Պահեր Ու Խոհեր
Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 22 Ապրիլ 2014
-Ա-
«Ապրիլ» ամիս է կրկին, ու Մահուան տարելի՞ց…:
– ՈՉ, կը պատասխանեմ ես ինծի, այլ… «ԿՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ… »
***
Ներաշխարհիս դուռն է որ կը թակեն: Ամէն տարի Ապրիլ ամիսին, ներքին ուխտագնացութիւն մը կը կատարեմ դէպի Անհունը: Ծանօթ եւ անծանօթ ներքին ուժեր կ’աղմկեն ներաշխարհիս մէջ: Մերթ կը վերյայտնուին իբրեւ պատկեր ու խոհեր… մերթ՝ դասական երաժշտութիւն, հատուածներ հոգեհանգստեան համանուագներէ կամ պատարագներէ…: Վիշտս կը քաղցրանայ կարծէք հոգիէս ներս, ու ես վերստին կ’ապրիմ այն պահս, երբ, իբրեւ ուխտաւոր կը գտնուէի ճիշդ այն Հողին վրայ, որ 1915-1918 եղեր էր անշիրիմ գերեզմանատունը մեր մէկ միլիոն ու կէս նահատակներուն:
Պահեր Ու Խոհեր
Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 22 Ապրիլ 2014
-Ա-
«Ապրիլ» ամիս է կրկին, ու Մահուան տարելի՞ց…:
– ՈՉ, կը պատասխանեմ ես ինծի, այլ… «ԿՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ… »
***
Ներաշխարհիս դուռն է որ կը թակեն: Ամէն տարի Ապրիլ ամիսին, ներքին ուխտագնացութիւն մը կը կատարեմ դէպի Անհունը: Ծանօթ եւ անծանօթ ներքին ուժեր կ’աղմկեն ներաշխարհիս մէջ: Մերթ կը վերյայտնուին իբրեւ պատկեր ու խոհեր… մերթ՝ դասական երաժշտութիւն, հատուածներ հոգեհանգստեան համանուագներէ կամ պատարագներէ…: Վիշտս կը քաղցրանայ կարծէք հոգիէս ներս, ու ես վերստին կ’ապրիմ այն պահս, երբ, իբրեւ ուխտաւոր կը գտնուէի ճիշդ այն Հողին վրայ, որ 1915-1918 եղեր էր անշիրիմ գերեզմանատունը մեր մէկ միլիոն ու կէս նահատակներուն:
Հալէպէն մինչեւ Տէր-Զօր ինքնաշարժով երեք ժամուան ճանապարհ էր: Տեղ-տեղ «ահեղավազ Եփրատն» էր, որ կը գծագրուէր բնութեան մէջ: Եփրա՜տը… որ կը կալանաւորէր մտածումներս ու կը վերարտադրէր հազար անգամ հազար անպատանք դիակներուն անծէս յորդահոս ջուր կենդանի, ծնած լեռնաշխարհէն հայկական որ չհասաւ սակայն ըլլալու ջուր ըմպելի եւ յագեցնելու քաղցն ու ծարաւը հազար անգամ հազար նօթի ու ծարաւ տարագիրներու:
Ու ես Եփրատի կամուրջէն կ’ուղղուիմ դէպի Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը:
Տէր-Զօր, Կիրակի եւ Ապրիլ 24: Այսինքն՝ կիրակնօրեայ ծէս ու պատարագ:
Անձնատուր ներաշխարհային ալեկոծումներուս, կը մօտենամ յուշաքարերուն… ակնածանքով:
Խաչքար եւ անմար բոցը կրակին:
Չգրուած բանաստեղծութիւն:
Մատներս կը խրեմ սեւ հողին մէջ, ափ մը հող առնելու համար հետս եւ յանձնելու արուեստագէտ բարեկամիս, որ կ’ուզէր վերստեղծել Վարուժանին «Կարմիր Հողը» քերթուածին վերընթերցումին պարգեւած գեղարուեստական պահերը: Ու հողը կը սրբանայ մատներուս մէջ: Կ’ըլլայ սի՛րտը բաբախուն՝ Կոմիտասին ու Վարուժանին: Կ’ըլլայ երգ ու քերթուած՝ մտածումներուս մէջ, հորովել ու շարական՝ շրթներուս վրայ, արցունք ու հառաչ հոգիիս խորը: Սա հո՜ղը… որ քիչ առաջ թերեւս պարզ հող մըն էր տակաւին, մինչ հիմա արդէն կ’այրէ մատներս ու կ’ըլլայ կրակէ յիշողութիւն…: Գիտեմ, յուշ-յիշատակներն են որ շունչ եւ հոգի կու տան այս հողին:
Հոգեհանգի՜ստ կը կատարուի այստեղ, Յուշարձան-Մատուռին ստորգետնեայ խորհրդատունը: Կ’իջնեմ վար սանդուխներու պարոյրէն, ուրկէ վայրահակ նայուածքս Յուշասիւնը կը պարուրէ:
Ոսկերոտիքն է նահատակներուն: Սրբացած ու նշխար դարձած ոսկերոտիք: Կոմիտասեան «Տէր Ողորմեա՛»ն կ’երգուէր բազկատարած եւ՝
«Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն» կ’աղերսէր:
Ծէսն ու պատարագը՝ թող որ շարունակուէր վերը, խորանէն, իսկ ես՝ ըլլայի անձնատուր մեծագոյն խորհուրդին՝ լռութեան ձայնանիշերը վերծանող: Ըլլայի այդ պահուն խորհրդակիր պատարագիչ մը՝ անսքեմ ու անվեղար, վառէի յոյսի եւ լոյսի կանթեղ-մոմ մը, երկուք-երեք… «վասն ձեր եւ բազմաց», բոլորին, «որք անկան յընթացս մեծ եղեռնի»: Թողէք զիս մինակ, նահատակաց սրբազան յուշասիւնին հետ, որպէսզի ես անոր մէջ ողջունեմ կենդանացած ու վերակենդանացած խորհուրդը մեր լինելիութեան եւ այս յուշաքարին մօտ, թողէք որ ըլլամ հայրենի բանաստեղծին խորհրդակից ու… «չոքեմ ծունկի, քարանամ այստեղ առանց արցունքի...» եւ շարունակեմ անաւարտ զրոյցս սրբացած ու քարացած նշխարներուս հետ:
Որպէսզի, յետոյ, վերադառնամ կրկին իմ աշխարհս եւ նահատակներու թիւին հաւասար քար ու նշխար վերածուին լուսեղէն սիւնի, ստանան մարմի՛ն ու երգեն փառքը ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ:
-Բ-
«Կոչեմ ապրողաց»,- կ’արձագանգենք բանաստեղծին հրաւէրին:
Տասնամեակները այսքա՞ն արագօրէն սահեցան ու մեզ հասցուցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շէմին: Ներաշխարհիս դուռը կը թակեն բազմախորհուրդ մտածումներ: Ազգովին, կանգնած ենք, բոլորս՝ սերունդներ տարագիր, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շէմին, ու պիտի արտասանենք մեր դատապարտագիրը:
Այո, պիտի խոստովանինք, թէ՝
1915 Ապրիլ 24-ով խորհրդանշուած ճակատամարտը, մենք ՀԱՅԵՐս կորսնցուցինք: Սակայն՝ պատերազմը մեր լինելութեան կը շարունակուի տակաւին:
Մեծագո՛յնը եւ ծանրակշի՛ռը մեր կորուստին՝
ՀՈՂն էր հայրենի,- 90 առ հարիւր տոկոսը մեր պատմական հայրենիքին:
Այնտեղ, իր բնօրրանին մէջ ապրող մեր երկու միլիոն նահատակներուն հետ՝ կորո՛ւստն է նաեւ մեր դարաւոր մշակութային ժառանգութեան:
1915-ը թուական մըն է միայն Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող: Պատմականօրէն ան սկիզբ առաւ 19-րդ դարու առաջին կէսին, երբ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր բռնի թրքացուեցան, ի հակադրութիւն հայաբա՛ր գոյատեւող շուրջ 3 միլիոն մեր ազգաբնակչութեան: Անոր հետեւանքով է որ ծնունդ առին ազատագրական մեր շարժումները եւ ո՛չ թէ հայուն ապրելու եւ վերապրելու բաղձանքը խորհրդանշելու կոչուած մեր անդրանկաշունչ դրուագները պատճառ հանդիսացան, արդէն իսկ նախածրագրեալ օսմանեան եղեռնագործութեանց:
Արդարեւ, 100-ամեակի սեմին, մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք հետեւեալ հիմնական կէտերուն.
ա) Հայկական Դատին վերլուծումն ու քննութիւնը դուրս բերել ներազգային իր նեղ պարունակէն ու յանձնել զայն մասնագէտ հայ թէ օտար իրաւաբաններէ կազմուած միջազգային չափանիշով յատուկ յանձնաժողովի մը: Երբ փոքր տարողութեամբ դատեր կ’ունենան իրենց թղթածրարներն ու փաստաբանները, ինչո՞ւ չհետապնդենք մեր Դատը բարձրագոյն մակարդակով:
բ) Առ այդ, հարկ է կազմութիւնը Հայկական (հայրենի եւ արտերկրի) Իրաւաբանական Կաճառի մը, որ վայելէ նաեւ ճանաչումը միջազգային ատեաններուն, եւ այս Կաճառը պաշտօնապէս հետապնդէ մեր ազգային դատը:
գ) Արեւմտահայ տարագիր սերունդներու արդար իրաւունքներու պաշտպան ՄԻԱՑԵԱԼ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ մը կազմութիւնը աւելի՛ քան երբեք, անհրաժեշտ է այսօր, կոչուած ներկայացնելու եւ հետապնդելու մեր պատմական կորուստները: Այսինքն՝ եկած է ժամանակը ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ:
դ) Մինչեւ ե՞րբ պիտի յաջորդեն իրարու ամուլ տասնամեակներ՝ առանց տեսնելու իրականացումը մեր Մեծ Երազին: Մեր ժողովուրդին պատմական հողերուն մէկ տասանորդին վրայ հաստատուած ինքնիշխան եւ անկախ հայրենի պետականութիւնը կորիզն է միայն ապագայ մեր յոյսերուն իրականացումին: Փարիլ հայրենի հողին պաշտպանութեան եւ անոր ամբողջականութեան՝ պարտքն է իւրաքանչիւր Հայուն: Խորտակել՝ պատն ու պատնէշը միջազգային լռութեան եւ անտարբերութեան՝ պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր յանձնառու հայ մտաւորականին, պատմագէտի՛ն թէ հրապարակագիրին: Ծանօթացնել հայկական դատին իրաւութիւնն ու իրաւական արժէքը միջազգային ատեաններուն՝ անյետաձգելի պարտաւորութիւնն է քաղաքական եւ դիւանագիտական նրբանցքներուն մէջ երթեւեկող ինքնակոչ թէ ազգընտիր գործիչներուն, որոնց անտեղիտալի հետապնդումներով պիտի կատարուին հայանպաստ արձանագրութիւններ:
Հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը ունին արդար իրաւունք եւ պարտք բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս մեծ զոհաբերումին, ընծայաբերումին: Միասնական ու միասնակամ կեցուածքը՝ հեռո՛ւ ամէն հատուածական մօտեցումէ, Մէ՛կ յայտարարի ներքեւ հարկ է որ հաւաքէ ներկայացուցչական հանգամանքները հայ ժողովուրդին: Այս առաջին փորձին նախաձեռնութիւնը պիտի գայ հայրենի պետութեան կողմէ: Ան է որ Ազգային Ժողովին առընթեր սփիւռքահայ ներկայացուցչական մարմին մը պէտք է ստեղծէ իր յատուկ ծրագրաւորումով եւ առաքելութեամբ: Երբ Հայկական հարցն է մեր մեծագոյն օրակարգը, երբ մեր հողային պահանջատիրութիւնն է որ իր լուծումին կը սպասէ, երբ միջազգային խորհրդաժողովները առմիշտ ժխտական մօտեցում եւ լուծում կը պարտադրեն հայ ժողովուրդին, ժամանակն է որ Ապրիլ 24-ով խորհրդանշուած բռնցքաւորումը, միացումը չմնան իբրեւ անկենդան բառեր, այլ՝ իսկական պատկերը այն վեհաժողովին որ պիտի համախմբէ մեր աշխարհական թէ կրօնական բոլոր հատուածները: Հայրենիքին զուգահեռ մեզի պարտադրեալ այս իրավիճակը չի նշանակեր եւ պէտք չէ նշանակէ հակադրուիլ հայրենի իրականութեան եւ անոր պետական վարչամեքենային: Հայ ժողովուրդին դարաւոր պահանջքին ու դատին իրաւատէրը հայրենի պետականութիւնն է, որուն պատմական հողերէն բռնօրէն տեղահանուած արեւմտահայութեան ժառանգորդն է սսփիւռքահայութիւնը, որ թէ՛ իրողապէս եւ թէ իրաւականօրէն կը ներկայանայ իբրեւ յետնորդ սերունդը 1915-ի նահատակութեան:
