
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ



«Հայերն ու ասորիները բնաջնջուեցան, ուղեղի եւ դրամագլուխի արտագաղթ տեղի ունեցաւ: Մինչ 1920-ական թուականներուն Տիգրանակերտի տնտեսութիւնը երկրին մէջ երրորդ դիրքի վրայ գտնուէր, այսօր անիկա ինկած է 66-րդ դիրքի: Անոնք մեկնեցան, եւ երբեւիցէ խաղաղութիւն չտիրեց այս հողերուն վրայ. աղքատացա՛նք: Ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ տնտեսական կայունութիւն ունեցանք: Նուիրական արժէք մը պղծուելուն համար անիծուեցանք»: Այս խօսքերը կը պատկանին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին, արտասանուած` Տիգրանակերտի մէջ նոյեմբերին կայացած ընկերատնտեսական համագումարի մը ընթացքին:



Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ



«Հայերն ու ասորիները բնաջնջուեցան, ուղեղի եւ դրամագլուխի արտագաղթ տեղի ունեցաւ: Մինչ 1920-ական թուականներուն Տիգրանակերտի տնտեսութիւնը երկրին մէջ երրորդ դիրքի վրայ գտնուէր, այսօր անիկա ինկած է 66-րդ դիրքի: Անոնք մեկնեցան, եւ երբեւիցէ խաղաղութիւն չտիրեց այս հողերուն վրայ. աղքատացա՛նք: Ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ տնտեսական կայունութիւն ունեցանք: Նուիրական արժէք մը պղծուելուն համար անիծուեցանք»: Այս խօսքերը կը պատկանին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին, արտասանուած` Տիգրանակերտի մէջ նոյեմբերին կայացած ընկերատնտեսական համագումարի մը ընթացքին:
«1915-ի հայոց եւ ասորիներու ջարդերը ոչնչացուցին Անատոլուի միջին խաւը: Հսկայ երկրին առեւտուրը, արտածումն ու ճարտարարուեստական արտադրութիւնը այս մարդիկը կ՛ընէին. մետաքսի, յախճապակիի, գորգի, հիւսուածեղէնի ներկարարութեան, պղնձագործութեան, ոսկերչութեան, քարկոփութեան, փոքր առեւտուրի, պիստակի եւ ծխախոտի գլխաւորութեամբ ամբողջ ճարտարարուեստի բուսականութեամբ: Երեւակայեցէք, որ 1882-ին Անատոլուի արտածումի նաւահանգիստ` Տրապիզոնի եւ Պոլսոյ միջեւ հինգ տարբեր նաւային ընկերութիւններ կ՛աշխատէին. նաւահանգիստին մէջ տարեկան 500-է աւելի նաւային գործողութիւն տեղի կ՛ունենար: Պոլսոյ եւ Կիրասոնի միջեւ շաբաթական չորս, իսկ Պոլսոյ եւ Օրտուի միջեւ շաբաթական երեք ճամբորդութիւն կ՛իրականացուէր: Այսօր Պոլիսէն Պոտրում եկող նաւերուն թիւը տարեկան 48-ն է: Խայտառակութիւնը միմիայն տնտեսութեամբ չսահմանափակուեցաւ. Անատոլուի միակ բարձր մշակոյթի կալուածն ալ ոչնչացաւ: Օրինակի համար, միմիայն Խարբերդի հովիտին մէջ 8660 աշակերտ յաճախող 92 հայկական վարժարաններ կային: Աթաթուրքը ծնած է Խարբերդի մէջ հայկական թատրոն սկսելէն տարի մը ետք: Հոս Սուրսուրեան եղբայրներու նկարահանումի սրահը բացուած էր 1890-ին: Արդեօք այսօր Խարբերդի մէջ թատրոն կը գտնուի՞. տնտեսութի՞ւնը ինչ վիճակի է»:
ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԻՆՉԵ՜Ր ԸՍԻՆ
Նիւթաբարոյական այս քաղաքակրթութեան կործանումին համար մենք պարտական ենք թուրք ազգայնամոլ իթթիհատականներուն. իսկ անոնց գործածած քիւրտ ժողովուրդին թոռները ի՞նչ կը մտածեն: Համագումարին կազմակերպիչներէն Ճենկիզ Աքթար բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Յիշողութիւնը այս հողերուն կը վերադառնայ. տակաւին շատ սկիզբները կը գտնուինք, եւ ճամբան ալ շա՜տ երկար է, սակայն հսկան շիշէն դուրս եկած է անգամ մըն ալ չմտնելու պայմանով. այս հողերուն վրայ ապրողներուն մեծամասնութիւնը, խորքին մէջ, չ՛ուրանար եղածները, անոնք պարզապէս կը կրկնեն այն սխալը, որ սորված են»: Այս համագումարի ընթացքին այդ սխալը գրեթէ չլսեցինք քիւրտերէն: Պայտեմիր հետեւեալ ձեւով ներկայացուց. «Եթէ կը փափաքինք ազատ կեանք մը ունենալ, հարկ է, որ կարենանք դէմ յանդիման գալ մեր անցեալին հետ: Եթէ մեր ժողովուրդի անցեալին մէջ վատութիւններ պատահած են, զանոնք մերժելն ու անոնց մաս չկազմելը մեր բարոյական, խղճմտանքի եւ քաղաքական պարտաւորութիւնն է: Թուրք մը կամ քիւրտ մը անձնապէս պատասխանատու չի կրնար նկատուիլ այս կոտորածին, պայմանաւ որ այդ շրջանի կեղտոտութիւնը դատապարտէ: Ես իմ հաշուոյս կը մերժեմ մեծ հայրերուս մեծ հայրութիւնը. փոխարէնը` կը փափաքէի, որ իմ մեծ հայրերս ըլլային այն մարդիկը, որոնք ի գին իրենց կեանքին` դէմ դրին այդ կոտորածներուն»:
Թուրքիոյ բազմամշակութային քաղաքապետներէն` Ապտիւլլա Տեմիրպաշ ամբողջացուց. «2005 թուականն էր. ասորի մը այցելութեան եկաւ եւ ըսաւ. «Քեմալականներուն ձեզի ըրածը դուք ալ մեզի՞ պիտի ընէք. իբրեւ քիւրտ, շատ դառնութիւններ ապրած էի մայրենի լեզուիս հետ առնչուող. փոխանակ ուրիշներուն վրայ ալ զանոնք կիրարկելու` որոշեցինք, որ անոնք պէտք չէ ապրէին նոյն դառնութիւնները. այն, ինչ որ ինծի համար կ՛ուզեմ, ուրիշին համար ալ նոյնը կ՛ուզեմ»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ
Սփիւռքէն մեծ թիւով բանախօսներ եւ ունկնդիրներ եկած էին: Անոնցմէ մէկը ճիշդ առջեւս նստած էր. պահ մը նկատեցի, որ զիս կը նկարէ, եւ անմիջապէս հարցուցի անունն ու որտեղացի ըլլալը. սփիւռքի ամէնէն «կծու» քաղաքներէն համարուող Լիոնէն եւ անունը Մանուկ Փամուքճեան է եղեր, իսկ ծնողները` Սեբաստիայէն. երբ խօսքը իրեն տրուեցաւ, ըսաւ. «Ես մտաւորական մը չեմ, գործատէր եմ: Երբ եւրոպական ժողովրդավարութիւնները հիւանդացած վիճակ ունին, եւ մարդիկ պարտքեր վճարելէ տարբեր նիւթ չունին, մենք հոս ժողովրդավարութեան ուղիները կը քննարկենք: Սա վայրկեանին ներքին խռովք մը կ՛ապրիմ. շատ երջանիկ եմ, որ ձեզի հետ միասնաբար ժողովրդավարութեան եւ ինքնութեան վերաբերեալ խնդիրներով կը վիճաբանինք. ըստ իս, ասիկա ճանապարհաքար մը պիտի ըլլայ: Վերադարձիս այստեղ քննարկուած նիւթերը թարգմանելով` պիտի հրատարակեմ. եւ մասնաւորաբար ֆրանսացի աջակողմեան քաղաքագէտներուն պիտի ղրկեմ զանոնք: Շատ երջանիկ եմ ձեզի հետ ըլլալուս համար»:
Մինչդեռ, իմ ճանչցած սփիւռքս, ոչ թէ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած համագումարի մը մասնակցելով նման խօսքեր կ՛ըսէր, այլ նոյնիսկ կը մերժէր թուրքի մը հետ ծանօթանալ` նախքան «ներողութիւն հայցելու» արշաւը:
ՌԱՔԵԼԻՆ ՈՂԲԸ…
Համագումարին վերջին խօսքը տրուեցաւ Ռաքելին. ան սովորական իր տխուր բայց արժանապատուութեան կոթողի իր տիպարով բեմ բարձրացաւ եւ ըսաւ. «Ըսելիքներս, անկողինէն եւ սիրելիներէն բաժնուելով աստուծոյ ողորմութեան ապաւինած եւ անոր բերնով ըսուած հրաժեշտի օրհներգ մըն է: Ես այս ողբի երգը կը նուիրեմ փողոցներու մէջ չարչարանքով սպաննուած Գրիգոր Զոհրապներուն եւ ոսկորներն անգամ անհետացածներու յիշատակին. քրտերէն է»: Եւ Վարդոյի ցեղախումբէն Ռաքելը իր մայրենի լեզուով` քրտերէնով սկսաւ երգել ողբի երգը` ճմլելով բոլորիս սիրտերը: