Մայիսեան Մտորումներ

Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 11 Մայիս 2013

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Հայ Մարդը իր մտածումներուն կիզակէտը կը դարձնէր Զատկուան գաղափարախօսութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած Յարութեան գաղափարը եւ անոր զուգահեռ՝ Ապրիլեան նահատակութեան տարելիցը, իբրեւ ԱԶԴԱՐԱՐ Ազգային Պահանջատիրութեան: Այսօր  Մայիս ամսուան ընթացքին , մեր խորախորհուրդ մտածումները կը կեդրոնանան Մայիսեան իրարայաջորդ յաղթական տօնակատարութիւններուն վրայ:

Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 11 Մայիս 2013

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Հայ Մարդը իր մտածումներուն կիզակէտը կը դարձնէր Զատկուան գաղափարախօսութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած Յարութեան գաղափարը եւ անոր զուգահեռ՝ Ապրիլեան նահատակութեան տարելիցը, իբրեւ ԱԶԴԱՐԱՐ Ազգային Պահանջատիրութեան: Այսօր  Մայիս ամսուան ընթացքին , մեր խորախորհուրդ մտածումները կը կեդրոնանան Մայիսեան իրարայաջորդ յաղթական տօնակատարութիւններուն վրայ:

Արդարեւ ,մարդկային մեր միակ յատկանիշը կը մնայ. ի վերուստ մեզի շնորհուած բանական զգացողութիւնն  ու մտածողութիւնը: Այսպէս,-

Կը զգամ ու կը մտածեմ,- ուրեմն ՝  գոյ եմ:

Կը կշռադատեմ եւ ի հարկին ՝  կ’ընդվզիմ,- ուրեմն ՝  կրկնակիօրէն գոյ եմ:
Կը ստեղծագործեմ ՝  յանուն բարիին ու վսեմին, հետեւաբար՝ առաւել եւս կ’արդարացնեմ գոյութիւնս:

Կը սիրեմ Սէրը ՝  որ ծառն է բարութեան, ու կ’ատեմ ՉԱՐ-ն ու Չարագործութիւնը, որ արմատն է Անմարդկային արարումներու:

*****

Մայիս է այսօր, ու  ես կը յիշեմ անցնող տարուան իմ մայիսեան տրամադրութիւնները երբ Ապրիլն ու Մայիսը հանդիսացան երեւանեան մեր ուխտագնացութեան ամէնէն խորհրդանշական օրերը, իրենց յիշարժան պահերով, ապրումներով ու խոհերով:

Մայիսին է որ բնութիւնը կը վերածաղկի ՝  ու մեր շուրջ կը կը սփռէ իր գեղեցկութիւնը: Նոյն այս ուրախ  տրամադրութիւններով ՝  Հայը՝ ուր որ ալ գտնուի  կ’ողջունէ  մեր  ժողովուրդին արձանագրած Մայիսեան յաղթանակներուն շարքը իր ազգային կեանքին մէջ:

Աւարայրի ճակատամարտը (451, Մայիս 26), որ եղաւ անդրանիկն ու վեհագո՛յնը մեր ազատագրական բոլոր գոյամարտերուն, անմար փարոս՝  որ լուսաւորեց դէպի յաղթանակ առաջնորդող  ուղիները մեր ազգային ղեկավարներուն:

Աւարայրի Ոգին հանդիսացաւ մղիչ ոյժը Սարդարապատեան յաղթական ճակատամարտին (1918, Մայիս 22-26), որու շնորհիւ 1918-ին գծուեցան սահմանները Հայաստանի անկախ Ա. հանրապետութեան:

Արդարեւ, առանց այդ քաղաքական աքթին, Հայութիւնը պիտի չունենար 1920-ի եւ 1991-ի Բ. եւ Գ. հանրապետութիւնները, պահելով միշտ՝  ուղիղ եւ արդար համեմատութիւնները իրաւական եզրերու:

Մայիսեան յաղթանակներու շարքին կը գտնուի Բ. Աշխարհամարտի 1945  Մայիս 8/9-ի յաղթանակը, որ կը պատկանի համայն աշխարհի խաղաղասէր բոլոր ժողովուրդներուն, որոնց հետ մենք եւս կը հպարտանանք մեր թանկագին մասնակցութեամբ: Արեան գի՞նը այս յաղթանակին … շուրջ 300 հազար բանակայիններու նահատակութիւնն է:

Մայիսեան նոյն օրերուն կը զուգադիպի 1992-ի Մայիսի 9-ը, որ հանդիսացաւ Արցախեան մեր ազատագրական շարժումներուն դափնեպսակը: Շուշիի ազատագրութեան թուականն է այդ: Մեր երկրորդ Սարդարապատը, նոյնքա՛ն ճակատագրական եւ նոյնքա՛ն խորհրդանշական: Մօտիկ անցեալիփառաւոր այս  յաղթանակը կերտող  հերոսներէն շատեր մեզի հետ են տակաւին: Խիզախ եւ յանդուգն հերոսածին տղաք, որոնց արիասիրտ որդիները կը շարունակեն իրենց հայրերուն սկսած մեծ գործը:

Ահաւասիկ, այս խոհերը կը համակեն մեզ, երբ Ապրիլ ու Մայիս ամիսներու խորհուրդին անձնատուր, կը վերանորոգուինք ներքնապէս ու կը պատրաստուինք Գալիքին համար: Այն Գալիքին ՝  զոր կ’ուզենք կտակել մեր ապագայ սերունդներուն՝  իբրեւ ազգային ժառանգութիւն:

Այսինքն, «Միացեալ Հայութիւն միասիրտ ու միախորհուրդ,-՝ մեր պատմական հողին վրայ» տարազին իրականացումը,- որ եղաւ մեր սերունդին մեծագոյն ՏԵՍԻԼՔը, իբրեւ անպարտելի ոգին մեր ազգային պահանջատիրութեան: … Այլապէս, որո՞ւ համար կը ղօղանջեն Սարդարապատի զանգերը , որոնք կը հրաւիրեն մեզ իրագործելու  Անլռելի Կանչը ԱԶԳԱՀԱՒԱՔի:

Ազգահաւաք՝ հայրենի հողին վրայ, որ համազօր է Նոր ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏի:

You May Also Like