէ, եւ երբ վերջապէս գիտակցուի, թէ նշանաւոր «սփիւռք» ըսուածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իրենց մայր հայրենիքէն բռնագաղթուած եւ սպաննուած մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն թոռները, այսինքն՝ մե՛ր մարդիկը, այդ ժամանակ ինծի համար կարեւորութիւն չ՝ունենար, թէ 1915-ի կոտորածը ի՞նչ սահմանում կ՝ունենայ:
Սակայն որքան ցաւալի է, որ Թուրքիոյ մէջ պետութեան կողմէ ժողովուրդը խաւարի եւ անզօր վիճակի մէջ պահելու քաղաքականութեան ամենայաջող դրսեւորումը այս նիւթն է: Շատերու համար սփիւռքը ձեւաւորուած է ամերիկացիներու եւ ֆրանսացիներու կողմէ՝ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն սերմանելու համար, եւ որ միատեսակ մտածող եւ շարժող տարր մըն է, որ համազօր է լրտեսական ցանցի մը: Մինչդեռ անոնք պարզապէս իրենց հայրենիքէն բռնահանուած մարդոց զաւակներն ու թոռներն են:
Այսօրուան հարցը շատերու կողմէ մեզի պարտադրուած եւ մոլորեցնող հարցումը չէ՝ թէ պատահածը «ցեղասպանութի՞ւն էր թէ ոչ». իսկական հարցումը «այս ուրացումը մինչեւ ե՞րբ»ն է, որովհետեւ 1915-ի կոտորածին մէջ այս երկրի ժողովուրդին փոքր մէկ տոկոսը դեր ունեցաւ: Այսօր ապրող սերունդները պարտաւոր չեն կրելու այդ ժամանակ գործուած յանցանքին բեռը: Սակայն ուրացումն ալ յանցանք մըն է, որուն եթէ գիտակցաբար մասնակցինք իբրեւ նախընտրութիւն, այդ ժամանակ պատասխանատուութեան առջեւ կանգնած կ՝ըլլանք: Մենք չենք կրնար մէջտեղէն վերցնել ժամանակին պատահած աղէտը, սակայն վերջ մը դնել ուրացումի քաղաքականութեան: Ասիկա պիտի ազատէ թուրք հասարակութիւնը իր կրած ամենածանր բեռէն, նոյնպէս պիտի փրկէ տարբեր տեսակ հիւանդութիւններ պատճառող ախտերէ: «Հայկական հարցը» միմիայն հայերու հարցը չէ:
Անցեալ տարի հաւաք մը կազմակերպած էինք՝ յիշելու եւ ցաւակցելու բոլոր անոնց, որոնք 1915-ին ո՛չ միայն իրենց կեանքը կորսնցուցած էին, այլ ամէն առումով՝ իրենց «գոյութիւնը»: Թաքսիմի մէջ այս տարի դարձեալ պիտի հաւաքուինք՝ շատ աւելի լայն շրջանակներու մասնակցութեամբ: Այս մասին խօսիլն անգամ մարդուս սիրտին քիչ մը սփոփանք կը պարգեւէ:
1 comment
COME… Come Sing with me
Comments are closed.