Անհրաժեշտ է վերամիաւորումը մեր ազգային բաղադրատարրերուն,- առանց գերակայութեան թէ ստորակայութեան զգայնութիւններու եւ բարդոյթներու,- հարկ է որ համախմբէ սփիւռքահայութիւնը, որուն ներկայացուցչական խորհուրդն է որ իր լիիրաւ մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ազգային Գերագոյն Ժողովին, հայրենի պետութեան հովանիին ներքեւ:
Այս մէկը կրնանք իրականացնել գիտական եւ առարկայական չափանիշներու կիրարկումով: Երկխօսութիւնը բազմակարծիք մեր հաւաքական կեանքին մէջ, հիմնական դեր մը պէտք է խաղայ: Հանդուրժող կեցուածքն ու հաւաքական ներկայացուցչական դրութիւնը ազգային կառոյցներու մէջ, պէտք է մենաշնորհը դառնայ ինքզինք յարգել գիտցող բոլոր բաղադրատարրերուն:
Հայրենի Պետութիւնը, ի՛նք պիտի ըլլայ միակն ու առաջինը՝ այս «կանաչ ազդալոյս»ին նշանը տուող նոր համակարգին, երբ կը հաւատայ կարելիութեանը Մէկ եւ Ամբողջական Հայաստան. Մէկ Հայ ժողովուրդ եւ Մէկ Հայց. Առաք. եկեղեցի կարգախօսին որուն զինուորագրեալներն ենք մենք, ունկնդիր՝ մեր միլիոնաւոր նահատակներու երազին, տեսիլքին եւ արեան կանչին:
ե) Խորհրդային կարգերու ինքնալուծարումով սկիզբ առած Հայաստանի վերանկախացած պետականութեան առաջին քսանամեակին արձանագրուած սպիտակ արիւնահոսութիւնը՝ իմա՛ ԱՐՏԱԳԱՂԹը, 1990-ի 3.75 միլիոն ազգաբնակչութեան թիւին նուազումով հասած է մերօրեայ 2.5 միլիոնի: Բայց եթէ, կը հաւատանք ՀԱՅՈՒՆ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, մեզի համար պարտադիր է մեր աչքերը յառել ԱԶԳԱՀԱՒԱՔԻ կենարար ՈՒԺին, ու հնգամեայ փլաններով զայն հասցնել 5 միլիոն հայ ազգաբնակչութեան:
Ահաւասիկ մեծագոյնը մարտահրաւէրներուն, զոր կը դիմագրաւէ հայրենի պետականութիւնը այսօր:
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայրենաբնակ հայութիւնը իր մէկ-երրորդով լքեց հայրենի տունն ու տեղը եւ հաստատուեցաւ օտար երկինքներու տակ: Վիճակագրութիւնները մեզի կու տան հարուստ տուեալներ եւ նիւթեր: Համակարգչային հաշուարկումները կը դիւրացնեն հարցերուն ուղիղ պատասխանները:
***
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ներկայ հանգրուանը ճակատագրական ու բախտորոշ կրնայ հանդիսանալ հայ ժողովուրդին համար՝ ընդհանրապէս:
Հայկական դիւանագիտութեան կարելիութիւնները եղած են սահմանափակ, նկատի ունենալով մեր ազգային լիիրաւ անկախութեան համեմատաբար կարճատեւ շրջանները:
Հարկ է որ ըլլանք զգոյշ եւ սթափ:
Այնքան դիւրահաւատ չենք, որ կարենանք երկու տարի ետք տեսնել «Անկարելին՝ կարելի»:
:
Մենք ունինք համազգային տեսիլք ու տեսլական, որուն իրականացումին կը հաւատանք աննահանջ ՀԱՒԱՏՔով:
Մինչ այդ, պատրաստ ըլլանք դիմակալելու ամէն մարտահրաւէր ու զոհողութիւն, յանուն մեր անժամանցելի դատին եւ ապագայի յաղթանակին: