11 Սեպտեմբեր 2001…Եւ Յետոյ

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս, 13 Սեպտեմբեր 2011
 
 ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԱԿՆԱՐԿ

Հիմա որ աւարտած են պաշտօնական միջոցառումները, խօսուած՝ ճառերը, և հեղած՝ հարազատներու անամոքելի վիշտի արցունքները, հաւանաբար ամենապատեհ առիթն է փորձելու սա տարրական բայց յաճախ անտեսուած և ապերախտ առաջադրանքը – յստակատես մօտեցմամբ, կարելի առարկայականութեամբ քննարկել ողբերգութիւնը և, զգացական զեղումներէ վեր՝ հասկնալ անոր խոր պատճառները, անմիջական շարժառիթները, եղածին տարողութիւնը, արժած գինը, լուծած խնդիրներն ու յարուցած նո՛ր տագնապները: Յաճախ կ’անտեսուի ու կը մոռացուի այս քննարկումը կամ ինքնաքննադատութիւնը: Տարրական տրամաբանութիւնը, սակայն, մեզի կը յուշէ թէ ասիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի չկրկնուին եղած փոքր կամ ծանրակշիռ սխալները:   

Սահակ Թութճեան, Լոս Անճելըս, 13 Սեպտեմբեր 2011
 
 ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԱԿՆԱՐԿ

Հիմա որ աւարտած են պաշտօնական միջոցառումները, խօսուած՝ ճառերը, և հեղած՝ հարազատներու անամոքելի վիշտի արցունքները, հաւանաբար ամենապատեհ առիթն է փորձելու սա տարրական բայց յաճախ անտեսուած և ապերախտ առաջադրանքը – յստակատես մօտեցմամբ, կարելի առարկայականութեամբ քննարկել ողբերգութիւնը և, զգացական զեղումներէ վեր՝ հասկնալ անոր խոր պատճառները, անմիջական շարժառիթները, եղածին տարողութիւնը, արժած գինը, լուծած խնդիրներն ու յարուցած նո՛ր տագնապները: Յաճախ կ’անտեսուի ու կը մոռացուի այս քննարկումը կամ ինքնաքննադատութիւնը: Տարրական տրամաբանութիւնը, սակայն, մեզի կը յուշէ թէ ասիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի չկրկնուին եղած փոքր կամ ծանրակշիռ սխալները:   

Նիւ Եորքի մէջ Միջազգային Առեւտրական Կեդրոնի երկնաքեր զոյգ աշտարակներու վրայ ճիհատիստ ինքնասպանական յարձակումը և անոր փլուզումը միայն մեզի հաղորդուած 2,977 անմեղ զոհերով չի վերջանար: Չափաւոր ու «շատ պահպանողական» հաշիւներով իսկ (Պրաուն Համալսարան), Իրաքի, Աֆղանիստանի և Փաքիստանի դէմ ԱՄՆ-ի շղթայազերծած հակադարձ պատերազմներու մինչեւ հիմա հնձած զոհերն են մօտաւորապէս 6,000 ամերիկեան զինուորներ (առանց հաշուելու գործակցող միւս երկիրները), աւելի քան 137,000 անմեղ քաղաքացիներ և 7.8 միլիոն գաղթականներ այդ երկիրներէն: Դարձեալ ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, այս երեք պատերազմները ԱՄՆ-ին արժած են, համախառն վերջնական հաշուով (այսինքն՝ ներառեալ տոկոսներու վճարումն ու վեթերաններու խնամքը), մօտ 4 թրիլիոն (4,000,000,000,000) տոլար — այսինքն մեծով-պզտիկով ամէն մէկ ամերիկացի պարտական է՝ աւելի քան 12,800 տոլարի տուրք – կամ, այլ պատկերացմամբ, երկու երախաներու տէր զոյգ մը պարտի գալիք տարիներուն ընտանեօք վճարել աւելի քան 50,000 տոլարի յաւելեալ եկամուտի տուրք մը (կոկիկ գումար՝ որ կրնար, ըսենք, սեփական տան գնման որպէս կանխավճար օգտագործուիլ): Անշուշտ չ’ըսուիր թէ ի՛նչ եղած են պատերազմի ենթակայ այս երկիրներու և աշխարհի միւս երկիրներու կրած նիւթական ծանր վնասները: Չի յիշուիր նաեւ թէ ո՛ւր գացած են թրիլիոններու խոշորագոյն պատառները: Հապա՞ ինչպէս կարելի է հաշուարկել այն մահացու հարուածը որ սարսեց ամբողջ աշխարհի ապահովութիւնը, ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, բարակ թելերէ կախ բարոյական կոչուած արժէքները, նորահաս սերունդներու յոյսերն ու երազները:

