Ազգային-մշակութային գործիչ, արձակագիր՝ Արմէն Դարեան

Մահուան 30-ամեակին առիթով

Աւետիս Ռազմիկ, Նիկոսիա,Պայքար, 26 Յունուար 2020

1956-ին, Պէյրութի մէջ, ընթերցողներու գրասեղանին կը յանձնուէր 199 էջանի պատմուածքներու հատոր մը` ՙՄեր Հացը՚ վերտառութեամբ: Այդ, ՙԳրական Շրջանակ՚-ի մատենաշարին երկրորդն էր: Հեղինակը` Արմէն Դարեան: Նորատիպը ազդանշանը կու տար երիտասարդ արձակագիրի մը յայտնութեան, որ մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը մնաց վերածնած հայրենիքի, տիպ ու տառի, ազգային-մշակութային կեանքի համեստ ու հաւատարիմ երկրպագու մը: 21 Յունուար 1990-ին (ասկէ 30 տարի առաջ), երբ կը հեռանար առ յաւէտ` իրմէ յիշատակ կը թողուր ոչ միայն գրական ու խմբագրական աշխատանքներու ուշագրաւ ժառանգութիւն մը սոսկ, այլեւ` բարեհամբոյր եւ յարաժպիտ մարդու մը անջնջելի դիմապատկերը նաեւ:

Ծնած է 1922-ին` Տիգրանակերտ: Իսկական անուն-մականունն էր Ալֆոնս Ադդարեան: Ծնած տարին իսկ ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ: Այդ օրերուն Հալէպ խռնուած հայոց խլեակներուն թշուառ, հացակարօտ, ուսումէ զրկուած եւ օրապահիկի համար անհաւասար գուպարն ու անոնց բազմադրուագ դէպքերը հետագային պիտի դառնային իր գրականութեան հիմնական ատաղձները. հոնկէ պիտի քաղէր իր գունեղ տիպարները` անմահացնելու համար զանոնք որպէս յետ-եղեռնեան կենդանի վկաներ:

Նախ կը յաճախէ Հայկազեան վարժարանի մանկապարտէզը. նախակրթութիւնը` Հալէպի Յիսուսեան կրթարանը. 1936-ին երբ կը բացուի Մխիթարեան վարժարանը, պատանի Ալֆոնս կը դառնայ վերջին դասարանին առաջին սանը. 1937-ին կ’ուղարկուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, որուն մասին իր ինքնակենսագրութեան մէջ կը գրէ.

ՙ-Վենետի ̄կ…

Այդ բառը միայն բաւ էր որ մօրս աչքերէն արցունքները վազէին յորդահոս, ու թեւաւորուէին հօրս երազները-բարձրագոյն ուսում, համալսարան, մասնա -գիտացում եւ…

Մուրատ Ռափայէլեանը ուրիշ աշխարհ մըն էր ինծի համար, ուր ես սկսայ համրել օրերն ու գիշերները, որոնք զիս կը բաժնէին աւարտական դասարանի ամավերջի հանդէսէն: Եւ երազներ ու երազներ, վարդագո՜յն, ոսկեզօ՜ծ…՚: Ապա` ՙՈւ յանկարծ գոռացին Երկրորդ Աշխարհամարտին թնդանօթները եւ փուլ եկան ամէն երազ ու յոյս...՚:Ուրեմն` հարկադրաբար կիսատթողելով ուսումը` կը վերադառնայ ծննդավայր:

1942-ին, ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ: Կրտսեր եղբայրներն էին`անուանի բանաստեղծ, ազգային-հասարակական գործիչ Գառնիկ Ադդարեան եւ Փիէռ: Լիբանանի մէջ կը սկսի անոր մշակութային-հասարակական կեանքը: Սակայն, անոր գրական կեանքին ճանապարհը սկսած էր Հալէպէն` բանաստեղծութիւններով: 1941-ին, Ա. Արա ծածկանունով ստորագրած էր առաջին քերթուածը Պէյրութ լոյս տեսած Վազգէն Այգունիի ՙՀայ Գիր՚ ամսագիրին մէջ: Օգտագործած է նաեւ Գեղամ Գողթանի գրչանունը: Հոն կը նշմարուին հեղինակին մարդկայնական եւ ազգային զգայուն սրտին թրթիռները, անոք ու որբացած բեկորներու հանդէպ անհուն աղապատանքն ու սէրը, դէպի զրկեալներ ունեցած գորովալից համակրանքը:

Ան պատմուածքներու առաջին հատորէն առաջ կ’աշխատակցի գրական ամսագիրներու, երբեմն կ’ըլլայ խմբագիր. իր ստորագրութեան կը հանդիպինք նաեւ ոչ գրական մամուլին մէջ, սակայն միշտ Խ. Հայաստանի համակիր թերթերու մէջ: 1947-ին էր որ Վահէ-Վահեանի ՙԱնի՚ն կը հիւրընկալէր արձակագիր Ա. Դարեանը: Այնուհետեւ ան ներկայ է` ՙԺողովածու Գրականութեան Եւ Արուեստի՚, ՙՄշակոյթ՚, ՙԳիրք Գրականութեան Եւ Արուեստի՚,ՙՅառաջ-Գրական՚, ՙԷջեր Գրականութեան Եւ Արուեստի՚, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ՙՇիրակ՚ ամսագիրին, որ խմբագրած է 1988-89 թուականներուն: Աշխատակցած է Պէյրութի ՙՍփիւռք՚ եւ Հալէպի ՙԵրկիր՚ թերթերուն: Նաեւ` ՙՄեր Նշանաբանն Է Յառաջ՚, ՙԿանչ՚, ՙԱզգային Մշակոյթ՚,ՙԶարթօնք՚ եւ ՙԱրարատ՚ ազգային քաղաքական թերթերուն:

Հետաքրքրական է նկատել, որ անոր պատմուածքները Պէյրութի մէջ հրատարակուելէ մի քանի տարի յետոյ, համարեա նոյն բովանդակութեամբ լոյսին կու գային Երեւանի մէջ տարբեր խորագիրով: Այսպէս` 1956-ին ՙՄեր Հացը՚ երախայրիքէն ետք, 1963-ին ՙԿարօտ Եւ Կեանք՚ պատմուածքներու հատորը լոյս կը տեսնէ գրականագէտ Ստեփան Կուրտիկեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով: 1964-ին, Պէյրութի մէջ կը հրատարակուէր ՙԽարիսխէն Հեռու՚ (190 էջ) պատմուածքներու երկրորդ գիրքը, իսկ Երեւանի մէջ` 1973-ին,ՙԽարիսխին Մօտ՚ (190 էջ) խորագիրով, ՙՍփիւռքահայ Գրողներ՚ մատենաշարով, արձակագիր Վ. Դաքէսեանի խմբագրութեամբ: Իր ողջութեան հրատարակուած գրական երրորդ գործը կ’ըլլայ ՙԼեռը Եւ Տունը՚ (175 էջ, Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ), իսկ Երեւանի մէջ` սոյն գործը պարփակող եւ այլ պատմուածքներ ընդգրկող հատորը կը կրէր առաջին գործին խորագիրը` ՙՄեր Հացը՚ (224 էջ, ՙՍփիւռքահայ Գրողներ՚ մատենաշար), որ լոյս կը տեսնէր գրող, գրականագէտ Գեղամ Սեւանի յառաջաբանով: Հոն, նախկին պոլսահայ գրականագէտը ՙՀամակ Սէր Եւ Նուիրում՚ վերնագրին տակ կը գրէր. ՙԱրմէն Դարեանի անձը եւ գրականութիւնը բնորոշւում են առաջին հերթին դէպի հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը ունեցած անկաշառ ու անդաւաճան սիրով ու նաեւ այն հաստատ համոզմամբ, որ հայրենի հողից, նրա պետականութիւնից դուրս ՙչիք փրկութիւն՚: Այս մասին են խօսում նրա բազում պատմուածքները՚: Աւելի անդին`ՙԱրմէն Դարեանին հարազատ են եւ չէին կարող չլինել խաղաղութեան, ժողովուրդների բարեկամութեան նպատակաուղղուած միտումները եւ առանձնապէս այդ միտումների մէջ արաբ ժողովրդին հասցէագրուածը, որը իրականացուել է բարձր մակարդակով՚: 1968-ին, ռուսերէնով, Մոսկուայի մէջ լոյս կը տեսնէ անոր պատմուածքներուն հատընտիրը:

Լայնախոհ մտաւորականը ջերմ ջատագովն էր ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ զիրար ճանչնալու գաղափարին: Անոր վկայութիւնը ՙԱկնարկ` Հայ-Արաբ Մշակութային Կապերուն Վրայ՚ 1972-ին լոյս տեսած գիրքն է (48 էջ), որ խորքին մէջ դասախօսութիւն մըն էր, որ տրուած էր մէկ տարի առաջ: Թարգմանչական, խմբագրական, հրատարակչական եւ հրապարակային դասախօսութիւններու մէջ ալ աշխոյժ ներկայութիւն էր ան: Ան բանաստեղծ եւ խմբագիր Վահէ-Վահեանի հետ կը թարգմանէ Օնորէ տը Պալզագի ՙԱնծանօթ Գլուխ-Գործոցը՚ վիպակը (1950, 98 էջ), Ժորժ Շեհատէի ՙՎասքոյի Հէքեաթը՚ թատերախաղը (1964, 122 էջ): Երախտարժան աշխատանք էր ՙՊատմագիրք Եոզկատի Եւ Շրջակայից (Գամիրք) Հայոց՚ կոթողային հատորը, գործակցութեամբ Անդրանիկ Երկանեանի (1988, 1030էջ), որ արդիւնքն էր տասնամեայ հետեւողական աշխատանքի: Հաստափոր հատորը իր պատկառելի տեղն ունի հայոց բնօրրաններու յուշամատեաններու շարքին: Նշենք, որ Ա. Դարեանի հայրը արմատներով եոզկատցի էր: Ուրեմն ան որդիական տուրք մըն էր որ կու տար:

Գրագէտ Ա. Դարեանի գաղափարական-քաղաքական ուղղութիւնը յստակ էր` ջերմանալ Խ. Հայաստանի լուսատու ճառագայթներով, ոգեւորուիլ հայրենի ծաղկող իրականութեամբ եւ անշեղօրէն ըլլալ իր իսկ բնորոշումով` ՙխարիսխ՚ին հետ եւ ՙխարիսխ՚ին համար: Միշտ ալ սերտ յարաբերութիւններու մէջ էր հայրենի մտաւորականութեան եւ պետական դէմքերու հետ:1962-ին էր որ առաջին անգամ այցելեց հայրենիք` մասնակցելու Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն:

1989-ի վերջերուն պատահեցաւ անխուսափելին: Սկսաւ կտրուկ վատանալ առողջութիւնը անոր: 1990-ի Յունուար 21-ին` յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը գիրի եւ գրականութեան այս հեզ ու խոնարհ ծառան. գրող Շաքէ Վարսեանի բառերով` ՙՄի Հաստաբուն Ծառ Էլ Ընկաւ՚…:

Նախապէս իր աշխատակցած եւ խմբագրած ՙՇիրակ՚ ամսագիրը, երախտագիտական արտայայտութեամբ մը արժանաւորապէս 1990-ի Յունուար-Փետրուար համարը (132 էջ) ամբողջապէս կը նուիրէ Ա. Դարեանին: Հոն իրենց յուշերն ու վկայութիւնները գրած են ի միջի այլոց` Գարեգին Ա.Կաթողիկոս, Ժիրայր Դանիէլեան, Գրիգոր Շահինեան, Շ. Վարսեան, Անդրանիկ Կռանեան, Յարութիւն Մաթեան, Անդրանիկ Տագէսեան, Յակոբ Տիւնեայեան, Թորոս Թորանեան, Մ. Իշխան, Գէորգ Աճեմեան, Լեւոն Հախվերտեան, Պէպօ Սիմոնեան, Գեղամ Սեւան, Պերճ Ֆազլեան, Շահանդուխտ, Արամ Սեփեթճեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Վեհափառը կը գրէր. ՙԱրմէնի պէս տղոց մեկնումը կարծես աւելի կը շեշտէ այդ բացը, որովհետեւ ինք եղաւ այդ բացը լրացնող, եւ այլեւս հազուագիւտ դարձող, հայ դպրութեան սպասաւորներէն մէկը, եւ` ընտիրներէն, որոնց գործունէութիւնը այլեւս կարծես պայքար մըն է տժգունացման չարիքին դէմ, մշակութային այլասերման ջլատիչ յորձանքին դէմ՚:Իսկ հայ կաթողիկէ վարդապետ Հայր Ա. Կռանեան ՙԲարի Սամարացին՚ գրութեամբ սրտառուչ ոճով կը գրէր իր վերջին այցելութեան մասին, որ տուած էր անոր` մերձ ի մահ, որպէս իր համայնքին անդամներէն մին, եզրակացնելով` ՙԱրմէն Դարեանի մահով, ճրագ մը շիջեցաւ, ամպիոն մը լռեց, աղբիւր մը ցամքեցաւ ու Գիրի եւ Գրչութեան ապագան` ա՛լ աւելի մթագնեցաւ Լիբանանի վերեւ՚: ́

Բախտաւոր եղաւ ան, քանի յետ-մահու եւս իր գրական-մտաւորական ժառանգութիւնը դարձաւ հասանելի ընթերցողներու սեղանին: Հարազատներէ եւ բարեկամներէ կազմուեցաւ եօթնանդամ մարմին մը (Արսինէ Ադդարեան,Հուրիկ Ադդարեան, Փիէռ Ադդարեան, Յասմիկ Նաճարեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Թորոս Թորանեան եւ Գրիգոր Շահինեան), որ նախաձեռնակ եղաւ անոր անտիպ եւ ընտիր գործերու հրատարակութեանց: Այսպէս` լոյսին եկան`1991-ին` ՙՆախագահին Կօշիկները՚ (վէպ) (174 էջ), ՙԵրկու Եղանակ՚ (վիպակ) (341 էջ), 1995-ին` ՙԶաւակի Մը Համար՚ (հատընտիր) (496 էջ): Իսկ Երեւանի մէջ 2011-ին` ՙՆամակներ՚ը:

2012-ին, իր մտերիմ բարեկամներէն եւ գրչեղբայրներէն Ժիրայր Դանիէլեան ի մի ժողվելով անոր դասախօսութիւններուն մեծ մասը, հրապարակեց ՙՄատեան  Բանաւոր Խօսքի. Արմէն Դարեան՚ հատորը (341 էջ), որ արժէքաւոր է իր բովանդակութեամբ եւ հեղինակին հմտալից բանախօսութիւններով: Աւելցնենք` ̧ Դարեան գրած է նաեւ բազմաթիւ գրախօսականներ, գրադատական ակնարկներ եւ յուշագրութիւններ: ́

Բոլորը կրնան հաստատել իր նկարագրին հետեւեալ շեշտուած գիծերը` բարեմոյն, հեզահամբոյր, ժպտուն, միշտ տրամադիր օգնութեան ձեռք կարկառելու` անշահախնդրօրէն, սկսնակ գրողներու խրախոյս: Բարի ու առաքինի մարդ վերջապէս: Փոքրամարմին, գիսախռիւ եւ մեղմաբարբառ նաեւ: Կը տարակուսիմ թէ կեանքին մէջ երբեւէ վիրաւորած կամ նեղացուցած ըլլայ ոեւէ մէկը:

30 տարի առաջ մեզմէ հեռացաւ գիրի սիրահար, արմատներով եոզկատցի, Հալէպի եւ Պէյրութի զաւակ, ամբողջական մարդ ու հայ Արմէն Դարեանը, կամ պարզապէս` Ալֆոնսը:

Լոյս յիշատակին լուսաւոր հայուն:

You May Also Like
Read More

«Վայր Դրեք Ձեր Դիմակները»

ՍԻՐԻԱՀԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹՅՈՒՆԸ ՋԵՐՄՈՐԵՆ ՈՂՋՈՒՆՈՒՄ ԵՆ ՀԱՅ ՔԱՋԱՐԻ ԲԱՆԱԿԻ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՎ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹՅՈՒՆԸ ԽՌՈՎԱՀՈՒՅԶ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՎԵԼՔՈՒՄ Համո Մոսկոֆյան,…
Read More