100 + 1, Արցախ, Սփիւռք

(Անխուսափելի Մտորումներ Ու Մատնանշումներ)

 Պարոյր Յ . Աղպաշեան , Պէյրութ, 24 Օգոստոս 2016

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը անցնելէ ետք, ակնկալելի էր, որ Հարիւրամեակի խայտաբղէտ մարմինները, ընդ հովանեաւ գերագոյն Կեդրոնական վարչութեան, ուր համախմբուած էին Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի պետական, ազգային, քաղաքական, եկեղեցական ու միութենական ներկայացուցիչները, ԼՈՒՐՋ հանրագումարի բերէին իրենց իրագործումները (եւ նաեւ՝ կաղացումները), առաւել՝ նուազագոյնը, պատրաստէին դէպի նոր յիսնամեակի մը գէթ համառօտ նախագիծը:

Դժբախտաբար, ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ երկրորդը կատարուեցան անհրաժեշտ չափով եւ իւրաքանչիւր շրջանակ, կողմ ու գաղութ, գոհունակ (՞) տրամադրութեամբ մը պարուրուած, հրապարակէն կորսուելու չափ… անյայտացան, բացի հատուկենտ եւ աննշան երեւումներէն:

(Անխուսափելի Մտորումներ Ու Մատնանշումներ)

 Պարոյր Յ . Աղպաշեան , Պէյրութ, 24 Օգոստոս 2016

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը անցնելէ ետք, ակնկալելի էր, որ Հարիւրամեակի խայտաբղէտ մարմինները, ընդ հովանեաւ գերագոյն Կեդրոնական վարչութեան, ուր համախմբուած էին Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի պետական, ազգային, քաղաքական, եկեղեցական ու միութենական ներկայացուցիչները, ԼՈՒՐՋ հանրագումարի բերէին իրենց իրագործումները (եւ նաեւ՝ կաղացումները), առաւել՝ նուազագոյնը, պատրաստէին դէպի նոր յիսնամեակի մը գէթ համառօտ նախագիծը:

Դժբախտաբար, ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ երկրորդը կատարուեցան անհրաժեշտ չափով եւ իւրաքանչիւր շրջանակ, կողմ ու գաղութ, գոհունակ (՞) տրամադրութեամբ մը պարուրուած, հրապարակէն կորսուելու չափ… անյայտացան, բացի հատուկենտ եւ աննշան երեւումներէն:

Ասոր լաւագոյն ապացոյցը գիտէք ի՞նչ էր, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած այն անբնական ու տարօրինակ ցուցադրականութիւնը, որուն ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան անդամները արժանացան (չզարմանալ կամ զարմանա՞լ)… գնահատանքի վկայագիրներու:

Կարելի՞  է երեւակայել Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ գնահատանքի (կրնայ ըլլալ նաեւ շնորհակալագիրի՞) գիրեր:

Այո՛, կենդանի օրինակը մեր առջեւն է եւ որեւէ տեղէ ձայն մը, արձագանգ մը, հակազդեցութիւն մը չլսուեցաւ, թէ այս խաղքութիւնը եւ անհեթեթութիւնը ինչո՞ւ տեղի կʼունենայ, այնքան ատեն որ Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը ու կատարողութիւնը, հայ ժողովուրդի սրբազան պարտքն է, առանց  «հատուցումային» այս խեղկատակ ոճին:

Ցարդ կʼանգիտանանք, թէ նման «արարողութիւններ» ո՞ւր եւս տեղի ունեցած են եւ որուն «չնաշխարհիկ գիւտ»ն է ատիկա:

Աւելի՝ ի՜նչ վարկաբեկում ու անուանաբեկում է այս վերաբերմունքը մեր նահատակներու ու Հայ Դատի հաշւոյն, եւ յանուն ինչի՞.  չէ՞ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իր Պահանջատիրական յաջորդական գործօններով, երբեք չէր կրնար նման պայմանով հատուցուիլ, երբեք չէր կրնար նման մօտեցումով դրսեւորուիլ:

