Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 2 Հուլիս 2021
Վերջին 6 ամիսներուն, Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը ականատես եղաւ ճակատագրական ներքին զարգացումներու, որոնք կրնային շատ դիւրութեամբ վտանգի ենթարկել մեր հարիւր տարիներէ աւելի վերագտած պետականութիւնը:
Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերէն հետաքրքրութեամբ կը հետևէի թէ ինչպէս Հայաստան հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի իրական ռամկավար սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութիւն: Ասիկա անշուշտ Հայաստանի դրացիներուն դուր պիտի չգար, բայց ասոր մասին պիտի անդրադառնամ աւելի վերջ:
17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ փողոց իջած մայր պողոտաները փակելով, երկրի վարչապետէն կը պահանջէին իր հրաժարականը: Եւ այսպէս, երկու տարի առաջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետը, ի վերջոյ ներկայացուց իր հրաժարականը բոլոր ներքին ճնշումներուն տեղի տալով: Սակայն ան, սահմանադրական օրէնքներուն համաձայն իրաւասութիւնը յանձնեց ժողովուրդին, որպէսզի ան որոշէ թէ ո՞վ պիտի առաջնորդէ երկիրը այս դժուարին օրերուն:
Արտահերթ ընտրութիւնները աւարտեցան և ի յայտ եկաւ որ բոլոր մասնակցող 24 ընդդիմադիր կուսակցութիւնները և դաշինքները միատեղ, չկարողացան յաղթահարել Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան մեծամասնութեանը:
Ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել այս ընտրութիւններէն:
Ա.- Ժողովուրդը հաստատեց իր երկու տարուայ առաջուայ որոշումը, որովհետև Փաշինեանի մէջ տեսաւ առաջին հարազատ բնիկ հայաստանցի ղեկավարը՝ ծնած և հասակ առած մայրենի հողին վրայ, որ խաղաղ միջոցներով տապալեց հին վարչակարգը: Հետաքրքրական էր ականատես ըլլալ, երբ Փաշինեան իր ընտանիքին հետ ժամանեց ընտրութեան կեդրոն և բոլորին նման իր հերթին սպասեց որ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարէ:
Բ.- Փաշինեանի կարգախօսը ապագայի մասին էր, իսկ ընդդիմութեանը՝ լոկ ներկայ իշխանութիւնները տապալելու: Սակայն և այնպէս, ժողովուրդը առիթ տուաւ ընդդիմութեան որ մուտք գործէ Ազգային Ժողով և հոն առաջնորդէ իր ընդդիմութիւնը ազգային շահերէ մղուելով: Բայց եթէ ընդդիմութիւնը շարունակէ իր հատուածապաշտ կեցուածքը, ոչինչ, Փաշինեան ունի իրեն պէտք եղած թիւերու առաւելութիւնը երկրին ղեկը ստանձննելու և գործը առաջ տանելու:
Գ.- Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան նախկին նախագահները այլևս պէտք է հեռանան քաղաքական բեմահարդակէն և առիթ տան որ նոր սերունդէն ներկայացուցիչներ առաջ գան իբրև ապագայ ղեկավարները:
Դ. -Հայաստանի բոլոր կառոյցները պէտք է զերծ մնան երկրին ներքին քաղաքական հարցերուն ձեռնամուխ ըլլալէ և թոյլ տան որ երկրին սահմանադրութիւնը տնօրինէ երկրին պետական շահերու իրագործումը:
Ինչպէ՞ս եղաւ որ Հայաստան 44 օրուայ Արցախեան պատերազմէն ետք, ինքզինք այս կացութեան մէջ գտաւ:
Վեց ամիս առաջ յանկարծ ծնունդ առաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» անուան տակ արշաւ մը Փաշինեանի դէմ: Այս շարժումին ղեկավարները մեղադրեցին զինք իբրև դաւաճան և պահանջեցին որ ան անյապաղ հեռանայ իր պաշտօնէն, ապա թէ ոչ պիտի դիմէին քաղաքացիական անհնազանդության բողոքի բռնի գործողութիւններու:
Հետաքրքրական էր տեսնել թէ ինչպէս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Քանզի ճիշտ հարիւր տարի առաջ, նոյն ժամանակաշրջանին ծնունդ առաւ «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»ն, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կազմակերպելով արիւնալի քաղաքացիական պատերազմ դուռ բացաւ հազիւ նոր ոտքի կանգնած Հայաստանի սահմաններէն ներս: Կոմիտէն նոյնիսկ հեռագիր ուղարկելով Մոսկուայի դաշինքի բանակցութիւններուն մասնակցող Ռուսաստանին և Թուրքիոյ, թէ այնտեղ ներկայ գտնուող Հայաստանի պատուիրակութիւնը իրաւասութիւն չունի ներկայացնելու Հայաստանը, Թուրքիոյ ամենաբարենպաստ առիթը տալով որ Հայաստանի ներկայ սահմանները որոշուին ըստ իր կամեցողութեան:
Բարեբախտաբար պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց միայն «Հայրենիքի փրկութեան» անուանումին առնչութեամբ, և քաղաքացիական աղէտալի իրադարձութիւններ տեղի չունեցան Հայաստանէն ներս:
Այս միայն կարելի եղաւ, որովհետև Հայաստանի քաղաքացիները ապաւինեցան ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած գործելակերպին և երկիրը զերծ մնաց անտեղի յաւելեալ ցնցումներէ:
Հիմա որ Հայաստանի քաղաքացիները իրենց կտրուկ որոշումը տուին, մեր հայեացքը պիտի երթայ արևելք և արևմուտք, ուր Թուրքիա և Ատրպէյճան ձեռքի ձեռքի տուած կը ծրագրեն Հայաստանի վերացումը աշխարհի քարտէզի վրայէն:
Հայաստան մինչև օրս իր ամբողջ յոյսը դրած էր Ռուսաստանի վրայ իր սահմաններուն անխոցելիութիւնը պահպանելու համար: Դժբախտաբար սակայն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր, Ռուսաստան նահանջի մէջ է: Ան՝ մեկուսացուած Արևմուտքին կողմէ, հազիւ թէ ունի մի քանի վստահելի զինակիցներ: Եւ եթէ կան ոևէ բարեկամներ, անոնք բոլորն ալ մենատիրական և կամ թրքամէտ գործակիցներ են:
Միւս կողմէ, վերջին տարիներուն Ռուսաստանի բարի սովորութիւնը եղած է որ եթէ իր մերձակայ երկիրներէն մէկը յանդգնի ժողովրդավարական վարչակարգ հաստատել, այդ երկրին հողային տարածքները խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ: Այս քաղաքականութեան շնորհիւ Ուքրանիան կորսնցուց Խրիմը և Տոնպասը, Վրաստանը՝ Աբխազիան և Հարաւային Օսեթիան, և ի վերջոյ կարգը հասնելով Հայաստանին, որ կորսնցուց իր հսկողութիւնը Արցախի ամբողջ տարածքին:
Այժմ Ատրպէյճան կը յանդգնի առաւել հողեր հատել Հայաստանի օրինական սահմաններէն՝ առանց կարևորութիւն տալու եռակողմ համաձայնութեան, ուր Հայաստան և Ատրպէյճան պէտք էր կանգ առնէին 44 օրուայ պատերազմի աւարտին իրենց դիրքերուն վրայ:
Առաւել, Ատրպէյճան մօտ 200 հայ զինուորներ կը շարունակէ պատանդ պահել, ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ որ վերջնականօրէն Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնայ իբրև Ատրպէյճանի հողատարածք:
Եւ այսպէս, Ռուսաստանի բանակը իբրև խաղաղապահ ուժեր, մուտք գործած է Ատրպէյճան, դիրքերը հաստատելով Արցախի մէջ և շրջակայքը գոնէ գալիք հինգ տարուան համար, Արցախի կարգավիճակը անորոշ պահելով: Միևնոյն ատեն ան իր բանակը՝ այս անգամ իբրև սահմանապահ ուժեր, մուտք կը գործէ Սիւնիք իր դիրքերը ամրապնդելու Հայաստանէն ներս:
Ռուսաստան կը փորձէ համոզել Ատրպէյճանի և Հայաստանի, որ այս վերեւի «մանր մունր» հարցերով չզբաղին, այլ կեդրոնանան իրենց միջև յարաբերութիւններու բարելաւման և շրջանի առեւտրական ճամբաներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
Ռուսաստան ճնշում բանեցնելով Հայաստանի վրայ և միւս կողմէ սիրաշահելու փորձեր կատարելով Ատրպէյճանի հետ, կը փափաքի իր դիրքերը ամրապնդել Հարաւային Կովկասի մէջ: Սակայն, որքա՞ն պիտի յաջողի այս ուղղութեամբ, բնաւ ալ յայտնի չէ:
Ռուսաստան յանկարծակիի եկաւ, երբ Պաքու և Անքարա բարեկամական դաշինք կնքեցին նոյնինքն խնդրոյ առարկայ Շուշիի մէջ, վերջինս յայտարարելով որ Ատրպէյճանի մէջ Թրքական ռազմակայան մը կառուցելու ծրագիրներ կը մշակուին: Ասոր դիմաց, ռուս խօսնակ Զախարովա յայտարարեց թէ երկկողմանի համաձայնութիւններ պէտք չէ ուղղուած ըլլան երրորդ պետութեան մը դէմ, անշուշտ ի մտի ունենալով Ռուսաստանը:
Ռուսաստան նոյնպէս որևէ մասնակցութիւն չունեցաւ Փաշինեանի վարած բանակցութիւններուն ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի և ԵՄ-ի հետ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ 15 հայ պատանդներ ազատ արձակել: Դարձեալ Զախարովա յայտնեց թէ ասիկա նորութիւն մըն էր Ռուսաստանի համար:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին, Ռուսաստան միշտ դրական զօրակցութիւն ցուցաբերած է ընդդէմ անողոք ոսոխներու, որոնք քանիցս փորձած են Հայաստան բառը վերացնել քարտէզին վրայէն: Սակայն երբ ռուսերը տկար դիրքերու վրայ գտնուած են, դժբախտաբար քաղաքական փոխադարձ շահերը չեն համընկնած: Յետագային, երբ անդրադրձած են այդ սխալը արդէն շատ ուշ եղած է սրբագրելու: Իբրև օրինակ, Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք, Խ. Միութիւնը ի զուր փորձեց Կարսի պայմանագիրը վերանայելու ենթարկել արևմուտքին հետ և հայկական գրաւեալ հողերը վերադարձնել իր պատմական տէրերուն:
Անցնող ամիսներուն և ինչու չէ, տարիներուն, ըստ երևոյթին Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Ատրպէյճանի վրայ: Սակայն օձին գլուխը անդի կողմն է և հոն է որ հայ ժողովուրդին գլխուն դաւադրուած ողբերգութիւններուն կարգաւորողը անսանձ կը գործէ մութին մէջ: Ատրպէյճանի հրահրած պատերազմը և բոլոր վերջին գործողութիւնները ծրագրուած և իրականացուած են Թուրքիոյ հրահանգներուն համաձայն և գործօն ներդրումին շնորհիւ: Ատրպէյճան շատոնց դադրած է Ռուսաստանի կարևորութիւն տալէ և Ռուսաստան իր կարգին չի հանդգնիր Ատրպէյճանին անտեղիօրէն վշտացնելու և առիթը կորսնցնելու զայն ներգրաւելու իր երազէն:
Հայաստանի թիւ 1 առաջնահերթ հարցը Թուրքիոյ հետ է, որ իր կարգին պէտք է մաս կազմէ Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջև ապաշրջափակման ծրագիրներուն: Հայկական գրաւեալ հողերուն վերադարձով է որ միայն Հայաստան կրնայ իսկապէս շրջափակումէ դուրս գալ և դէպի Սև Ծով ելք ունենալ:
Վերջերս Ատրպէյճան, Թուրքիոյ թելադրանքներուն համաձայն, յանդգնեցաւ քալելով ներխուժել Հայաստանի սահմանները և գրաւել Սև Լիճը: Եւ Հայաստանի իշխանութիւնները այս իրադարձութենէն տեղեակ եղան միայն, երբ հովիւ մը, որ իր հօտով այդ կողմերը կը գտնուէր, վազելով եկած էր գիւղ տեղեկացնելու տեղի համայնքապետին:
Եւ այսպէս Հայաստանի ուշադրութիւնը փոխանակ կեդրոնանալու Սև Ծովի վրայ, ան ստիպուած կը դիմէ ՀԱՊԿի անդամ երկրներու, ԵՄ-ի անդամ երկրներու, ԵԱՀԽ-ի համանախագահներուն լուծում մը գտնելու Սև Լիճի շուրջ այս նոր ճգնաժամին: Եւ դիւանագիտական, կամ աւելի ճիշտ խուսափողական պատասխանը կ’ըլլայ՝ «Կոչ կ’ընենք Հայաստանի և Ատրպէյճանի, որ խաղաղ բանակցութիւններով և երկխօսութեամբ լուծեն սահմանային հարցերը…»
Ահա այսպէս կը գրէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօու Ուիլսըն 1920 թ., «Իմ այն համոզումս եղած է ու այժմ առաւելաբար կը մնայ, թէ Հայաստանի պէտք է դէպի ծով ելք տրուի, որպէսզի ամէն զարգացման կարելիութիւն հայթայթուի այս պետութեան վերաստանձնելու և ապահովելու համաշխարհային առևտուրի օգտակար այն դերը իր աշխարհագրական դիրքով:»
Հայաստան կարիքը ունի մեր գրաւեալ պապենական հողերուն՝ հասնելու համար Սև Ծովի ջուրերուն, ապա թէ ոչ իր գոյատևումը պիտի մնայ յարատեւ վտանգի տակ: Այսօր սակայն Հայաստանի քաղաքական ուժերը աւելի հետաքրքրուած են ներքին վիճաբանութիւններով, թէ որ մէկը միւսին պիտի տապալէ կամ ջախջախէ:
Անցեալ երեսուն տարիներուն բազմաթիւ առիթներ ստեղծուեցան, ուր Հայաստանի իշխանութիւնները կարող էին Թուրքիոյ հետ հաշուի նստիլ և հարցերուն կառուցողական լուծումներ գտնել: Փոխարէնը՝ Հայաստան Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերություններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն մը ստորագրեց 2009 թ., որուն համաձայն Հայաստան միանգամընդմիշտ պիտի հրաժարէր որևէ հողային պահանջներէ և Թուրքիա այլևս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու որևէ պարտաւորութենէ պիտի ձերբազատուէր:
Բարեբախտաբար, երկար ձգձգումներէ ետք, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» մէկ ամիս առաջ, Հայաստանի ատենի իշխանութիւնները միանգամընդմիշտ պատռեցին այդ համաձայնագիրը:
Սակայն կային նաև այլ դրական առիթներ որոնք բոլորն ալ բաց թողուեցան: Ասոնցմէ ամէնէն յատկանշականը կարելի է համարել ռուսական Դումայի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Հռչակագիրը 1995 թ.: Ան միակ ճանաչումն է մինչև օրս, որ յստակօրէն կը հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի մը գոյութիւնը, ուր տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւնը: Նոյնպէս այս տարի, ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն դարձեալ հոյակապ առիթ ընծայեց հայ ժողովուրդին, երբ յանդգնութիւնը ունեցաւ առանց բառերը ծամծմելու արտասանել «Հայոց Ցեղասպանութիւն»:
Հայաստանի իշխանութիւնները դարձեալ այս յայտարարութիւնը շահագործելու առիթը կորսնցուցին: Փաշինեան շնորհակալական և երախտագիտական խօսքեր ուղղեց ԱՄՆ-ի նախագահին, և յաջորդ օրն իսկ իր հրաժարականը ներկայացուց երկիրը ներքին տագնապէ դուրս բերելու համար: Իսկ հայկական սփիւռքը, որ երկար տարիներ այս առիթին կը սպասէր, յանպատրաստից տատամսած և շուարած վիճակի մէջ կը գտնուէր:
Այսօր ԱՄՆ-ը աշխարհի միակ գերհզօր պետութիւնն է, որ կը կառավարէ մեր երկրագունդը: Ան իր ամբողջ ճիգերը կեդրոնացուցած է Չինաստանի վրայ, որ երթալէն աւելի ու աւելի կը հզօրանայ: ԱՄՆ-ը Թուրքիոյ յանձնարարած է Ռուսաստանով զբաղելու պարտականութիւնը, և պէտք է ըսել որ ըստ երևոյթին բաւական լաւ գործ կը տանի այդ ուղղութեամբ:
Արտահերթ ընտրութիւնները աւարտելով, քաղաքական բոլոր ուժերը այլևս կեդրոնանալու են համազգային ռազմավարական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Եւ սփիւռքահայութիւնը՝ մանաւանդ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի և Ֆրանսայի ազդեցիկ հայ համայնքները մեծ դեր ունին կատարելիք համակարգելու այս աշխատանքները յանուն մեր հայրենիքի գոյատևման:
Անցեալ տարի Սեպտեմբերի սկիզբը, օրուայ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեանը յայտարարեց. «Մենք միշտ կողմ ենք եղել հակամարտութեան կարգաւորմանը՝ բացառապէս խաղաղ միջոցներով։ Իսկ Ադրբեջանի քայլերը ցոյց են տալիս, որ այդ պետութիւնը պատրաստւում է պատերազմի»։ Մի քանի շաբաթ վերջ արդէն ամէն ինչ յայտնի դարձաւ:
Հռովմէացի զօրավար Վեգետիուս ատենին ըսած է. «Խաղաղ ապրելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի»:
Այս կարգախօսօվ միայն կարելի է գոյատեւել իբրև ինքնիշխան պետականութիւն: