Ֆրանսահայ Երաժիշտ, Երգահան, Երգիչ Եսայի Ալթունեան

Հեռախօսային  Հարցազրոյցը վարեց` ​Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ – Փարիզ, Յուլիս 2016
 
Պրն.Ալթունեան, կրնա՞ք դուք ձեզ ծանօթացնել եւ ինչպիսի գործունէութիւն կը ծաւալէք հայկական թէ ֆրանսական համամարդկային երաժշտութեան աշխարհին մէջ:
 
Ես, Եսայի (Էսայի) ֆրանսական «անուանակոչութեամբ» փարիզահայ երաժիշտ, երգահան ու երգիչ եմ, ու կ՚աշխատիմ ինչպէս արդի թէ հայկական աւանդական երաժշտութեան, այնպէս ալ օտար, դասական թէ «փօփ», էսդրատային համաշխարհային երաժշտութեան անդաստանին մէջ, ուր փայլած են ու կը փայլին Քուինսի Ճոնզի, Մայքըլ Ճեքսընի նման «աստղեր»: Մեծ սէր ունիմ նաեւ ջութակի հանդէպ: Մէկ խօսքով, հայ մշակոյթն ու երաժշտութիւնը տարածել մասնաւորաբար օտարներուն, որոնք ինչպէս նկատած եմ, կը սիրեն որ հայ եմ ու շատ բարձր կը գնահատեն Հայաստանն ու մեր դարաւոր անզուգական ստեղծագործութիւնները:

Իմ արմատները կու գան Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն: Ցեղասպանութենէն փրկուած Եսայի քահանայ մեծ հայրս եւ տարիներ շարունակ անապատին մէջ, Սուրիոյ ցեղախումբերու կողմէ որդեգրուած եւ ապա Ֆրանսա հարազատները վերագտած միւս մեծ հայրս` Նշան, որոնց կեանքի պատմութիւնը եւ անհաւատալի թուացող փրկութիւնը թուրքին եաթաղանէն զիս ներշնչած են միշտ ստեղծագործելու հայկական շունչով եւ զայն փոխանցել բազմամշակոյթ ժողովուրդներու, իմ շրջագայութիւններուս մէջ: Ազատատենչ Արցախ կատարած ճամբորդութիւնս, վերջերս զիս գօտեպնդեց որպէսզի դիմեմ վճռական քայլերու երաժիշտի ու երգահանի, երգիչի առաքելութեանս մէջ:

Որո՞նք են ձեր ծրագիրները մօտիկ ժամանակներս:
 
Արդէն իսկ պատրաստած ենք «Արմենիա» ծրագիրը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ներկայացնել արեւելեան եւ հայկական, արեւմտեան երաժշտութիւնը ինչպէս Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի, այնպէս ալ օտար ունկնդիրներուն եւ համաշխարհային երաժշտութեան միլիոնաւոր հետեւորդներուն: Մեր գլխաւոր նպատակն է Հայաստանը իր մշակոյթով ու երաժշտութեամբ դարձնել խաղաղութեան կամուրջ եւ դրօշակակիր, խռովայոյզ այս աշխարհին մէջ: Այս նպատակով է, որ շուտով պիտի այցելեմ Հայաստան, ձայնագրելու շարք մը նոր երգեր եւ պարային երաժշտութիւններ` ինչպէս «Քոչարի»ն:
 
Ինչպէս իմացանք, հրաւիրուած էք նաեւ Պէյրութ համերգներ տալու, ի՞նչպէս կը տեսնէք ձեր ապագայ այցը Սփիւռքի մայրաքաղաք:
 
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է ըլլալ Պէյրութ, ուր տասնամեակներէ ի վեր հայ ծաղկուն գաղութ է եւ մշակոյթ ու երաժշտութիւն գոյութիւն ունի,  ամէնէն բարձր արհեստավարժ մակարդակով: Համերգներուս պիտի միանան լիբանանցի եւ լիբանանահայ երաժիշտներ ու երգիչներ ու կը ծրագրեմ անմոռանալի դարձնել եւ կամրջել Արեւելք եւ Արեւմուտք, հայկական ու լիբանանեան մեծ աւանդոյթներ ունեցող դարաւոր մշակոյթները: Այս միջոցառումը եզակի հանդիպում մը պիտի ըլլայ հազարամեայ
Պէյրութի մէջ:
 
You May Also Like