Թերեւս, այս տողերը, դիտողութեան կարգով, ոմանց համար անախորժելի կամ անընդունելի ըլլան, բայց, չոր իրականութենէն ի՞նչ կը փոխեն անոնք, երբ՝

– Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակը
– Հայոց Ցեղասպանութեան 60ամեակը
– Հայոց Ցեղասպանութեան 70ամեակը
– Հայոց Ցեղասպանութեան 80ամեակը
– Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակը

Բացառիկ շուքերով, հանդիսապետութիւններով ու խուռներամութիւններով կազմակերպուեցան, ոմանք նոյնիսկ պատերազմի թեժ օրերուն, սակայն, հովանաւոր ազգային մարմիններէն ոչ ոք կը սպասէր, որ իրեն շնորհուէր… վկայագիր մը, նման փորձ մը իսկ չերեւակայելով:

Պահ մը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ՝ արդեօ՞ք, ասիկա ալ կը դասուի շքանշաններու ու շքանշանակիրներու շարանին մէջ, Հայաստանը ըլլալով անոր նախաձեռնող-գործադրողը, իսկ Սփիւռքը՝ անկէ օգտուող-շոյուողը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ամեակները, Սփիւռքի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան մօտ, իրենց բուխութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, մեծ նուաճումներ արձանագրեցին, կարեւոր յառաջխաղացքներ ապահովեցին ու հիմնարար խաղաթուղթեր յայտնաբերեցին, բայց, ոչ մէկ ձեւով ատոնք միտած էին կամ կը միտէին… փոխադարձական գնահատումներու, որոնց, առ այդ, պէտք է գիտակցէին Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները ու մասնաւորաբար սփիւռքեան խնդրոյ առարկայ կողմերը, յստակացնելու ու պարզելու, թէ Սփիւռքը՝ ոչ անցեալին, ոչ ներկայիս, ոչ ալ ապագային, գործած է, կը գործէ ու պիտի գործէ նման, մեղմ ըսած, փխրուն դատողութեամբ:

*****

Այս մատնանշումներուն զուգահեռ, մտորելի չէ՞, որ 100 + 1ը ինչպէ՞ս ընթացաւ, ի՞նչ յառաջընթացային նախաքայլերու ազդանշան տուաւ եւ դէպի ո՞ւր առաջնորդելի կը գտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացը:

Նախքան ասոնց պատասխանները փնտռելը ու քննարկելը, 100 + 1ի նշումները, իրենց նախորդներուն կրկնութեանց նոր տարբերակները չէի՞ն, քիչ մը ամէն տեղ ու հայագաղութներէ ներս:

Անշուշտ, այդ կարճ ժամանակամիջոցին «հրաշք»ներ ակնկալելը միամտութիւն էր, սակայն, եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը պիտի շարունակուի կիրարկուիլ այս դանդաղութեամբ ու մակընթացութեամբ, մտահոգիչ չէ՞  մնալ այդ ոլորապտոյտին մէջ, յամառօրէն միայն ընդունումի ու ճանաչումի օրակարգի վրայ յամենալով, «շուք»ի մէջ ձգելով, օրինակ, հողային պահանջատիրութեան հրատապութիւնն ու առաջնահերթութիւնը:

Սխալ չհասկցուելու համար, Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման կամ ճանաչման հարցը կարելի չէ մոռնալ, այլ, անոր զուգընթաց ու գերիվեր, նոր յառաջխաղացքներ արձանագրելու եւ ուղիներ բանալու ընտրանքներու նախապատուութիւն տալու է, նոր դուռեր պէտք է բանալ:

Ի դէպ, Գերմանիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ընդունումը բացառիկ նուաճում մըն էին այդ մարզէն ներս, սակայն, եթէ անոնց բարենշութիւնը պիտի մնան նախորդներու ծիրէն ներս, կը նշանակէ թէ՝ հոս եւս կայ պակասաւորութիւն մը, որուն քովէն կարելի չէ անցնիլ հարեւանցիութեամբ:

Մեծ Եղեռնի գործադրման շրջանին եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան ժամանակներուն, Գերմանիան, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն մասնակից մըն էր անոր, եւ որուն արխիւներուն մէջ անսպառ տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ պէտք է ըլլան, կա՛ն, պեղելի ու բացայայտելի:

Արդ, հայ պատմաբանները կամ պատկան կողմերը, կրնա՞ն լուսաբանել, թէ Գերմանիան ինչո՞ւ այս ուշացած բայց ոչ-ուշ, այլապէս յանդուգն քայլին դիմեց, հետեւապէս, նոյն տրամաբանութեամբ, անոր յաջորդ ընթացքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, աւելի ճիշդ՝ հայութիւնը ինչպէս կը կարծէ գործել ու շարժիլ:

Այս բոլորէն կը ծնին կամ կը բխին նաեւ հարցադրումներ, որոնք նոյնքան (եւ աւելի) կարեւոր եւ էական են Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը ամուր հիմքերու վրայ դնելու:

Թափանցի՛կ ըլլանք:

Մինչեւ հիմա, Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը վստահուեցաւ կուսակցական, համայնքային, միութենական, գաղութային կողմերուն կամ ներկայացուցիչներուն, որոնք, թէեւ ոչ միշտ, բայց, գնահատելի աշխատանք տարին:

Սակայն, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այդ սովորամոլութիւնը, մինչեւ ե՞րբ պիտի որդեգրուի այդ աւանդութիւնը, որոնք դարձած են «ժամանակավրէպ», պարզ այն պատճառով որ,

– Տնօրինողները կʼըլլան միայն այդ ներկայացուցիչները, անհատական թէ հաւաքական որոշումներով, շատ յաճախ ալ անճիշդ եւ թոյլ արդիւնքներով

– Մասնագիտական թէ մտաւորական տարրերու բացակայութիւնը այդ կազմերէն ներս, ինքնին կը թուլացնէ աշխատանքին ուժականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը

– Պատմագիտական, ցեղասպանագիտական կամ վաւերագիտական գործերու վտիտութիւնը (հայ թէ օտար լեզուներով), շատ քիչ կը ծառայէ Հայ Դատի պաշտպանութեան թափին, երբ կազմակերպչական գործօնները աւելի ժամանակ կը խլեն, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան շահօգուտ ու պիտանի:

Թերեւս վերեւ նշուած «ներկայացուցչական»ները համաձայն չգտնուին (կամ ընդվզին) այս վերագրումներէն, բայց, իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, այնքան ատեն որ անցեալի յամեցող գործելաոճը տակաւին կը մնայ ի զօրու, մինչ հայ երիտասարդ մասնագէտները համարեայ «անգործ» կը մնան, որովհետեւ՝ տոկմատիկ դրուածքները եւ ուղեղները այդպէս կը պահանջեն:

Ժամանակն է փոխել այս մտայնութիւնն ու տրամաբանութիւնը, եթէ Հայկական Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակէ անարգել խուսանաւել, հրաժարելով հատուածական «բաժնետէր»երու ոճէն եւ ներգրաւելով մասնագէտ նոր սերունդը, որուն թիւը, հաւատալ պէտք է, մեծ է, պայմանաւ որ անհրաժեշտ ուշադրութիւնը եւ առիթը տրուի անոր:

*****

Ծանօթ է, թէ Ապրիլի սկիզբը, չորս օր, Արցախը ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական անարգ յարձակումներու թիրախին, որ, ըստ էութեան, խիստ մտահոգիչ էր եւ այդպէս ալ մնալու է, ի տես ալիեւական-էրտողանական բարբարոսութիւններուն ու շարունակուող նախայարձակումներուն:

Այստեղ ատոր քննարկումը կամ վերլուծումը չէ որ կը կատարուի, այլ՝ լիբանանահայութեան այն արի եւ անխախտ կեցուածքը, որ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայրենի Արցախին ու անոր հերոս ժողովուրդին:

Լիբանանցի համաքաղաքացիները, որոնք, մէկ կողմէն՝ ականջալուր եղան հայկական-ատրպէյճանական այս առճակատումին, միւս կողմէն ալ՝ ականատես լիբանանահայութեան բուռն բողոքներուն, հարց կու տային. «Գիտենք որ դուք թուրքերուն հետ խնդիր ունիք, ասիկա ի՞նչ է»:

Իրաւունք ունէին. այս ալ մեր «թերացումն» է, որովհետեւ, առ այդ, գրեթէ այս իրավիճակի մասին չէինք խօսած եւ կամ՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններով չէինք լուսաբանած զիրենք:

Բարեբախտաբար, զանազան միջոցներով, ընդհուպ՝ դէպի Ղարաբաղ գործուղղուած արաբ լրագրողներով, շնորհակալ նպաստ մը բերուեցաւ սահմանային այս թղթածրարին ճշմարտութիւնը փոխանցելու լիբանանցիներուն:

Այս առիթով, երկու դիտարկումներ.

1. Լիբանանահայութիւնը (կամ ընդհանրապէս սփիւռքահայութիւնը), ի յառաջագունէ պէտք է պատրաստ (ու պատրաստած) ըլլայ հանրութիւնը նման հիմնախնդիրներէ:

2.Ղարաբաղի պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուած բոլոր կարգի նախաձեռնութիւններն ու կազմակերպչականութիւնները, միասնականութեան ու համախմբուածութեան առումով, աւելի դիպուկ ու նպատակային կրնային ըլլալ՝ յաչս ոչ-հայերուն, եթէ պարզուէր բռնցքացած ու միացած լիբանանահայութիւն, իսկ քովընտի կամ «անհատականացած» նշումները եւ զօրակցութիւնները հետեւէին անոր իրականացման:

Կրկնենք. ինչպէս այլ պարագաներու, հոս ալ նոյն «հիւանդ»ութիւնը կը թեւածէ, իսկ շարունակուող այս ախտը, պէտք է վստահ ըլլալ, հայ ժողովուրդի ընդհանրական եւ ազգային հարցերու յաղթահարման երբեք չի նպաստեր:

Վերջին հաշուով, եթէ պիտի յիշուի ու պիտի պահանջուի կարգախօսը ինքզինք պիտի պարտադրէ, դուրս պէտք է գալ (նետուի՛լ) քարացած-կաղապարացած առաձգական կերտուածքներէն:

*****************

Կա՞ն ՌԱԿ-ի Երախտաւորները Յաւերժացնող Կոթողներ

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Սեպտեմբեր 2016

Հայաստանի անկախութեան քսանհինգ տարիներու ընթացքին, սփիւռքահայ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ (կուսակցական, բարեսիրական, եկեղեցական, առեւտրական, եւայլն) կայք հաստատեցին հոն, իւրաքանչիւրը համապատասխան իր կառոյցներով ու հետեւորդներով, միջոցներով ու կարողութիւններով, ներդրումներով ու ներուժերով:

Ոչ միայն բնական, այլեւ անհրաժեշտ էին այդ ներհոսքն ու ներթափանցումը, նախ՝ մաս կազմելու հայրենիքի  վերակառուցման ու վերաբարգաւաճման գործընթացին, ապա՝ իրենց փորձն ու վաստակը ծառայեցնելու հայրենակերտումի աճին:

Անշուշտ, այս գրութեամբ, երբեք յաւակնութիւնը չկայ անդրադառնալու այդ կազմակերպութիւններուն դրական թէ ժխտական աշխատանքներուն կամ իրագործումներուն, թէեւ, արագ անցումով մը, կրնանք յիշել, որ անոնք այնքան ալ յաջողութիւն չարձանագրեցին իրենց դերակատարութիւններուն մէջ, որոնց պատճառը անպայման անոնց պատասխանատուներուն վրայ ձգելը ճիշդ եւ արդար պիտի չըլլար, նկատի ունենալով իրերայաջորդ հայրենական իշխանութիւններու, մեղմ ըսած, անհարթութիւններն ու անհաղորդականութիւնները անոնց նկատմամբ, զանոնք յաճախ մատնելով անճրկութիւններու, անկիւնաւորումներու, երբեմն ալ՝ պառակտումներու ու բեւեռացումներու, ենթակայական ու կախեալական խորհրդաւոր դիտաւորութիւններով:

Իւրաքանչիւր կողմ գիտէ, պէտք է գիտնայ, թէ խօսքը ինչի կը վերաբերի եւ իր հայրենադարձ այս կամ այն կազմակերպութիւնը ի՞նչ վիճակի մէջ գտնուեցաւ, գործեց, իսկ այսօր՝ կը գտնուի ու կը գործէ:

Սակայն, երբեք ալ ընդունելի կամ ներելի պիտի չըլլար ամէն «յանցանք» նետել հայրենի իշխանութիւններուն վրայ, երբ կան բացթողումներ, թերացումներ կամ շեղումներ իրենց ներքին կեանքին ու գործին մէջ, որոնց համար, նոյնքան եւ աւելի մեղաւորներ են՝ իրե՛նք, այդ կազմակերպութիւնները:

Թերեւս, այս ծիրէն ներս, ամենէն աւելի եւ առաջ, ազգային կուսակցութիւններու դրուածքն է, որոնք, անկախութեան առաջին իսկ օրէն, քառասմբակ շունչերնին առին Հայաստան, այն միամտութեամբ կամ բարեմտութեամբ, որ շուտով կրնան դառնալ տիրական (՞) ուժեր կամ հոսանքներ:

Յետայնու, պատմութիւնը ծանօթ է. բոլորն ալ ապրեցան թռիչքներ եւ անկումներ, չէզոքացումներ ու սեղմումներ, բաժանումներ ու մեկուսացումներ, իրողութիւններ, որոնք ընդհանրապէս մռայլ էին եւ իրենց տխուր ազդեցութիւնները ձգեցին անոնց վրայ, ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ Սփիւռքի մէջ:

*****

Անցեալի պանծալի՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր ազնուական գոյամղումով եւ ազգային լիցքաւորումով, ասպետական սլացքով եւ յղացքով, մտաւորական սերուցքով ու տեսլապաշտ մարդուժով, եղաւ այն «ոսկեայ կամուրջ»ը, որ փորձեց նորանկախ հայրենիքի մէջ հաստատուիլ, գործել եւ արդիւնաւորել, ժողովրդավարական դաւանանքն ու սկզբունքները իրականացած տեսնելու մտօք:

Սփիւռքահայ ռամկավար թէ համակիր շրջանակներուն համար, արդար ակնկալութիւն մըն էր (եւ է՛), որ ազատական ռամկավարութեան կրողներու ու ջատագովներու, կերտողներու ու ձեւաւորողներու ղեկավարները, առաջնորդներն ու պարագլուխները, հայրենիքի մէջ, արժեւորուէին, գնահատուէին ու մեծարուէին, համապատասխան դրսեւորումներով:

ինչո՞ւ այս պահանջարկը.

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր գաղափարախօսական սկզբունքներով, միւս կուսակցութիւններու հետ համեմատելով կամ գտնուելով բոլորովին գաղափարական այլ ոլորտներու մէջ, գերազանցապէս մնաց ԱԶԳԱՅԻՆ ակունքներու հարազատ ժառանգորդ-հետեւորդը, որդեգրելով ուղի մը, որ հաւատարիմ է հայու ինքնութեան ու հայապահպանումի նուիրականութիւններուն, նոյնիսկ խորհրդային համակարգի ժամանակաշրջանին:

Եթէ այս էր պերճախօս (չոր կամ սո՞ւր) իրականութիւնը, հետեւաբար, հարցադրելի է. ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ, Ռամկավար հիմնադիրներու, ազատամարտիկներու, գաղափարախօսներու, մտաւորականներու կամ երախտաւորներու անունով կամ յիշատակին նուիրուած խորհրդանշական կամ անուանակոչական արձանագրութիւններ չկան (փողոց, թաղ, հրապարակ, պուրակ, լսարան, յուշարձան, կոթող, շատրուան, եւայլն), եւ կամ՝ «ժլատութիւն» կայ անոնց նկատմամբ:

Միայն հայաստանեան կո՞ղմն է պատասխանատուն այս «զանցառում»ին կամ «պարտազանց»ութեան, գոնէ այս պարագային, ո՛չ, ատոր իսկական պատասխանատուն, նոյնինքն տուեալ կազմակերպութիւնն է:

Այսպէս կը տարուինք մտածելու, այլեւ համոզուելու, երբ կʼիմանանք, թէ այս ուղղութեամբ համարեա ոչինչ կատարուած է, մինչ ուրիշներ, զգալի ու շօշափելի նախաձեռնութիւններով ու գործարքներով, կրցած են հանդէս գալ իրենց կուսակցութիւնները եւ երախտաւորները փառաբանող եւ յաւերժացնող կառոյցներով, անուանումներով ու մանրակերտերով, հայրենի ժողովուրդը ծանօթացնելով այդ բոլորին պատմական արժէքին եւ արժեւորումներուն:

Արձանագրելի է, որ այս արդիւնքին հասնելու համար, հայրենի պատմաբաններ, մասնագէտներ, նոյնիսկ՝ ակադեմականներ, իրենց նպաստը բերած են, արժանին մատուցելով:

*****

Կը յիշեմ, առիթով մը, երբ մտերմիկ զրոյցի մէջ էի հայրենի յայտնի պատմաբանի մը հետ, քիչ մը խիստ դիտողութեան կարգով, յառեցի.

– Դուք ինչո՞ւ կողմնակալութիւն կʼընէք եւ միակողմանի մօտեցումներ ցոյց կու տաք կամ կողմնակալ գնահատումներ կը կատարէք ազգային մեր կուսակցութիւններու նկատմամբ, մէկը գերադասելով, միւսը անտեսելով:

Սիրելի Պարոյր, հարցը երբեք պէտք չէ դիտել այդ անկիւնից, ոչ էլ մեղադրել պէտք է մեզ: Ովքեր մեր օգնութեան դիմել են, մենք էլ՝ ընդառաջել ենք, իսկ դուք արե՞լ էք նման դիմում ու մերժուել:

Ի հարկէ, զրուցակիցս իրաւացի էր:

Թերացումը պէտք չէր փնտռել այլուր, այլ այն պարունակէն ներս կամ անոնց մօտ, որոնք ոչ միայն այդ գիտակցութիւնը չունէին, այլեւ՝ փարսախներով հեռու էին այդ պատասխանատուութիւնը յարգելու ու զայն գործադրելու վճռակամութենէն:

Բնական է, մեր խօսքը հոս չի վերաբերիր ՌԱԿի պատմագրութենէն, ժամանակագրութենէն եւ ընթացագրութենէն օրինակներու, որոնք, այսպէս թէ այնպէս ալ, անկատար, անբաւարար եւ անգոհացուցիչ են, որովհետեւ, այս հաստափոր թղթածրարը, բացի կարգ մը լուրջ փորձերէն, յանձնուեցաւ եւ վստահուեցաւ (՞) պատահական կամ հաշուենկատ… անշնորհքներու:

Այո՛, խօսքը, անպայման, նոյնքան սրութեամբ ու դիպուկութեամբ, կʼերթայ ՌԱԿի ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ, ԵՐԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, ՄԵԾԵՐՈՒՆ ու ՏԵՍԼԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ նկատմամբ արձանագրուած, կամայ թէ ակամայ, մոռացումներուն, անտեսումներուն, երբ կարելի էր շրջանցել զանոնք, անշուշտ, եթէ կարելի ըլլար թօթափուիլ ոմանց ՆԵՐՔԻՆ բարդոյթներէն ու լծուիլ անցեալի հրաշագեղ պատմութիւնը վկայակոչելէն, անոր նուիրեալ երախտաւորներուն արժանին եւ արժանաւորագոյնը հատուցելով:

Աւելի մասնաւորելով, ՌԱԿի պատմական դէպքերուն ու դէմքերուն, սկսեալ «հայր» Արմենական Կուսակցութենէն, բայց, մասնաւորաբար անոր ժառանգորդ-միաւորուած համախմբում՝ ՌԱԿէն, անկախ Հայաստանը ինչո՞վ հարստացած է եւ հարստացուցած հայրենի մտաւորական, քաղաքական թէ հասարակական շրջանակները:

Անկեղծօրէ՛ն՝ հազի՜ւ թէ:

Բայց, կարելի՞ է ՌԱԿի նման երախտաւորութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ ողողուած ազգային նախամեծար կազմակերպութեան մը նկատմամբ, ըլլալ այսքան դաժան եւ անգութ, զայն զրկելով իր վիթխարի էութենէն, մեծութենէն ու դերակատարութենէն:

Քիչ մը հեռաւոր անցեալը չէ որ միայն կը խօսեցնէ, այլ նաեւ՝ ՄՕՏԻԿ, որուն հետեւորդներն ու մասնակիցները ըլլալու վկաները շատ են(ք), առաւել կամ նուազ ներկայութիւններով, ասկէ՝ մեր տագնապը, ճիչը, պոռթկումը, անտեսուած այն երախտաւորներուն նկատմամբ, որոնք ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ պահպանման, զօրակցման ու գոյատեւման ի խնդիր՝ պայքարեցան ու հալածուեցան, դիմադարձեցին ու հակազդեցին:

Այսօր, հարց է, չէ՞, հայրենի ժողովուրդը ի՞նչ գիտէ, օրինակի համար, Էօժէն Բափազեանի, Միհրան Տամատեանի, Յակոբ Թոփճեանի, Արտակ Դարբինեանի, Հրաչ Երուանդի, Համբարձում Պէրպէրեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի, Բարունակ Թովմասեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Հրաչեայ Սեդրակեանի, Յակոբ Դաւիթեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի, Յովսէփ Եոզկաթեանի եւ բազում-բազում ռամկավար ղեկավար-գործիչներու մասին:

Ասոնցմէ ոմանք այն ղեկավարներէն էին, որոնք «պաղ պատերազմ»ի օրերուն, ինչ-ինչ փոթորիկներէ անցան, բայց, երբեք տեղի չտուին եւ չընկրկեցան, ընդհակառակը, բիրտ արգելքներու ու բռնի պարտադրանքներու դիմաց, ազգային ուժականութիւն ցուցաբերեցին, հայրենական անշեղ դիրքորոշում որդեգրեցին, հակառակ իրենց դէմ ծառացող սպառնալիքներուն ու ճնշումներուն:

*****

Մեր խորին համոզումը այն է, որ այս ուղղութեամբ, նորօրեայ ՌԱԿի ժառանգորդները, իրենց խայտաբղէտ ներկայութիւններով ու տարաբնոյթ ներկայացուցիչներով, ի վիճակի չեղան գործնապաշտ կամ իրապաշտ քայլերու դիմելու, պարզ այն բացատրութեամբ, որ, նախ՝ այդ նախանձախնդրութեան ոգին չտեսնուեցաւ կամ՝ զայն իրականացնելու հնարաւորութիւնները չօգտագործուեցան, ապա՝ եւ ամենէն ահաւորը, զայն իրականացնող կողմերը կամ տեսլապաշտները չգտնուեցան:

Ի՞նչ կարելի է հետեւցնել այս «չոր ու ցամաք» «պաղ ու տափակ» իրավիճակէն, բացի այն, որ ՌԱԿի երախտաւորներու մեծ մասը պիտի չունենայ (եւ չունի) իր հայրենական ինքնութիւնը եւ ներկայութիւնը, իր անցեալի փառքերով եւ ապագայի տեսիլքներով, ի տես նշմարուող, զգացուող ու շարունակուող գահավիժումին:

Նոյնքան սահմռկեցուցիչ է, երբ՝ հոս ու հոն եւ քիչ մը բազմաթիւ տեղեր, ականջալուր կʼըլլանք ՌԱԿի երախտաւոր ղեկավարներու անունով հիմնուած ակումբներու ու կառոյցներու խամրումին, անշքացումին ու նոյնիսկ… ջնջումին (որոնց մեկնաբանումը կը ձգենք առ որ անկէներուն):

Այս հաշմուած համայնապատկերը չի՞ պարտաւորեցներ, որ հայրենիքի մէջ, ՌԱԿի երախտաւորներու հիմնաւորումը եւ յաւերժացումը հրամայականութիւն մը դառնայ, յանուն այդ մեծութիւններու անձին, գործին ու վաստակի գնահատումին:

You May Also Like