ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սոյն գրութիւնը ստացեր էինք Սեպտեմբեր 27-ին սկսած Ազրպէճանա-թրքական նախայարձակումէն առաջ: Թէեւ անմիջականօրէն չ’առնչուիր ներկայիս ընթացող ռազմական գործողութիւններուն հետ, բայց նկատի առնելով գրութեան հայրենասիրական ոգին եւ հայրենիքին անսակարկ ծառայելու պատրաստակամութիւնը՝ յարմար գտանք յանձնել մեր ըինթերցողներու ուշադրութեան: Խմբ.

Ալեքս Մարտիրոսեան, Թորոնթօ-Երեւան, 10 Յուլիս 2020

Այն ինչ որ Հայոց պատմութեան դասերուս սորված ու ազգային (անցեալի) կուսակցական եւ մշակութային կեանքին մէջ փորձառկած եմ՝ Գանատա, նոյն ատեն քաջածանօթ ըլլալով Խորհրդային մարդու մտայնութեան ու հոգեբանութեան, հոս ապրիլը սակայն, բոլորովին ուրիշ փորձառութիւն էր:

Սփիւռքի մեր տաքուկ ու ճոխ պայմաններու մէջ ապրելով, նստիլ ու հեռուէն թելադրանքներ կատարել,  առաջարկներ կամ պահանջքներ ներկայացնելը երբեմն հաւասար է Մարի Անթուանեթին ըսած. «Հաց չունին՝ թող կարկանդակ ուտեն…» խօսքին:

Կ՛ուզեմ իմ փորձառութիւնս կիսել ԳԵՂԱՐԴ-ի ընթերցողներու հետ, որքան որ խմբագրութիւնը յարմար նկատէ հրատարակել զանոնք որպէս տեսակէտ:

Մնացէք առողջ ու կենսուրախ:

Շնորհակալութեամբ՝

Ա. Մ.

***

Է՜ր ժամանակին, երբ ես Մխիթարեան մայրավանք՝ Ս. Ղազարի «Նորընծայ» էի, ապա «Վարժարան» փոխադրուելէս ետք, առօրեայ մեր խօսակցական  Հայերէն լեզուն այնքա՜ն էր բիւրեղ, որ ետքէն «Աշխարհ» վերադարձիս՝ Սուրիա, Լիբանան, Գանատա, կարօտով կը փնտռէի «Մխիթարեանցի», «Մելգոնեանցի», «Հայկազեանցի», «Ժառանգաւորաց» եւ այլ բարձրորակ «Ճեմարաններէն»  շրջանավարտի մը,  որ լաւ մակարդակի Հայերենի կարօտս յագեցնէի:

Նոյն ատեն հաւատացած էի, որ միայն Հայրենի հողին վրայ կարելի է ինքնուրոյն մշակոյթ մը ծաղկուն պահել, իր լեզուական ու իմացական շարժումներով:

Հայրենիքէն հեռու ապրիլը, թէկուզ հարիւրաւոր տարիներու հարուստ ու կազմակերպ միջավայրի մը մէջ, ինչպէս եղած են Թրանսիլվանիոյ եւ Հնդկաստանի գաղութները, պատմութիւնը փաստած է անխուսափելին, որ օտար մշակոյթներու ծովուն մէջ պտղունձ մը աղի նման ձուլուած ենք …:

1915-1923 արհաւիրքի տարիներուն, երբ հիւծած հայ մայրը Տէր Զորի անապատի աւազին վրայ շարունակած էր Հայերէն սորվեցնել իր սովահար զաւկին, այդ ոգին ու աւանդը փոխանցուեցաւ մինչեւ մեր սերունդին՝   «հայապահպանում» կարգախօսի տակ:

80-ականներուն, լուսահոգի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը եկաւ յուշելու մեզ, որ մշակոյթն ու լեզուն «պահածոյ» կերակուր չեն, պէտք է դադրինք կրաւորական «հայապահպանում» յորջորջելէ, այլ` ձգտիլ «ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ» նշանաբանին:

Կարդալով ԳԵՂԱՐԴ-ի վերջին թիւը, «Այս ընթացքով դէպի ու՞ր», «Դասական ուղղագրութեան վերականգնում», «Ստորագրահաւաք՝ Փրկենք Հայերէնը», այս բոլորը եւ աւելին, սրտիս շատ մօտ ըլլալուն, հաստատ՝ ե՛ս ալ պիտի ձայնակցէի գրելով Թորոնթոյէն:

Սակայն, Հայաստանը որպէս բացարձակ ներշնչման աղբիւր ու տասնեակ հազարամեակներու հայութեան բնօրրանը համարելով, որոշեցի ինծի պարտադրուած աքսորեալ կեանքիս վերջ դնել, երթալ ու շաղկապուիլ Հայաստանի եւ Արցախի իրականութեան, բայց ոչ՛ որպէս զբօսաշրջիկ,  այլ իմ պապենական Հայրենիքէս  ճակատագրի բերումով հեռացուած եւ «Օտար ամայի ճամփէքի վրայ» ման եկող հայորդի …:

2018թ. Մարտին, «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ոտնաձայնն առնելով, ես ալ «քայլ առի ու մերժեցի Սերժին»՝ մաս կազմելով ծովածավալ  Երեւանի հայութեան ալիքներու մէջ, ապրելով իմ հայ կեանքիս ամենէն հպարտ ու ամենէն երջանիկ օրերը …:

Ուզեցի իմ ձայնս ալ հասցնել ամբողջ աշխարհին, երբ միասնաբար բացականչեցինք. «ՄԵՆ՛Ք ԵՆՔ ՏԷՐԸ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻ», այլեւս, չպատկանելով որեւէ  կուսակցութեան կամ յարանուանութեան, չուզելով հաւատալ ո՛չ ասոր եւ ալ ո՛չ ալ միւսին: Ուսապարկը մէջքիս շրջեցի սահմանամերձ գիւղերով ու գացի Արցախ:

Հիւրը եղայ աղքատ գիւղացի ընտանիքներու, անդամալոյծ ու վիրաւոր մարտական տղոց՝  «Ապրիլեան քառօրեայի» կամաւորներուն, գիշերներ անցուցի իրենց կիսափուլ հիւղակներուն մէջ, քնապարկս չոր գետնին փռած, քնացայ աստեղազարդ երկնքի տակ, «զարթնեցի» աքաղաղի կանչով ու նախաճաշեցի տատիկի նոր թխած թոնրի լավաշն ու նոր սարքած թարմ պանիրը:

Պատահեցաւ, որ այս կամ այն բարբառը չհասկնամ, երբեմն ալ իրենք չիմացան թէ «ինչ եմ փորձում ասել» իրենց, սակայն վերջաւորութեան մէկ բան ունէինք որպէս ընդհանուր յայտարար, այն ալ

Մկրտիչ Պեշիկթաշեանի բանաստեղծութեան պատգամը.

«ՏՈ՛ՒՐ ԻՆՁ ՔՈ ՁԵՌՔ,
ԵՂԲԱՅՐ ԵՄՔ ՄԵՆՔ,
ՈՐ ՄՐՐԿԱՒ ԷԻՆՔ ԶԱՏՈՒԱծ»:

Այսօր թէեւ մեր՝ այսպէս կոչուած անկախութեան 29 տարիներ են անցած, սակայն շարք մը պատասխանատու «ղեկավարներ» ՝ ոչ միայն տիրութիւն չեն ըրած մեր երկրին ու ժողովրդին, այլ որպէս գործակալ, ծառայած են մեր յայտնի ու անյայտ թշնամիներուն:

Կողոպտած են մեր երկիրը, անդամալուծած մեր պետականութեան ենթակառոյցները, վաճառած են մեր հայրենիքի ընթերքի հարստութիւնները` ստեղծելով բնապահպանական անբուժելի վնասներ եւ ես աչքերովս տեսած ու ականջալուր եմ եղած՝ անմեղ հայորդիներու ողբերգական վիճակն ու տխուր վկայութիւնները լսելով …:

Ով որ ճարպիկ էր, «մորթը» փրկած, թողած ու հեռացած է Հայաստանէն …:

Ժողովրդի բոլո՜ր խաւերուն հետ իմ ունեցած շփումներուս ընթացքին եղան օրեր, երբ վերադարձայ իմ կացարանս, չկարողացայ կուլ տալ յանապազօրեայ պատառ մը հացը …: Յուզմունքը յաճախ խեղդեց զիս եւ ընդվզումը փախցուց իմ քունս, միաժամանակ պարտադրելով ինծի խո՜ր յարգանք ու սէր տածել իրենց հաւատքի եւ ամրութեան, մեր պուճուր մը հողին ու հայրենիքին կարչած մնալու վճռակամութեան՝ ուժ տալով նաեւ ինծի, որ մաս կազմեմ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ վերակառուցման գործընթացին, բոլոր իմ կարելիութիւններով ու առանց սակարկութեան …:

Շարունակելի …

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like