Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Փընար Էօղիւնջ, «Ռատիքալ», Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 9 Յուլիս 2012
Ամէն բան սկսաւ Հայտարփաշայէն ճամբայ ելլող այդ շոգեկառքով, 1915-ի ապրիլ 24-ին: Պատմաբան Արա Սարաֆեանին հետ միասնաբար Այաշ աքսորուած հայ մտաւորականներուն հետքերը փնտռելու ելած ենք: Բանտարկութենէն ազատողներուն ակնոցով Այաշը դիտեցինք:
Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն
Փընար Էօղիւնջ, «Ռատիքալ», Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 9 Յուլիս 2012
Ամէն բան սկսաւ Հայտարփաշայէն ճամբայ ելլող այդ շոգեկառքով, 1915-ի ապրիլ 24-ին: Պատմաբան Արա Սարաֆեանին հետ միասնաբար Այաշ աքսորուած հայ մտաւորականներուն հետքերը փնտռելու ելած ենք: Բանտարկութենէն ազատողներուն ակնոցով Այաշը դիտեցինք:
«Եթէ Թալէաթ պէյը իմանայ, թէ ինչպիսի՛ դժբախտութեան եւ զրկանքի ենթարկուած ենք ընտանեօք, ի՛ր իսկ հանգամանքը արատաւորող այս կացութեան վերջ մը կու տայ… վստահաբար օր մը, եւ այդ օրը շատ մօտ է, արդարութիւնը իր տեղը պիտի գտնէ. բայց ի՞նչ օգուտ, մեր քաշած տառապանքը մեզի շահ պիտի մնայ»: Վերի տողերը կը պատկանին գրող եւ կրթական մշակ Սմբատ Փիւրատին` ուղղուած իր կնոջ (իրմէ ստացուած վերջընթեր նամակը), գրի առնուած Հայտարփաշայէն ճամբայ ելած այդ շոգեկառքին մէջ: Մեծամասնութիւնը հայ գրողներէ, նկարիչներէ, բանաստեղծներէ եւ լրագրողներէ բաղկացած այդ խումբը, որ դէպի Այաշ կ՛ուղղուէր, դոյզն իսկ գաղափար չունէր իրենց սպասող վախճանին մասին:
Ինչե՞ր պատահեցան 1915-ին: Հակառակ որ գրեթէ դար մը անցած է այդ դէպքերէն, մարդ կ՛ուզէ ժամանակին դէպի հակառակ ուղղութեամբ աշխատիլը տեսնել: Զարմանալի է, որ տարիներու թաւալումով մենք շատ աւելի քիչ բան իմացած ենք 1915-ին հայ ժողովուրդին ապրածներուն վերաբերեալ: Հանրապետութեան սկզբնական շրջաններուն հանգիստ վիճակի մէջ քննարկուած նիւթերը յանկարծ վերցուելով` պահուեր են գոց պահարաններու ետին: Աւելի քիչ բան գիտնալով եւ առօրեայ քաղաքականութեան խաղերով կոյր յամառութեան ենթակայ, կարծես թէ կարողութիւններէն մէկը խլուեր է թուրք ժողովուրդի ձեռքէն: Մոռցեր է ցաւ զգալ. ամէն բան կղպուեր է «ցեղասպանութիւն» բառին մէջ, եւ ամբողջ ջանքը ամօթալի կերպով կեդրոնացեր է իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերուն թիւը նուազեցնելու մէջ. 800 հազարէն 300 հազարի հասանք: Անցնինք ամէն բանին վրայէն. 1915-ին նոյնիսկ եթէ 300 հազար հոգի մահացած ըլլար, ո՞ւր է ասոր ցաւը, ո՞ւր է պուտ մը ամօթի զգացումը:
Շատ բաներ բանավէճի նիւթ դարձած են, սակայն նոյնիսկ պաշտօնական պատմութիւնը չի ժխտեր ապրիլ 24-ին Պոլսոյ մէջ հաւաքուած եւ Հայտարփաշայի կայարանէն աքսորուած հայերու պարագան: Պետական արխիւներու նախկին ընդհանուր տնօրէն Եուսուֆ Սարընայ 2008-ին գրած էր յօդուած մը` «Ի՞նչ եղաւ 1915 ապրիլ 24-ին» խորագիրով. այդ գրութեան մէջ նոյնիսկ հայ պատմաբաններուն ունեցած տեղեկութիւններուն վրայ յաւելումներ կատարած էր, քանզի Սարընայ կը ներկայացնէր ամբողջական ցանկեր:
Թուրքիոյ մէջ ծանօթ անուն է հայ պատմաբան Արա Սարաֆեանը. մօր կողմէ խարբերդցի, իսկ հօր արմատները Թաւշանլըէն է (Կուտինայի մէջ գաւառ, Գ. Կ.): Լոնտոն բնակող Սարաֆեան ինքզինք խարբերդցի կը նկատէ, եւ հետեւաբար «իմ խօսակիցս թուրք պետութիւնն է եւ ոչ թէ Հայաստանը» կ՛ըսէ. կը ծրագրէ նոյնիսկ Կոմիտաս կեդրոնին (որուն տնօրէնն է) մէկ ճիւղը բանալ Թուրքիոյ մէջ:
Սարաֆեան տարբեր դիտանկիւնէ ալ ինքզինք կը զատորոշէ. ինչո՞ւ, որովհետեւ 2012-ի ապրիլ ամսուն դէպի Այաշ կ՛ուղղուինք: «Սփիւռքը Թուրքիոյ նկատմամբ կարծր մտապատկեր ունի. կը մտածեն, որ հոս իրենց ազատութիւնը պիտի կաշկանդուի. նոյնիսկ սպաննուելու վախ ունեցող կայ: Քիչ մըն ալ ա՛յս էր նպատակս. ահաւասիկ Անգարա եկած եմ, ինքնաշարժ մը վարձած եւ զայն անձամբ վարելով` կ՛ուղղուիմ դէպի Այաշ»:
Լուսաբանող Երկու Յիշատակ
Սարաֆեանին կ՛ընկերանար տարիներէ ի վեր միասնաբար աշխատող վաւերագրային նկարիչ Գագիկ Գարակէօզեանը, որուն մեծ հայրը սպաննուելէ ետք հայրը կը փախչի Իրան, ուր կ՛ամուսնանայ իրանահայու մը հետ. եւ որովհետեւ տան մէջ չէ պատմուած անցեալի պատահարները, իր գիտցածները առհասարակ գիրքերէ հաւաքուած տեղեկութիւններ են: Սապիհա Կէօքչենի անուան օդակայանէն թռիչք առնող մեր օդանաւին մէջ Սարաֆեան ընկերոջը կը պատմէ Սապիհա Կէօքչենի ինքնութեան մասին: Օրը կը սկսի այսպէս. իսկ երբ էջք կը կատարենք, նոյնիսկ քարտէս գործածելու կարիք չզգալով` Սարաֆեան ինքնաշարժը կ՛ուղղէ դէպի Այաշ:
1915 ապրիլ 24-ին, երբ շոգեկառքը կանգ կ՛առնէր Սինճանքէօյի կայարանը, Այաշի եւ Չանղըրըի ճամբորդները կը բաժնուէին. ըստ Սարաֆեանին, ընդհանուր թիւը եղած է 220, Սարընայի համաձայն, այս թիւը 235 է:
Այաշի բանտը բերուած 80-85 հոգիէն մօտ 15-ը կարճ ժամանակ անց ազատ կ՛արձակուի, որովհետեւ բաւարար աստիճանի քաղաքականացած դէմքեր չէին: Մնացեալ 71-ը թուղթի վրայ կ՛երեւին իբրեւ «քոմիթաճի» (ընդյատակեայ գործիչ). «Մնաց որ Դաշնակցութիւնը այդ օրերուն օրինաւոր կուսակցութիւն էր, եւ 1908-ին Իթթիհատ եւ Թերաքքիին հետ միեւնոյն ուղղութեան վրայ կը գտնուէին», կ՛ըսէ Սարաֆեան:
Ահա այդ ազատ արձակուածներէն երկուքին յուշերը, հրատարակուած` տակաւին 1919-ի նման շատ մօտ թուականի մը, մեր ձեռքն է. մին կը պատկանի տոքթ. Աւետիս Նագաշեանին, իսկ երկրորդը` գրող Թէոդիկին: Անոնք մանրամասն կերպով պատմած են բանտին վայրը, ներսի կեանքը, հետագայի անցուդարձերը: Իսկ մենք այդ օրերու յիշատակները եկած ենք փնտռելու այս օրերուն մէջ:
Մեր ձեռքը ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, այն բանտը, ուր արգելափակուած էին, կը գտնուէր կառավարական շէնքէն յիսուն ոտք անդին, իսկ մօտակայքն ալ կար գերեզմանոց մը:
Անմիջապէս մեր աչքին կը զարնէ պատմական բաղնիքը, որուն անունը կարդալով` Սարաֆեան կ՛ունենայ յուզումի պահ մը, որովհետեւ, ըստ արձանագրութիւններուն, հոս ա՛յն վայրն է, ուր խումբ առ խումբ կը բերուէին լոգանք առնելու համար: Իսկ բանտը գոյութիւն չունի ներկայիս:
….
Ըստ պաշտօնական թեզին, Այաշի աքսորեալները հոն պահ դրուած են մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը, որմէ ետք ազատ կ՛արձակուին: Սակայն Սարաֆեան կը պնդէ, որ նամակները դադրած են 1915-ի ամառը, եւ ատկէ ետք ոեւէ մէկուն հետքը չէ գտնուած:
Մուրատ կեղծանունով նախկին երեսփոխան Համբարձում Պոյաճեան այն սակաւաթիւերէն է, որ դատուելով` մահապատիժի ենթարկուած է. նամակներուն մէջ գրած է, որ իբր թէ դատուելու համար Տիգրանակերտի զինուորական ատեան ճամբուածներէն ո՛չ մէկը տեղ հասած է:
Ըստ Սարաֆեանին, Այաշի մնացեալ բանտարկեալներէն խումբ մը կը ղրկուի Անգարա` միանալու համար աքսորեալներու խումբին. անոնց վախճանը կը մնայ անծանօթ, իսկ մնացեալ 25 աքսորեալները շատ հաւանաբար սպաննուած են Այաշի մօտակայքը: Ա՛յս է Նագաշեանին ստացած տեղեկութիւնը պետական պաշտօնեայէ մը Պոլիս վերադարձին, որուն համաձայն, բանտարկեալները իրարու կապուելով` երկու ժամ կը քալեն եւ ճամբու վերջաւորութեան կը սպաննուին. ցարդ ասոր փաստը չկայ: Սարաֆեան կը կարծէ, որ մէկ դար ետք Այաշ այցելող առաջին հայն է ինք:
Ո՛չ Թէ Պատմաբաններ, Այլ Իրաւագէտներ Քննարկեն
«Չեմ կարծեր, որ սփիւռքը այս տեսակ բաներով հետաքրքրուի. նոյնիսկ Սարընային յօդուածը չեն կարդացած. խօսող շատ կայ, սակայն թրքական կողմին առաջարկած վաւերաթուղթերը հազիւ թէ հինգ-վեց հոգի կարդացած ըլլան. զիս ալ կը քննադատեն այս աղբիւրներուն կարեւորութիւն տալուս համար, սակայն, ըստ իս, այս կը նշանակէ գործը լաւ չընել. եթէ վճիռի մը պիտի յանգիք, հարկ է լսել դիմացի կողմին ըսածը:
«Յաճախ կը լսենք` «հարցը պատմաբաններու ձգենք» խօսքը, ըստ իս, այս գործը հարկ է որ իրաւաբաններուն ձգենք. պատմութեան հաշուոյն շատ բանավէճ կը ստեղծուի, եւ ես կարելիս կ՛ընեմ չներքաշուելու համար այս բանավէճերուն մէջ. անձնապէս ցեղասպանութիւն եզրը կը գործածեմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ պատահածները կը համապատասխանեն այս եզրին. սակայն հարց մը չեմ տեսներ նոյն սեղանը նստելու այն պատմաբանին հետ, որ ցեղասպանութիւն բառը չի գործածեր. կարեւորը իսկական երկխօսութիւն մը իրականացնել եւ զիրար մտիկ ընելն է. ցեղասպանութեան բանավէճը ինքնին խաղի մը վերածուելով` իսկապէս որ մեր սուղ ժամանակը կը խլէ»:
Ազատ Մնացողներուն Պատմութիւնը
Սարաֆեան յունիսին պիտի թարգմանէ տոքթ. Աւետիս Նագաշեանին յուշերը: Փայտաշէն բանտը 15-ով 6 մեթր է: Փոխանակ փեսան ձերբակալելու` Գէորգ Մեսրոպի նման ձերբակալուածներ կան առանց պատճառի, նոյնպէս` Բերայի մէջ նպարավաճառ եւ գրեթէ կոյր Հայկ Թիրեաքեանը, եւ կամ անտէր շուներ բռնելու պարտականութեամբ քաղաքապետարանի պաշտօնեայ Արթին Ասատուրեանը, ինչո՞ւ հոն կը գտնուին, յայտնի չէ:
Աշխատանքի բաժանում եղեր է իրենց միջեւ` մին կրակ վառելով, միւսը ճաշ եփելով. նոյնիսկ աստիճաններ շնորհուեր են, օրինակի համար, Սամուէլով նշանակուեր է պատասխանատու նախարար` պնակներ լուալու: Երգեր երգած եւ ոտանաւորներ կարդացած են. իրենց միջեւ Սիամանթոյին նման, Քուրանը հայերէնի թարգմանած Լեւոն Լարենցի նման նշանաւոր բանաստեղծներ գտնուած են: Քաղաքականութեան, կեանքի եւ արուեստի վերաբերեալ նիւթեր քննարկուեր են: Նշանաւոր գծագրիչ` Կիկոս, սկսեր է օրական ծաղրանկար գծել. նոյնիսկ ծրագրեր է զանոնք հրատարակել, չէ յաջողած…
Նագաշեան իր յուշերուն մէջ կը յիշէ, որ Թալէաթ փաշային հեռագիր մը յղեր են միասնաբար` «Մենք անմեղ ենք» վերնագիրով. նոյնիսկ վիճաբանութիւն ծագեր է հեռագիրին մէջ գործածուած «կը խնդրենք» բային շուրջ, որովհետեւ ոմանք առարկեր են, որ ասիկա կրնայ աղերսանքի իմաստով հասկցուիլ: Այս միջոցին, տարբեր վայրերէ կոտորածներու եւ մահապատիժներու լուրեր սկսեր են հասնիլ, ահա ա՛յդ ժամանակ յուսահատութիւնը պատեր է բոլորը: