Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, Յունուար 2014
Համայն աշխարհ կ’եռեւեփի ճգնաժամային ծանրածանր կենսական եւ լրջագոյն իւրայատուկ խնդիրներու հետեւանքներով:
“…Եւ յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն” սուրբգրային տողը երազ մըն է ցանկալի: Բայց եւ՝ անիրագործելի:
Անցնող տարին (2013թ.), հրաժեշտ կ’առնէ մեզմէ, միանալու՝ Պատմութեան անյիշատակ թէ գրաւոր բազմահազար գրառումը էջերու բեռնատար գնացքին, որ անվերադարձ կը սուրայ իրեն հետ տանելով գրառումը համայն մարդկութեան մեզի ծանօթ թէ անծանօթ, ամէն կարգի արարքներու:
Արամ Սեփեթճեան, Պէյրութ, Յունուար 2014
Համայն աշխարհ կ’եռեւեփի ճգնաժամային ծանրածանր կենսական եւ
“…Եւ յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն” սուրբգրային տողը երազ մըն է ցանկալի: Բայց եւ՝ անիրագործելի:
Անցնող տարին (2013թ.), հրաժեշտ կ’առնէ մեզմէ, միանալու՝ Պատմութեան անյիշատակ թէ գրաւոր բազմահազար գրառումը էջերու բեռնատար գնացքին, որ անվերադարձ կը սուրայ իրեն հետ տանելով գրառումը համայն մարդկութեան մեզի ծանօթ թէ անծանօթ, ամէն կարգի արարքներու:
Արարք եւ արարում, որոնք կու գան մեզի զգալ ու մտածել գիտցող մարդ անհատներու բարի թէ չար յղացումներէն ու ծրագիրներէն:
ԲԱՐԻն՝ կը բխի փոխադարձ սիրոյ վրայ հիմնուած հոգեւոր եւ իմացական ստեղծագործումներուն, իսկ ՉԱՐը միշտ ներկայ է մեր շուրջ, ու կը հրահրէ ատելավառ մոլուցքէ բխող անմարդկային աշխարհաքանդ պատերազմներ, հակընդդէմ ոճրային արարքներ, եւ կը հաստատէ իր տիրապետութիւնը ԲԱՐԻին վրայ: Երեւոյթ մըն է այն, որ կը մնայ մարդկային հակակշիռէն դուրս եւ ի զօրու կը դարձնէ հնադարեան վայրի անտառային գազանային անզուսպ ախորժակները:
Բազում է թիւը այն երկիրներուն ուր յայտարարուած կամ ոչ՝ պատերազմներ կը մղուին, ու կը խլեն ամէն օր հարիւրաւոր զոհեր եւ կը պատճառեն նիւթական ահռելի կորուստներ: Նոյնքան ցաւ ու տառապանք կը վերածուի համասփիւռ չարիքի, որ կը բխի բարոյա-տնտեսական ճգնաժամերէն:
Արդարեւ, Ամանորի եւ անոր յաջորդող Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, դարերէ ի վեր, է՛ ու կը մնայ Մարդ Անհատին վերադաստիարակութեան ու հոգեկան կերպարանափոխութեան լաւագոյն առիթը:
Կ’ընդվզինք ՉԱՐին դէմ,- ուրեմն գոյութիւն ունինք իբրեւ մարդ արարած,- ինչպէս կը բանաձեւէ իր միտքը Ալպէր Քամիւ ֆրանսացի մեծ գրագէտն ու իմաստասէրը, որուն ծննդեան 100-ամեակը 2013-ի Նոյեմբերին նշեց միջազգային գրականութիւնը:
Մարդ արարածը դէմ յանդիման կը գտնուի իր ԺԱՄԱՆԱԿ անուն “Դատաւոր”ին ներկայութեան:
Իսկ մեզի համար, իբրեւ Հայ Մարդ, նոյնքա՛ն կարեւոր է մեր հայկական ինքնութեան ճանաչողութիւնը, ազգային գիտակցութեան ջամբումը ներկայ ու գալիք նորահաս սերունդներուն, Սփիւռքի տարածքին թէ մեր անկախ հայրենիքի եւ Արցախի հողին վրայ:
Անցնող տարին ՝ 90-ամեակն էր պարտադիր հայ տարագիր Սփիւռքին:
Վահան Թէքէեանի “Սփիւռք” վերնագրեալ քերթուածը կը կրէ 1923 թուականը: Բազմիցս հրատարակուած այս քերթուածը կ’արժէ վերստին կարդալ, իբրեւ մնայուն արժէքով էջ մը մեր Պատմագիրքէն: Մեծ Տեսանողը այդ քերթուածին մէջ խտացուցեր է անջնջելի իմաստութիւնը աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին, որ կու գայ մեզի մեր ճակատագիրէն:
“…Խլուած իրենց արմատները ամէնքն ալ
Մեր հին, հին ազգը ահա,
Ոչ չի կրնար իր հողերուն վրայ մընալ,
Չորնալ ուրիշ տեղ կ’երթայ…
Աստուած, ես ի՞նչ աղօթք կրնամ ուղղել քեզ,
Տա՞ս, անոնց կեանք մը անվիշտ,
Հանգչի՜ն, հանգչին այլեւս, թէ ոչ վրիժակէզ
Այրին, ու ետ նային միշտ…”
