Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ. Հեղինակ՝ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 17 Մարտ 2020

Սոյն հատորին հեղինակը աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտորի իր գիտական աստիճանով (1993), հայագիտական նիւթերու իր հմտութեամբ, հրատարակած հայերէն եւ օտարալեզու (գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն) բազմատասնեակ երկերով եւ ուսումնասիրութիւններով՝ ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է հայ եւ միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ: Ան աւելի քան երեսնամեայ հոգեւոր ծառայութիւն ունի Հայց. Եկեղեցւոյ տարբեր համայնքներէ ներս՝ Աւստրիա, Հայաստան, Գանատա եւ Զուիցերիա: Այժմ կը դասախօսէ Ֆրիպուրկի համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքին մէջ, նաեւ՝ կը վարէ Զուիցերիոյ Բարեկարգեալ-Աւետարանական Եկեղեցւոյ գիտաշխատողի եւ Զուիցերիոյ Կրօններու Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնները: Իր առաքելավայրը վերջին տասնամեակին ըլլալով Ժընեւն ու յարակից շրջանները, լաւապէս ծանօթացած է տեղւոյն համալսարանական եւ հանրային մատենադարաններու ընձեռած արխիւային նիւթերուն եւ իր պատմագիտական երկերը հարստացուցած անոնցմէ ստացած վաւերաթուղթերու արժէքաւոր նիւթերով: Աւելի քան հնգամեակէ մը ի վեր ան ամբողջանուէր ուսումնասիրողն է հայկական ազատագրական պայքարի անձնազոհ նուիրեալներու գործունէութեան, մանաւանդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած գերմանական տուեալներուն եւ աղբիւրներուն:

Ներկայացուող հատորին նախատիպը լոյս տեսած էր անգլերէնով: Այս գիրքը նոյնին հայացումն է:

Հատորի յառաջաբանին մէջ հեղինակը նախ կը ներկայացնէ Զուիցերիոյ, մասնաւորաբար 19-րդ դարու 80-ական թուականներուն Ժընեւի համալսարանական բազմազգ ուսանողներուն համար ստեղծուած հաճելի մթնոլորտն ու պայմանները: Հոս իրարու կը հանդիպին յեղափոխական նկարագիրով ու խառնուածքով ռուս (Միխայիլ Պաքունին, Ալեքսանտր Հերցեն, Կէորկիյ Փլեխանով, Վլատիմիր Ուլիանով/Լենին) թէ կովկասահայ ուսանող երիտասարդներ, որոնք յետագայ տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենային իրենց ազգային հասարակական կեանքին մէջ: 1995-ին երբ հեղինակը կը ժամանէ Ժընեւ, ստանձնելու համար տեղւոյն հայ համայնքին հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը, իր հանդիպումներէն առաջինը կ’ունենայ գաղութի հեղինակաւոր դէմքերէն պրն. Կրօնիկ Փափազեանի հետ, ժամադրավայր ընտրելով քաղաքի համալսարանին մօտակայքը գտնուող Landolt սրճարանը: Վերջինս տակաւին կը վայելէր հարիւրամեակ մը առաջ ունեցած իր համբաւը՝ իբրեւ սիրուած ծննդավայրը ժամանակի երիտասարդ ուսանողութեան յեղափոխական նկրտումներուն, որոնց շարքին էին հայկական ազատագրական պայքարի կերտիչ հիմնադիրներէն եւ կուսակցական ղեկավարներէն շատեր, ներառեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը:

Երկմաս սոյն հատորին առաջինը խորագրուած է «Հնչակեան Կուսակցութեան Կազմաւորումը» (էջ 11-146):

Գիրքերու մտայղացումն ու պատրաստութիւնը ընդհանրապէս ծնունդն են հեղինակին մտաւորական կազմաւորման եւ քաղաքացիական խիղճի ներքնազգացողութեան:

Սակայն, որքա՛ն ալ ճշգրիտ ըլլային հարիւրամեայ հեռաւորութենէ մը աւանդուած տեղեկութիւնները, պատմութեան ուսումնասիրողին համար (մեր պարագային՝ սոյն հատորի հեղինակին) անհրաժեշտութիւն էր գտնել իր ժամանակի գրաւոր արձանագրութիւնները, վկայութիւններն ու փաստագրական կարելի բոլոր նիւթերը եւ կեդրոնանալ անոնց վրայ, աղբիւրներ՝ «… որոնք մեծաւ մասամբ պահպանուած են Զուիցերիոյ Համադաշնութեան պետական արխիւներուն, Ազգային Գրադարանին, Ժընեւի պետական, ինչպէս նաեւ համալսարանի արխիւներուն մէջ. փաստօրէն՝ վկայութիւններ, որոնք ուղղակի կը վերաբերին Հնչակեան Կուսակցութեան Ժընեւի մէջ կազմաւորումին եւ անոր հիմնադիրներէն յատկապէս Աւետիս Նազարբէկեանին, Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեանին, Գաբրիէլ Կաֆեանին եւ Ռուբէն Խան-Ազատին» (էջ 14):

Արդարեւ, մօտիկ անցեալէն ցայսօր, Զուիցերիան մարդասիրական, ընկերային, մշակութային ու գիտական մտածողութեան բազմապիսի ճիւղերու ուսումնասիրութեանց պարարտ հող եղած է:

Հեղինակը իր նիւթը կը ներկայացնէ օգտուելով իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող արխիւային բազմաթիւ աղբիւրներէն, մեկնելով «սոսկ գիտա-հետազօտական կամ գիտա-ճանաչողական» հիմունքներէ, եւ «չի հետապնդեր որեւէ ընթացիկ քաղաքական կամ կուսակցական հետաքրքրութիւն» (էջ 15):

Այստեղ կ’արժէ ամփոփ կերպով ընդգծել Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան հետ առնչուած հետեւեալ կէտերը.

ա.- 1886-ի ամրան Փարիզէն Ժընեւ կը ժամանեն Աւետիս Նազարբէկեան
եւ իր նշանածը՝ Օրդ. Մարիամ Վարդանեան: Անահիտ Տէր Մինասեանի վկայութեամբ, անոնց անունները կը յիշատակուին Ժընեւի համալսարանի 1888-1889 ուսումնական տարեշրջանի ազատ ունկնդիրներու ցանկին մէջ, Մարօ՝ գրականութեան, իսկ Աւետիս՝ իրաւագիտութեան ճիւղերուն մէջ: Սակայն անոնց ամբողջանուէր ներդրումը «Հնչակ»ի հրատարակութեան գործին մէջ, «ընդհանրապէս ժամանակ չէր ձգած, որ անոնք կարենային իբրեւ պաշտօնական ուսանողներ իրենց ուսումն աւարտել՝ վկայուելով համալսարանէն» (էջ 17):

բ.- Ժընեւի մէջ կազմաւորուած հայկական «յեղափոխական ընկերութիւն»ը իր վեց հիմնադիր անդամներով հիմնուած է 1886 թուականին եւ վաւերացուած 1887-ի առաջին քառորդին (էջ 112-113): Նոյն թուի «Նոյեմբերին կը սկսի հրատարակուիլ «Հնչակ» թերթը, որմէ կը կոչուի «Հնչակի խումբ», ապա «Հնչակեան խումբ», իսկ աւելի ուշ՝ «Հնչակեան Կուսակցութիւն», որ կը սկսի ծաւալել իր հանրային գործունէութիւնը (էջ 113): Մեզի ծանօթ «Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն» անունը կը պաշտօնականանայ միայն 1909-ին, ու իբրեւ կուսակցական-քաղաքական ինքնութիւն կը գոյատեւէ առ այսօր (էջ 83): Թերթին «Հնչակ» անունը առնուած է Հերցենի «Քոլոքոլ»էն (էջ 119), որ ռուսերէնով «զանգ, հնչակ» կը նշանակէ:

Հատորին երկրորդ մասը ամբողջութեամբ նուիրուած է «Քսան Կախաղաններու Մասին Անդրադարձը Եւրոպական Մամուլի ու Դիւանագիտական թղթակցութեանց Մէջ» նիւթին (էջ 147-280):

Ազգերու ազատագրական պայքարի ճանապարհին, մեծագոյն զոհողութիւնը այն յանձնառութիւնն է, որ իր գաղափարախօսութիւնը կը հիմնէ «Հայրենիքի պաշտամունքին եւ անոր ազատագրութեան» վրայ: Արդարեւ, անարգ եւ ստոր մատնութեան մը հետեւանքով 15 Յունիս 1915-ին նահատակուած «Քսան Կախաղանները» իրենց քաղաքական մտածողութեամբ գրեցին Հնչակեան Կուսակցութեան կենսագրութեան այն փառաւոր էջը, որ մինչեւ այսօր վստահութիւն ու հպարտութիւն կը ներշնչէ կուսակցութեան հաւատաւոր անդամներուն:

Սոյն մասի առաջին բաժինին մէջ հեղինակը կ’անդրադառնայ 1894-1897 թուականներուն գործադրուած ապտուլհամիտեան ջարդերուն եւ այդ առիթով հայ ժողովուրդին հանդէպ զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութեան: Կ’արժէ յիշատակել կազմակերպումը աւելի քան 430.000 զուիցերիացի քաղաքացիներու ստորագրութիւններով հանրագիրին, որոնցմով լիազօրուած պատուիրակութիւն մը 4 Մարտ 1897-ին կը ներկայանայ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Ատոլֆ Տոյխերին ու անոր յանձնէ պատմական խնդրագիր մը, որու մէջ կը նկարագրուէին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին կրած հալածանքներն ու հարիւր հազարաւոր հայ զոհեր պատճառած կոտորածները:

Զուիցերիոյ մամուլը, յատկապէս ընկերվարական մամուլը իր պարկեշտ ու խիզախ հրապարակումներով հայանպաստ արդար ու ճշգրիտ անդրադարձումներ կը կատարէ՝ յանուն պատմական ճշմարտութեան:

Քսան Կախաղաններուն նուիրուած այս մասին մէջ, դոկտ. Մանուկեան քննարկումի կ’ենթարկէ նահատակութեան մանրամասնութիւնները: Ան նախ կը գրէ Ռումանիոյ Կոստանցա քաղաքին մէջ 7 Սեպտեմբեր 1913-ին գումարուած Ս.Դ.Հ.Կ.ի Պատգամաւորական 7-րդ ժողովին ու անոր օրակարգին մասին, ապա կը ներկայացնէ ժողովին վաւերացուած որոշումներն ու անոնց գործադրութեան եղանակները: «Ցաւօք սրտի,– կը գրէ հեղինակը,– ամբողջ ծրագիրը եղերական հետեւանքներով կը ձախողի՝ ներքին եւ աններելի դաւաճանութեան մը հետեւանքով» (էջ 184): Դաւաճանին ինքնութիւնը կը բացայայտուի: Ան Եգիպտոսի մասնաճիւղէն պատգամաւորական ժողովին մասնակից Արթիւր Եասեանն էր, բուն ինքնութեամբ՝ Արշաւիր Սահակեան վատանուն արարածը:

Քսան լուսապսակ Նահատակներուն յաւերժաերթը կենդանի օրինակ կը հանդիսանայ կուսակցական շարքայիններուն համար: Քսան գործիչներու կախաղան բարձրացումը աննախընթաց երեւոյթ էր. ան կը ցնցէ հայերէն թէ օտարալեզու համաշխարհային մամուլը: Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան այս հատորին մէջ հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ վերջիններուս արձագանգներուն:

Ահաւասիկ գիրք մը, որու գլխաւոր արժանիքը իր օգտագործած օտարալեզու մամուլի ու դիւանագիտական աղբիւրներու մեծ մասի տուեալներուն առաջին անգամ ընդգրկումն է գիտական շրջանառութեան մէջ:

Մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին ու պահանջատիրութեան նուիրուած հայ դասական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները անհրաժեշտօրէն կարիքն ունին նմանատիպ երկերու պատրաստութեան եւ հրատարակութեան:

Օգտակար ու երախտաշատ ուսումնասիրութիւն մը՝ արդարեւ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like