Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյնի «Հայոց Նահատակութիւնը» Յուշագիրքը

Յարութիւն Իսկահատեան, Էրեբունի,  28 Յունուար 2019

Ականատես վկայ արաբ հեղինակ՝ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն, Սուրիոյ Հաուրանի նահանգի Էլ-Սալութ գերդաստանէն իսլամ կրօնական շէյխի մը որդին է: Ան Կ. Պոլսոյ կայսերական դպրոցին մէջ իրաւաբանութիւն կ’ուսանի եւ Տամասկոս՝ Սուրիոյ Կուսակալական Զինուորական Սպայակոյտի բաժանմունքին մէջ իր ուսումը կը կատարելագործէ: Մամուրէթ-իւլ-Ազիզի (Խարբերդ- Յ. Ի.) նահանգին մէջ իբրեւ փոխ- գաւառապետ կը պաշտօնավարէ երեքուկէս տարի եւ ապա Տամասկոս կը վերադառնայ: Իբր Հաուրանի ներկայացուցիչ, շրջանային Գաւառական Ժողովի եւ ապա Վարչական Խորհուրդի անդամ կը դառնայ:

Երբ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը կը պայթի, 1914-ին իրեն կ’առաջարկուի վերստանձնել Խարբերդի նահանգի նախկին փոխ-գաւառապետի պաշտօնը, բայց ան կը մերժէ: Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն թուրքերուն կողմէ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հովանաւորած արաբական ազատագրական պայքարի կազմակերպութեան մը իբրեւ անդամ կ’ամբաստանուի ու ձերբակալուելով կը բանտարկուի, ապա շղթայակապ կ’աքսորուի դէպի Ալէյ (Լիբանան)՝ քաղաքական յանցագործներու արգելարանը: Դատաւարութենէն ետք, թէեւ ան անպարտ կը հռչակուի բայց անոր որեւէ պաշտօն չի տրուիր, որովհետեւ թուրքերը որոշած էին ուսեալ ու ազդեցիկ արաբները հեռու պահել: Ճեմալ փաշայի հրամանով Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն Կարին կ’աքսորուի, բայց տակաւին հոն չհասած, Տիգրանակերտի մէջ կը բանտարկուի: Այդ օրերուն ռուսերը Կարինի շատ մօտեցած էին: Առանց արդարացուցիչ պատճառի ան 22 օր բանտին մէջ կ’անցնէ եւ ապա ազատ կ’արձակուի: Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն Տիգրանակերտի մէջ վեցուկէս ամիս կը մնայ, ականատես կ’ըլլայ ու հաւաստի աղբիւրներէ ալ կը տեղեկանայ հայոց դէմ ի գործ դրուած թրքական վայրագութիւններու: Բարձրաստիճան թուրք սպաներ, պետական պաշտօնեաներ եւ թղթակիցներ իրեն կը պատմեն հայոց կրած տառապանքներուն մասին:

Փրկուելու համար թուրքին ճիրաններէն եւ մոլեռանդութենէն, Ֆայիզ Էլ- Ղուսէյն Տիգրանակերտէն կը փախչի ու շատ նեղութիւն կրելով Պասրա կը հասնի: Հոն է որ կ’որոշէ իր տեսածներն ու լսածները գրի առնել: Իր համառօտ յուշերը ան կը հրատարակէ գրքոյկով մը՝ «Հայոց Նահատակութիւնը» (հեղինակ՝ Ֆայիզ Էլ-Հիւսէյն, պէտք է ըլլայ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն- Յ. Ի.) խորագրով, որ լոյս տեսած է 1 Սեպտեմբեր 1916-ին Պոմպէյի մէջ: Սոյն յուշագիրքին հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է «Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան» հրատարակութեան (Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Մարմին- Մատենաշար 1, Թեհրան, 2012, փոքր չափի, 110 էջ) մէկ բաժինը:

Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն «Ինչեր Ապրեցի» (էջ 22-26) վերնագրի տակ Արաբ Փունարի ու Եդեսիոյ մէջ իր ականատեսի վկայութիւնները կը պատմէ: Կարինէն ոտնաբոպիկ հասնող, անօթի ու ծարաւ, հիւծած կիներ եւ մանուկներ անոր աչքերուն առջեւ կը մահանան: Աղջիկներէն ու կիներէն շատերը չբռնաբարուելու համար իրենց զաւակներուն հետ միասին անձնասպան կ’ըլլան: Եդեսիոյ մէջ խումբ մը հայ երիտասարդներ, քաջատեղեակ տիրող կացութեան եւ թուրքին ու քիւրտին մտադրութեան, իրենց զէնքերը կը մերժեն յանձնել եւ քաջաբար թուրքին դէմ զինեալ պայքար կը մղեն (Ֆաիզ Էլ-Ղուսէյն Ուրֆայի Հերոսամարտին կ’ակնարկէ- Յ. Ի.): Ճեմալ փաշայի հրահանգով Հալէպէն Եդեսիա կը հասնի Ֆախրի փաշան եւ [գերմանացիներու օգնութեամբ- Յ. Ի.] թնդանօթներով Եդեսիոյ հայկական թաղերը քարուքանդ կ’ընէ: Գարա-Եփրեմ գիւղին մէջ հեղինակը՝ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն Գրիգոր Զօհրապի ու Վարդգէսի (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան) սպաննուած վայրը կ’այցելէ: Ան գործուած վայրագութիւններու պատճառը կը վերագրէ հայոց դէմ թուրքերու սնուցած նախանձին: Թուրքերը հայոց ունեցած քաղաքակրթութենէն շատ հեռու էին: Անոնք վերադարձած էին իրենց թաթար նախահայրերու բնազդին ու ծայրահեղօրէն վայրագ կերպով կը գործէին: «Հայերի իրենցից աւելի կրթուած, ազդեցիկ եւ խոհեմ լինելու հանգամանգը թուրքերի ատելութեան գլխաւոր պատճառն էր», կ’ըսէ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն:

Ականատեսի իր պատմութեան շարքին մէջ, «Խնդրանք փրկագնի համար» (էջ 27-28) հատուածին բովանդակութիւնը թուրքերու կաշառակերութեան յատկացուած է: Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյնի հետ հինգ հայեր ձերբակալուած էին եւ թուրք սպայ մը զանոնք Տիգրանակերտ կը տանէր: Ճամբուն վրայ շատ սարսափազդու տեսարաններու ականատես կ’ըլլան անոնք: Ասդին անդին հայ կիներու եւ մանուկներու դիակներ փռուած էին: Բռնի ոյժի տակ հինգ հայ կալանաւորները իրենց բոլոր ունեցածը թուրքերուն կու տան իբրեւ կաշառք: Թուրքերը տարագիր հայ կիներն ու աղջիկները կը չարչարէին, կը բռնաբարէին ու կը սպաննէին: Դուք «մուսուլմաններդ, արդեօք յանցագործութիւն չէ՞ սա…: Ենթադրենք, թէ նրանց ամուսինները արժանի էին դաժան վերաբերմունքի: Արդա՞ր է որ այս կանայք եւս ենթարկուէին նոյն ճակատագրին, որից վայրի գազաններն անգամ կարող են ամաչել: Ղուրանում (իսլամ կրօնքի սուրբ գիրքը) գրուած է. «Մէկի բեռը միւսի վրայ մի՛ բարդիր», ինչը նշանակում է մէկին չպէտք է պատժել ուրիշի յանցանքի համար» հարց կու տայ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն թուրքերուն: Ան կ’աւելցնէ. «Աստուած գիտի, որ սա խայտառակ ոճրագործութիւն է, որ ոչ մի ժողովուրդ, ով ինքն իրեն քաղաքակիրթ է համարում, չի արել եւ թոյլ չի տայ, որ անի»:

Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն եւ հինգ հայ կալանաւորները թուրք սպայի մը հսկողութեան տակ ինքնաշարժով Եդեսիայէն Տիգրանակերտ կ’ուղղուին: Ճամբուն եզերքները ամէն կողմ հայերու դիակներ փռուած էին: Կային այրած, մոխրացած, սպաննուած եւ հիւանդութիւններէ մահացած մարդոց դիակներ: Երբ Տիգրանակերտ կը հասնին, թուրք սպան Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյնն ու հինգ հայերը թրքական իշխանութիւններուն կը յանձնէ եւ անոնք կը բանտարկուին: Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն բանտին մէջ թուրք բանտարկեալի մը բերնէն կը լսէ թէ թուրքերը հայոց բնաջնջման որոշումը տուած են երբ վերջիններս զէնք բարձրացուցած են թրքական իշխանութիւններու դէմ: Թուրքը կ’աւելցնէ թէ հայոց տուներէն արգիլուած ու վտանգաւոր զէնքեր գրաւուած են եւ անոնց տէրերը՝ բանտարկուած: Հայ հոգեւորակններն ու ազնուականները պահանջած են բանտարկուածներուն ազատ արձակումը, սակայն իշխանութիւնները զանոնք ալ բանտարկած են՝ թիւով 700 հոգի: Տիգրանակերտի մէջ հայ երիտասարդներուն զէնք բարձրացնելու հարցը բոլորովին անհիմն է, ըստ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյնի: Ըստ Թուրք բանտարկեալին, բոլոր հայ կալանաւորները դէպի Մուսուլ քշելու որոշումով ճամբայ հանուած էին, սակայն Եփրատի եւ Տիգրիսի ջուրերուն մէջ խեղդամահ եղած կամ սպաննուած էին, կ’ըսէ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն: Տիգրիսի ջուրերուն մէջ ողջ-ողջ նետուածներուն մէջ էր հայ կաթողիկէ ծերունի Անդրէաս եպիսկոպոսը (պէտք է ըլլայ Չէլէպեան, գիրքին մէջ տպուած է սխալ՝ Հոմանդիոս- Յ. Ի.), ինչպէս նաեւ Տիգրանակերտի հայ լուսաւորչական փոխ-առաջնորդը [Մկրտիչ Վրդ. Ջլղատեան- Յ. Ի.]:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու միտումով, թուրքերու «փաստարկ»ները կը ժխտէ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն, ըսելով որ Վանի հայերը միայն ու միայն ինքնապաշտպանութեան արարք գործած են եւ անոնք բնաւ նախայարձակ չեն եղած: Միւս կողմէ հայոց զէնքեր իւրացնելու պարագան կը լուսաբանէ արաբ հեղինակ՝ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն եւ կ’ըսէ թէ Վանէն Տիգրանակերտ հասած ծանօթ մարդոց եւ թուրք պաշտօնեաներու վկայութեամբ հայոց  սակաւաթիւ զէնքերը միայն ինքնապաշտպանութեան նպատակով գործածուելու համար պահուած էին: Վան քաղաքի հայերը գաւառներուն մէջ տեղի ունեցած կոտորածները տեսնելով, զինեալ դիմադրութեան դիմած էին:

Հայոց Ցեղասպանութեան կանխամտածուած ոճիր ըլլալուն մասին, հեղինակը կը ներկայացնէ հետեւեալ փաստարկը, զոր կը մէջբերեմ. «Թուրքերը հասկացել էին որ հայերը միւս բոլոր ազգերի հետ համեմատած, մշակութային, տնտեսական, ճարտարագիտական, հասարակական ու կրթութեան բնագաւառներում շատ աւելի առաջ էին եւ կարող էին առաջիկայում բանակում եւս կարեւոր դիրքերի հասնել: Անոնք համոզուած էին այս հարցով եւ վախենում էին, որովհետեւ քաջատեղեակ էին իրենց տկարութիւններին, մասնաւորապէս գիտէին, որ կրթութեան ու առաջդիմութեան մէջ անկարող էին մրցել հայերի հետ»: Հեղինակը՝ Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն կ’եզրակացնէ. «Թուում էր, թէ նրանցից ազատուելու միակ ճանապարհը հայերի բնաջնջումն էր»: Վերջապէս Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն կ’ըսէ. «Ղուրանի աւանդութիւնների եւ պատմական փաստերի առջեւ բացայայտ են թուրքական կառավարութեան արարքները, որոնք լիովին հակասում են իսլամի սկզբունքներին»:

Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյն եւրոպական պետութիւններուն ուղղելով իր խօսքը կը յայտարարէ թէ անոնք են որ քաջալերած եւ մեղսակից դարձած են թրքական կառավարութեան անմարդկային արարքներուն, որովհետեւ այդ կառավարութեան վատ նկարագրին ծանօթ էին ու գիտէին որ թուրքերը բարբարոս ու վայրենի ցեղ մըն են:

Տեղին է աւելցնել թէ այս եւրոպական պետութիւններէն ամենէն «գործունեան» էր Գերմանիան, որուն միսիոնարներէն ոմանք Հայասպանութեան ոճիրին մէջ անմասն չմնացին՝ երդումներով ու ստապատիր խոստումներով զինաթափ ընելով հայ ժողովուրդը: Արաբ ականատես վկայ եւ յուշագրող Ֆայիզ Էլ-Ղուսէյնի Հայասպանութեան վերաբերեալ վկայութիւնը անգամ մը եւս կը բացայայտէ, թուրքերու իսլամ կրօնի անուան տակ թաքնուած հայոց ջարդերը իրականացնելը արդարացնելու սուտ ու սին ջանքերը:

You May Also Like