Տասնամեակէ տասնամեակ, վերջին քառատողը կը կրկնենք յաճախ: Կ’ապրինք զայն օրն ի բուն: Երբեմն, մեզմէ ոմանք կ’ապրին՝ “Կեանք մը անվիշտ” Սփիւռքի մէկ ափին, իսկ նոյն ատեն, մեզմէ շատեր ու շատեր “Վրիժակէզ [կ’]այրին ու ետ [կը] նային միշտ”:
Ու հակառակ այս պայմաններուն, սփիւռքահայը իր անկոտրում հաւատքով կազմակերպուած եւ դարձած է ինքնաբաւ՝ հայ ազգային հաւաքականութիւն մը, կառչած՝ իր արեւմտահայերէն լեզուին ու մշակոյթին:
Հայուն բազմադարեան հայրենիքը կը կոչուի Հայաստան:
Ամանորի առիթով, անգամ մը եւս անմնացորդ սիրով ու գուրգուրանքով կ’ողջունենք հայրենի երկիր-ժողովուրդ-պետութիւն, մշակոյթ ու մայր եկեղեցի ամրակուռ հիմքը մեր գոյութեան:
Ժամանակակից հայ մարդը իր մէջ ամբարած է անցեալ դարերէն մեզի ժառանգուած ամբողջական պատմա-մշակութային փորձառութիւնը հայ ժողովուրդին: Ան իր մէջ կը խտացնէ ժամանակի ընթացքին կուտակուող տեսիլքներ, յոյսեր եւ յուսախաբութիւններ: Ան քայլ կը պահէ անցեալի մեր յաղթանակներուն ու պարտութիւններուն զուգահեռ՝ այս օրերու հրամայականներու հետ: Ան, իբրեւ ուսանողը մեր սեփական ժառանգութիւններուն, գիտէ ներշնչուիլ անցեալի հպարտառիթ իրագործումներէն ու նուաճումներէն, բայց եւ գիտէ դասեր քաղել օտարներէն մեզի “պարտադրուած” եղբայրատեաց զգացումներէ, որոնք պիտի չկրկնուին այլեւս:
Իբրեւ՝ կազմակերպուած Սփիւռքի մտահոգ մէկ անդամը, լիովին ողջունելով նախ եւ առաջ նորանկախ հայրենիքի մէջ կատարուած ԴՐԱԿԱՆ ամէն կարգի յաջողութիւններ եւ իրագործումներ, Ամանորեան մեր բարեմաղթանքներուն զուգահեռ, կ’ակնկալենք նոր զարգացումներ՝ ի խնդիր հայրենի հողին ու ժողովուրդին բարօրութեան:
1.-Միանգամ ընդմիշտ կասեցնել արտագաղթը որուն փոխարէն զարկ տալ ազգահաւաքի մեծ գործին:
2.-Հայրենիքին եւ իր ժողովուրդին անվտանգութեան հարցին միացնել նաեւ հայերէն լեզուին պետական երաշխիքը, իբրեւ “միակ պաշտօնական եւ տիրապետող լեզու” առանց երկրորդի կամ երրորդի մը անարգել մուտքին: Հայերէն լեզուն է՛ նաեւ մեր հայրենիքը:
3.-Հայաստանի ազգաբնակչութեան քաղաքացիական փոխյարաբերութիւններու ծիրէն ներս, ՄԵՐԺԵԼ ամէն կարգի ոչ-բնականոն “երկնագոյն” կոչուած յարաբերութիւններու պաշտօնականացումը, իբրեւ հակա-քրիստոնէական եւ ապաբարոյական շարժումի նախադրեալներ:
4.-“ՈՉ” ըսել գիտնալ ՕՏԱՐ լեզուներու ուսուցման յատուկ վարժարաններու բացման նպաստող որոշումներու, սակայն, աջակցիլ հայ ազգային-պետական դպրոցներու եւ բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ օտար լեզուներու բարձրակարգ ուսուցման:
5.-Յստակօրէն մերժել աղանդաւորական շարժումներու մուտքը Հայաստանէն ներս եւ նեցուկ կանգնիլ Էջմիածնայ Մայր Աթոռի հեղինակութեան ամրապնդման: Մենք, սփիւռքահայերս կը փափաքինք տեսնել սուրբգրային տասնաբանեայի կիրարկումը իբրեւ կրօնաբարոյագիտական ուսուցում եւ կենսագործում հայ աշխարհական թէ հոգեւոր դասերուն համար ԱՆԽՏԻՐ եւ առանց մենաշնորհեալ կարգավիճակներու:
6.-Հայերէն լեզուի ԱՆԱՂԱՐՏ գործածութիւնը հրապարակային բոլոր ելոյթներու ընթացքին: Հեռու մնալ օտարամուտ բառերու շռայլ կիրարկումէն, մանաւանդ պետական կառոյցներէ ներս:
7.-Նկատի առնել սահմանամերձ գիւղերու կիսադատարկ վիճակը եւ երկրաշարժի պատահարի 25-րդ տարելիցէն ետք, աւելի քան 4000 բնակարաններու շինութիւնը հասցնել իր աւարտին:
8.-Վերջ տալ Հայոց Պատմութեան խեղաթիւրումին նպաստող ազգաքանդ օտարածին շարժումներուն, զայն յանձնելով իրա՛ւ հայրենասէր Ազգային Գիտութիւններու Ակադեմիայի հսկողութեան, որպէսզի ձգտինք ունենալ մեր Ազգային Ծրագիրը, մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, որ ի մօտոյ պիտի թակէ մեր հոգիներու դուռները:
Այս մտածումներով ողջունենք Նոր Տարին ու մաղթենք իրարու “եւ յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն”