Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 25 Փետրուար 2019
Դաշնակցական մամուլին եւ շրջանակին կողմէ բուռն պայքար կը մղուի Հայաստանի մէջ սկսած շարժումի մը դէմ, որ կը միտի մեր հայրենի ներկայ օրհներգը փոխարինել նախկին սովետական շրջանին որդեգրուած Արամ Խաչատուրեանի յօրինած օրհներգով՝ քանի մը տողեր փոխելով բնագրին մէջ։
Անցեալի մէկդի դրուած «թնդանօթները» նորէն կը թուին լարուած ըլլալ ռազմաշունչ «կուսակցապաշտներու» կողմէ, որոնց այլազան պատճառաբանութիւններու պատրուակին տակ քօղարկուած կուսակցական նախասիրութիւնը կը կիրարկուի՝ սեփական մենաշնորհ նկատուող խորհրդանիշեր պաշտպանելով։
Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 25 Փետրուար 2019
Դաշնակցական մամուլին եւ շրջանակին կողմէ բուռն պայքար կը մղուի Հայաստանի մէջ սկսած շարժումի մը դէմ, որ կը միտի մեր հայրենի ներկայ օրհներգը փոխարինել նախկին սովետական շրջանին որդեգրուած Արամ Խաչատուրեանի յօրինած օրհներգով՝ քանի մը տողեր փոխելով բնագրին մէջ։
Անցեալի մէկդի դրուած «թնդանօթները» նորէն կը թուին լարուած ըլլալ ռազմաշունչ «կուսակցապաշտներու» կողմէ, որոնց այլազան պատճառաբանութիւններու պատրուակին տակ քօղարկուած կուսակցական նախասիրութիւնը կը կիրարկուի՝ սեփական մենաշնորհ նկատուող խորհրդանիշեր պաշտպանելով։
Շա՜տ զօրաւոր ռումբ մըն է, որ կը պայթեցուի «Հայրենիք»-ի դարպասէն Կարօ Արմէնեանի կողմէ, որ կ’ըսէ. «Բոլոր երեւոյթները այսօր ցոյց կու տան, որ ՀՀ Ազգային Օրհներգը լուծարելու ծրագիրը …… նպատակն է լուծարել ոչ միայն Օրհներգը, ոչ միայն աղաւաղել ազգային Եռագոյնը եւ ՀՀ զինանշանը, այլեւ հարազատ այս խորհրդանիշներով մարմնաւորուած մեր անկախ պետականութեան ազգային գաղափարախօսութիւ՜նը»։ Արձակուած ռումբին արձագանգը մէկ դար ետ կը տանի մեզ՝ յիշեցնել տալով 1921-ի փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ, ըստ յօդուածագրին, չէր նշուած Հայաստանի մէջ եւ թէ անով մեր ժողովուրդը ըսած էր իր վերջին խօսքը պոլշեւիզմի մասին, եւ սպառնալիք որպէս կ’աղաղակէ՝ եզրափակելով. «Կասկած մի՜ ունենաք որ այդ խօսքը ի զօրու է, այդ խօսքը «ուժի մէջ» է նաեւ այսօր»։
Ինչո՞ւ այսքան մոլուցք եւ դառնութիւն, Պրն. Արմէնեան, եւ ո՞ր հայաստանեան յետ-պոլշեւիզմի դէմ «այդ խօսքը ի զօրու է» տակաւին։ Մեղք է կիրքեր հրահրել այս ձեւով եւ մեր ցեխոտած ու ցաւալի անցեալի պայքարները վերանորոգել։ Եղած-չեղածը մեր ունեցածը աւելի լաւով փոխարինելու ճիգ մըն է յեղափոխականասէր, աշխոյժ եւ աննախապաշար հայրենի մեր երիտասարդութեան կողմէ։
Յետոյ, արդեօք «ուժի մէջ» խօսողնե՞րն էին, որ հայաստանցիներու մօտ բան մը կորսնցուցած ըլլալու դառնութեամբ նախընտրեցին Արցախի մէջ գումարել իրենց վերջին ընդհանուր ժողովը, որպէսզի հոն այդ բանը գտնէին՝ այդտեղէն լսելի դարձնելու համար իրենց դեռ «ուժի մէջ» ըլլալու խօսքը։ Կամ արդեօք նախկին ղեկավար Հրանդ Մարգարեանով արտասանուած սպառնալիքը Արցախի մէջ, թէ «վերջ պիտի դնենք այս իշխանութեան», ցուցադրութիւ՞նն էր այսօրուայ կամ վաղուայ «ուժի մէջ» ըլլալու այդ խօսքին։ Եւ կամ արդեօք սա շարունակութի՞ւնն է ծրագրի մը, որ անցեալին Անթիլիասը ձեռք առաւ, որպէսզի «պոլշեւիկ» Էջմիածնի դէմ պայքարի, եւ այժմ կը միտի գրաւել Արցախը, որպէսզի «նորելուկներու» Հայաստանին դէմ պայքարի։
Նոյնանման պոռթկումներ երեւցան ռամկավարներու մամուլի էջերուն վրայ ընդդէմ անոնց, որոնք յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժումը յառաջացուցին Հայաստանի մէջ։ Կարծէք թէ որոշ մարդիկ իրենց պարտականութիւնը կը նկատեն «իրենցը» սրբութիւն նկատել՝ հինէն իրենց մնացած նախապաշարուածութեամբ մը։ Էջմիածնի թունդ պաշտպանները անցեալի չկրցան զանազանել սուրբ աթոռը զայն չարաչար գործածողէն, ինչպէս նաեւ ներկայ օրհներգը սուրբ նկատողները չկրցան զանազանել Արամ Խաչատուրեանի տաղանդով գնահատուած օրհներգ մը պոլշեւիզմէն…։ Այդպիսիները չեն ընդունիր սրբագործութիւնը անոնց, որոնք ամբողջ եօթանասուն տարի աղիւսեցին ու զրկանքներով շինեցին այսօրուան այս ազատ ու անկախ Հայաստանը՝ զայն յանձնելով մեզի իրենց մշակած հարուստ ազգային նկարագրով եւ բարձրացուցած ազգային յուշահամալիրներով։
Ինքզինքնին միշտ ազգայինին պաշտպան կարգողները թող թոյլ տան, որ ուրիշն ալ կիրարկէ իր ազգայնականութիւնը՝ իր ուզած կամ հասկցած նրբաճաշակութեամբ։ Հայրենի ժողովուրդը, որ յաչս աշխարհին պատիւ բերաւ մեր ազգին իր թաւշեայ յեղափոխութեամբ, վստահաբար չունի բարդոյթը անցեալի բարքերով ապրելու, այլ ունի այդ անցեալի արժէքները քննելու եւ լաւագոյնը պահպանելով՝ հարստանալու։ Գուցէ այդ զգացումով է, որ իր աշխարհահռչակ զաւակ Արամ Խաչատուրեանի տաղանդով յօրինուած օրհներգին կարօտագին աչքերով կը նայի՝ անով հարստանալու եւ հայ երաժիշտներու լայն մեծամասնութեան խնդրանքին ընդառաջելով։ Թող «Մեր Հայրենիք»-ի անփոխարինելիութեան ջատագովները շատ աղմուկ բարձրացնելով՝ նոր ճեղք չբանան մեր ազգային համերաշխ կեանքին մէջ։ Անոնք վաստակած են իւրաքանչիւր արդարամիտ հայու յարգանքն ու սէրը իրենց ազգապահպանման վսեմ գործով Սփիւռքի մէջ։ Թող շարունակեն այդ ուղիով քալել՝ կիրարկելով իրենց արհեստագիտութիւնը (professionalism) եւ փորձառութիւնը ի նպաստ մեր սփիւռքահայ կեանքի ամրացման ու հայապահպանման։
Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան սէրն ու յարգանքը վայելող այս յեղափոխականասէր երիտասարդութեան թողունք յաջողցնելու իր պետականութիւնը լաւագոյնով օժտելու սրբազան առաքելութիւնը։
7 comments
Տրամաբանական հարցում, անտրամաբանական առաջարկ-մտքի
Սփիւռքի մէջ։ Թող շարունակեն այդ ուղիով քալել՝ կիրարկելով իրենց արհեստագիտութիւնը (professionalism) եւ փորձառութիւնը ի նպաստ մեր սփիւռքահայ կեանքի ամրացման ու հայապահպանման։ Այսինքն նաեւ՝ մնան կթան կովի կարգավիճակի մէ՞ջ միայն։
Աւելի լաւ է
Աւելի լաւ է ''կթան կովի կարգավիճակի մէջ'' ըլլալ սփիւռքի մէջ, այդ ձեւով օգտակար ըլլալով, քան թէ՝ Հայաստանի մէջ սխալ քաղաքականութիւն խաղալով, հոն ժողովրդային ընդվզումին առարկայ դառնալով:
Ինչու՞ այս առաջնահերթութիւնը
Ինչու՞ այս առաջնահերթութիւնը կը տրուի այս նիւթին: Ինչի՞ կը ծառայէ այս նիւթը քննարկել` ա՛յսօր: Այս "յեղափոխութեան" առաջադրանքներուն հետ ի՞նչ աղերս ունի Օրհներգին քննարկումը: Կենաց մահու օրեր կ՛ապրինք ամենուրեք, եւ անկապ նիւթեր շալկած մաղձ կը թափենք…: Ճգնաժամ մնացած չէ՛ հայուն, հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, եւ էջեր կը մրոտենք հինցա՛ծ մաղձերով: Եւ այսպիսի էջեր կարդալով, այսպիսի "հեղինակաւոր" անկիւններէ, կը մտաբերեմ Աթաթիւրքի ակնարկութիւնը, թէ հայը պէտք չունի արտաքին թշնամիներու, քանի աւելիով ունի իր ներսդին: Հրատապ հարցեր քննարկեցէք, ինչպէս Արցախի իրավիճակ, Հայաստանի գոյատեւում, տնտեսական բարելաւում, քաղաքացիական բարգաւաճում, աջէն ու ձախէն փչող քաղաքական շրջանային հովեր, արեւմտահայստանի հանգոյց, սփիւռքեան ցուլումներ…: Ալ բան չմնա՞ց, թէ ընելիք չունիք, նոր "յեղափոխականներ" հայրենիքի, որ բարձր աթոռ հասած, կը "քննարկէք" Օրհներգ, եւ կը հրահրէք հին բաժանարար մաղձեր, որուն կու գան միանալու սփիւռքեան "վկայեալներ": Ինչու՞ հիմա. ինչու՞ ցոյց տանք միշտ, թէ Աթաթիւրքը իրաւացի է – հայը լիքն է իր ներքին թշնամիներով: Թեկուզ թաքնուած ու պատսպարուած ըլլան մի քանի վկայականներով թէ կոչումներով: Մե՜ղք այսպիսի բանիմացներու:
Եւ Տէր, հեռացուր մեզանից ամէն
Եւ Տէր, հեռացուր մեզանից ամէն ինչ վտանգող, եւ ամէն յառաջդիմութիւն ականող սա՛ Օրհներգը, եւ այդ ալ` ա՛յսօր: Հայաստանեան բոլոր փլանաւորումներն ու գործելադաշտերը ամուլ են ու վտանգուած, քանի սխալ Օրհներգով օրհնած ես, Տէր ամենայն: Այս Օրհներգը կը հեռացնէ Արցախը` Հայաստանէն, ու կտոր կտոր կը բաժնէ սփիւռքահայ լուսամիտ վկայեալ մակդիրաւորներ` իրարմէ: Տէր, այսօ՛ր վանէ այս Օրհներգը, որ հայը գտնէ՛ ճիշդ ուղիդ: Տէր, կ՛աղերսեմ, հանէ այս միաձայն մաղձը իմ մէջէս. այլապէս պիտի մեռնիմ այդ մաղձով, ու երթամ անհանգիստ` դէպի ունայնութիւն:
I root for Mer Hayrenik
I dare anyone to produce any record of Aram Khachaturian, who was a devoted communist, to have said that he based the Soviet Armenia hymn on religious music, in this case the Armenian church mass. Any argument along those lines, unless substantiated, sounds hollow and fake to me.
We should note that according to the Armenian Wikipedia Aram Khachaturian, has based the music of the Soviet Armenia hymn on the third act of his famed ballet Gayane՛. Does not that sound more plausible?.
As to its lyrics, it was written by Sarmen (Armenag Sargsyan) in 1944, almost a one hundred years after the “Mer Hayrenik”.
One or two songs come to my mind that may have embodied the Armenian sentiments during those 100 years or so. I cannot imagine that “Mer Hayrenik” was imposed on the people and that it was not a natural selection by the people embodying its sentiments. On the contrary, it must have been a well liked folk song that it was produced on stage for the very first time in Tbilisi in 1885, almost a quarter of century after the author’s death, well before Parsegh Gananchian’s improvisation.
Beauty is in the gazer’s eye. If some like music of Soviet Armenia hymn, well, no one can argue against it. But argueing against Mer Hairenik or ascribing its support to Tashnagsoutiun sound hollow to me.
First and foremost
First and foremost: What is the relevance of even discussing the changing of the Anthem today? What bad did it cause, thus what good will its changing bring, to the mountain-high challenges of Armenia today? It is well-thought ridicule of simple Armenian minds, well-orchestrated through a high ranking Parliamentarian! It is like keeping the Armenian public busy with a bone, while hiding in the dark who knows what other issues. I won't even take the bite, Mr. Alain Simonian et al.!(*) I won't even discuss, and not now, which has better meanings, lyrics, reflections and so forth. Aram Khatchdourian can wait; Sarmen can wait; who knows Tcharentz can wait…What is the urgency of such "beauty contests"? But you know what, Mr. Simonian (and I know not who you are, how you look like…)? You are a DIVISIVE person, someone who mocks and ridicules the common Armenian citizen, and I hope you represent not more than your own self. Otherwise, in Tekeyan's words, " some calamity is happening there, in the dark…". Guys, please don't even bite such bare bones, destined to keep us busy in the hollow, and end up writing divisive articles and points of views. There is much else vital to do, real challenges to face; the Anthem is not one of them!
BTW, I was at an Armenian gathering yesterday. An "iconic think-tank" of Armenian academic(**), who got assigned to the post of managing the diaspora (a la "Minister Of The Diaspora") for the Armenian Government. And this was his last sentence: "The ideology of Pan-Turanism, Pan-Turkism, is nothing but the creation of "our fantasy", as it was a century ago too. There is no such ideology!". Yashasen: It is the phase of "preparing the minds of Armenians for peace", whatever that peace is, whoever the architect of that "peace".
Editor's note:
(*) "Mr. Alain Simonian is mentioned to be the vice chair of the Armenian Parliament; this new discussion about the Anthem was set forth by this high-ranking official."
(**) Refernce is to Prof. Ronald Suny
Կայ, սակայն այլ երես ալ
Կայ, սակայն այլ երես ալ, David. Ճիշդ է ըսել, որեւէ օգուտ որեւէ ձեւով` հայրենիքին, քաջալերելի է. ի գին կթան կով ալ ըլլալու, թերեւս: Իսկ ի՞նչ է կարծիքդ` սա՛ գալիքին մասին – եթէ քաղաքական կը մտածես, հետեւիր Երեւանին` ուր, որ ալ կ՛ապրիս. եթէ կրօնական կը մտածես, ուր, որ ալ ես, հետեւիր Էջմիածինին, նոյնիսկ եթէ Էջմիածինը "գրաւուած" է` Երեւանէն: Մէկ խօսքով, կարճ ու կտրուկ, ո՛րեւէ երեւանեան իշխանութիւն ներկայացնելու՞ է բոլորս` համապարփակ: Ի՜նչ ալ ըլլայ պարագան, հետեւելու՞ է Երեւանին. նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ ժողովրդավա՞ր: Կթան կով ըլլալ, կը նշանակէ ըլլալ խաբուած…: Անձնապէս, քրտինքով կազմած կաթս` պիտի մերժեմ խաբկանքով սփռել…:
Comments are closed.