Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 18 Ապրիլ 2014
Ա.
Գարնանամուտը բնութեան մէջ հրաշագեղ պահեր կը պարգեւէ մեզի։ Գիտնա՛նք ըմբոշխնեյ զայն։
Ծառերը կրկին կը կանաչապատուին։ Կեանքը կը վերանոrոգուի։
Նոյնիսկ, մայթերու սալայատակումի ընթացքին գոյացած բարալիկ երիզները հողին, կանաչ ծիյեր կ’արձակեն ու կը շրջանակեն քառակուսի սալաքարերը։
Մինչ բնութիւնը, ամէն քայլափոխի մեզի կ’ընկերակցի իր խոհերով ու խորհուրդներով. մարդ-աշխարhազգացողութիւնը, իր կրօնա–իմաստասիրական մտածումներով, Քրիստոնէական աշխարհին կը մատուցանէ Սուրբ Յարութեան գաղափարախօսութիւնը։ Խորքով կրօնական, եւ իր ընդհանրութեանը մէջ խորապէս մարդկայնական, մեզի կը պարգեւէ գիտակցութիւնը ԲԱՌը՝ վերածելու ԲԱՆի ու ԲԱՆԱԿԱՆՈԻԹԵԱՆ:
Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, 18 Ապրիլ 2014
Ա.
Գարնանամուտը բնութեան մէջ հրաշագեղ պահեր կը պարգեւէ մեզի։ Գիտնա՛նք ըմբոշխնեյ զայն։
Նոյնիսկ, մայթերու սալայատակումի ընթացքին գոյացած բարալիկ երիզները հողին, կանաչ ծիյեր կ’արձակեն ու կը շրջանակեն քառակուսի սալաքարերը։
Մինչ բնութիւնը, ամէն քայլափոխի մեզի կ’ընկերակցի իր խոհերով ու խորհուրդներով. մարդ-աշխարhազգացողութիւնը, իր կրօնա–իմաստասիրական մտածումներով, Քրիստոնէական աշխարհին կը մատուցանէ Սուրբ Յարութեան գաղափարախօսութիւնը։ Խորքով կրօնական, եւ իր ընդհանրութեանը մէջ խորապէս մարդկայնական, մեզի կը պարգեւէ գիտակցութիւնը ԲԱՌը՝ վերածելու ԲԱՆի ու ԲԱՆԱԿԱՆՈԻԹԵԱՆ:
Այս վերափոխումը, դուք ըսէք վերակերտումը՝ որ «վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս», Հայուն հոգեկան աշխարհին մէջ կը բանայ լուսամուտ մը, որուն յոյսը կ’ողողէ մեր ներաշխարհը՝ Մեծ Վարդապետին Հրաշափառ Յարութեան տօնին բարոյագիտական հիմունքներու յաղթանակով։ Ու կը լիանայ մեր հոգին գեղեցիկի ու վսեմի անկորնչելի գեղեցկութեամբ:
Ծիլ ու ծաղիկ, ներքին ծաղկազարդումին մաս կը կազմեն ու բանաստեղծը կը վերածեն բնութեան երգիչին։
Իր մարդեղութեամբ՝ Աստուածորդին կը մտնէ մեր մտածումներէն ներս, եւ Աւագ–ուրբաթօրեայ իր գերեզմանաքարին տապալումով իմացապաշտ մարդուն կը ներշնչէ Յարութեան անմեկնելի խորհուրդը։
Պատահականութեան արդիւնք չէ ուրեմն, որ հայ ժողովուրդը այս տողերուն մէջ կը գտնէր իր կեանքին Գիրը, որ կ’ըլլար լոյս, ճշմարտութիւն ու ճանապարհ բազմադարեան։ Իսկ Յարութեան ըմբոնողութիւնը՝ կը վերածուէր կրօնական վարդապետութեան եւ ընտրեալներու մօտ՝ երաշխիք մը ամէնօրեայ կենսագործումի։ Կ’ըյյար ներքնախօսութիւն եւ աղօթասացութիւն:
Յարութեան ոգին ու շունչը պէտք է վերականգնէ աշխարհը ղեկավարող ուժերու հոգեբարոյական սկզբունքայնութիւնը։ Ազգամիջեան հաւաքական յարաբերութիւններուն սկզբնաղբիւրը՝ հարկ է որ ըլլայ համերաշխ Արդարութիւն մը իրարու նկատմամբ։ Իրարու որ կ’ըսենք, հեռո՛ւ է կրօնական թէ ցեղային–ազգայնական սահմանումներէ եւ սահմանափակումներէ։
Գրուած է, թէ ԲԱՆը մարմին աոաւ «ի լրումն ժամանակի»։ Այսօր ալ մարդկութիւնը կ’ապրի այն հեոաւոր ժամանակներու մէջ, որ անհրաժեշտօրէն պէտքն ունի վերափոխուեյու, Մարդանալու, գարշահոտ տիղմի եւ ապականութեան գերեզմանաքարը դուրս շպրտելու, եւ անտառային վայրի օրէնքը, բացասական ՈՅԺ-ի տապանաքարը անէացնելու։
Աշխարհի բազմացեղ ու բազմազգ միլիաոաւոր մարդկութիւնը առաջնորդող գիտութեան հանճարեղ ուղեղները, հեոաւոր մոլորակներու փնտռտուքին գիւտը սկսելէ աոաջ, հարկ է որ գտնեն սիրտէ-սիրտ հաղորդակցութեան գաղտնի ճանապարհը, գիտնան ու կարենան խօսիլ իրարու հետ, խորհրդակցիլ այս աշխարհին հոգեմտաւոր նոր համակարգ մը պարգեւելու մասին։
Այն ատեն է որ պիտի իրականանայ՝
Մարդեղութիւնը ԲԱՆին, որ «մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ»։ Ան, որ իր կեանքի օրինակով՝ «Յարեա՛ւ ի մեռելոց», որպէսզի մենք եւս կարենանք հեռո՛ւ շպրտել ապականութեան ու մեղքի տապանաքարը եւ ներքուստ ապրիլ մեր կեանքը ծաղկազարդող Յարութեան տօնը։
Եւ այս՝ ո՛չ միայն իբրեւ հայ, այլեւ մարդկային ամբողջ ընտանիքը – իր կրօնական բոլոր շարժումներով – պիտի դիմէ դէպի համամարդկային վեհագոյն աշխարհազգացողությունը … այլապէս՝ որո՞ւն համար պիտի ղօղանջեն տօնական օրերու զանգերը յաւերժախօս Լոյսի ու Ճշմարտութեան, ԲԱՆի մարդեղութեան խորհուրդին եւ Անոր յարութեան գաղափարին։
Բ.
Հայուն հոգեկան աշխարհը կը լիանայ Հրաշափառ Յարութեան տօնին բարոյագիտական հիմունքներու յաղթանակով։ Առանց Մեծ Վարդապետին յարութեան գաղափարականին, քրիստոնէութիւնը պիտի վերածուէր միայն մարդկային միտքին ու երեւակայութեան արգասիքը եղող բարոյախօսութեան։ Յարութեան գաղափարականը, « Մահուամբ զմահ կոխեաց» եւ իր յարութեամբ՝ մեզի կեանք շնորհող այս կրօնական վարդապետութիւնը եղաւ մեծագոյնը կրօնական մտածողութեան, որուն սակայն պիտի գայ միանալու երաշխիքը՝ ամէնօրեայ կենսագործումի:
Կ՚ապրինք դարաշրջանի մը սկիզբին, երբ կրօնաբարոյական սկզբունքներ կը քարոզուին իբրեւ գիտելիք միայն… նոյնիսկ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներու կողմէ, ինչ որ պատճառ կը դաոնայ, պարզ մահկանացուներուն քրիստոնէական կեանքը ապրին լուսանցքի վրայ։ Մինչ՝ ասոր զուգահեռ իրենց կրօնական զգացումները դրօշակի վերածող կարգ մը «իշխանաւոր»ներ, առանց խտրութիւն դնելու միջոցներու մէջ, իրենց աշխարհակալ ցանկութիւններուն յագուրդ կու տան, յաղթանակէ յաղթանակ սուրալով։
Յարութեան ոգին պէտք է վերականգնէ աշխարհը ղեկավարող ուժերու հոգեբարոյական սկզբունքայնութիւնը: Ազգամիջեան հաւաքական յարաբերութիւններուն սկզբնաղբիւրր՝ հարկ է որ ըլլայ համերաշխ արդաըութիւն մը ԻՐԱՐՈՒ նկատմամբ։ ԻՐԱՐՈՒ որ կ’ըսենք, հեռո՛ւ է կրօնական թէ ցեղային–ազգայնական սահմանումներէ եւ սահմանափակումներէ։
Իսկ մենք… տակաւին այնքա՜ն փոքր ենք մեր մտածումներով ու փափաքներով, որ կը վիճինք աթոոներու սեփականաշնորհման եւ անոնց իւրացման համար։ Զգաստութեան ժամը պիտի գա՞յ արդեօք…։
Գ.
Յարութեան գաղափարախօսութիւնը քրիստոնէական կրօնքին ամէնէն իւրայատուկ եւ հիմնական գիծն է, որ իր սկիզբը առած է Անպարագրելի ԲԱՆին ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ խորհուրդէն ու զայն կամրջած՝ Խաչելութիւն–Թաղում–Յարութիւն միացեալ Իմաստաւորումին։ Կրօնաշունչ խորհրդածութիւնները կը պատկանին ամբողջ մարդկութեան անխտիր՝ իբրեւ կեանքի ուղեգիծ, որուն հաւատաւոր անդամները նոյնիսկ եթէ տարբերին ուրիշներէն իրենց մտածռւմներովն ու կեանքին օրինակովր։ Աստուած ԲԱՆն իսկ է, իսկ Աստուածայայտնութխնը կը խորհրդանշէ ԲԱՆին Մարդեղութեան խորհուրդր։
Մտածումներու նոյն զուգորդութեամբ Հրաշափառ Յարութեան մէջ կ՚ողջունենք Մարդ էակին ՈԳԵՂԻՆԱՑՈԻՄը առ Աստուած, սակայն այն պայմանով՝ որ մեր հոգիներր գիտնանք վերածել Բարիին ու Վսեմին ձօնուած տաճարներու։
Հայկական մեր դարաւոր քրիստոնէաշունչ ըմբոնողութիւնը մեզ աոաջնորդած է դէպի ԲԱՐին ու ՎՍԵՄը։ Մեր Ժողովուրդին պատմութիւնը եղած է ԱՆՎԵՐՋ ՊԱՅՔԱՐ յանուն մեր Ինքնութեան ու Գոյապահպանման։ Մեր ներաշխարհն ու մտածողութիւնր պարուրուած են քրիստոնէական բարոյագիտութեան առաջնահերթ սկզբունքներով ու մեր աոօրեան կր ներշնչոփ նոյն Ոգիով։ Այսինքն՝ մեծագոյն ճշմարտութիւնը այն է, թէ՝ ՃԱՌԱԳԱՅԹԸ ԶԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈԻԻՐ ու կարելի չէ զայն ԹԱՂԵԼ ինչ ալ ըլլան պայմանները։ Պիտի գայ ժամանակը– ուշ թէ կանուխ,– որ Ճաոագայթը պիտի ունենայ կարողութիւնը իրեն պարտադրուած Տապանաքարն իսկ պարտութեան մատնելու եւ դուրս շպրտեյու զայն։ Ահաւասիկ՝ այն տարբերութիւնը, որ մենք կը գտնենք ընդմէջ քրիստոնէութեան եւ կրօնական այլ վարդապետութիւններու։
Արդարեւ, Քրիստոսի ծնունդով նուիրականացած Աստուածայայտնութիւնն ու Մարդեղութեան խորհուրդն անոր, աշխարհի մարդկութեան հոգեբարոյական ճակատագիրը պիտի չփոխէր այնքան՝ որքան Յարութեան գաղափարին յաղթանակը, որ կ՚աւետէր մարդկութեան, թէ՝ գիտակցեալ մահով կարելի կը դաոնայ յաղթել մահուան սպաոնալիքներուն, որ Մարդ էակին անվերջակէտ երկխօսութիւնն է Անհունին հետ՝ ովկիանոսային խորութիւններուն հակադրուող իր երկնասլաց իմաստասիրութիւններով ու գեղարուեստական անմրցելի նուաճումներով,– նկատի ունիմ Քրիստոնեայ համայն աշխարհին իմաստասիրական եւ գեղարուեստական Միտքին քսան դարերու հսկայածաւալ ստեղծագործութիւնները։
Քրիստոնեայ մարդու համար այս մտածումները ունին հաւասարազօր իմաստ։ Հայուն համար՝ նոյնպէս, միայն այն տարբերութեամբ, թէ մենք իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն պահելով հանդերձ քրիստոնէութեան համամարդկային տարողութիւնը, զայն շաղկապեր ենք նաեւ մեր ազգային պատմութեան Գոյերթին ու Ճակատագիրին հետ։ Օտարազգի քրիստոնեաները,– երբեմն փոքրամասնութիւններն անոնց,– կը մերժեն հոգեւոր զգացողութեան եւ հաւատալիքներուն շաղկապումը ժողովուրդներու ազգային աւանդութիւններու եւ անոնց առողջ հաւաքական գիտակցութեան հետ։ Սակայն, այն ինչ որ անյարիր է անոնց համար, մեր պարագային մենք Հայ Եկեղեցիին յանձներ ենք մեր ժողովուրդին տէր կանգնելու անվերապահ եւ անփոխարինելի իրաւունքը, մանաւանդ այն ժամանակներուն, երբ զգացեր ենք բացակայութիւնը հայկական անկախ պետականութեան ու բանակային ՈՒԺին։ Այս փոխադարձ կապը եղած է այնքան սերտ եւ անխզելի, որ հայ եկեղեցականը բնականօրէն Յիսուսի կեանքին դրուագներուն մէջ գտած է նմանութիւնը Հայ ժողովուրդի ապրած անպատմելի տառապանքին ու Գողգոթային, եւ արձանագրած իր ազատագրական յաղթանակներուն, Աւարայրէն՝ մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ, ի դէմս՝ հրաշափառ Յարութեան Գաղափարին,– եւ այս՝ յանուն հայ ժողովուրդի ազգային արդար իրաւունքներու պատմական ճշմարտութեան ու յաղթանակին։
Հայ Մարդուն համար Յարութեան Գաղափարը իր լիութիւնը կը գտնէ, երբ գերեզմանաքարը կը փոխարինենք Մեղքի ու մեղանչումի Տապանաքարով։ Արդ, պիտի կարենա՞նք արդեօք մեր մարդկային ուժերով յարութիւն առնել մեր վրայ ծանրօրէն ճնշող Մեղքի հանապազօրեայ փորձութիւններէն։ Պայման չէ՝ որ սպասենք Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր Օրուան Խորհուրդին ու Պատգամին խորապէս ըմբռնելու համար տիեզերաշունչ գաղափարախօսութիւնը Յարութեան։ Այն ատեն է որ մենք մեզի իրաւունք պիտի տանք Զատկուան այս օրերուն հոգեմտաւոր զգացումներով ողջունել զիրար եւ աւետել Մեծ Վարդապետին Յարութեան Տօնը, որ լաւագոյնս կը խորհրդանշէ Ինքնութիւնր ՀԱՅ ՄԱՐԴուն։