Ալեքս Մարտիրոսեան, Թորոնթօ – Երեւան, 4 Ապրիլ 2020
Զաւակներս՝ Սեւանն ու Վարուժանը, սփիւռքահայ երրորդ սերունդ, ծնած ու դաստիարակուած են Գանատայի մէջ, ու հաստատ իմացած, որ ազգի մը լեզուն անոր մշակոյթի գանձարանի դարպասի բանալին է եւ որ հարկ է գուրգուրալ անոր վրայ ու պահպանել ի գին ամէն ինչի:
Ունենալով սա որպէս մեկնակէտ, մեր ընտանիքին մէջ խօսակցութեան լեզուն միշտ եղած է գրական հայերենը, նոյն ատեն յիշեցնելով, որ բազում լեզուներու իմացութիւնը կեանքի յաջողութեան բանալիներէն է մերօրեայ աշխարհին մէջ:
Այս տողերը գրի կ’առնեմ խառն զգացումներով, նստած Երեւանի Գարեգին Նժդեհի արձանի զբօսայգիին կից կացարանիս մէջ: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» հազիւ ոտնաձայնը առած, փութացած եկած էի Երեւան՝ գիշեր ու ցերեկ մասնակից ըլլալով ժողովրդային յեղափոխութեան ու հետագայ քաղաքական ելեւէջներուն՝ ապրելով ՀԱՅ կեանքիս ամենէն երջանիկ օրերը:
Գարուն է: Կէսօրէ ետքերը, ժամը 15:30-ին, տարբեր դպրոցներու արձակման ժամին, կը սիրեմ նստիլ ու դիտել աշակերտներու դուրս գալը իրենց դպրոցներէն, լսել անոնց խօսակցութեան լեզուն, վայելել անոնց մանկական չարութիւնները, կանչերն ու ճիչերը, տեսնել զիրենք դպրոցէն վերցնող մայրերու փոխյարաբերութիւնը:
Մտահոգութիւնս սակայն ուրիշ է. երեխան եւ ծնողը երբ տուն հասնին, տեսա-լսողական վիշապին` հեռատեսիլին զոհերը կը դառնան. անոնց ականջներն ու ուղեղները կը ռմբակոծուին օտար բառերով եւ հայերէնի լեզուամտածողութեան խորթ արտայայտչական ձեւերով՝ չէզոքացնելով հայ աշակերտին՝ դասարանին մէջ սորված հայերէնը:
Այս պատճառով է, որ երբ հայ աշակերտին կամ անոր ծնողին որպիսութիւնը կը հարցնես, անոր «բնական» պատասխանն է՝ «նորմալ», եւ ոչ թէ «Լաւ եմ»:
Զիս աւելի անհանգստացնողը ոչ թէ սովետէն ժառանգուած ռուսերէնախառն լեզուն է, այլ՝ անոր բարդուած, ներմուծուած, անհակակշիռ անգլերէնը կամ ամերիկերէնը (ինչպէս Յակոբ Պալեան կ’որակէ զայն). այդ լեզուին բառերը, արտայայտչական ձեւերն ու լեզուամտածողութիւնը քարուքանդ կ’ընեն հայոց լեզուն՝ անոր հայրենիքին մէջ…
Մի՞թէ մեր լեզուն այնքան աղքատ է ու անճարակ, որպէսզի օտար լեզուներու դիմենք որեւէ միտք, իրավիճակ կամ կացութիւն արտայայտելու համար…
Սփիւռքի որեւէ վայրի մէջ երբ առեւտրական ծանուցում կամ վաճառատան ցուցանակ տեսնենք, անոնց մէջ հայ-ն ու հայկականութիւն-ը կը փնտռենք, մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կրնաս ամէն տեսակ ՕՏԱՐ արտառոցութեանց ու տարօրինակութեանց հանդիպիլ, որոնց մէջ ո՛չ տրամաբանութեան հատիկ, ո՛չ ալ գեղագիտական հմայք կը գտնես… Պարզապէս անուն մը բերուած ու փակցուած է:
Եթէ անգլիացին, ամերիկացին, ֆրանսացին կամ ռուսը իրենց խօսակցական լեզուին մէջ հայերէնը չեն գործածեր, ինչո՞ւ Հ. Հ.ի մամուլը, հեռատեսիլներն ու քաղաքական գործիչները, ներառեալ մեր յարգելի եւ սիրելի վարչապետը, որեւէ ժամանակէ աւելի օտար բառեր ու արտայայտչական ձեւեր կը գործածեն…
Ինչո՞ւ սփիւռքահայը կը փորձէ անխառն ու չաղաւաղուած հայերէն խօսիլ, իսկ այսօրուան հայաստանցիին, մասնաւորաբար պետական աւագանիին ու լրատուական հասարակութեան արտաբերած հինգ բառէն երկուքը օտար բառեր են:
Ոմանք կը պատճառաբանեն, թէ հայերէն բառերը բազմավանկ ու երկար են եւ դիւրութեամբ չեն հնչուիր*:
Եկէ՛ք խօսինք օրինակներով:
Լաւ բառը միավանկ է, մինչդեռ ՕK-ը երկվանկ է:
Կանգ բառը միավանկ է, ինչո՞ւ ըսել stop:
Խումբ բառը միավանկ է ու դիւրին արտասանուող, ինչո՞ւ ըսել team:
Ցոյց բառը միավանկ է, ինչո՞ւ ըսել actsia:
Գործուն բառը ինչո՞ւ փոխել active-ի:
Ախոյեան բառը ինչո՞ւ փոխել champion-ի, աւելի ճիշդ՝ չեմպիոն-ի:
Միթէ չե՞նք կրնար բան մը հաստատել, փոխանակ զայն fix-ելու:
Հիմնական բառը ինչո՞ւ փոխել fundamental-ով:
Զինուորներու հետ պատահած վթարի մը լուրին մէջ. «Վնասուածները տարուել են մօտակայ hospital»: Ի՞նչ պատահած էր մեր «հիւանդանոց»-ին: Ա՞ն ալ վթարի մատնուած էր…**
Զարուհի Փոստանճեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին լրագրողը կը հարցնէ. «Ի՞նչ են chance-երը որ դուք կը շահէք»: Կ’արժէ հարց տալ լրագրողուհիին. «Անյարգելի՛ս, տա՞տդ, թէ՞ հա՞յրդ էր ֆրանսացի»…
Զարուհին, բնական հակազդեցութեամբ, պատասխանեց նոյն՝ chance բառը գործածելով…
Թուղթ ու գրիչ ձեռքիս, մէկ շաբաթ արձանագրեցի հայրենաբնակ հայոց բերնին մէջ ծամծմուող, հայկական հեռատեսիլներու հաղորդումներուն ընթացքին հնչած օտար բառերը:
Ահաւասիկ՝ գարշելի փունջ մը.
Active, actsia, alternative, argument, automat, baza, brand, capitalizatsia, categoria, chance, champion, civilizatsia, coalitsia, comunicatsia, conseptsia, consolidatsia, context, coruptsia, destructive, distantsia, dominant, elita, expert, facultet, formula, fragtsia, global, humanitar, imigratsia, infection, informatsia, institute, intuitsia, legalիզացնել, legitim, local, mandate, mekhanizmներ, minimal, model, monitoring, nationalism, negative, objective, operative, operatsia, positive, potentsial, practica, profil, protsess, PR resource, ratingային, reportage, scandal, schema, socialապէս, sociolog, tema, termin, transparency, transport…
Երեւանի նորանշանակ ճարտարապետ Արթիւր Մեսճեան յայտարարեց, որ այսուհետ որեւէ յուշակոթող, պատմական շէնք կամ հնութիւն պիտի չքանդուի: Շնորհաւորելի է: Սա՝ ինչ կը վերաբերի քարին, որ դարեր դիմացած է ու կը դիմանայ տակաւին: Սակայն եթէ մեր մատղաշ սերունդի ականջներուն եւ միտքերուն մէջ քանդենք ՀԱՅ ԲԱՌԱՄԹԵՐՔԸ, մենք յաւիտեանս կը կորսուինք:
Եթէ Մեսրոպ Մաշտոցը մեր այբուբենի արարիչ սուրբն է, եթէ հայրենաբնակ հայն ու սփիւռքահայը քոյրեր ու եղբայրներ են, այսքան օտար բառերու գործածութիւնը կը սեպեմ ՀԱՅՀՈՅԱՆՔ մեր մեծագոյն սուրբի յիշատակին, եւ կ’ուխտեմ պայքարիլ այս ապազգային ու սրբապիղծ իրականութեան դէմ:
*************************
* Այդպէս արտայայտուողներուն «տրամաբանութեամբ»՝ գերմանացիք պէտք է իրենց լեզուն Պալթիկ ծովը թափեն ու անգլերէնը կամ փափուասներու լեզուն որդեգրեն… (ծանօթագրութիւնը՝ keghart.com-ի խմբագրութեանն է):
* *Հոսպիտալ-գոսպիտալ-ի ջատագովները կը բացատրեն, թէ այդ բառով նկատի ունին զինուորական հիւանդանոցը եւ ոչ թէ սովորական հիւանդանոցը: Պարզապէս՝ ապուշութի՛ւն: Իսկ կարելի չէ՞ այդպէս ալ ըսել՝ զինուորական հիւանդանոց: Քիչ մը երկա՞ր է… Դարձեա՞լ յիշեցնենք գերմաներէնի պարագան (ծանօթագրութիւնը՝ keghart.com-ի խմբագրութեանն է):