Ա.+ Բ.+ Գ. Հանրապետութիւններ = Անկախութիւն
Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 28 Մայիս 2018
Հայ ժողովուրդը կլանուած է Հայաստանի անկախութեան 100ամեակով, զայն նկատելով իր գոյութեան եւ յաւերժութեան դափնեպսակը:
Եւ արդարօրէ՛ ն:
Սակայն, պահ մը հարց տանք.
– Ո՞ր անկախութեան մասին է խօսքը
– Ո՞ւր կը գտնուին անոր յաջորդական օղակները
– Իւրաքանչիւր հայ նո՞յն ձեւով կ’ըմբռնէ զայն
– Պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ զայն
– Առարկայական արժեւորումը ո՞ւր կը գտնուի
Ա.+ Բ.+ Գ. Հանրապետութիւններ = Անկախութիւն
Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 28 Մայիս 2018
Հայ ժողովուրդը կլանուած է Հայաստանի անկախութեան 100ամեակով, զայն նկատելով իր գոյութեան եւ յաւերժութեան դափնեպսակը:
Եւ արդարօրէ՛ ն:
Սակայն, պահ մը հարց տանք.
– Ո՞ր անկախութեան մասին է խօսքը
– Ո՞ւր կը գտնուին անոր յաջորդական օղակները
– Իւրաքանչիւր հայ նո՞յն ձեւով կ’ըմբռնէ զայն
– Պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ զայն
– Առարկայական արժեւորումը ո՞ւր կը գտնուի
Ոչ միայն տարուած, այլեւ ստիպուած ենք նման հարցադրումներով հանդէս գալու, ինչպէս այսօր, նաեւ վաղը ու միւս օրը:
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր (թերեւս ալ աւելի), հայրենիքը ու մանաւանդ Սփիւռքը, մամուլը ու բեմերը ողողուած են խայտաբղէտ հրապարակագրութիւններով, արձագանգներով եւ անդրադարձներով, ուր անկախութիւնը կը մնայ կիզակէտային նիւթ մը:
Սակայն, անոնք, իրենց անհրաժեշտութիւններով հանդերձ, որքա՞ն առարկայական եւ իրապաշտական են, երբ ամէն ոք կը փորձէ իւրովի դիտել զայն կամ ինքնակեդրոն ձեւով բացատրել:
Նախ՝ անկախութիւնը որեւէ մէկուն կամ կողմի սեփականութիւնը չէ, նոյնիսկ հայրենիքի, այլ՝ ան անկրկնելի խորհուրդ մը կը պարփակէ իր մէջ, անփոխարինելի պատգամ մը կը շեփորէ:
Երկրորդ՝ անկախութիւնը ԼԻՈՎԻՆ ժողովուրդն է՝ իր պետականութեամբ ու ժողովրդային լայնածիր խաւերով, որպէս սրբազան մնայուն հիմնաքար մը, որ ուժ ու սլացք կու տայ անոնց կենարարութեան եւ յաւիտենականութեան:
Պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացնել ու հաստատել, որ՝ երբ կը խօսուի ու կը փառաբանուի անկախութեան սխրանքին մասին, իր 100ամեայ հասկացողութեամբ ու բովանդակութեամբ, ատիկա երբե՛ք չի կրնար.
– Տարանջատուիլ
– Շրջանցուիլ
– Քաղաքականացուիլ
– Բեկորուիլ
– Բեւեռացուիլ
Անկախութեան նշումը կամ ոգեկոչումը, եթէ կը սահմանուի (պէ՛տք է սահմանուի) իր իսկակա՛ն կշիռով ու լիցքով, ապա, ո՞րքան արդար ու տրամաբանական պիտի ըլլայ զայն ներկայացնել իր «կոտորակուած» դիմագիծով, աղճատելով անկախութեան բնոյթն ու յղացքը:
Այսօր, հայրենի պետութիւնը եւ ժողովուրդը, պատմական իրողութիւններէն ու չափանիշներէն մեկնելով, ճիշդ բնութագրումը տուած են անկախութեան գնացքին ու կը մնան կառչած անոր անսայթաք ու հեզասահ շարժերուն:
Եօթանասուն տարի, հայրենի ժողովուրդը, հակառակ իր դէմ ցցուած որոշ դժուարութիւններուն եւ որոշակի դժգոհութիւններուն, երկաթեայ կամքով եւ անզիջող վճռակամութեամբ, ԵՐԿԻՐ կառուցեց, իր քաղաքաշինական խոյանքներով, կրթական ու գիտական նուաճումներով, մշակութային եւ արուեստաշինական իրագործումներով, մտաւորական սերուցքով, հայ գիրքի ու գրականութեան հարստութեամբ եւ մասնագիտացած սերունդներով:
Լա՛ւ, ի՞նչ որակել այս բոլորը, երբ այսօրուան Հայաստանին, անկա՛խ Հայաստանին, Գ. Հանրապետութեան ԿՏԱԿՈՒԵՑԱՒ (ու նուիրուեցաւ) կազմ ու պատրաստ վարդագոյն ու բարգաւաճ հայրենիք մը, շարունակելու անոր վերելքը:
Այլապէս, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ 100ամեայ անկախութեան հետ կը վերաբերուի… միականիութեամբ կամ անոր մէկ մասը բաժնելով միւս «եղբայր»ներէն, փորձելով «որբացնել» մէկը կամ «խորթացնել» իրարմէ:
100 տարի անցած է առաջին անկախութենէն, որ ներքին թէ արտաքին բռնի ազդակներու բերմամբ, չկրցաւ իր ինքնութիւնը պահել, որուն անաչառ պատմութիւնը տակաւին իր վճռական խօսքը չէ ըսած:
Այդուհանդերձ, ատիկա չի նշանակեր ուրանալ կամ դրժել շուրջ երկամեայ Ա. Հանրապետութեան գոյութիւնը, որուն ոգին ու շունչը հայ ժողովուրդին մօտ մնաց անջնջելի եւ անմար:
Բայց, արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ հո՜ն մնալ, երբ այսօրուան Հայաստանը, իր անկախութեամբ ու պետականութեամբ վերականգնած է, առանց արկածախնդրութիւնը ունենալու զայն վերստին կորսնցնելու…:
Բարեբախտաբար, Գ. հանրապետութիւնը ձեւաւորուեցաւ, առանց ցնցումներու եւ առճակատումներու, հայ ժողովուրդին յոյս տալով, որ կրնայ կերտել իր անկախութիւնը, կրնայ ամրացնել իր ինքնութիւնը, կրնայ ծաղկեցնել իր երկիրը, ի գին ամբողջական պատասխանատուութեան, զոհողութեան ու նուիրուածութեան:
Կրկնակի բարեբախտութիւն է, որ վերջին իշխանափոխութիւնը եւս առանց արիւնահեղութեան իրականացաւ, ինչ որ կը հաստատէ, թէ հայ ժողովուրդը գիտակից ու զգաստ է՝ գուրգուրալու իր հայրենիքի անհպելիութեան վրայ, խուսափելով վտանգաւոր արահետներու մէջ թափառելէն, զգուշանալով որեւէ ծայրայեղութենէ, որոնք կրնան (կրնային) երկիրը փոխադրել հանդարտաբարոյ քարափէն՝ աւերախառն քարափ:
*****
Ուրեմն, 100ամեայ անկախութիւնը, 100 տարեկան է, իր 1918-1920, 1920-1990 եւ 1991-2018 թուականներով, զորս պարտի իւրաքանչիւր հայ ընդունիլ եւ խորաչափել անոնց ներդրումներն ու նորարարութիւնները, եւ ինչո՞ւ ոչ, իրենց ձախողութիւններով եւ յառաջդիմութիւններով, ձախաւերութիւններով եւ զարգացումներով, կաղացումներով ու շինարարութիւններով:
Ինչո՞ւ կը շեշտենք այս կէտը.
Պարզապէս, երբ կը լսենք ու կը կարդանք 100ամեայ անկախութեան մասին, անոր սկիզբը ըլլալով 1918 թուականը, որուն վրայ, կը յամենան ոմանք, գովքը հիւսելով, պարծենալով, պաշտելով թերեւս, ինչ որ տեղ ալ իրաւունք ունենալով:
Բայց, ինչպէ՞ս բացատրել, երբ այդպիսիներ նոյն խանդավառութիւնը եւ ոգեւորութիւնը չեն ապրիր, յիշելու կամ անդրադառնալու այն երկարամեայ հատուածին՝ Բ. Հանրապետութեան, որ կը կոչուէր Խորհրդային Հայաստան:
Եթէ պիտի շարունակուի այս անիմաստ անտեսումը, անտեղի ուրացումը, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ համարձակութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ 100ամեայ անկախութեան մասին արտայայտուիլ եւ հպարտանալ անորմով:
Եթէ կ’ըսուի 100ամեայ, կը տօնուի անոր տարեդարձը, աւելի քան պարտաւորիչ է դարադարձը պահել նոյն հարազատութեամբ ու ներգործութեամբ, առանց թուաբանական… շփոթմունքի, այսինքն՝
Ա. եւ Բ. կ’ունենանք Գ.
Ա. եւ Գ.՝ ԶԵՐՕ
Ա. Բ. եւ Գ.՝ ՀԱՐԻՒՐ
Վերջին հաշուով, պատմութեան անիւը կարելի չէ փոխել, ոչ ալ կոխկռտել, յանուն ինչ-ինչ հաշիւներու, որոնք ոչ մէկ ձեւով կ’օժանդակեն անկախութեան վարքին ու վարկին, որոնց այնքա՜ն կարիք կայ:
Ի վերայ, այսր ամենայնի, այլեւս ժամանակն է ընդունիլ պատմական այն հոլովոյթը, որ հայ ժողովուրդին է, իր տարբեր երեսներով ու համակարգերով:
Անկախութեան 100ամեակը, ճիշդ է, գօտեպնդիչ հանգրուան մըն է, սակայն իր ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ փաթեթով, զայն կտակելու այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն:
Թօթափուիլ բարդոյթներէ եւ ինքնակեդրոնացումներէ եւ ողղուիլ դէպի անկախութեան միաձոյլ ու միագունդ հայրենաօճախ , որմէ շահողը պիտի ըլլայ միայն ու միայն… անկախութիւնը:
100ամեակը ատոր ազդանշանը թող տայ:
Ո՛ ւշ չէ:
1 comment
100 year anniversary
It is regrettable that the above author is comparing the 2.5 years of INDEPENDENT ARMENIA to the 70 years of Soviet domination. The stalinist purges, massacres crimes against humanity were committed.
Armenians by nature and history have thrived in all kinds of environment and they did their best during the soviet rule.
However, when the opportunity came they were the vanguard who crushed the soviet empire and restored their independent rule.
Comments are closed.