Խառնաշփոթ մտորումներ

Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա

Ընթացիկ տարուայ Յունուարին, Հայաստանի Դ. նախագահը արտասահման մեկնելէ ետք իր հրաժարականը ներկայացուց: Հիմա արդէն կամաց կամաց յայտնի կը դառնայ այդ հրաժարականին դրդապատճառները:

Մութ ամպեր անգամ մը եւս կը կուտակուին Հայաստանի լեռնաշխարհի վրայ:

Ռուսաստան գործի անցած է իր երբեմնի հզօրութիւնը վերականգնելու:

Ան նախկին Խ. Միութեան հանրապետութիւնները մէկ մէկ այս կամ այն միջոցներով կը փորձէ իր ազդեցութեան ոլորտէն ներս ներգրաւել:

Հայաստանի իշխանութիւնները սթափեցնելու եւ Ատրպէյճանի մենատիրական նախագահը սիրաշահելու նպատակով, Արցախի հողատարածքին 75 առ հարիւրը յանձնեց Ատրպէյճանին: Եւ այսպէս մէկ քարով 2 թռչուն որսաց: Սակայն, ինչպէս միշտ, Թուրքիան առիթէն օգտուելով այս առեւտուրին մաս կազմեց եւ ՆԱԹՕի իբրեւ անդամ հասաւ Ռուսաստանի սահմաններուն:

Պելառուս հաւատարմօրէն կը հետեւի Ռուսաստանի հրահանգներուն եւ ապահով հողամաս մը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ՆԱԹՕի անդամ երկրներու եւ Ռուսաստանի միջև: Վրաստան եւ Ղազախստան որոշ չափով քիչ թէ շատ կաշկանդուած են, եթէ ոչ՝ զսպուած:

Ուքրանիա կը մնար ամենամեծ վտանգը ռուսական ռազմավարական ծրագրին:

Եւ ահա «յանկարծ» կը ծագի պատերազմը…

Ռուսաստան` տարիներու ընթացքին տկարացած եւ տեսնելով թէ Արևմուտքը իրեն այլեւս կարեւորութիւն տուած չունի, յուսահատութենէ մղուած, կը ներխուժէ Ուքրանիա արեւելքէն, հիւսիսէն և հարաւէն:

Ռուսաստանի մեկուսացումը աւելի կը խորանայ սակայն այլևս շատ ուշ է ետ քաշուելու, պէտք է ամէն գնով յառաջ երթայ:

Անշուշտ մեզմէ շատերը հրճուանքով դիմաւորեցին ռուսական ներխուժումին լուրերը, քանի Ուքրանիա երկար տարիներէ ի վեր Ատրպէյճանի թիկունք կը կանգնի Հայաստանի դէմ տարած հայատեաց քաղաքականութեան եւ մինչեւ իսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, նոյնիքն Ուքրանիոյ նախագահը անձնապէս շնորհաւորեց Իլհամ Ալիեւին:

Մինչ ուրիշներ մտավախութիւն յայտնեցին թէ Ռուսաստանի դէմ Արևմուտքի կողմէ պատժամիջոցները բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ եւ մանաւանդ այն հայաստանցիներուն համար, որոնք Ռուսաստան կամ Ուքրանիա հաստատուած, իրենց եկամուտէն բաժին մը կը ղրկեն հայրենիք:

Երկու կարծիքներուն առաջ տարած գաղափարներուն դրդապատճառները հասկնալի են: Սակայն Հայաստանի պետականութեան համար այս պատերազմը շատ աւելի լուրջ և վտանգաւոր արդիւնքներ կրնայ յառաջացնել:

Շատ դժուար է երևակայել որ Ռուսաստան ի վերջոյ պիտի յաջողի ամբողջ Ուքրանիան տիրապետելու: Ան կարելիին չափ երկիրը պիտի յօշոտէ, քար ու քանդ ընէ, Սեւ Ծովի ելքը բոլորովին պիտի փակէ եւ գոնէ արեւելեան հողամասը իր հսկողութեան տակ առնէ:

Յետոյ ի՞նչ: Ինչպէս Պելառուսի նախագահը յայտարարեց, Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութեան պիտի միանան Ուքրանիան, Ղազախստանը, Ատրպէյճանը, եւ ինչու չէ նաև Հայաստանը եւ ուրիշներ: Ի վերջոյ, «Հայաստանը փախչելու տեղ չունի… ինչ է, կը կարծէք, անոնք ինչ-որ մէկուն պէ՞տք են:»

Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Ռուսաստան իր նպատակներուն չհասնի եւ Արեւմուտքի կողմէ օրէ օր ահրելի պատժամիջոցներուն ազդեցութեան տակ ընկրկի ու հեռանայ հարթակէն: Այն ատեն Թուրքիա և Ատրպէյճան, որոնք արդէն բարեկամական դաշինք կնքած են նոյնինքն Շուշիի մէջ, որուն ամբողջ բովանդակութիւնը ուղղուած է Հաւաստանի դէմ, յաջորդ օրն իսկ կ’անցնին գործի ու միանգամընդմիշտ կը լուծեն Հայկական հարցը: Եւ աշխարհ լռելեայն կը դիտէ ու զանազան կոչերով թիկունք կը կանգնի … հայ փախստականներուն։

Այստեղ կ’արժէ անդրադառնալ կարգ մը երեւոյթներու, ուր թէ’ արեւելքը եւ թէ’ արեւմուտքը մղուած են լոկ իրենց շահերէն եւ ուրիշ ոչինչ:

Ռուսաստան աշխարհին կը յայտարարէ, թէ Ուքրանիան արուեստական երկիր մըն է, որ միայն ծնունդ առաւ Խորհրդային Միութեան օրերուն: Հապա Ատրպէյճա՞նը… անոր հետ բարեկամութեան դաշինք կը կնքէ Ուքրանիա յարձակելէ մէկ օր առաջ, յուսալով որ իրեն հաւատարիմ պիտի մնայ:

Ռուսաստան աշխարհին կը յայտարարէ թէ Խրիմը ապօրինի ձեւով յանձնուեցաւ Ուքրանիոյ եւ ատիկա պէտք էր շտկել: Հապա Արցա՞խը… Նախիջեւա՞նը…

Ռուսաստան ինքզինքին իրաւունք կու տայ Ուքրանիա եւ Վրաստան մտնելու, այդ երկիրներուն մէջ ապրող ռուս փոքրամասնութիւնները պահպանելու նպատակով:

Թուրքիա այսօր յիսուն տարի է որ Կիպրոս ներխուժած է, տեղացի թուրք փոքրամասնութիւնը պահպանելու:

Սակայն, երբ Հայաստան փորձէ Արցախի հայ ժողովուրդին երաշխիք դառնայ, ան Ատրպէյճանի հողային տարածքներուն ամբողջականութիւնը արհամարհած կ’ըլլայ… Ինչպէ՞ս մեկնաբանել ասիկա։

Հետևաբար, Ատրպէյճան ի տես աշխարհի, անխնայ կը ռմբակոծէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, որ կը փափաքի իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքները պաշտպանել:

Մինչ անդին, երբ Սերպիա նոյնը փորձեց ընել Քոսովոյի բնակչութեան դէմ, ՆԱԹՕ-ն վրայ հասաւ եւ Սերպիոյ դասը տուաւ: Եւ մինչև այսօր, Եւրոմիութիւնը պայման դրած է Սերպիոյ առջեւ որ ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը, եթէ իսկապէս կը փափաքի միութեան անդամ ըլլալ:

Իսկ Ատրպէյճան, մինչև օրս հայ ռազմագերիներ պատանդ վերցուցած է եւ օրական կը ռմբակոծէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային կէտերու վրայ, եւ ոչ մի խօսք պատժամիջոցներու մասին…

Այս ամէնը կը պատահին, երբ Հայաստանի ներքին քաղաքական ուժերը դեռ չեն համակերպած այն իրողութեան հետ, թէ երկրին մէջ արտահերթ ռամկավարական ընտրութիւններուն շնորհիւ, արդի Հայաստանի հարիւրչորս տարուայ պատմութեան մէջ, Ազգային Ժողովէն ներս առաջին անգամ ըլլալով ունինք իսկական ընդդիմութիւն:

Ընտրութիւններէ ետք ի յայտ կու գայ մեծամասնութիւն, որ կը դառնայ իշխանութիւն, եւ փոքրամասնութիւն, որ կը դառնայ ընդդիմութիւն: Երկուքն ալ ունին իրենց իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, որոնք պէտք է յարգուին: Մէկը միւսին երեսին «դաւաճա՛ն» և «թալանճի՛» գոռալով տեղ մը չենք հասնիր:

Հայաստանի առջեւ ծառացած են  մեծ մարտահրաւէրներ: Հայաստանի փրկութիւնը կախուած է թէ’ իշխանութեան եւ թէ’ ընդդիմութեան խոհեմութենէն։  Մեծ որոշումներ կան կայանալիք: Արցախ, իբրև փրկութեան միջոց, ռուսերէնը պաշտօնապէս ընդունեց Արցախի երկրորդ պետական լեզուն այն յոյսով որ Ռուսաստան առ ի երախտագիտութիւն յաւիտեանս հաստատուի Արցախի մէջ: Հայաստանի համար աւելի բարդ են հարցերը:

Ուքրանիայի պատերազմը ծագելէն ի վեր, Հայաստան ըստ երեւոյթին չէզոք դիրք մը կը փորձէ բռնել: Սակայն տեղ մը պիտի գայ, երբ կա’մ արեւելք պէտք է նայի Ռուսաստանի միութենական պետութեան ծրագիրներուն միանալու եւ կա’մ արեւմուտք պէտք է նայի, ուր Հայաստանին կը քաջալերեն որ Թուրքիոյ հետ իբր թէ «առանց նախապայմաններու» յարաբերութիւնները կանոնաւորէ: Ի վերջոյ ասիկա թէ’ անկախութիւնը եւ թէ’ պետականութիւնը պահելու կամ կորսնցնելու, լինելու կամ չլինելու երկընտրանքի առջև է:

Աշխարհի մէջ միջազգային ուժերը կը վերադասաւորեն իրենց օրէնքները: Հայաստանի քաղաքական ուժերուն առջեւ շատ ժամանակ չկայ որ լրջօրէն մօտենան այս մարտահրաւէրներուն եւ որոշեն թէ ո՞ւր է փրկութեան ճանապարհը:

ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

5/3/22

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like