Միասի՛ն շէնցնենք Հայրենիքը

Ալեքսան Մարտիրոսեան, Երեւան, 10 Ապրիլ 2023

Կրնայ պատահիլ որ արձակուրդի մը առիթով հարեւանէն խնդրենք եւ ան յօժարի հսկել ու աչք պահել մեր տան վրայ մինչեւ մեր վերադարձը:

Նաեւ կրնայ պատահիլ որ ինչ-ինչ պատճառներով, շարունակենք հեռու մնալ երկար ժամանակով կամ չվերադառնանք՝ մեր տան հսկողութիւնն ու խնամքը հարեւանին թողելով:

Ազնիւ հարեւանը, ի վերջոյ յոգնելով, ստիպուած պիտի լքէ տան հսկողութիւնը՝ ամէն ինչ իր վիճակին ձգելով:

Ու քանի որ բնութիւնը պարապութիւն չի հանդուրժէր, եթէ ոչ գողերը, նուազագոյնը կենդանական աշխարհը, միջատներէն սկսած, ներս պիտի սողոսկին ու քայլ առ քայլ գրաւեն տարածքը…

Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ մեր հարեւանը ոխերիմ թշնամի է

Ո՞վ իրաւասութիւն տուած է ՀԱՅին, որ լքէ իր տունը – այս պարագային՝ Հայրենիքը –, հեռանայ անկէ եւ ակնկալէ, որ սրտցաւ ու բարեացակամ ուրիշներ տիրութիւն ընեն անոր մինչեւ իր թէական վերադարձը:

Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ «Գեղարդ»ի վերջին թողարկման «Համազգային արթնութեան հրամայականը» խմբագրականը որո՞ւ էր ուղղուած.

Սահմանապահ գիւղի՝ «Կրին քարթ» շահիլ չկրցած ընտանիքի՞ն,

65.000 Դրամ (167 ամ. տոլար) ամսական ստացող պարտիզպանի՞ն,

Թէ՞ 120.000 Դրամ (310.00 ամ. տոլար) ամսականով աշխատող բուժքրոջ:

Ո՞վ ընծայած է պերճանքն ու ճոխութիւնը այն «Հայ»ին, որ հեռացած է իր Հայրենիքէն, բայց հեռաւոր քաղաքներու բեմերէն հայրենասիրութեան դասեր կը շռայլէ աջ եւ ձախ:

Սկսեալ ինձմէ՛, ամէն մէկ հայու բացթողումն ու մեղքն էր – եւ է՛Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ անմխիթար վիճակը

31 տարիէ աւելի, կարծեցեալ «անկախութեան» պատրանքով, ամառնային փառատօներ ու աշնանային համագումարներ ենք կազմակերպած եւ Հ. Հ.ը արձակուրդային հանգստավայրի ենք վերածած:

Թշնամիի «Տրովադայի ձի»ն սողոսկած է մեր միջնաբերդի դարպասէն ներս, մինչ մենք Անկախութեան օրուան առթիւ ձեւական ռազմական շքերթներ ենք դիտած զգացական զեղումներով:

Թշնամիի գործակալ չորս յաջորդական նախագահներ օտարներուն չնչին գումարներով վաճառած են մեր երկրի ընդերքին ռազմավարական հարստութիւնը, թալանած են Հ. Հ.ի ընտիր ժողովուրդին ժառանգութիւնն ու օտար եւ սփիւռքահայ բարերարներու նուիրաբերած նպաստները, եւ, ամենէն վատը, ՄՍԽԱԾ են քաջ սերունդի մը արեան գինով վաստակուած Արցախեան Յաղթանակը:

Սփիւռքահայի 45 տարիներու հարուստ փորձս ու 6 տարիներու հայրենադարձի՝ Հ. Հ.ի բնակչութեան լայն խաւերու հետ շփումներս զիս բերած են եզրակացութեան, թէ այս տխուր իրականութենէն դուրս գալու լուծումը ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆն է՝ հիմնուած պատգամին վրայ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք» բանաստեղծութեան.

Ի բիւր ձայնից բնութեան շըքեղ,
Թէ երգք թռչին սիրողաբար,
Մատունք կուսին ամենագեղ,
Թէ որ զարնեն փափուկ քընար.
Չունին ձայն մի այնքան սիրուն,
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Տո՛ւր ինձ քո ձեռք, եղբայր եմք մեք,
Որ մրրկաւ էինք զատուած,
Բախտին ամէն ոխ չարանենգ,
Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Երբ ալեւոր Մայր Հայաստան
Բերէ զորդիս իւր քովէ քով`
Սրտի խորունկ վէրքն դաժան
Քաղցր արտասուաց բուժին ցօղով.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Մէկտեղ լացինք մեք ի հնում,
Եկէք դարձեալ յար անբաժան,
Խառնենք զարտօսր եւ ըզխնդում,
Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ,
Ըզհունձ բարեաց յերկինս հանենք,
Որ կեանք առնուն հայոց դաշտեր:
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի եղբայր անուն:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Candlelight Vigil in Memory of Vahe Avetyan

Օգոստոս 1, 2012 Հարգելի հայրենակիցներ, Օգոստոսի 7-ին (երեքշաբթի) Հայաստանում նախատեսվում է մոմավառություն Վահե Ավետյանի ողբերգական մահվան քառասուներորդ օրվա…
Read More