Ինչո՞ւ այս դժուար յաղթահարելի լախտի հարուածը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաջորդող տասնամեակներուն, երբ նախկին կիսանկախ ու գաղութային երկիրներու ժողովուրդները ոտքի ելան իրենց ազգային ազատագրութեան և անկախութեան պահանջով, անոնցմէ յատկապէս մահմետական երկիրներու կղերականութիւնը փորձեց իր հակակշռին տակ պահել այդ շարժումները: Գաղութային տիրապետութեան տակ արտօնուած գրեթէ միակ կազմակերպութիւնը եղող կղերականութիւնը իր այս նպատակին մէջ կարեւոր չափով յաջողեցաւ՝ մանաւանդ այս երկիրներէն ամէնէն չքաւորներու պարագային: Այս ընդհանուր ազատագրական հոսանքի որպէս իւրովի մէկ տարբերակը, հիթլերական նացիզմի ողջակիզումէն հազիւ ճողոպրած հրէական զանգուածները նոյն ժամանակներուն ձեռնարկեցին՝ անգլիական գաղթատիրութեան դէմ իրենց համար ապահով օճախ մը հիմնելու պայքարին: Դժբախտաբար հոս եւս կշիռ ունեցող ուժերէն մէկն էր՝ քաղաքական ախորժակներով տարուած կղերականութիւնը – հանգամանք՝ որ չհեշտացուց հասկացողութիւնը մահմետական արաբ ճողովուրդներու հետ: Դիրքերը տակաւ սկսան աւելի եւս կարծրանալ երբ արաբական աշխարհը դեռ որպէս գաղութ դիտող Արեւմուտքը միահամուռ թիկունք կանգնեցաւ Իսրայէլի պետութեան հաստատման – առանց, սակայն, միաժամանակ փորձելու գործնական անկողմնակալ վերաբերմունքով մեղմել արաբական հասկնալի մտահոգութիւնները:

Յատկապէս այն տարիներէն ի վեր ԱՄՆ-ը, որպէս արեւմտեան առաջատար պետութիւն, մեծ տէրութեան մը անյարիր միակողմանիութեամբ և առանց պայմանի Իսրայէլի կողքին կանգնեցաւ, ու չկարողացաւ նոյն ատեն իր անկողմնակալ կեցուածքով սիրաշահիլ արաբներն ու մահմետականները, շահիլ անոնց վստահութիւնը: Արաբական աշխարհն ու յատկապէս մահմետական ժողովուրդները ԱՄՆ-ի մէջ տեսան իրենց տարրական կարիքներու բաւարարման հակառակորդը, մանաւանդ պաղեստինցիներու դեռ մինչեւ այսօր երկարաձգուող թշուառութիւններուն ի տես:

Այս իրավիճակի և պայմաններու տակ, յենելով իր ժառանգած հարստութեան, Ուսամա Պին Լատէն փորձեց գլխաւորել իսլամ երկիրներու պայքարը Արեւմուտքի դէմ: Ասոր առաջին հանգրուանն էր Աֆղանիստանին իր աջակցութիւնը Սովետ Միութեան դէմ, որուն գործօն մասնակցութիւն կը բերէր ԱՄՆ-ը եւս: Աֆղանիստանէն ետք, պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատման դէմ ձգձգողական թոյլ կեցուածքով և արաբական երկիրներու հանդէպ վերապահութեամբ, իսլամ ժողովուրդներու աչքին ԱՄՆ-ը դարձաւ անվստահելի քաղաքական ուժ: ԱՄՆ-ը, սակայն, նոյն ատեն ի վիճակի չէր հրաժարելու արաբական և իսլամական երկիրներու քարիւղէն, որուն համար հարկադրուած նկատեց դիմել զինեալ միջամտութեան: Այդ նպատակով Իրաքի բռնապետ Սատտամ Հիւսէյնը պատերազմի հանեց Իրանի դէմ՝ յուսալով քարիւղի հորերուն տանող երկու թռչուն բռնել մէկ քարով: Իր կարգին, Պին Լատէն կը նախատեսէր որ, խրելով իսլամական երկիրներէ ներս արիւնահեղ պատերազմներու մէջ, ԱՄՆ-ը ի՛նք արիւնաքամ պիտի ըլլար ու քայքայուէր քաղաքականօրէն ու տնտեսապէս՝ իր հետ քաշելով Արեւմուտքի հակամահմետական միւս երկիրները: Իրանեան այաթոլլաներու գաղափարախօսութեան բաւական մօտիկ տրամաբանութեամբ (որքանով որ այս բառը կիրառելի է կղերապետական համակարգի մը), ան կ’երազէր, ի հարկէ իր գլխաւորութեամբ, իսլամական շարիա օրէնսդրութեան տակ միաւորել արաբական և իսլամ երկիրները:

Տեսադաշտը կը տարբերի՝ նայած դիտակէտին: Արեւմուտքէն ու մանաւանդ ԱՄՆ-էն դիտուած՝ Ալ-Քաիտան, Թալիպաններու աջակցութեամբ, ԱՄՆ-ի դէմ արաբական-իսլամական թշնամութեան գլխաւոր սկզբնապատճառն է: Արաբական արեւելքէն ու մանաւանդ իսլամական երկիրներէն դիտուած՝ Ալ-Քաիտան հետեւանքն է արաբներու և մահմետականութեան դէմ Արեւմուտքի և գլխաւորաբար ԱՄՆ-ի ցուցաբերած խտրականութեան, երկու չափի ու կշիռի (ամէն ինչի մէջ նախապատւութիւն Իսրայէլի՝ ընդդէմ արաբներու), քարիւղային ասպատակութեան, և իսլամական կրօնքի հանդէպ  անհանդուրժողութեան:

Թող ոչ ոք ինքզինք ապահով զգայ՝ այնքան ատեն որ աշխարհ դեռ կը յորդի մարդկային զանգուածներով որոնք զրկուած են իրենց կեանքի հարազատ վայելքէն ու ճշմարիտ գիտութեան լոյսէն, և որոնց քաղաքական, ընկերային ու կրօնական միամտութիւնը կամ անգիտութիւնը անխնայ կը շահագործուի՝ մեծ ու պզտիկ բախտախնդիրներու կողմէ – ներսէն ու դուրսէն: Այս խօսքս կը վերաբերի յետամնաց ու զարգացած երկիրներուն հաւասարապէս: Յարաջացեալ երկիրներու ճարտարարուեստական ու թեքնոլոգիական հզօրութիւնը իրենց խոցելիութեան հաստատումն է նոյն ատեն: Մէ՛կ է աշխարհը – ուզենք թէ չուզենք: Համացանցի (internet) դարաշրջանին, ամբողջ աշխարհ ապակեայ տուն մըն է, ներառեալ հզօրագոյն երկիրները: Եւ, ինչպէս իր զոարթ ոճով շատոնց ըսած է անմահն Կոմփիւկիոս, ապակեայ տան բնակիչը պէտք չէ որ մերկ կենայ:     

Աստուած հոգին լուսաւորէ այն 2,977-էն իւրաքանչիւր անմեղ ամերիկացիին որ 11 Սեպտեմբեր 2001-ին զոհուեցաւ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակներուն մէջ: Արդար ու հոգեպարար դեր ունէին հոգեհանգիստի թէ՛ պաշտօնական, թէ՛ մտերիմ արարողութիւնները, ցաւի արտայայտութիւններն ու վշտակցութիւնները որոնք եղան՝ ողբերգութեան տասներորդ տարելիցին առիթով: Սակայն աշխարհի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը դեռ կը սպասէ այն օրուան երբ նոյնանման վշտակցական արտայայտութիւններու պիտի արժանանան «միւսները»՝ այդ թիւին առնուազն յիսունապատիկն եղող գլխաւորաբար արաբ այն անմեղ քաղաքացիները որոնք զոհ գացին՝ այդ ողբերգութեան յաջորդող իրաքեան անարդարանալի պատերազմին: Իրաքի դէմ պատերազմը կը մնայ և պատմութեան մէջ պիտի յիշուի որպէս խոշորագոյն սխալը Ճորճ Պուշի որ, զանգուածային բնաջնջման զէնքերու վերաբերեալ սուտ վկաներու օգնութեամբ ու քմայածին պատճառաբանութեամբ, նորանոր ա՛յլ ոճիրներով գերազանցեց բիրտ բռնատէրի մը ոճիրները իր սեփական ժողովուրդին դէմ: Մինչեւ որ այս սխալը չսրբագրուի և իրաքցի ժողովուրդէն ներողութիւն չհայցուի ամենայն սրտցաւութեամբ ու կարեկից յարգանքով – օրինակ, ինչո՞ւ չէ, ա՛նձնապէս նոյնինքն Պրն Պուշի՛ կողմէ (քայլ մը որ մասամբ պիտի սրբէր պատմութեան մուրը իր ճակատէն՝ գերման նախկին վարչապետներէն Վիլի Պրանտթի տիպար օրինակով ) – կամուրջը քանդուած պէտք է համարել Արեւմուտքի և արաբ-իսլամ Արեւելքի ժողովուրդներուն միջեւ: Մինչեւ որ անբարտաւանօրէն ոտնահարուած ժողովուրդներու արժանապատւութիւնը չի վերականգնուի բարի կամեցողութեան ճշմարիտ ժեստերով ու գործնական քայլերով, կասկածի նշոյլն իսկ կարելի չէ ունենալ թէ՝ սերունդէ սերունդ կոտտացող վէրքերը յաճախ դարերով չեն սպիանար: Ու դաժանօրէն բռնաբարուած ժողովուրդի հոգին չի խաղաղիր:՝Եսապաշտութեան մէջ ինքնագոհ խուլ աշխարհի մը դէմ՝ թշուառ ժողովուրդներու յուսահատական ցաւագին պոռթկումները վերջ չեն ունենար:

Մանաւանդ մենք հայերս, քաղաքակիրթ կոչուած աշարհի աչքերուն առջեւ ապրած վերջին դարու մեր արիւնոտ գողգոթայի ժառանգորդներս,  շատ մօտէն հաղորդ ենք այդ ցաւին:  

You May Also Like