Հաւատացէ՛ք, ամբողջ հոգիով կ’ուզենք լաւատես ըլլալ, դրակա՛ն: Կը ցանկանք հայրենիերկրի դաշտերէն, արտերէն ու պարտէզներէն միայն յուռթի և ծաղկուն փունջեր ու թոյրեր քաղել, անոնցմով յորդեցնել այս սիւնակները: Նոյնիսկ ամենէն համեստ, դեռաբոյս առաջին ծիլերը կ’ուզենք ողջունել սրտանց, խանդաղատանքով գուրգուրալ անոնց վրայ ու երգել լիաթոք՝ «Լոյսի՛ հայրենիք, յոյսի՛ հայրենիք»:
Հաւատացէ՛ք, ամբողջ հոգիով կ’ուզենք լաւատես ըլլալ, դրակա՛ն: Կը ցանկանք հայրենիերկրի դաշտերէն, արտերէն ու պարտէզներէն միայն յուռթի և ծաղկուն փունջեր ու թոյրեր քաղել, անոնցմով յորդեցնել այս սիւնակները: Նոյնիսկ ամենէն համեստ, դեռաբոյս առաջին ծիլերը կ’ուզենք ողջունել սրտանց, խանդաղատանքով գուրգուրալ անոնց վրայ ու երգել լիաթոք՝ «Լոյսի՛ հայրենիք, յոյսի՛ հայրենիք»:
Եթէ Հայաստանի Սահմանադրութենէն գերիվեր դասուած այս յատուկ տրամադրութիւնները լրիւ հասկնալու դժուարութիւններ ըլլան ոմանց միտքին մէջ, կը թելադրենք դիմել Հանրապետութեան նախագահի աթոռին նստած Սերժ Սարգսեանին կամ իր որեւէ մէկ տեղակալին: (Ի դէպ, կարելի է նաեւ մասնագիտական խորհուրդն առնել Ռոպերթ Քոչարեանին՝ այս բնագաւառին մէջ որպէս շատ փորձառու և ճարպիկ համաժողովրդական շորթիչ): Սակայն եկէք առայժմ բաւարարուինք Հայոց պատմութեան մէջ արձանագրելով այն փայլուն յաջողութիւնը զոր Հայաստանի ազատ ու անկախ հարստապետական «ընտրանին» իրագործեց
2011ին՝ տալով անոր մօտաւոր նախահաշիւը – մաքուր, զուտ շահ՝ մօտաւորապէս 2 միլիառ տոլար, որուն հաւանաբար մօտաւորապէս կէսը՝ կնքահօր (քրէական աշխարհի մէջ անգլերէն godfather-ի փոխաբերական ընդունուած իմաստով), իսկ միւս կէսը՝ իր քառասուն օլիկարխ ձագուկներուն՝ բաշխուած ըստ իւրաքանչիւրի «արժանիքներուն» և կնքահօր մատուցած ծառայութեան:Ամենայն դէպս, մեր նպատակը որեւէ կերպով քննադատել կամ նսեմացնել չէ այս առաջարկի յարգելի հեղինակներն ու անոնց ետին կանգնած կազմակերպութիւնները: Անոնք կը ջանան դրական բարեփոխութիւններ ներմուծել ընտրական օրէնքին մէջ: Խնդիրը պարզապէս կառքը ձիերուն արջեւ կամ ետեւ տեղադրելու մասին է: Իր որոշակի կարեւորութեամբ հանդերձ, չենք կարծեր թէ այս փոփոխութեան պահանջը կարելի ըլլայ ընդդիմութեան պայքարի դրօշը դարձնել: Ատիկա նոյնիսկ կարող է շեղել կամ տկարացնել հիմնական պահանջի ուղղութիւնը, ուժգնութիւնը: Ընդդիմութեան գերագոյն դրօշը կարելի է հանդիսանալ անօրինութիւններու, զեղծարարութիւններու, կամայականութիւններու և բռնութիւններու վերացումը իշխանութեան կողմէ – իսկ եթէ յամառի իր յանցագործութիններուն ու ոճիրներուն մէջ, կը մնայ պահանջել ու պարտադրե՛լ նոյնինքն իշխանութեան վերացումը: Իրողութիւնն այն է որ, ներկայ դրութեամբ, արդար ընտրութիւններ հանդուրժելու նշոյլն իսկ անգոյ է սերժ-սարգիսեանական հորիզոնին վրայ: Այստեղ որոշիչ գործօնը ընդդիմութեան միասնութիւնն ու հզօրութիւնն է: Աւազակապետական իշխանութիւնը խորհրդարանի համամասնական ընտրակարգի անցնելու ոչ մէկ դիտաւորութիւն կամ դրդապատճառ ունի՝ եթէ չկայ այդ պահանջքի ետին կանգնած միացեալ հզօր ընդդիմութիւն:
երկրի դաշտերէն, արտերէն ու պարտէզներէն միայն յուռթի և ծաղկուն փունջեր ու թոյրեր քաղել, անոնցմով յորդեցնել այս սիւնակները: Նոյնիսկ ամենէն համեստ, դեռաբոյս առաջին ծիլերը կ’ուզենք ողջունել սրտանց, խանդաղատանքով գուրգուրալ անոնց վրայ ու երգել լիաթոք՝ «Լոյսի՛ հայրենիք, յոյսի՛ հայրենիք»: